Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական

Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւնները կարեւոր տեղ կը գրաւեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ: 1950-ական թուականներէն ի վեր, մեր Ս. Աթոռի ներկայացուցիչները, եկեղեցական եւ աշխարհական, գործօն մասնակցութիւն բերած են ու կը շարունակեն բերել թէ՛ միջազգային եւ թէ շրջանային միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ժողովներուն եւ խորհրդաժողովներուն:

1962 թուականին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (ԵՀԽ) անդամ դառնալէ ետք, Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումին եղաւ աւելի յանձնառու ու կազմակերպ։ 1975 թուականին, Նայրոպիի համաժողովին, Գարեգին Եպս. Սարգիսեան (հետագային Գարեգին Բ. Կաթողիկոս), կ’ընտրուի ԵՀԽ-ի Կեդրոնական եւ Գործադիր Վարչութեանց փոխ-ատենապետ: 1991 թուականին, Քամպէրայի համաժողովին, Արամ Արք. Քէշիշեան (այժմ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) կ’ընտրուի ԵՀԽ-ի Կեդրոնական եւ Գործադիր Վարչութեանց ատենապետ: 1998 թուականին, Հարարէի համաժողովին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը վերընտրուի ատենապետ՝ ԵՀԽ-ի Կեդրոնական եւ Գործադիր Վարչութեանց:

Կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչը, դիտորդի հանգամանքով, կը մասնակցի Վատիկանի Բ. Ժողովին: Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Կաթողիկոսներուն Հռոմի Պապերուն տուած այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ միացեալ յայտարարութիւնները, ժողովները եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկացուցիչներուն հետ խորհրդակցութիւնները, մեծապէս նպաստած են Հայ եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման՝ համաշխարհային, շրջանային եւ տեղական մակարդակներու վրայ:

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն հետ Սուրբ Աթոռիս յարաբերութիւնը միշտ եղած է սերտ եւ եղբայրական: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղած է շրջանային միջ-եկեղեցական շարժումին նախաձեռնողներէն մէկը, եւ այդ առումով, գործօն մասնակցութիւն բերած  Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) հիմնադրման, 1974 թուականին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բանալի դերակատարութիւն ունեցած է, եւ կը շարունակէ ունենալ, Ուղղափառ Քաղկեդոնական եւ Ոչ-Քաղկեդոնական եկեղեցական ընտանիքներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան կայացման մէջ: Մեր Սուրբ Աթոռը կարեւոր ներդրում ունեցած է նաեւ Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցական ընտանիքին պատկանող եկեղեցիներուն միջեւ աւելի կազմակերպ համագործակցութեան զարգացման գործընթացին մէջ: 1997 թուականէն ի վեր, Միջին Արեւելքի Ուղղափառ Ոչ-Քաղկեդոնական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը տարեկան հանդիպումներ կ’ունենան. անոնք նաեւ կեանքի կոչած են մնայուն յանձնախումբ մը, որ յաճախակի հանդիպումներ կ՚ունենայ՝ քննարկելու միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական հարցեր:

Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը վերանորոգ թափով կը շարունակէ իր միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները Անկլիքան եւ Բարեկարգչական եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ՝ միջ-եկեղեցական եւ համաշխարհային այլ կազմակերպութիւններու հետ:

1997 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատեց Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքը, առաւել եւս ամրապնդելու եւ կազմակերպելու Կաթողիկոսարանիս միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւն ու գործունէութիւնը: Բաժանմունքը նաեւ կը կազմակերպէ  միջ-եկեղեցական կազմաւորման սեմինարներ եւ  կը համադրէ թեմերու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու աշխատանքները:

2002 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբ մը կազմուեցաւ բաղկացած 8 երկսեռ անդամներէ՝ եկեղեցական եւ աշխարհական:

2010 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը անդամ դարձաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները կը մասնակցին Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Համադրման Յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ՝ Արեւելեան Ուղղափառ Քաղկեդոնական եւ Ոչ-Քաղկեդոնական աստուածաբանական երկխօսութեանց:

Տեղական մակարդակի վրայ, ներկայացուցիչներ ունինք շարք մը այլ յանձնախումբերու մէջ, ինչպէս՝ Կրօնական Դասագիրքերու Խմբագրութեան Յանձնաժողովին, Մարդասիրական Օգնութեան Յանձնաժողովին եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնաժողովին:

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) անդամ է Քրիստոնէական զանազան ուսանողական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կարեւոր աշխատանք կը տանի, ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ եւ Իսլամ համայնքներու միջեւ հանդուրժողութիւն եւ փոխադարձ վստահութիւն յառաջացնելու ի խնդիր: Մեր Սուրբ Աթոռը ունի միջ-կրօնական  նախաձեռնութիւններ եւ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ միջ-կրօնական կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ խորհրդաժողովներու, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Ե-նամակ՝ [email protected]