Ընկերային Ծառայութիւն

Հայ Եկեղեցւոյ համար ընկերային ծառայութիւնը կարիքաւորներու լոկ հագուստեղէն, դեղօրայք կամ սննդեղէն տրամադրել չէ, այլ՝ հիմնականօրէն անոնց տառապանքին մաս կազմելն ու ատոր ընդմէջէն Քրիստոսի սիրոյ ուժին թարգմանը հանդիսանալն է։ Ընկերային ծառայութիւնը, որ Եկեղեցւոյ՝ Քրիստոսի քայլերուն հետեւիլն է, կը միտի ընկերային արդարութիւն ապահովել եւ մարդոց հաղորդակցութեան մէջ դնել ինքնակազմաւորման եւ ինքնաբաւութեան ընթացքին հետ։ Առաջին օրերէն ի վեր, Հայ Եկեղեցին իր առաքելութեան մէջ հիմնական բաժին տուած է ընկերային ծառայութեան։ Պատմութեան մէջ երբեմն ընկերային ծառայութիւնը եղած է համապարփակ շարժում՝ կազմակերպուած եւ լայն սահմաններով առաքելութիւն մը, իսկ երբեմն ալ, Եկեղեցւոյ ունեցած աննպաստ պայմաններու հետեւանքով, կորսնցուցած է իր կենսունակութիւնն ու արդիւնքը։

Ընկերային ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ համար կը մնայ հիմնական եւ գոյացական խնդիր։

Հետեւեալները Հայ Եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան ոլորտին մէջ ունեցած քանի մը աշխատանքներն են,-

Թռչնոց Բոյն,- հիմնուած է Դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսընի կողմէ, 1926 թուականին, Ճիպէյլի մէջ, Լիբանան։ Թռչնոց Բոյնը յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած է Ցեղասպանութենէն վերապրող հազարաւոր որբեր մէկտեղելու եւ դաստիարակելու առաքելութեան մէջ։ 1970-ին, որբանոցը կը փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ ծառայել որբերու եւ բեկանուած ընտանիքներէ եկած զաւակներու։

Ազգային Ծերանոց, հիմնուած է Զուիցերիոյ Հայասէրներու Միութեան կողմէ, 1923 թուականին, Ղազիրի մէջ, Լիբանան։ Ծերանոցը Պուրճ Համուտ փոխադրուած է 1946-ին եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ խնամել համայնքի տարեցները։ Ազգային Ծերանոցը կը հովանաւորուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ։

Հայ Կոյրերու եւ Խուլ-Համրերու Հաստատութիւն,- հիմնուած է Ամերիկեան Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին կողմէ, 1915 թուականին, Ղազիրի մէջ, Լիբանան։ Հաստատութիւնը 1928-ին անցած է Զուիցերիոյ Հայասէրներու Միութեան հովանիին ներքեւ. ներկայիս մաս կը կազմէ Ազգային Ծերանոցին։

Ազունիէի Ազգային Բուժարան, հիմնուած է Մաամըլթէյն մէջ, Լիբանան, 1923 թուականին եւ Ազունիէ շրջան փոխադրուած է 1926-ին։ Բուժարանին կառուցումը իրականացած է շնորհիւ ամերիկահայոց նիւթական նուիրատուութիւններուն, որպէսզի Ցեղասպանութեան վերապրողներուն բժշկական պէտքերը հոգացուին։ Կեդրոնին հիմնական մասնագիտութիւնն է խնամել թոքերու հիւանդութիւններէ տառապողներուն՝ հայ թէ՛ օտար։ Ներկայիս, բուժարանը ունի նաեւ տարեցներու յատուկ բաժին։ Կը հովանաւորուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կողմէ։

Աթէնքի Ազգային Ծերանոց, հիմնուած 1956 թուականին, Զուիցերիոյ Հայասէրներու Միութեան կողմէ եւ կը շարունակէ գործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցւոյ Խորհուրդին հովանիին տակ։

Հետեւեալ հաստատութիւնները, թէեւ անմիջականօրէն չեն առնչուած Կաթողիկոսութեան, սակայն կը վայելեն անոր ամբողջական հոգատարութիւնը՝ Հայ Օգնութեան Միութիւն (հիմնուած 1929-ին), Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն (հիմնուած 1906-ին), Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւն (հիմնուած 1969-ին), Հաուըրտ Քարակէօզեան Հիմնարկ (հիմնուած 1921-ին), Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամ (հիմնուած 1966-ին), ՔԱՀԼ-ի Լիբանանի Հայ Անկարներու Կեդրոն (հիմնուած 1923-ին) եւ Յատուկ Խնամքի Կարօտ Մանուկներու եւ Պատանիներու Զուարթնոց Կեդրոն (հիմնուած 1987-ին)։ Այս մարդասիրական կազմակերպութիւններէն մի քանին ունի նաեւ ընկերաբժշական կեդրոնները՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, եւ ծառայութեամբ կը հասնի հայերուն եւ օտարներուն՝ առանց խտրութեան։ Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին, Կաթողիկոսութիւնը նաեւ իր հովանաւորութիւնը տուած է նորաստեղծ մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ ծրագիրներու՝ թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ։

Ֆանարի Ժողովրդային Տուներ,- ցած եկամուտ ունեցող ընտանիքներու եւ նորապսակ զոյգերու համար կառուցուած այս ծրագիրը իրականացած է 1960-ին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ձեռնարկուած։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ 350 յարկաբաժիններ, որոնց 100-ը կառուցուած են 2008 թուականին։ Ժողովրդային տուներու նոյնանման ծրագիրներ իրականացած են Լիբանանի տարբեր շրջաններու, Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ։ Այս ծրագիրը մեր Եկեղեցւոյ հիմնական ծրագիրներէն մէկն է՝ կարիքաւոր ընտանիքներու եւ երիտասարդ զոյգերու օգտակար դառնալու առումով։