Կրթական/Հայագիտական

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բազմակողմանի առաքելութիւնը անցնող քանի մը տարիներուն առաւել եւս շեշտուեցաւ՝ կրթական, կրօնական, հայեցի դաստիարակութեան ու հայագիտական բնագաւառներուն մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական որոշումով, Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուեցաւ կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքը՝ աւելի եւս կազմակերպելու եւ զարգացնելու այս լայնածաւալ մարզը։ Այս ծիրէն ներս կը կազմակերպուին կրթական համագումարներ, ուսումնական խորհուրդներու հանդիպումներ եւ կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան զարգացման զարկ տուող ձեռնարկներ՝ մասնակցութեամբ մեր թեմերէն կամ սփիւռքի այլ գաղութներէն եկած ներկայացուցիչներու։

Բաժանմունքը կը կազմակերպէ հայագիտական նիւթերու դասընթացքներ, մշակութային ու գիտական համագումարներ։ Կը զբաղի Սփիւռքի ուսումնական համակարգին եւ դրութեան կազմակերպման աշխատանքներով, կը նախաձեռնէ յիշեալ նիւթերուն առնչուած հրատարակութիւններու լոյս ընծայման։

Ե-նամակ,- [email protected]