ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

 

Read in Arial Armenian font

 

06/29/2009

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, 28-29 Յունիս 2009ին, Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան այցելեց Պելճիքայի Անթուերփ քաղաքը եւ շնորհաւորեց թեմին նորանշանակ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Եոհան Պոնի Եպիսկոպոսը, որ երկար տարիներէ ի վեր գործակից է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, միջ-եկեղեցական զանազան յանձնաժողովներու ճամբով:

 

Նարեկ Սրբազան ներկայ գտնուեցաւ ծխական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ սուրբ պատարագին, որուն աւարտին Պոնի Եպիսկոպոս ճաշկերոյթով մը պատուեց Սրբազանը՝ հոգեւորական դասուն եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներուն ներկայութեան:

 

Յայտնենք թէ Պոնի Եպիսկոպոս աւելի քան տասը տարիներ եղած էր Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի քարտուղարներէն մին եւ գործօն մասնակցութիւն բերած յատկապէս Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու մշակման եւ սերտացման բնագաւառէն ներս:

 

 

 

 

 

ՙՍ. ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՏԱՐԻ՚Ն ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Read in Arial Armenian font

06/29/2009 

28 Յունիս 2008-էն 29 Յունիս 2009 – Ս. Պօղոսի նուիրուած տարին, զոր հռչակած էր Կաթոլիկ Եկեղեցին, Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներուն կողմէ եզրափակուեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութեամբ, Երկուշաբթի 29 Յունիս 2009-ին:

Միջ-եկեղեցական սոյն արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Յոյն Կաթոլիկներու Հարիսայի Տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու, եւ համայնքային ներկայացուցիչներու: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Պենետիքթ 16-րդ Պապի ներկայացուցիչ Կարտինալ Անտրէն Վինկթ-Թրուա: Յանուն Հայ Եկեղեցւոյ ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, եզրափակիչ սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ անոր:

Փոխանցուած պատգամներուն հիմնական առանցքը դարձաւ Ս. Պօղոս առաքեալի աւետարանչութիւնը, եւ այսօրուան եկեղեցւոյ կողմէ նոյն առաքելութեան վերակենսաւորման անժամանցելիութիւնը: Հոգեւորկրօնական, ընկերային-մարդասիրական եւ քարոզչական-փառաբանական բնագաւառները Եկեղեցւոյ առաքելութեան, Ս. Պօղոս առաքեալի քրիստոնէական աւետարանչութեան հիմքը կազմեցին, որուն շարունակողն է Եկեղեցին, իբրեւ Աստուածահիմն կառոյց:

Նշենք, որ ամբողջ տարուան ընթացքին, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Եպս. Խաչերեանի տնօրինումով, զանազան շրջաններէ ներս տեղի ունեցող կրօնական համագումարներուն, յանձնախմբային աշխատանքներուն ու եկեղեցական արարողութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Արժ. Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան:

Եզրափակիչ միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ շարականներով ելոյթ ունեցաւ, Լիբանանի Թեմի ՙԱռաքելոց՚ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Բարշ. Գրիգոր Սրկ. Ալլոզեանի:

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Read in Arial Armenian font

06/23/2009 

22-23 Յունիս 2009, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) ատենապետեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Խորհրդակցական Յանձնաժողովի երրորդ ժողովին:

ԵՀԽ-ի եւ Եկեղեցական Ընտանիքներու միջեւ խորացող գործակցութիւնը ընգծելով, իր բացման խօսքին մէջ Սրբազանը ըսաւ.- ՙՎստահ եմ որ չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, թէ մեր համատեղ յանձնառութիւնը իր դրական արդիւնքը տուած է միջ-եկեղեցական շարժումին շուրջ մեզ համախմբելով եւ Աստուածոյ ծառայութեան անդաստանին մէջ 21րդ դարու կարիքներուն համապատասխան եկեղեցիներ եւ եկեղեցական խորհուրդներ դնելով՚:

Ժողովական աշխատանքներուն մասնակցեցան Յոյն Ուղղափառ, Ռուս Ուղղափառ, Հռոմէական Կաթոլիկ, Անկլիքան, Լուտերական, Բարեկարգեալ, Մեթոտիսթ եւ Բողոքական այլ Եկեղեցական Ընտանիքներու ներկայացուցիչներ:

Ժողովը քննարկեց օրակարգի հետեւեալ կէտերը.-

1.- ԵՀԽ-ի եւ Եկեղեցական Ընտանիքներու գործակցութեան գնահատականը

2.- Միջ-կրօնական յարաբերութիւններու եւ յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան աճող կարեւորութիւնը

3.- Միջ-եկեղեցական համատեղ համաժողովներ գումարելու կարելիութիւնները

4.- Աստուածաբանական երկխօսութիւններու կենսականութիւնը Եկեղեցւոյ երեւելի միութեան ճանապարհին վրայ

5.- 2011-ի խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համագումարի ծրագրաւորումը

6.- ԵՀԽ-ի եւ Եկեղեցական Ընտանիքներու գործակցութեան առաւել սերտացումը

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀ. ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՈՐՈՆՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Read in Arial Armenian font

06/26/2009 

24-26 Յունիս 2009, Ամսթերտամի մէջ, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղարի Որոնման Յանձնախումբին ժողովը, որուն մասնակցեցաւ անդամ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու):

Որոնման Յանձնախումբին վերջին ժողովը զբաղեցաւ վեց թեկնածուներու պաշտօնական հարցաքննութեամբ եւ Օգոստոսին  ԵՀԽ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ընթացքին տեղի ունենալիք նոր Ընդհ. Քարտուղարի ընտրութեան գործընթացին մանրամասնութիւններով:

Յայտնենք, թէ ԵՀԽ-ի նորընտիր Ընդհ. Քարտուղարը իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Յունուար 2010ին:

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Read in Arial Armenian font

06/11/2009

11 Յունիս 2009ին, Պէյրութի մէջ, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակութային Կցորդութեան եւ Իսլամ-Քրիստոնեայ Երկխօսութեան Յանձնախումբին, Անտոնեան Համալսարանին, Արաբական Խմբակի Իսլամ-Քրիստոնեայ Երկխօսութեան եւ Կրօնի ու Փիլիսոփայութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ՙԻսլամ-Քրիստոնեայ երկխօսութիւնը դէպի աշխուժացում՚ թեմայով համագումար մը:

Համագումարին հրաւիրուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, զոր ներկայացուց Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին:

Համագումարին մասնակցեցան մտաւորականներ, հոգեւոր պետեր եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

Համագումարին ելոյթ ունեցան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի Կցորդ՝ Պրն. Մուհամէտ Հոսէյն Րայիս Զատէհ, Դոկտ. Մուհամէտ Սամմաք, Դոկտ. Րասուլի Փուր (Իրան), Օրդ. Փասքալ Լահուտ, Շէյխ Շաֆիք Ժարատի եւ Վերպ. Դոկտ. Ռիատ Ժարժուր, որոնք կարեւորութեամբ անդրադարձան իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան աշխուժացման եւ ժողովրդականացման անհրաժեշտութեան՝ շեշտելով այն հիմնական ազդակները, որոնք կրնան նպաստել քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առաւել արդիւնաւէտութեան:

 

 

 

 

 

 

ՆԱՐԵԿ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՄԲ

ՍԱԼԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ

 

Bishop Nareg with the Archbishop of Salzburg

Read in Arial Armenian font 

05/21/2009

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, 19-21 Մայիս 2009ին, Սալզպուրկի (Աւստրիա) Կաթոլիկ Համալսարանին հրաւէրով, Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան միջ-եկեղեցական առաքելութեամբ գտնուեցաւ Սալզպուրկի  մէջ:

Սրբազանը իր այցելութիւնը սկսաւ Սալզպուրկի Ալուա Գոթկասըր Արքեպիսկոպոսին հետ պաշտօնական տեսակցութեամբ: Արքեպիսկոպոսը, որպէս Սալզպուրկի Գարիթաս մարդասիրական կազմակերպութեան հովանաւոր, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին գտնուած էր Լիբանան եւ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան եւ վկայութեան ու քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան: Նարեկ Սրբազան ներկայացուց Լիբանանի քաղաքական եւ ընկերային պատկերը, Հայ Եկեղեցւոյ պատասխանատու դերակատարութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով եւ Արքեպիսկոպոսը Անթիլիաս հրաւիրեց յետ-պատերազմեան Լիբանանին մօտէն ծանօթանալու համար:

Նարեկ Եպիսկոպոս Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ կատարեց հայկական երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն հրաւիրուած էին համալսարանի շրջանակն ու Սալզպուրկի փոքրաթիւ հայ համայնքը: Ժամերգութենէն յետոյ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մտերմիկ հիւրասիրութեան մը ընթացքին, ցուցադրուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուած սրբալոյս միւռոնին ֆիլմը եւ Նարեկ Սրբազան առիթը ունեցաւ խօսակցելու հայորդիներուն հետ:

Նարեկ Սրբազան երկու դասախօսութիւններ տուաւ: Համալսարանի ուսանողութիւնը լսեց ՙՀայ Առաքելական Եկեղեցին Այսօր՚ նիւթը եւ Փրօ Օրիէնթէ միջ-եկեղեցական կազմակերպութեան անդամներն ու ժողովուրդը` ՙՀայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Միջ-եկեղեցական Շարժումին՚ նիւթը: Երկու նիւթերն ալ իրենց այժմէականութեամբ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցին ունկնդիրներուն մօտ: Սրբազանը լուսաբանիչ բացատրութիւններով պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

Սրբազանը այցելեց 8րդ դարէն ի վեր անընդմիջաբար գործող տեղւոյն պենետիկեան վանականներու եւ մայրապետներու վանքերը եւ հանդիպումներ ունեցաւ աբբահօր ու մեծաւորուհիին հետ:

Համբարձման տօնին առթիւ, Սալզպուրկի մայր տաճարին մէջ, Նարեկ Սրբազան ներկայ գտնուեցաւ սուրբ պատարագին: Իր քարոզին մէջ, Ալուա Գոթկասըր Արքեպիսկոպոս ուրախութիւն յայտնեց Սրբազանին այցելութեան համար եւ իր ողջոյնները յղեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀ. ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՈՐՈՆՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Read in Arial Armenian font 

04/04/2009

1-4 Ապրիլ 2009, Կրետէի մէջ (Յունաստան), գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղարի Որոնման Յանձնախումբին ժողովը, որուն մասնակցեցաւ անդամ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու):

Ժողովականներ նախ վերահասու դարձան ԵՀԽ-ի անդամ Եկեղեցիներու եւ զանազան միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու մտահոգութիւններուն, լսեցին ԵՀԽ-ի նախագահներու պատրաստած արժեւորման զեկոյցն ու Որոնման Յանձնախումբի կարգ մը անդամներուն ԵՀԽ-ի պաշտօնէութեան հետ ունեցած հանդիպումներուն տեղեկագիրը: Ապա, վերախմբագրեցին ԵՀԽ-ի նոր Ընդհ. Քարտուղարի աշխատանքին բնութագիրն ու պաշտօնին դիմումնագիրը եւ պատրաստեցին Սեպտեմբեր 2009ին գումարուելիք ԵՀԽ-ի Գործադիր Վարչութեան ներկայացուելիք տեղեկատուութիւնը:

Յայտնենք, թէ ԵՀԽ-ի նորընտիր Ընդհ. Քարտուղարը իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Յունուար 2010ին:

 

 

 

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Read in Arial Armenian font

03/20/2009 

15-20 Մարտ 2009, Գարիպեան Կղզիներու շրջանին մէջ, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջազգային Հարցերու Յանձնաժողովի ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Տիկ. Վանա Տէր Օհաննէսեան:

Ժողովը քննարկեց ԵՀԽ-ի միջ-կրօնական եւ միջազգային յարաբերութիւններուն առնչուած հարցեր եւ մասնաւորաբար ծանրացաւ միջազգային տնտեսական տագնապին գծով քրիստոնէական պատասխանատու կեցուածք որդեգրելու հրամայականին վրայ:

Ժողովականներ նաեւ առիթ ունեցան այցելելու շրջանի եկեղեցիներն ու եկեղեցական կազմակերպութիւններու մարդասիրական կեդրոնները եւ մօտէն ծանօթացան այս հեռաւոր շրջաններուն մէջ քրիստոնէութեան աշխոյժ ներկայութեան:

 

 

 

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՙԱՂՕԹՔԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ՚ՈՒԱՆ

Read in Arial Armenian font

03/08/2009 

Կիրակի, 8 Մարտ 2009, Պէյրութի ֆրանսախօս եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Քորէյթէմի Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ ՙԱղօթքի Միջազգային Օր՚ուան նուիրուած յատուկ պաշտամունք, հրաւէրով համայնքի Հովիւ Վերապատուելի Ռոպէր Սարգիսեանի: Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի սոյն պաշտամունքին ներկայ գտնուեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու):‎

Սրբազանը յատուկ աղօթք մը արտասանեց ու շնորհաւորեց Վերապատուելին եւ ներկայ հաւատացեալները ՙԱղօթքի միջազգային Օր՚ուան առիթով:

 

 

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ

ՊԱՂԵՍՏԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Read in Arial Armenian font

03/05/2009 

Այս օրերուն Իրանի մայրաքաղաք՝ Թեհրանի մէջ տեղի կունենայ միջազգային համագումար մը, նուիրուած պաղեստինեան դատին: Համագումարը կազմակերպուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կողմէ, եւ անոր կը մասնակցին պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ աշխարհի բոլոր կողմերէն:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր սոյն համագումարին: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին, համագումարին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան:

Յայտնենք, որ Լիբանանէն եւս պատուիրակութիւն մը կը մասնակցի համագումարին, գլխաւորութեամբ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:

 

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՙՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ՚ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Read in Arial Armenian font

02/19/2009

Հինգշաբթի 19 Փետրուար 2009-ի յետ միջօրէին, ՙՍայիտաթ Լուայզի՚ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար մը, նուիրուած Իրաքի քրիստոնեաներու ներկայ կացութեան, ՙՔրիստոնէական ներկայութիւնը Իրաքի մէջ՚ ընդհանուր խորագրով:           

Համագումարը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Մարոնիթներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին, եւ կազմակերպուած էր համալսարանի տնօրէնութեան կողմէ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան:     

Համագումարին ներկայ էին Քաղդէացի, Ասորի Ուղղափառ, Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, համալսարանի դասախօսներ եւ Իրաքի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:          

Սոյն համագումարը մանրամասնօրէն քննարկեց քրիստոնէութեան ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը Իրաքի տարածքին, եւ յատկապէս երկրի բարգաւաճման անոր ունեցած ներդրումը: Ապա, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը շեշտելով, համագումարը անդրադարձաւ երկու կրօններու աւելի սերտ գործակցութեան, Իրաքի տառապող բնակչութեան հատուածներու միջեւ կեանքը բնականոն հունի մէջ դնելու հեռանկարով:

 

 

 

 

 

 

ՙՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՆԲԱԺԱՆ ՄԱՍԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ՚

 

                                                                     ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

His Holiness Aram I addresses the European Christian-Muslim women Symposium, Thursday 12 February 2009, Antelias

Read in Arial Armenian font

02/12/2009

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի Իսլամ ու քրիստոնեայ կիներու գիտաժողովին ուղղած իր խօսքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, թէ ՙքրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը Եւրոպայի մէջ իրողութիւն մըն է, որուն նկատմամբ պէտք չէ տեսական մօտեցում ունենալ: Դարեր շարունակ քրիստոնեայ Եւրոպա նկատուող այս ցամաքամասը այսօր փաստօրէն իր պատմութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան մաս կը նկատէ այլ կրօններու կարգին, նաեւ իսլամութիւնը: Հետեւաբար, իրողական տուեալներու վրայ հարկ է արժեւորել այդ գոյակցութիւնը՝ իր յառաջացուցած հարցերով ու մարտահրաւէրներով՚:

Անդրադառնալով համագումարի շօշափած նիւթերուն, Վեհափառ Հայրապետը իր մտածումները զարգացուց հետեւեալ երկու գաղափարներուն շուրջ.- ա) Մեր տարբերութիւններով ապրիլ: Տարբերութիւնները աստուածատուր են եւ անոնք աղբիւր են յառաջդիմութեան ու հարստացման. մինչ մարդակեդրոն տարբերութիւնները աղբիւր են հակադրութեան ու բաժանման: Պէտք է մեր տարբերութիւնները ընդունիլ, յարգել ու ճանչնալ եւ անոնց միջեւ ներքին ներդաշնակութիւն մը յառաջացնել: բ) Միասին ապրիլ: Տարբեր կրօններու պատկանելիութիւնը պէտք չէ մեզ իրարմէ հեռացնէ. նոյն ընկերութեան մաս կը կազմեն բոլոր կրօնները եւ ընկերութիւնը խարսխուած է տարբեր արժէքներու վրայ. սակայն, անոնց գոյակցութիւնը պէտք է արտայայտել համայնական կեանքի մը մէջէն:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց իսլամ ու քրիստոնեայ կիներու դերը այս ուղղութեամբ: Ան ըսաւՙինչպէս ընտանիքին սիւնը կինն է, այնպէս ալ ընկերութեան կեանքին մէջ կինը կարեւոր դերակատարութեան կոչուած է. ան լուսանցքին չի պատկաներ, այլ՝ մայր էջին. ան հետեւող չէ, այլ նաեւ առաջնորդող, եւ հետեւաբար, համայնական կեանքի զարգացման մէջ կինը վճռական դեր ունի կատարելիք՚,  եզրակացուց Վեհափառ Հայրապետը:

 

 

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԿԻՆԵՐՈՒ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Symposium of the Europe Christian-Muslim women in the Cilician Catholicosate, Thursday 12 February 2009, Antelias

Read in Arial Armenian font 

02/12/2009

Հինգշաբաթի, 12 Փետրուարին, միօրեայ գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Նարեկ Սրբազան: Գիտաժողովին ներկայ էին Եւրոպայէն ժամանած շուրջ 20 քրիստոնեայ եւ իսլամ կիներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի զանազան համայնքները ներկայացնող անձեր եւ համալսարանի դասախօսներ:

Ամբողջ օրը տրուեցան դասախօսութիւններ, տեղի ունեցան կլոր սեղանի շուրջ զրոյցներ՝ առաւելաբար առնչուած քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, կնոջ դերին կրօններու մերձեցման ծիրէն ներս, բազմակրօն ու բազմամշակոյթ ընկերութեանց մէջ ինքնութեան պահպանման, համաշխարհայնացում ու կրօն փոխյարաբերութեան, եւ այլ յարակից հարցերու մասին:

Յայտնենք, որ յիշեալ գիտաժողովը եզրափակիչ հանգրուանն էր շուրջ տասը տարիներ առաջ Եւրոպայի մէջ սկսուած գործընթացի մը, որուն նպատակն էր Եւրոպայի քրիստոնեայ ու իսլամ կիներու միջեւ մերձեցում յառաջացնել փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի ոգիով: Այս հեռանկարով, շուրջ 40 հոգիներ հաշուող կիներու խումբը համագումարներ կազմակերպած էր Վիեննայի, Սարայեւոյի, Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի այլ շրջաններէն ներս: Իւրաքանչիւր համագումարին նաեւ մասնակցած էին նոյն վայրէն կրօնական ու ակադեմական շրջանակներ ներկայացնող անձնաւորութիւններ: Յիշեալ նախաձեռնութեան ղեկավարներն էին Տիկին Թենի Սիմոնեան եւ Տքթ. Րայնհիլտ Թրէյթլըր: Սոյն նախաձեռնութեան իրագործման իրենց նիւթական նպաստը բերին ՙՈւալիտ Պըն Թալալ՚ կազմակերպութիւնը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, Եւրոպական Խորհուրդը, եւ այլ կազմակերպութիւններ:

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Տքթ. Թարէք Մթրի, տեղեկատուութեան նախարար, Տքթ. Իպրահիմ Շամսէտտին, ծրագրումի նախարար, իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբի անդամները:

 

 

 

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ

ԻՐԱՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒՐԻՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

The Armenian Catholicosate of Cilicia participates in the conference on Iraqi Christians, 9-11 February 2009

Read in Arial Armenian font

 

02/11/2009 

 

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ գործակութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի, 9-10-11 Փետրուար 2009-ին Լիբանանի մէջ համագումար մը տեղի ունեցաւ նուիրուած Իրաքի քրիստոնէութեան:

 

Համագումարին նպատակն էր համապարփակ քննարկումի ենթարկել Իրաքէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնը, վերլուծել անոր առնչուող մտահոգութիւնները ու մարտահրաւէրները, եւ ապա որոնել քրիստոնեայ համայնքները աւելի կազմակերպելու կարելիութիւնները: Ինչպէս ծանօթ է, Իրաքի պատերազմէն յետոյ մեծ վնասներու ենթարկուեցան նաեւ քրիստոնեայ համայնքները: Դժբախտաբար մեծ թիւով քրիստոնեաներ ապահովական ու տնտեսական պատճառներով հեռացան Իրաքէն: Թէ՜ Վատիկանի, թէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ թէ Միջիին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի մտահոգութիւնը ու առաջադրութիւնը դարձաւ քրիստոնէական ներկայութիւնը Իրաքէն ներս պահել ու ամրապնդել եկեղեցական թէ համայնքային կառոյցներու հզօրացումով:

 

Յայտնենք, որ այս հարցը արծարծուած էր Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան վերջին այցելութեան ընթացքին, իր ունեցած խորհրդակցութիւններու ծիրէն ներս: Նաեւ յիշեալ հարցը օրակարգի մնայուն նիւթ է Միջիին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի օրակարգին վրայ:

 

Վերոյիշեալ համագումարին կը մասնակցին Իրաքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայացուցիչները: Հայ համայնքին կողմէ կը մասնակցի Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեան:

 

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կոմիտաս Արք. Օհանեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ համագումարին:

 

 

 

 

 

 

 

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

 

Read in Arial Armenian font 

 

01/30/2009

 

25-30 Յունուար 2009, Հռոմի մէջ, տեղի ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան վեցերորդ հանդիպումը:

           

Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան (Առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին) եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու): Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (Առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին) եւ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու):

           

Կիրակի, 25 Յունուար, Ս. Պօղոս Տաճարին մէջ, ժողովականներ ներկայ գտնուեցան քրիստոնէական միութեան շաբաթի առթիւ Ն.Ս. Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին նախագահութեամբ կատարուած երեկոյեան ժամերգութեան:

           

26 Յունուարին, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին իրենց Եկեղեցիներուն առնչուած երեւոյթներ:

           

27-30 Յունուար, յանձնախումբը ամբողջացուց ՙԵկեղեցին եւ Իր Առաքելութիւնը՚ ընդհանուր թեմային շուրջ խմբագրուած զեկոյցը: Նաեւ չորս դասախօսութիւններ լսեց ու համապատասխան քննարկումներ կատարեց ՙԵկեղեցական Հաղորդակցութիւնը Քրիստոնէական Առաջին Հինգ Դարերուն՚ եւ ՙԵկեղեցական Ժողովներու Ընդունումը Եկեղեցիներուն Կողմէ՚ թեմաներուն շուրջ:

 

Ուրբաթ, 30 Յունուարին, յանձնախումբի անդամներ պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Ն.Ս. Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին:

           

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան եօթներորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-30 Յունուար 2010-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:

 

 

Back to top