Երիտասարդական

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, 2004 թուականին Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուեցաւ Երիտասարդական Բաժանմունքը, որ կը վայելէ Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հովանաւորութիւնը։ Բաժանմունքը ունի իր վարիչն ու վարչութիւնը եւ կը գործէ ներքին կանոնագրութեան մը հիմամբ։

Երիտասարդական բաժանմունքին նպատակն է հայ երիտասարդը հաղորդ պահել մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն, կամուրջ մը հանդիսանալ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ անոր երիտասարդութեան միջեւ, երկխօսութեան ճամբով սերտացնել անոնց կապը, եւ առիթ ընծայելու վերանորոգելու, վերանորոգուելու եւ երիտասարդը մասնակից դարձնելու հայ եկեղեցւոյ կեանքին։

Բաժանմունքը կը կազմակերպէ սեմինարներ, խորհրդաժողովներ, միջ-թեմական երիտասարդական խորհրդաժողովներ, հանդիպումներ եւ հոգեւոր-եկեղեցական, բարոյական դաստիարակչական ձեռնարկներ եւ հարցախոյզներ։

Ե-նամակ:  [email protected]