Կիրակնօրեայ Վարժարաններ

Կիրակնօրեայ վարժարանները հիմնուած են Երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան ծերունազարդ Կաթողիկոսին եւ իր Աթոռակիցին՝ Երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսի կողմէ, Պրն. Լեւոն Զէնեանի հսկողութեան տակ։

Հայ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ Կիրակնօրեայ վարժարաններ հիմնելու որոշումը առնուած է 1929 թուականին, Պաալպէքի մէջ, Լիբանան, տեղի ունեցած Համաշխարհային Կիրակնօրեայ դպրոցներու ամերիկեան ընկերութեան խորհրդաժողովին, որուն մասնակցած էր Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոս, որպէս ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ 1930 Յունիսին, Սահակ Բ. Կաթողիկոս յատուկ կոնդակով եւ նամակներու միջոցով շեշտած ու բացատրած է Կիրակնօրեայ վարժարաններու դերն ու կարեւորութիւնը hայ եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին մէջ։ Նոյն տարին իսկ Կիրակնօրեայ վարժարանները սկսած են գործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ։

Կիրակնօրեայ վարժարաններուն հիմնական նպատակն է հայ եկեղեցւոյ զաւակները համախմբել եկեղեցւոյ հովանիին տակ եւ անոնց տալ քրիստոնէական առողջ դաստիարակութիւն՝ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն եւ Սուրբ Գրային գիտելիքներու վրայ հիմնուած։

Կիրակնօրեայ վարժարանները կը գործեն հայ առաքելական եկեղեցիներու կից։ Կիրակնօրեայ վարժարանները իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն վարժարանի հասկացողութեամբ եւ արտադասարանային աշխատանքներու ընդմէջէն։ Հոն տեղի կ՚ունենան սաղմոսներու, առակներու եւ սուրբ գրական ուսուցումներ, Աստուածաշնչական եւ բարոյալից պատմութիւններու ծանօթացում ու եկեղեցական երգեցողութիւն, ինչպէս նաեւ դաստիարակիչ պտոյտներ եւ բանակում։

Ե-նամակ [email protected]