ՀԵՀՈՄ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը հիմնուած է 1963-ին, Գարեգին Ծ. Վրդ. Սարգիսեանին (հետագային Կաթողիկոս) կողմէ։
ՀԵՀՈՄ-ի նպատակն է համախմբել հայ համալսարանական ուսանողները Կաթողիկոսարանի հովանիին տակ, հոգեւոր, կրօնական, ընկերային, մշակութային, գիտական եւ մտաւորական մթնոլորտի մէջ մնայուն եւ սերտ կապ մը հաստատելով անոնց եւ մեր եկեղեցւոյ միջեւ։

ՀԵՀՈՄ-ին կրնան անդամակցիլ հայ համալսարանականներ, ներառեալ կրթական այլ բարձրագոյն հաստատութիւններու ուսանողներ, որոնք շաբաթական դրութեամբ կը հաւաքուին ՀԵՀՈՄ-ի յարկին տակ։ Տեղի կ՚ունենան դասախօսութիւններ, «կլոր սեղան»-ներ, ուսանողներու եւ մասնագէտներու կողմէ ներկայացումներ, համագումարներ, այցելութիւններ, ընկերային հաւաքներ եւ այլ ձեռնարկներ։
ՀԵՀՈՄ-ականներ կը մասնակցին միջ-եկեղեցական երիտասարդական գործունէութիւններու, եկեղեցւոյ եւ համայնքին առնչուած ձեռնարկներու։ Տեղական, շրջանային ու համաշխարհային մակարդակի վրայ, ՀԵՀՈՄ-ը կը գործակցի կրօնական-երիտասարդական շարժումներու հետ, ինչպէս Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան (World Student Christian Federation – WSCF), Սինտեզմոսի (Syndesmos), Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (World Council of Churches – WCC) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Middle East Council of Churches – MECC) երիտասարդական բաժանմունքներուն հետ։

ՀԵՀՈՄ-ին անդամակցող ուսանողը առաջին հանգրուանին կը ստանայ օժանդակ անդամի կարգավիճակ, որմէ ետք կը դառնայ միութեան լիիրաւ անդամ եւ իրաւունք կ՚ունենայ մաս կազմելու տարեկան ընդհանուր անդամական ժողովներուն եւ վերոնոշեալ տեղական, շրջանային ու համաշխարհային կազմակերպութեանց գործունէութիւններուն։
Միութիւնը կ՚ընտրէ 5 կամ 7 ՀԵՀՈՄ-ականներէ բաղկացած վարչութիւն մը, մէկ տարուան համար։ Վարչութիւնը կը գործէ յատուկ կանոնագրութեան մը հիմամբ։ Վարչութիւնը կը գլխաւորէ եւ անոր գործունէութեան կը վերահսկէ Հոգեւոր Խորհրդատուն, որ կը նշանակուի Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։