Տպարանը հաստատուած է 1931-ին։ Այդ թուականէն ի վեր Տպարանը կարեւոր նպաստ կը բերէ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական ծառայութեան:
Ժամանակի ընթացքին, բնականաբար տպարանը օժտուեցաւ տպագրական արդիական սարքերով, որով կարելի եղաւ բարձրագոյն որակի տպագրութիւններ իրագործել: Տպարանէն լոյս կը տեսնեն հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով պարբերաթերթեր եւ գիրքեր: