Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական հիմնարկ

Մանկավարժ եւ ուսուցիչ Խաչեր Գալուստեանի երազն էր ունենալ մանկավարժական պատրաստութեան յատուկ կեդրոն մը երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան համար: Այդ երազը իրականութիւն դարձաւ 1987-ին, երբ հանգուցեալին տիկնոջ ու զաւակներուն կողմէ յատկացուած գումարով, Կաթողիկոսարանի հովանաւորութեան ներքեւ, մայրավանքի շրջափակէն ներս հիմնուեցաւ Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կազմաւորման Կեդրոնը: Յատուկ յանձնախումբ մը կեանքի կոչուեցաւ, որպէսզի զբաղի Կեդրոնի կրթական-վարչական հարցերով։ Կեդրոնի տնօրէն նշանակուեցաւ Պրն. Գրիգոր Շահինեանը։ Անոր մահէն ետք այդ պաշտօնը վստահուեցաւ Պրն. Կարօ Յովահաննէսեանին:

Անցնող տարիներուն, Կեդրոնը կարեւոր ներդրում ունեցաւ Լիբանանի եւ այլ թեմերու կրթական մարզէն ներս։

Կեդրոնը, իր ներկայ ծրագրով, իր առաքելութիւնը կը նկատէ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի համար յանձնառու ուսուցիչներու պատրաստութիւնը: Ան նաեւ յատուկ ծրագիրներ ունի երկրորդական դասարաններու ուսուցիչներ պատրաստելու համար:

Կեդրոնին նպատակն է իր աշակերտներուն մատակարարել մանկավարժական գիտական մեթոտ եւ գիտութիւն: Ծրագիրը կը ներառէ հետեւեալ նիւթերը.- կրթական դասընթացքներ, հոգեբանութիւն, հայերէն լեզուի դասաւանդման մեթոտաբանութիւն, պատմութիւն, կրօնք եւ ուսուցչական փորձառութիւն:

Ան իր ուսանողները կը պատրաստէ Լիբանանեան BT եւ TS վկայականներուն համար։ Ուսանողներ 3 տարուան ծրագիրը աւարտելէ ետք կը ստանան վկայական։ Կեդրոնի վկայականը 2003-ին պետական ճանաչում ստացաւ: