ՆԱՐԵԿ
ՍՐԲԱԶԱՆԻ
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
SEVENTH DAY ADVENTIST
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՄԷՋ

Read
in Arial Armenian font
12/10/2009
Հինգշաբթի,
10 Դեկտեմբեր
2009, Սիլվըր
Սփրինկի
մէջ
(ԱՄՆ),
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեան
(Վարիչ
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութիւններու)
պաշտօնական
այցելութիւն
մը
տուաւ
Seventh Day Adventist
Եկեղեցւոյ
կեդրոնատեղին:
Նարեկ
Սրբազան
նախ
շրջեցաւ
կեդրոնատեղիին
զանազան
բաժանմունքները
եւ
ծանօթացաւ
տարուող
լայնածաւալ
աշխատանքներուն:
Կէսօրին,
Եկեղեցւոյ
Նախագահութիւնը
պաշտօնական
ճաշով
մը
պատուեց
Սրբազանը,
որուն
ներկայ
գտնուեցան
քսան
ներկայացուցիչներ՝
գլխաւորութեամբ
կրօնական
ազատութեան
բաժանմունքի
Վարիչ
Դոկտ.
Ճան
Կրազի:
Իր
շնորհակալական
խօսքին
մէջ,
Նարեկ
Սրբազան
ներկաներուն
փոխանցեց
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Վեհափառ
Հայրապետի
ողջոյնները
եւ
խօսեցաւ
Հայ
Եկեղեցւոյ
ծննդոցին
ու
ներկայ
իրավիճակին
մասին՝
յատկապէս
ծանրանալով
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
բազմերես
առաքելութեան
վրայ:
Իր
խօսքին
երկրորդ
մասին
մէջ,
Սրբազանը
անդրադարձաւ
միջ-եկեղեցական
եւ
միջ-կրօնական
յարաբերութիւններուն
պարզած
կացութիւններուն
ու
Լիբանանի
ներ-համայնքային
դրութեան
բերած
առաւելութիւններուն:
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ
ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ
ՄԷՋ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
ՄԻՋԻՆ
ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ
Read
in Arial Armenian font
Ութերորդ
տարին
ըլլալով,
Մերձաւոր
Արեւելքի
Աստուածաբանական
Ճեմարան
(Near East School of Theology)
յաճախող
զանազան
երկիրներէ
ժամանած
խումբ
մը
ուսանողներ,
Երեշաբթի,
24 Նոյեմբեր
2009ին
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
Մայրավանք
այցելեցին
եւ
լսեցին
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեանի
(Վարիչ
Միջ-Եկեղեցական
Յարաբերութիւններու)
դասախօսութիւնը՝
ՙՀայ
Եկեղեցին
եւ
Միջին
Արեւելքի
Քրիստոնէական
Վկայութիւնը՚
նիւթին
շուրջ:
Ուսանողական
խումբի
պատասխանատու
Դոկտ.
Ճորճ
Սապրա
ուսանողները
ներկայացուց
Սրբազան
Հօր
եւ
յայտնեց,
թէ
իրենց
այցելութեան
նպատակն
է
ուղղակիօրէն
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
ճամբով
աւելի
լաւատեղեակ
դառնալ
Հայ
Եկեղեցւոյ
որպէս
Միջին
Արեւելքի
կարեւոր
եւ
իւրայատուկ
Եկեղեցիներէն
մին:
Նարեկ
Սրբազան
ներկայացուց
Հայ
Եկեղեցւոյ
պատմութեան
գլխաւոր
հանգրուանները
եւ
հայ
դաւանանքին
հիմնական
երեսները.
ապա,
ան
խօսեցաւ
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Հայարապետական
Ս.
Աթոռին
բազմերես
առաքելութեան
մասին:
Հարց-պատասխանի
ընթացքին,
ուսանողներ
առաւելաբար
հետաքրքրուեցան
Հայկական
Ցեղասպանութեան
ճանաչման
համար
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
բերած
նպաստով
եւ
Սփիւռքի
մէջ
Հայ
Եկեղեցւոյ
ազգապահպանման
առաքելութեամբ:
Խումբը
նաեւ
այցելեց
Մայր
Տաճար,
Ապրիլեան
Նահատակաց
Մատուռ
եւ
ՙԿիլիկիա՚
Թանգարան:
ՀԱՅ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ
ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ
ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ
ՏԱՐԵԿԱՆ
ԺՈՂՈՎԻՆ
Read
in Arial Armenian font
11/15/2009
11-15
Նոյեմբեր
2009, Անկլիքան
Եկեղեցւոյ
Աթոռանիստ
Քենթըրպըրիի
մէջ,
գումարուեցաւ
Եկեղեցական
Ընտանիքներու
Քարտուղարներու
տարեկան
ժողովը,
որուն
մասնակցեցաւ
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեան
(Վարիչ
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութիւններու):
14
Նոյեմբերին,
Նարեկ
Սրբազան
տեսակցութիւն
մը
ունեցաւ
Անկլիքան
Եկեղեցւոյ
Պետ
Քենթըրպըրիի
Ռոուըն
Ուիլեըմզ
Արքեպիսկոպոսին
հետ
եւ
անոր
փոխանցեց
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Վեհափառ
Հայրապետին
եղբայրական
ողջոյնները:
Ժողովին
միւս
մասնակիցներն
էին
Ռուս
Ուղղափառ,
Հռոմէական
Կաթոլիկ,
Անկլիքան,
Լուտերական,
Բարեկարգեալ,
Մկրտչական,
Մեթոտիսթ,
Բողոքական
եւ
Ազատ
եկեղեցական
գլխաւոր
ընտանիքներէ
ներկայացուցիչներ:
Շուրջ
երեսուն
ժողովականներ
քննարկեցին
միջ-եկեղեցական
եւ
ներ-եկեղեցական
յարաբերութիւններուն
առնչուած
հիմնական
հարցեր
եւ
համաքրիստոնէական
մտահոգութիւններ,
ինչպէս
օրինակ՝
աստուածաբանական
երկխօսութիւններ,
քրիստոնէական
միութեան
աղօթք,
Եկեղեցիներու
Համաշխարհային
Խորհուրդէն
ներս
եղած
փոփոխութիւններ
եւ
իսլամ-քրիստոնեայ
երկխօսութիւն:
Նարեկ
Սրբազան
իր
զեկոյցին
մէջ
անդրադարձաւ
Արեւելեան
Ուղղափառ
Եկեղեցիներու
այլ
Եկեղեցական
Ընտանիքներու
հետ
ունեցած
աստուածաբանական
պաշտօնական
երկխօսութիւններուն
եւ
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
միջ-եկեղեցական
ու
միջ-կրօնական
յարաբերութիւններու
գլխաւոր
երեսներուն:
Նարեկ
Սրբազան
նաեւ
հանդիպում
մը
ունեցաւ
Անկլիքան
Եկեղեցւոյ
Ընտանիքի
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութիւններու
Վարիչ
Կանոնիկոս
Ալիսոն
Պարնեթ
Գօուընին
հետ
եւ
մտքերու
փոխանակում
կատարեց
Անկլիքան
Եկեղեցւոյ
Ընտանիքի
եւ
Արեւելեան
Ուղղափառ
Եկեղեցիներու
Ընտանիքի
Աստուածաբանական
Պաշտօնական
Երկխօսութեան
Յանձնախումբին
ներկայ
կացութեան
մասին:
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԿԱՐԳ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ
10/14/2009
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հաւատք եւ Կարգ Յանձնաժողովի 157
անդամներ, լիազօր ներկայացուցիչներ եւ դասախօսներ 7-14 Հոկտեմբեր 2009ին,
Յունաստանի Կրետէ կղզիի Ուղղափառ Ակադեմիային մէջ միախմբուեցան, աշխատանքի
որպէս ուղեգիծ որդեգրելով ՙՄէկ Եկեղեցի Ըլլալու Հրաւէրը՚ ԵՀԽի 6րդ համաժողովի
նշանաբանը: Հայ Եկեղեցին կը ներկայացնէին Գերշ. Տ. Նաթան Եպս. Յովհաննիսեան եւ
Շահէ Աբղ. Անանեան (Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն) եւ Գերշ. Տ.
Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն):
Համաժողովը քննարկեց հետեւեալ նիւթերը.- ՙՄէկ Եկեղեցի Ըլլալու Հրաւէրը՚, ՙԵկեղեցւոյ
Էութիւնն ու Առաքելութիւնը՚, ՙԵկեղեցիներ եւ Բարոյական Հարցեր՚ եւ ՙԱւանդութիւն
եւ Աւանդութիւններ՚:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ
ՄԱՍՆԱԿՑԻ
ԿԱԹՈԼԻԿ
ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ
Read
in Arial Armenian font
10/12/2009
Մի
քանի
օրեր
առաջ
Պէյրութի
Ասորի
կաթոլիկներու
պատրիարքարանին
մէջ
տեղի
ունեցաւ
Միջին
Արեւելքի
Կաթոլիկ
Պատրիարքներու
համաժողովը:
Միջ-եկեղեցական
սոյն
կարեւոր
հանդիպումին
մասնակցելու
հրաւէր
ստացած
էր
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոս:
Յանուն
Վեհափառ
Հայրապետին,
իր
մասնակցութիւնը
բերաւ
Լիբանանի
Հայոց
Առաջնորդ
Գերշ.
Տ.
Գեղամ
Եպս.
Խաչերեան:
Տարին
անգամ
մը
գումարուող
Կաթոլիկ
Պատրիարքներու
այս
ժողովին
մէկ
մասին
վերջին
տարիներուն
սկսան
նաեւ
հրաւիրուիլ
Միջին
Արեւելքի
Ողղափառ
եկեղեցիներու
հոգեւոր
պետերը՝
երկու
նպատակով.-
Առաջին,
գործնական
արտայայտութիւն
տալու
Միջին
Արեւելքի
եկեղեցիներու
միասնականութեան,
երկրորդ,
խորհրդակցելու
միջ-եկեղեցական
գործակցութիւնը
առաւել
ծաւալելու
կարելիութիւններուն
մասին:
Այս
ծիրէն
ներս,
ներկայ
հանդիպման
ընթացքին
քննարկուեցան
խառն
ամուսնութեան,
մկրտութեան,
համայնքային
դատական
հարցերուն
ու
անձնկական
իրաւանց
առնչուած
շարք
մը
գործնական
հարցեր:
Վեհափառ
Հայրապետը
յատուկ
կարեւորութեամբ
ողջունեց
յիշեալ
հանդիպումը,
շեշտելով
եկեղեցիներու
միջեւ
գործակցութեան
հրամայական
անհրաժեշտութիւնը՝
հակառակ
դաւանական
ու
աստուածաբանական
տարբերութիւններուն:
ՀԱՅ
ԵԿԵՂԵՑԻՆ
ԿԸ
ՄԱՍՆԱԿՑԻ
ԾՈՑԻ
ՇՐՋԱՆԷՆ
ՆԵՐՍ
ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ
ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
Read in Arial Armenian
font
09/17/2009
Սեպտեմբեր
14-17 Պահրէյնի
մէջ
տեղի
ունեցաւ
միջ-եկեղեցական
համագումար
մը,
մասնակցութեամբ
շուրջ
40
ներկայացուցիչներու:
Անոնք
եկած
էին
Ծոցի
շրջանի
զանազան
եկեղեցիներէ՝
միասնաբար
քննելու
ու
ծրագրելու
շրջանէն
ներս
միջ-եկեղեցական
խորհուրդի
մը
կազմաւորումը:
Ժողովին
կը
մասնակցէին
նաեւ
Եկեղեցիներու
Համաշխարհային
Խորհուրդին
եւ
Միջին
Արեւելքի
Եկեղեցիներու
Խորհուրդին
ներկայացուցիչները:
Յանուն
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
յիշեալ
համագումարին
իրենց
գործօն
մասնակցութիւնը
բերին
Գերշ.
Տ.
Կորիւն
Արք.
Պապեան,
Քուէյթի
եւ
Ծոցի
շրջանի
Կաթողիկոսական
փոխանորդ
եւ
Տիկին
Թենի
Սիմոնեան,
Կաթողիկոսարանի
Միջ-եկեղեցական
յանձնախումբի
փոխ-ատենապետուհի:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ
ԺՈՂՈՎԻՆ
Read in Arial Armenian
font
09/15/2009
15
Սեպտեմբեր
2009ին,
Յունաստանի
Լերոս
կղզիին
մէջ,
բացումը
կատարուեցաւ
Ուղղափառ
եւ
Արեւելեան
Ուղղափառ
Եկեղեցիներու
ներկայացուցիչներու
ժողովին,
որ
կը
միտի
նախապատրաստուիլ
2011ին
Եկեղեցիներու
Համաշխարհային
Խորհուրդի
Ճամէյգայի
մէջ
կազմակերպած
խաղաղութեան
նուիրուած
միջազգային
համաժողովին:
Հայ
Եկեղեցին
իր
երկու
Հայրապետական
Սուրբ
Աթոռներով
կը
մասնակցի
ժողովին՝
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեան
(Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութիւն)
եւ
Հոգշ.
Տ.
Գէորգ
Աբղ.
Սարոյեան
(Ս.
Էջմիածնի
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսութիւն):
Նարեկ
Սրբազան
վարեց
երկու
նիստերու
ատենապետութիւնը
եւ
կատարեց
աստուածաշնչական
խորհրդածութիւն
մը՝
ՙՈ՞վ
է
իմաստունը
եւ
խոհականը՚
նիւթին
շուրջ:
Ժողովը
պիտի
աւարտի
Երեքշաբթի
22 Սեպտեմբերին:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
ԳՈՐԾՕՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԿԸ
ԲԵՐԵՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԺՈՂՈՎԻՆ
Read in Arial Armenian
font
09/07/2009
26
Օգոստոս
2009ին,
Ժընեւի
մէջ
սկսած
Եկեղեցիներու
Համաշխարհային
Խորհուրդի
Կեդրոնական
Վարչութեան
ժողովը
չորեքշաբթիէն
շաբաթ
օրերուն
սպառեց
իր
օրակարգին
վրայ
գտնուող
հետեւեալ
հարցերը.-
Առաջին,
ԵՀԽ-ի
Ատենապետի
եւ
Ընդհանուր
Քարտուղարի
զեկոյցներու
ներկայացում
եւ
քննարկում:
Երկրորդ,
աշխարհագրական
շրջաններու
եւ
եկեղեցական
ընտանիքներու
ներկայացուցիչներու
հանդիպումներ:
Երրորդ,
յաջորդ
2013 տարուան
ընդհանուր
համաժողովին
վայրի
քննարկում:
Չորրորդ,
խաղաղութեան
նուիրուած
համագումարի
տեղեկագրի
նեկայացում
եւ
քննարկում:
Հինգերորդ,
ԵՀԽ-ի
նոր
Ընդհանուր
Քարտուղարի
ընտրութիւն,
յանձին
Վերպ.
Դոկտ.
Թվէյթ
Օլավ
Ֆիքսէի,
Նորվեկիոյ
Լուտերական
Եկեղեցիէն:
Ապա,
ժողովը
ձեռնարկեց
իր
յանձնախմբային
աշխատանքներուն:
Այս
բնագաւառէն
ներս,
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեան
կը
վարէ
Անդամակցութեան
եւ
Յարաբերութիւններու
Յանձնախումբին
ատենապետութիւնը
եւ
Դոկտ.
Նորա
Պայրագտարեան-Գապագեան
կը
մասնակցի
Միջազգային
Հարցերու
Յանձնախումբին
քննարկումներուն:
30
Օգոստոսին,
Պոսէի
միջ-եկեղեցական
կազմաւորման
հիմնարկին
մէջ,
ողջերթի
ճաշկերոյթ
մը
տրուեցաւ
ԵՀԽ-ի
Ընդհանուր
Քարտուղար
Վերպ.
Դոկտ.
Սէմ
Գոպիայի
ի
պատիւ,
որուն
ընթացքին
Նարեկ
Սրբազան
կարդաց
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Վեհափառ
Հայրապետի
ողջոյնի
խօսքը:
2
Սեպտեմբերին,
յանձնախումբերու
զեկոյցներու
ներկայացումով
աւարտեցաւ
ԵՀԽ-ի
Կեդրոնական
Վարչութեան
ժողովը:
Յաջորդ
ժողովը
պիտի
գումարուի
2011ի
Փետրուարին:
Յայտնենք,
թէ
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսութենէն
այս
ժողովին
մասնակցեցան
Գերշ.
Տ.
Վիգէն
Արք.
Այքազեան
եւ
Երէցկին
Փոլա
Տեւեճեան:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ
ՄԱՍՆԱԿՑԻ
Ե.Հ.ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԺՈՂՈՎԻՆ
Read in Arial Armenian
font
09/03/2009
26
Օգոստոսէն
3 Սեպտեմբեր
2009, Ժընեւի
իր
կեդրոնատեղիին
մէջ,
Եկեղեցիներու
Համաշխարհային
Խորհուրդը
պիտի
գումարէ
իր
Կեդրոնական
Վարչութեան
ժողովը:
Սոյն
ժողովին,
յանուն
Հայ
Եկեղեցւոյ,
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
կողմէ
իրենց
մասնակցութիւնը
կը
բերեն,
ժողովի
անդամներ՝
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեան
եւ
Դոկտ.
Նորա
Պայրագտարեան-Գապագեան:
Ժողովի
օրակարգերուն
մաս
պիտի
կազմէ
ընտրութիւնը
Ե.Հ.Խ.-ի
նոր
Ընդհ.
Քարտուղարին,
որ
պիտի
շարունակէ
Խորհուրդի
այժմու
Ընդհ.
Քարտուղար
Դոկտ.
Սէմ
Քոպիայի
պաշտօնը:
Ժողովը
նաեւ
աշխատանք
պիտի
կատարէ
կազմակերպելու
համար
Եկեղեցիներու
Համաշխարհային
Խորհուրդի
յաջորդ
Համաժողովը:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ
ԱՐԱԲԻՈՅ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ
ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Read in Arial Armenian
font
07/14/2009
13-14
Յուլիս
2009-ին
Վիեննայի
մէջ,
Աւստրիա,
կայացաւ
Աշխարհի
կրօնքներու
երկխօսութեան
աշխատանքները
հետապնդող
յանձնաժողովի
հանդիպումը:
Նշենք,
որ
Աշխարհի
կրօնքներու
երկխօսութեան
համագումարը
կայացած
էր
16-18 Յուլիս
2008-ին,
Մատրիտի
մէջ,
Սպանիա,
նախաձեռնութեամբ
եւ
նախագահութեամբ
Սէուտական
Արաբիոյ
Ապտալլա
Բ.
թագաւորի,
մասնակցութեամբ
աշխարհի
գլխաւոր
բոլոր
կրօնքներու
ներկայացուցիչներուն:
Սոյն
համագումարին
Միջին
Արեւելքէն
մասնակցող
քրիստոնեայ
միակ
կրօնապետը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսն
էր:
Նորին
Սրբութեան
խօսքը
համագումարին
ներկայացուց
Լիբանանի
Հայոց
Առաջնորդ՝
Գերշ.
Տ.
Գեղամ
Եպս.
Խաչերեան,
որ
նաեւ
յանուն
Վեհափառ
Հայրապետին
մասնակցութիւն
բերաւ
սոյն
յանձնաժողովի
աշխատանքներուն:
Յանձնաժողովի
նախագահ՝
Դոկտ.
Ապտալլա
Ապտըլմըհսէն
Ալ
Թրքի՝
իսլամ
միջազգային
լիկայի
ընդհ.
քարտուղար,
կատարեց
աշխատանքային
նիստերուն
բացումը:
Բացման
նիստին
խօսք
առաւ
Աւստրիոյ
Արտաքին
գործոց
նախարարութեան
ընդհ.
քարտուղար
Եոհաննէս
Քերլէ:
Ներկայ
էր
նաեւ
Աւստրիոյ
մէջ
Սէուտական
Արաբիոյ
դեսպան՝ իշխան
Մանսուր
Էլ
Սէուտ:
Բացման
նիստէն
ետք,
աշխատանքները
յառաջացան
զանազան
նիւթերու
շուրջ
հակիրճ
քննարկումներու
լոյսին
տակ,
ինչպէս՝
կրօնքներու
ազատութիւն,
հասարակաց
պատասխանատուութիւն
կենսոլորտի
եւ
ժառանգութեան
պահպանման
մէջ,
երկխօսութիւնը
գործիք
խաղաղութեան
եւ
հաշտութեան,
պաշտպանութիւն
կանանց,
երիտասարդութեան,
ընտանիքի,
երկխօսութեան
ընդմէջէն,
միատեղ
ճիգեր՝
համաշխարհային
կայունութիւն
եւ
հասարակաց
ապագայ:
Երկօրեայ
աշխատանքներու
աւարտին,
կայացած
քնարկումներու
լոյսին
տակ
յանձնաժողովը
եզրակացուց
աշխատանքները
հաղորդագրութեամբ
մը,
որ
իր
հիմնական
կէտերուն
մէջ
կը
վերահաստատէ
Սէուտական
Արաբիոյ
Ապտալլա
Բ.
թագաւորին
կրօնքներուն
երկխօսութեան
հրաւէրի
անհրաժեշտութիւնը,
մարդկային
արժէքներու
վերականգնման
եւ
զանոնք
ժողովուրդներու
կեանքին
մէջ
ամրօրէն
խարսխելու
կարեւորութիւնը:
Յանձնաժողովը
առաջարկեց
երկխօսութեան
համաշխարհային
կեդրոն
հաստատել:
ԱՐԱՄ
Ա.
ՎԵՀԱՓԱՌ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
ԿԸ
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ
ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ
ԿԱԹՈԼԻԿ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ
Read in Arial Armenian
font
06/29/2009
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Վեհափառ
Հայրապետի
օրհնութեամբ,
28-29 Յունիս
2009ին,
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութիւններու
Վարիչ
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեան
այցելեց
Պելճիքայի
Անթուերփ
քաղաքը
եւ
շնորհաւորեց
թեմին
նորանշանակ
Առաջնորդ
Գերշ.
Տ.
Եոհան
Պոնի
Եպիսկոպոսը,
որ
երկար
տարիներէ
ի
վեր
գործակից
է
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան,
միջ-եկեղեցական
զանազան
յանձնաժողովներու
ճամբով:
Նարեկ
Սրբազան
ներկայ
գտնուեցաւ
ծխական
եկեղեցիներէն
մէկուն
մէջ
մատուցուած
կիրակնօրեայ
սուրբ
պատարագին,
որուն
աւարտին
Պոնի
Եպիսկոպոս
ճաշկերոյթով
մը
պատուեց
Սրբազանը՝
հոգեւորական
դասուն
եւ
քաղաքապետարանի
պատասխանատուներուն
ներկայութեան:
Յայտնենք
թէ
Պոնի
Եպիսկոպոս
աւելի
քան
տասը
տարիներ
եղած
էր
Վատիկանի
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութիւններու
Բաժանմունքի
քարտուղարներէն
մին
եւ
գործօն
մասնակցութիւն
բերած
յատկապէս
Արեւելեան
Ուղղափառ
Եկեղեցիներու
հետ
յարաբերութիւններու
մշակման
եւ
սերտացման
բնագաւառէն
ներս:
ՙՍ.
ՊՕՂՈՍ
ԱՌԱՔԵԱԼԻ
ՏԱՐԻ՚Ն
ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ
ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Read in Arial Armenian
font
06/29/2009
28
Յունիս
2008-էն
29 Յունիս
2009 – Ս.
Պօղոսի
նուիրուած
տարին,
զոր
հռչակած
էր
Կաթոլիկ
Եկեղեցին,
Լիբանանի
քրիստոնեայ
համայնքներուն
կողմէ
եզրափակուեցաւ
միջ-եկեղեցական
արարողութեամբ,
Երկուշաբթի
29 Յունիս
2009-ին:
Միջ-եկեղեցական
սոյն
արարողութիւնը
տեղի
ունեցաւ
Յոյն
Կաթոլիկներու
Հարիսայի
Տաճարին
մէջ,
մասնակցութեամբ
հոգեւոր
առաջնորդներու,
եւ
համայնքային
ներկայացուցիչներու:
Արարողութեան
ներկայ
գտնուեցաւ
Պենետիքթ
16-րդ
Պապի
ներկայացուցիչ
Կարտինալ
Անտրէն
Վինկթ-Թրուա:
Յանուն
Հայ
Եկեղեցւոյ
ու
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսի,
եզրափակիչ
սոյն
արարողութեան
ներկայ
գտնուեցաւ
Գերշ.
Տ.
Կոմիտաս
Արք.
Օհանեան,
եւ
իր
մասնակցութիւնը
բերաւ
անոր:
Փոխանցուած
պատգամներուն
հիմնական
առանցքը
դարձաւ
Ս.
Պօղոս
առաքեալի
աւետարանչութիւնը,
եւ
այսօրուան
եկեղեցւոյ
կողմէ
նոյն
առաքելութեան
վերակենսաւորման
անժամանցելիութիւնը:
Հոգեւորկրօնական,
ընկերային-մարդասիրական
եւ
քարոզչական-փառաբանական
բնագաւառները
Եկեղեցւոյ
առաքելութեան,
Ս.
Պօղոս
առաքեալի
քրիստոնէական
աւետարանչութեան
հիմքը
կազմեցին,
որուն
շարունակողն
է
Եկեղեցին,
իբրեւ
Աստուածահիմն
կառոյց:
Նշենք,
որ
ամբողջ
տարուան
ընթացքին,
Լիբանանի
Հայոց
Թեմի
առաջնորդ
Գերշ.
Տ.
Գեղամ
Եպս.
Խաչերեանի
տնօրինումով,
զանազան
շրջաններէ
ներս
տեղի
ունեցող
կրօնական
համագումարներուն,
յանձնախմբային
աշխատանքներուն
ու
եկեղեցական
արարողութիւններուն
իր
մասնակցութիւնը
բերաւ
Արժ.
Տ.
Մկրտիչ
Քհնյ.
Քէշիշեան:
Եզրափակիչ
միջեկեղեցական
արարողութեան
ընթացքին
Հայ
Եկեղեցւոյ
շարականներով
ելոյթ
ունեցաւ,
Լիբանանի
Թեմի
ՙԱռաքելոց՚
երգչախումբը,
ղեկավարութեամբ
Բարշ.
Գրիգոր
Սրկ.
Ալլոզեանի:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ
Read in Arial Armenian
font
06/23/2009
22-23 Յունիս 2009,
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Գերշ. Տ.
Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) ատենապետեց
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Եկեղեցական Ընտանիքներու
Քարտուղարներու Խորհրդակցական Յանձնաժողովի երրորդ ժողովին:
ԵՀԽ-ի եւ
Եկեղեցական Ընտանիքներու միջեւ խորացող գործակցութիւնը ընգծելով, իր բացման
խօսքին մէջ Սրբազանը ըսաւ.- ՙՎստահ եմ որ չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, թէ
մեր համատեղ յանձնառութիւնը իր դրական արդիւնքը տուած է միջ-եկեղեցական
շարժումին շուրջ մեզ համախմբելով եւ Աստուածոյ ծառայութեան անդաստանին մէջ 21րդ
դարու կարիքներուն համապատասխան եկեղեցիներ եւ եկեղեցական խորհուրդներ դնելով՚:
Ժողովական
աշխատանքներուն մասնակցեցան Յոյն Ուղղափառ, Ռուս Ուղղափառ, Հռոմէական Կաթոլիկ,
Անկլիքան, Լուտերական, Բարեկարգեալ, Մեթոտիսթ եւ Բողոքական այլ Եկեղեցական
Ընտանիքներու ներկայացուցիչներ:
Ժողովը քննարկեց
օրակարգի հետեւեալ կէտերը.-
1.- ԵՀԽ-ի եւ
Եկեղեցական Ընտանիքներու գործակցութեան գնահատականը
2.- Միջ-կրօնական յարաբերութիւններու եւ
յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան աճող կարեւորութիւնը
3.- Միջ-եկեղեցական
համատեղ համաժողովներ գումարելու կարելիութիւնները
4.- Աստուածաբանական երկխօսութիւններու
կենսականութիւնը Եկեղեցւոյ երեւելի միութեան ճանապարհին վրայ
5.- 2011-ի խաղաղութեան նուիրուած միջազգային
համագումարի ծրագրաւորումը
6.- ԵՀԽ-ի եւ
Եկեղեցական Ընտանիքներու գործակցութեան առաւել սերտացումը
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀ. ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՈՐՈՆՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ
Read in Arial Armenian
font
06/26/2009
24-26 Յունիս 2009,
Ամսթերտամի մէջ, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ.
Քարտուղարի Որոնման Յանձնախումբին ժողովը, որուն մասնակցեցաւ անդամ Գերշ. Տ.
Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու):
Որոնման
Յանձնախումբին վերջին ժողովը զբաղեցաւ վեց թեկնածուներու պաշտօնական
հարցաքննութեամբ եւ Օգոստոսին ԵՀԽ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ընթացքին տեղի
ունենալիք նոր Ընդհ. Քարտուղարի ընտրութեան գործընթացին մանրամասնութիւններով:
Յայտնենք, թէ ԵՀԽ-ի
նորընտիր Ընդհ. Քարտուղարը իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Յունուար 2010ին:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ
ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Read in Arial Armenian
font
06/11/2009
11
Յունիս
2009ին,
Պէյրութի
մէջ,
Իրանի
Իսլամական
Հանրապետութեան
Մշակութային
Կցորդութեան
եւ
Իսլամ-Քրիստոնեայ
Երկխօսութեան
Յանձնախումբին,
Անտոնեան
Համալսարանին,
Արաբական
Խմբակի
Իսլամ-Քրիստոնեայ
Երկխօսութեան
եւ
Կրօնի
ու
Փիլիսոփայութեան
Ուսումնասիրութեան
Կեդրոնին
կազմակերպութեամբ,
տեղի
ունեցաւ
ՙԻսլամ-Քրիստոնեայ
երկխօսութիւնը
դէպի
աշխուժացում՚
թեմայով
համագումար
մը:
Համագումարին
հրաւիրուած
էր
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Վեհափառ
Հայրապետ,
զոր
ներկայացուց
Գերշ.
Տ.
Սեպուհ
Արք.
Սարգիսեան,
Առաջնորդ
Թեհրանի
Հայոց
Թեմին:
Համագումարին
մասնակցեցան
մտաւորականներ,
հոգեւոր
պետեր
եւ
այլ
պաշտօնական
անձնաւորութիւններ:
Համագումարին
ելոյթ
ունեցան
Իրանի
Իսլամական
Հանրապետութեան
Մշակոյթի
Կցորդ՝
Պրն.
Մուհամէտ
Հոսէյն
Րայիս
Զատէհ,
Դոկտ.
Մուհամէտ
Սամմաք,
Դոկտ.
Րասուլի
Փուր
(Իրան),
Օրդ.
Փասքալ
Լահուտ,
Շէյխ
Շաֆիք
Ժարատի
եւ
Վերպ.
Դոկտ.
Ռիատ
Ժարժուր,
որոնք
կարեւորութեամբ
անդրադարձան
իսլամ-քրիստոնեայ
երկխօսութեան
աշխուժացման
եւ
ժողովրդականացման
անհրաժեշտութեան՝
շեշտելով
այն
հիմնական
ազդակները,
որոնք
կրնան
նպաստել
քրիստոնեայ-իսլամ
երկխօսութեան
առաւել
արդիւնաւէտութեան:
ՆԱՐԵԿ
ՍՐԲԱԶԱՆ
ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՄԲ
ՍԱԼԶՊՈՒՐԿԻ
ՄԷՋ

Read in Arial Armenian
font
05/21/2009
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Վեհափառ
Հայրապետի
օրհնութեամբ,
19-21 Մայիս
2009ին,
Սալզպուրկի
(Աւստրիա)
Կաթոլիկ
Համալսարանին
հրաւէրով,
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութիւններու
Վարիչ
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեան
միջ-եկեղեցական
առաքելութեամբ
գտնուեցաւ
Սալզպուրկի
մէջ:
Սրբազանը
իր
այցելութիւնը
սկսաւ
Սալզպուրկի
Ալուա
Գոթկասըր
Արքեպիսկոպոսին հետ
պաշտօնական
տեսակցութեամբ:
Արքեպիսկոպոսը,
որպէս
Սալզպուրկի
Գարիթաս
մարդասիրական
կազմակերպութեան
հովանաւոր,
լիբանանեան
քաղաքացիական
պատերազմին
ընթացքին
գտնուած
էր
Լիբանան
եւ
մասնաւոր
հետաքրքրութիւն ցոյց
տուաւ
Միջին
Արեւելքէն
ներս
քրիստոնէական
ներկայութեան
եւ
վկայութեան
ու
քրիստոնեայ-իսլամ
համակեցութեան:
Նարեկ
Սրբազան
ներկայացուց
Լիբանանի
քաղաքական
եւ
ընկերային
պատկերը,
Հայ
Եկեղեցւոյ
պատասխանատու
դերակատարութիւնը
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
ճամբով
եւ
Արքեպիսկոպոսը
Անթիլիաս
հրաւիրեց
յետ-պատերազմեան
Լիբանանին
մօտէն
ծանօթանալու
համար:
Նարեկ
Եպիսկոպոս
Ս.
Մարկոս
եկեղեցւոյ
մէջ
կատարեց
հայկական
երեկոյեան
ժամերգութիւն,
որուն
հրաւիրուած
էին
համալսարանի
շրջանակն
ու
Սալզպուրկի
փոքրաթիւ
հայ
համայնքը:
Ժամերգութենէն
յետոյ,
եկեղեցւոյ
սրահին
մէջ,
մտերմիկ
հիւրասիրութեան
մը
ընթացքին,
ցուցադրուեցաւ Արամ
Ա.
Կաթողիկոսի
ձեռամբ
օրհնուած
սրբալոյս
միւռոնին
ֆիլմը
եւ
Նարեկ
Սրբազան
առիթը
ունեցաւ
խօսակցելու
հայորդիներուն հետ:
Նարեկ
Սրբազան
երկու
դասախօսութիւններ
տուաւ:
Համալսարանի
ուսանողութիւնը լսեց
ՙՀայ
Առաքելական
Եկեղեցին
Այսօր՚
նիւթը
եւ
Փրօ
Օրիէնթէ
միջ-եկեղեցական
կազմակերպութեան
անդամներն
ու
ժողովուրդը`
ՙՀայ
Առաքելական
Եկեղեցւոյ
Մասնակցութիւնը Միջ-եկեղեցական
Շարժումին՚
նիւթը:
Երկու
նիւթերն
ալ
իրենց
այժմէականութեամբ մեծ
հետաքրքրութիւն
յառաջացուցին
ունկնդիրներուն
մօտ:
Սրբազանը
լուսաբանիչ
բացատրութիւններով
պատասխանեց
իրեն
ուղղուած
հարցումներուն:
Սրբազանը
այցելեց
8րդ
դարէն
ի
վեր
անընդմիջաբար
գործող
տեղւոյն
պենետիկեան
վանականներու
եւ
մայրապետներու
վանքերը
եւ
հանդիպումներ
ունեցաւ
աբբահօր
ու
մեծաւորուհիին հետ:
Համբարձման
տօնին
առթիւ,
Սալզպուրկի
մայր
տաճարին
մէջ,
Նարեկ
Սրբազան
ներկայ
գտնուեցաւ
սուրբ
պատարագին:
Իր
քարոզին
մէջ,
Ալուա
Գոթկասըր
Արքեպիսկոպոս
ուրախութիւն
յայտնեց
Սրբազանին
այցելութեան
համար
եւ
իր
ողջոյնները
յղեց
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսին:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
ԸՆԴՀ.
ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ
ՈՐՈՆՄԱՆ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ
ԺՈՂՈՎԻՆ
Read in Arial Armenian
font
04/04/2009
1-4
Ապրիլ
2009, Կրետէի
մէջ
(Յունաստան),
գումարուեցաւ
Եկեղեցիներու
Համաշխարհային
Խորհուրդի
Ընդհ.
Քարտուղարի
Որոնման
Յանձնախումբին
ժողովը,
որուն
մասնակցեցաւ
անդամ
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեան
(Վարիչ
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութիւններու):
Ժողովականներ
նախ
վերահասու
դարձան
ԵՀԽ-ի
անդամ
Եկեղեցիներու
եւ
զանազան
միջ-եկեղեցական
կազմակերպութիւններու
մտահոգութիւններուն,
լսեցին
ԵՀԽ-ի
նախագահներու
պատրաստած
արժեւորման
զեկոյցն
ու
Որոնման
Յանձնախումբի
կարգ
մը
անդամներուն
ԵՀԽ-ի
պաշտօնէութեան
հետ
ունեցած
հանդիպումներուն
տեղեկագիրը:
Ապա,
վերախմբագրեցին ԵՀԽ-ի
նոր
Ընդհ.
Քարտուղարի
աշխատանքին
բնութագիրն
ու
պաշտօնին
դիմումնագիրը
եւ
պատրաստեցին
Սեպտեմբեր
2009ին
գումարուելիք
ԵՀԽ-ի
Գործադիր
Վարչութեան
ներկայացուելիք
տեղեկատուութիւնը:
Յայտնենք,
թէ
ԵՀԽ-ի
նորընտիր
Ընդհ.
Քարտուղարը
իր
պաշտօնը
պիտի
ստանձնէ
1 Յունուար
2010ին:
ՀԱՅ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՐՑԵՐՈՒ
ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ
ԺՈՂՈՎԻՆ
Read in Arial Armenian
font
03/20/2009
15-20
Մարտ
2009, Գարիպեան
Կղզիներու
շրջանին
մէջ,
գումարուեցաւ
Եկեղեցիներու
Համաշխարհային
Խորհուրդի
Միջազգային
Հարցերու
Յանձնաժողովի
ժողովը,
որուն
յանուն
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
մասնակցեցաւ
Տիկ.
Վանա
Տէր
Օհաննէսեան:
Ժողովը
քննարկեց
ԵՀԽ-ի
միջ-կրօնական
եւ
միջազգային
յարաբերութիւններուն
առնչուած
հարցեր
եւ
մասնաւորաբար
ծանրացաւ
միջազգային
տնտեսական
տագնապին
գծով
քրիստոնէական
պատասխանատու
կեցուածք
որդեգրելու
հրամայականին
վրայ:
Ժողովականներ
նաեւ
առիթ
ունեցան
այցելելու
շրջանի
եկեղեցիներն
ու
եկեղեցական
կազմակերպութիւններու
մարդասիրական
կեդրոնները
եւ
մօտէն
ծանօթացան
այս
հեռաւոր
շրջաններուն
մէջ
քրիստոնէութեան
աշխոյժ
ներկայութեան:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՙԱՂՕԹՔԻ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՕՐ՚ՈՒԱՆ
Read in Arial Armenian
font
03/08/2009
Կիրակի,
8 Մարտ
2009, Պէյրութի
ֆրանսախօս
եկեղեցւոյ
կազմակերպութեամբ,
Քորէյթէմի
Աւետարանական
եկեղեցւոյ
մէջ,
տեղի
ունեցաւ
ՙԱղօթքի
Միջազգային
Օր՚ուան
նուիրուած
յատուկ
պաշտամունք,
հրաւէրով
համայնքի
Հովիւ
Վերապատուելի
Ռոպէր
Սարգիսեանի:
Յանուն
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսի
սոյն
պաշտամունքին
ներկայ
գտնուեցաւ
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Եպս.
Ալեէմէզեան
(Վարիչ
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութիւններու):
Սրբազանը
յատուկ
աղօթք
մը
արտասանեց
ու
շնորհաւորեց
Վերապատուելին
եւ
ներկայ
հաւատացեալները ՙԱղօթքի
միջազգային
Օր՚ուան
առիթով:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ
ՄԱՍՆԱԿՑԻ
ՊԱՂԵՍՏԱՆԻ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Read in Arial Armenian
font
03/05/2009
Այս
օրերուն
Իրանի
մայրաքաղաք՝
Թեհրանի
մէջ
տեղի
կ’ունենայ
միջազգային
համագումար
մը,
նուիրուած
պաղեստինեան
դատին:
Համագումարը
կազմակերպուած
է
Իրանի
Իսլամական
Հանրապետութեան
կողմէ,
եւ
անոր
կը
մասնակցին
պետական
բարձրաստիճան
պատասխանատուներ
աշխարհի
բոլոր
կողմերէն:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոս
հրաւիրուած
էր
սոյն
համագումարին:
Յանուն
Վեհափառ
Հայրապետին,
համագումարին
իր
մասնակցութիւնը կը
բերէ
Թեհրանի
Թեմի
Առաջնորդ
Գերշ.
Տ.
Սեպուհ
Արք.
Սարգիսեան:
Յայտնենք,
որ
Լիբանանէն
եւս
պատուիրակութիւն
մը
կը
մասնակցի
համագումարին,
գլխաւորութեամբ
Խորհրդարանի
նախագահ
Նեպիհ
Պըրրիին:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ՙՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ
ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
ԻՐԱՔԻ
ՄԷՋ՚
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Read in Arial Armenian
font
02/19/2009
Հինգշաբթի
19 Փետրուար
2009-ի
յետ
միջօրէին,
ՙՍայիտաթ
Լուայզի՚
համալսարանին
մէջ
տեղի
ունեցաւ
միօրեայ
համագումար
մը,
նուիրուած
Իրաքի
քրիստոնեաներու
ներկայ
կացութեան,
ՙՔրիստոնէական
ներկայութիւնը
Իրաքի
մէջ՚
ընդհանուր
խորագրով:
Համագումարը
կը
վայելէր
հովանաւորութիւնը
Մարոնիթներու
Նասրալլա
Սֆէյր
պատրիարքին,
եւ
կազմակերպուած
էր
համալսարանի
տնօրէնութեան
կողմէ:
Յանուն
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան,
սոյն
համագումարին
իր
մասնակցութիւնը
բերաւ
Գերշ.
Տ.
Կոմիտաս
Արք.
Օհանեան:
Համագումարին
ներկայ
էին
Քաղդէացի,
Ասորի
Ուղղափառ,
Ասորի
Կաթոլիկ
եկեղեցիներու
ներկայացուցիչներ,
համալսարանի
դասախօսներ
եւ
Իրաքի
եկեղեցիներու
ներկայացուցիչներ:
Սոյն
համագումարը
մանրամասնօրէն
քննարկեց
քրիստոնէութեան
ներկայութիւնը եւ
դերակատարութիւնը
Իրաքի
տարածքին,
եւ
յատկապէս
երկրի
բարգաւաճման
անոր
ունեցած
ներդրումը:
Ապա,
քրիստոնեայ-իսլամ
երկխօսութեան
կարեւորութիւնը
շեշտելով,
համագումարը
անդրադարձաւ
երկու
կրօններու
աւելի
սերտ
գործակցութեան,
Իրաքի
տառապող
բնակչութեան
հատուածներու
միջեւ
կեանքը
բնականոն
հունի
մէջ
դնելու
հեռանկարով:
ՙՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ
ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆԲԱԺԱՆ