ԾՐԱԳԻՐ-ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԷՆ ԲՂԽԱԾ

ՊԻՔՖԱՅԱ 17-19 ՅՈՒԼԻՍ 2008

Read in Arial Armenian font 

07/21/2008 

            17-19 Յուլիս 2008-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցած համասփիւռքեան Կրթական Բ. Համագումարը, որ օրակարգ ունէր Սփիւռքի մէջ հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասաւանդման եւ անոր առնչուած հիմնահարցերուն ամբողջական վերանայումը, յետ եռօրեայ ժողովական նիստերու, որդեգրեց հետեւեալ բանաձեւը, իբրեւ սկիզբն ու ուղեցոյցը կրթական նոր քաղաքականութեան մը, համասփիւռքեան տարողութեամբ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, կատարելով պաշտօնական բացումը համագումարին, ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնեց համասփիւռքեան կրթական Ա. համագումարէն բղխած որոշումներուն գլխաւոր վեց կէտերը եւ այս ուղղութեամբ յաջողութեամբ պսակուած իրագործումները: Ապա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն Գահակալը յստակօրէն մատնանշեց, թէ ի՜նչ ուղղութեամբ պէտք է ընթանայ այս հաւաքը եւ որոնք պէտք է ըլլան իր հետապնդած նպատակները, մասնաւորաբար ճշդելու համար թեմերուն վստահուած աշխատանքները եւ թեմերուն ակնկալիքները Կաթողիկոսարանէն:

Համագումարը իր ճիշդ հունին մէջ տեղադրած եւ անոր նպատակները յստակօրէն բանաձեւած Վեհափառ Հայրապետի բացման ուղենշային խօսքէն ետք, 11 նիստերով լայնօրէն քննուեցան օրակարգի երեք կէտերուն բարդ ու բազմահանգոյց խնդիրները՝ իրենց մանրամասնութիւններով: Հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ կրօնի հայ դպրոցէն ներս պարզած պատկերին, դժուարութիւններուն եւ անյետաձգելի կարիքներուն շուրջ տրուեցան վիճակագրական տուեալներու եւ կրթական փորձառութիւններու վրայ հիմնուած իրերայաջորդ զեկուցումներ եւ տեղի ունեցան տեսակէտներու լայն փոխանակումներ: Զեկուցումներուն ընդգրկած տուեալները ճշգրիտ, խօսուն եւ լուսաբանական էին, իսկ քննարկումները՝ լուրջ ու համապարփակ: Քննարկումներէն ի յայտ եկաւ, որ ուսուցման միջոցները այլազան են, դժուարութիւնները յաճախ տարբեր տարողութիւն եւ ուժգնութիւն ունին, նկատի ունենալով տարբեր գաղութներու տեղայնական պայմանները: Հետեւանք այս իրողութեան՝ կարգ մը գաղութներու նօսրացման բնական շարունակութիւնը հանդիսացող աշակերտներուն թիւի զգալի նուազումը, մարդուժի սուր տագնապը եւ արձանագրուած նահանջը, որոնք ունին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կրթական եւ այլ պատճառներ: Սակայն, միւս կողմէ, նկատելի է կարգ մը գաղութներու աշխուժացումը եւ, հետեւաբար, նաեւ կրթական կարիքներու շեշտուած բազմացումը:

Նիստերու ընթացքին արտայայտուած մտածումները, թեր ու դէմ տեսակէտները, լուծման պատկերացումներն ու առաջարկները կարելի է խտացնել հետեւեալ առաջադրանքներուն մէջ.-

* Հայ Դպրոցը միջնաբերդն է Սփիւռքի հայօրէն գոյատեւման: Այդ դերը յաջողութեամբ պսակելու համար, առաւել քան երբեք, այսօր կարիքը ունինք նուիրեալ եւ պատրաստուած մարդուժի (ուսուցիչներ, տնօրէններ, մանկավարժներ, հայագէտներ, եւայլն): Այս աշխատանքնին կրնան մեծապէս նպաստել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԽաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոն՚ը, ինչպէս նաեւ՝ սփիւռքեան եւ հայաստանեան հայագիտական հիմնարկները: Պատրաստուած մարդուժը պէտք է լրացնէ տեղայնական պայմանները եւ պետական պահանջները՝ տուեալ երկրի մէջ կարենալ ծառայելու համար: Սփիւռքի հայ դպրոցը աւանդապահն է հայ գիր ու գրականութեան, մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն, իսկ հայ ուսուցիչը՝ միջնաբերդին արթուն պահակն ու նուիրեալ սպասարկուն: Հետեւաբար, կենսական նշանակութիւն ունի մեր կրթական կառոյցի այժմէականացումն ու ուսուցիչները վերապատրաստելու հրամայականը, անյետաձգելի աշխատանք մը, որուն իրականացման նպատակով կրնան մեծապէս օգտակար ըլլալ ո՜չ միայն վերեւ նշուած մեր սփիւռքեան եւ հայրենի հայագիտական ամպիոնները, այլեւ՝ մասնագէտ ուժերու փոխադարձ օգտագործումով կազմակերպուած վերապատրաստութեան հանդիպումները, աշխատանիստերը եւ մանկավարժական այլ նախաձեռնութիւնները:

* Արդի արհեստագիտութիւնը (համակարգիչ, համացանց, խտասալիկ, տեսերիզ եւ այլն) արդէն մուտք գործած է հայ դպրոցէն ներս: Անհրաժեշտ է առաւելագոյնս օգտագործել անոր հնարաւորութիւնները ո՜չ միայն այժմէականացնելու համար մեր կրթական գործիքները, այլեւ գաղութներու միջեւ հաղորդակցութեան համացանց ստեղծելու եւ համացանցային հայերէն հաղորդակցութիւնը աւելի անմիջական ու հեզասահ դարձնելու յստակ նպատակով:

* Բոլոր գաղութներն ալ կը տառապին մարդուժի տագնապէն: Հայերէնաւանդ ուսուցիչի եւ տնօրէնի պահանջը համընդհանուր է, իսկ կատարուած ճիգերը միայն մասամբ կրնան դարմանել հանգստեան կոչուածները թարմ ուժերով փոխարինելու խնդիրը: Հետեւաբար, ամէն ճիգ պէտք է ի գործ դնել, որպէսզի ասպարէզը դառնայ հրապուրիչ ե՜ւ բարոյապէս, ե՜ւ նիւթապէս: Հոն ուր հնարաւոր է, հաստատել ուսուցչանոց, առանց հրաժարելու ՙԽաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոն՚ի բարիքներէն օգտուելու կարելիութենէն:

* Արտադպրոցական աշխատանքները կարեւոր են նոյն սերունդի տղաքն ու աղջիկները իրարու կարենալ մօտեցնելու համար: Այս նպատակով առաջարկուեցաւ միջ-դպրոցական փորձի եւ ծանօթացման հանդիպումներ իրականացնել Սփիւռքի, բայց յատկապէս մերձակայ թեմերու միջեւ:

Դասագիրքեր.- Թէ՜ հայ լեզուի եւ գրականութեան, թէ՜ հայոց պատմութեան եւ թէ կրօնի դասագիրքերը գրեթէ անհրապոյր են եւ տպուած աւելի քան քառորդ դար առաջ: Գնահատելով հանդերձ կարգ մը թեմերու այս ուղղութեամբ կատարած աշխատանքները, ժողովը անհրաժեշտ նկատեց մշակումը յստակ ուղեցոյցներու, որպէսզի հիմնուելով այդ ուղեցոյցներուն վրայ եւ նկատի ունենալով թեմին տեղայնական պայմաններն ու պահանջները, իւրաքանչիւր թեմ մշակէ եւ պատրաստէ իր դասագիրքերը:

            Անհատական նախաձեռնութիւնները կը կրեն դասագիրքը պատրաստած հեղինակին կնիքը՝ իր դրական եւ ժխտական երեսներով: Հետեւաբար, թելադրելի է կեդրոնանալ խմբական աշխատանքին վրայ, ներգրաւելով գործօն մասնակցութիւնը մանկավարժին, լեզուաբանին, գրականագէտին, հոգեբանին, եւ այլ մասնագէտներու:

            Այս առիթով նաեւ թելադրելի է փորձառութիւններու փոխանակումը եւ սերտ գործակցութիւնը՝ գրեթէ նոյն կացութեան մէջ գտնուող թեմերու միջեւ:

            Վերջապէս, ժամանակն է, որ սփիւռքահայ աշակերտին տրամադրութեան տակ դրուին ժամանակակից շունչով ու բովանդակութեամբ, գեղատիպ, հրապուրիչ եւ մատչելի հետաքրքրական դասագիրքեր: Դասագիրքեր՝ որոնք պարտին ունենալ հետեւողական զարգացում եւ պատրաստուած ըլլան մանկավարժական յստակ եւ ամբողջական ծրագրի մը հիմամբ՝ մանկապարտէզի Ա. կարգէն մինչեւ երկրորդականի ԺԲ. դասարան:

            * Համադրողի անհրաժեշտութիւն. իւրաքանչիւր դպրոց թելադրելի է, որ ունենայ իր համադրող ուսուցիչը: Ան պէտք է մօտէն հետեւի իրերայաջորդ կարգերու ուսուցիչներուն աշխատանքներուն եւ կատարէ անհրաժեշտ ցուցմունքներ՝ հիմք ունենալով Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի պատրաստած ուղեցոյց-ծրագիրը:

            Համադրող ուսուցիչը յատուլ կարեւորութեամբ պէտք է հետապնդէ, որ ուսուցիչը դասարանէն ներս ըլլայ աշակերտները աշխատանքի մղող ուղեցոյց մը, որպէսզի իրենց առաւելագոյն մասնակցութեամբ աշակերտները դասը վերածեն հաւաքական աշխատանքի, այն յստակ համոզումով, որ դասագիրքը ծրագիր չէ միայն, այլեւ ուղեցոյց մը, որուն անթերի եւ արդիւնաւէտ գործածութեան համար մեծ է դերը դասապահը կենդանի եւ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ պահող խմբավար ատակ ուսուցիչին:

* Թէ՜ հայերէնի, թէ՜ հայոց պատմութեան, բայց մանաւանդ կրօնի դասաւանդման առիթով պէտք է յատուկ կարեւորութեամբ կեդրոնանալ կեանքէն վերցուած կենդանի օրինակներով դասը հետաքրքրական եւ դաստիարակիչ դարձնելու հրամայականին վրայ: Տեսական եւ վերացական գիտելիքներն ու ճշմարտութիւնները շօշափելի եւ կենդանի օրինակներով կեանքին մօտեցնելու համար, հարկ է ունենալ իրենց նիւթին մէջ մասնագիտացած եւ մանկավարժական համապատասխան կրթութիւն ստացած ուսուցիչներ: Մանաւանդ պատահականութեան պէտք չէ ձգել կրօնի դասատուին ընտրութիւն եւ օգտուիլ թեմին հոգեւոր մարդուժէն, որովհետեւ հոգեւորականին ներկայութիւնը դպրոցէն ներս, թէկուզ շաբաթը մէկ-երկու օր, յատուկ նշանակութիւն ունի եւ կենդանի տիպարի ուսանելի օրինակով կրնայ մեծապէս նպաստել երեխաներուն նկարագրի եւ դիմագիծի կազմաւորումին:

* Թելադրելի է, որ թեմերը իրենց մշակած դասագիրքերուն յարակից աշխատանքները փոխանցեն կրթական եւ հայագիտական ուսումնասիրութեանց գրասենեակ, որպէսզի համակարգելէ ետք ստացուած դասածրագիրներն ու օգտակար նախաձեռնութիւնները, զանոնք զետեղէ համացանցի վրայ՝ իրարու փորձառութիւններէն օգտուելու առաջադրանքով:                     

* Թելադրելի է, որ կեդրոնը յաճախակիօրէն կազմակերպէ ՙՎիտէօ-քոնֆէրանսներ՚, որպէսզի Սփիւռքի հեռաւոր շրջաններու կրթական օճախները կարենան կապ հաստատել իրարու հետ՝ միասնաբար քննարկելու համասփիւռքեան կրթական հարցերը եւ մտքերու փոխանակումներու լոյսին տակ հասարակաց եզրակացութիւններու յանգելու համար:

* Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն եւ ուսուցիչներուն համար ստեղծել համացանցային զրուցարան (chat-room), անշուշտ, հայերէն որեգրուած տառատեսակով՝ ընդհանրական հարցեր քննարկելու եւ մտքերու միջեւ փոխանակումներ ունենալու համար:

* Ուսուցիչն է հիմնասիւնը հայ դպրոցին: Հետեւաբար, օգտակար պիտի ըլլայ, որ նոյն նիւթը աւանդող ուսուցիչները հերթական դրութեամբ հրաւիրուին յատուկ օրակարգով խորհրդաժողովներու՝ միասնաբար քննարկելու եւ վերաթարմացնելու համար մանկավարժական ծրագիրները:

* Դասագիրքին չափ օգտակար են հայ աշակերտին տրամադրելի մանկապատանեկան հրատարակութիւններն ու հերթական համախմբումները՝ հայրենի հողին վրայ: Հետեւաբար, կառաջարկուի կրթական կեդրոնական գրասենեակին վստահիլ հրատարակութիւնները համակարգելու եւ բանակումները իրականացնելու աշխատանքը՝ միասնաբար ճշդուած մանկավարժական-դաստիարակչական սեղմ ծրագրի մը հիմամբ:

 

Եզրակացութիւն

            Համագումարը կը գտնէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր համասփիւռքեան կրթական առաքելութեամբ, գործնականացնէ վերեւ նշուած առաջադրանքները՝ միասնաբար եւ ուժերու ամբողջական ու համակարգուած ճիգերով իրականացնելու համար ո՜չ միայն Սփիւռքի կրթական համակարգը վերատեսութեան ենթարկելու ձգտող գործընթացը, այլեւ՝ լաւագոյնս կենսագործելու հայեցի դաստիարակութեան ապագան հունաւորող եւ մեր վաղուան ընելիքը կողմնորոշող իրատես եւ ժամանակակից կրթական քաղաքականութիւնը:

            Մեծապէս խանդավառուած եռօրեայ հանդիպումներու ընթացքին կատարուած լուրջ քննարկումներէն  ու ձեռք բերուած օգտաշատ արդիւնքներէն, համագումարը ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ապագայատեսիլ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին, խնդրելով, որ սոյն հանդիպումին յաջորդեն աւելի սեղմ օրակարգով աշխատանիստեր, եւ գիտաժողովներ՝ ի պայծառացումն հայ դպրոցին եւ ի խնդիր հայ ժողովուրդի յաղթագնաց գոյերթին:

 

 

 

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

ԿՐԹԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

 

ՙՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾՈՂԸ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆ է՚

 

ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

The second Pan-Diaspora Conference on Armenian Education concludes its sessions in Antelias, Saturday 19 July 2008    The second Pan-Diaspora Conference on Armenian Education concludes its sessions in Antelias, Saturday 19 July 2008

The second Pan-Diaspora Conference on Armenian Education concludes its sessions in Antelias, Saturday 19 July 2008

Read in Arial Armenian font 

07/19/2008 

Շաբաթ, 19 Յուլիս 2008-ին, իր աշխատանքները աւարտեց համասփիւռքեան կրթական Բ. համագումարը, որուն բացումը կատարուած էր Հինգշաբթի 17 Յուլիսին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:

Փակման եզրափակիչ իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ ուսուցչին տեղը ու դերը, յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ հայագիտական նիւթեր աւանդող ուսուցիչներու թիւը կը պակսի. ՙՀայ Դպրոցը տագնապի մէջ է, սակայն պէտք չէ ժխտական գոյներով ներկայացնենք այդ տագնապը: Մեր ժողովուրդի պատմութեան բարձրակէտերը եւ մեծագոյն իրագործումները, տագնապներու արդիւնք են: Քաջութիւնը պէտք է ունենանք տագնապը ճիշդ կերպով տեսնելու, ճշգրիտ ախտաճանաչում կատարելու եւ տագնապին լուծումներ որոնելու՚ ըսաւ Վեհափառը: Ապա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս գծով կատարելիք աշխատանքին անդրադառնալով, Նորին Սրբութիւն ըսաւ, թէ Սուրբ Աթոռին դերակատարութիւնը ՙերբեմն նախաձեռնողի, եւ երբեմն յիշեցնողի դերակատարութիւն է, առանց միջամուխ ըլլալու հայ դպրոցի ներքին հարցերուն՚: Զանազան երկիրներու մէջ գործող հայ դպրոցներուն իրարմէ ունեցած տարբերութիւնները մատնանշելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՄեր տարբերութիւնները պատճառ չեն որ մենք մէ՜կ ամբողջութիւն չկազմենք: Տարբեր պայմաններու մէջ ըլլալով հանդերձ, կրնանք իրարու օգտակար դառնալ, հետեւողական աշխատանքով ու կազմակերպուածութեամբ՚ շեշտեց ան: Եւ ի վերջոյ, Նորին Սրբութիւնը հայ դպրոցին իսկական նկարագիրը ընդգծելով ըսաւ որ ՙհայ դպրոցը միայն դասարան չէ՜, միայն դասագիրք չէ՜, այլ այդ բոլորին կեանք տուող ուսուցիչն է կարեւորը: Այսօր ամէն տեղ հայ ուսուցչի պակաս կայ: Միայն աշակերտութեան թիւը չէ՜ որ կը նուազի, այլ հայ ուսուցչին թիւը եւս կը պակսի՚: Այս գծով Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց կրթական բոլոր կառոյցներուն, տէր կանգնելու հայ ուսուցչին, բարձրացնելով անոր կենսամակարդակը:

Յայտնենք, որ սոյն համագումարին կը մասնակցէին շուրջ 100 անձեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն, բացի Յունաստանի թեմէն: Համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պոլսոյ հայկական վարժարաններու ներկայացուցիչը: Նկատելի էր նաեւ կրթական տարբեր կառոյցներու եւ խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն գործօն մասնակցութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետի եզրափակիչ պատգամէն առաջ տեղի ունեցած վերջին նիստին ընթացքին, ատենապետութեամբ Տիգրան Ճինպաշեանի, տեղի ունեցան լայն քննարկումները ընդհանրապէս համագումարի նիւթերուն առնչուող, ինչպէս նաեւ կատարուեցան առաջարկներ:

Համագումարը յատուկ յանձնախումբի մը ճամբով բանաձեւեց կատարուած բոլոր առաջարկները, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ, իբրեւ Կրթական Բ. Համագումարէն բղխած ծրագիր-առաջադրանքներ, յառաջիկային իրագործուելու համար:

Նշենք, որ Համագումարի վերջին օրը երեկոյեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք ի պատիւ մասնակիցներուն: Վեհափառ Հայրապետին սեղանակից դառնալով, համագումարի մասնակիցները վայելեցին Դպրեվանքի տեսչութեան հիւրասիրութիւնը եւ աշակերտութեան խանդավառ երգերն ու արտասանութիւնները:

 

 

 

ԿՐԹԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԻՍՏԵՐԸ

The second Pan-Diaspora Conference on Armenian Education continues in Antelias, Friday 18 July 2008

Read in Arial Armenian font 

07/18/2008 

*           ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ՆԻՒԹ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ, ԿՐՕՆԻ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՆԻՒԹԵՐԸ

Հինգշաբթի 17 Յուլիս 2008-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով ու նախագահութեամբ կազմակերպուած համագումարը, երկրորդ օրն ըլլալով իր նիստերը կը շարունակէ, ներկայ տնօրէններու, կրթական մշակներու եւ ուսուցիչներու գործօն մասնակցութեամբ:

Համագումարի առաջին նիստին ընթացքին, ատենապետութեամբ Վահէ Ղազարեանի, թեմերու ներկայացուցիչներ հակիրճ կերպով անդրադարձան տեղական մակարդակի վրայ կատարուող աշխատանքին, իրենց դպրոցներէն ներս հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան ու կրօնի դասաւանդման մասին ընդհանուր պատկերացում մը տալով:

Ապա, երկրորդ նիստով, ատենապետութեամբ Անահիտ Ներսիսեանի, ներկայացուած զեկոյցներու քննարկումը տեղի ունեցաւ, հարստացուցիչ ըլլալով մանաւանդ փորձառութեանց փոխանակման իմաստով: Երրորդ նիստը աւելի մանրամասնուած կերպով քննարկեց հայ լեզուի դասաւանդման վերակազմակերպման հիմնախնդիրը, յատկապէս ընդգծելով դասագիրքերու, դասապահի, մեթոտի ու այլ բնագաւառներ, ատենապետութեամբ Ժիրայր Դանիէլեանի: Հակիրճ զեկոյցներով, սոյն նիստի ընթացքին հանդէս եկան՝ Քլարա Աղախանեան, Գեղանի Էթիեմէզեան եւ Պեպօ Սիմոնեան: Յաջորդ նիստը վերոյիշեալ զեկոյցներու լոյսին տակ քննարկում կատարեց, ատենապետութեամբ Կարօ Յովհաննէսեանի: Ներկաներու մասնակցութիւնը քննարկումներուն, միայն մտահոգութեանց մատնանշումներ չեղան, այլ լուծումներու մասին հաւաքական որոնումի աշխատանքներ: Դասագիրքերու պատրաստութեան թէ ուսուցիչներու վերաորակաւորման հարցը, մեթոտաբանութենէն աւելի հրատապ նկատուեցաւ, որուն մէջ դարձեալ կեդրոնացեալ ու հաւաքական ուղեգիծ մը կարեւոր նկատուեցաւ, համասփիւռքեան տարողութեամբ:

Անցնելով հայոց պատմութեան դասաւանդման վերակազմակերպման օրակարգին, համագումարի հինգերորդ նիստը ամբողջութեամբ սոյն նիւթին յատկացուեցաւ, ատենապետութեամբ Արմինէ Վահրամեանի: Զեկուցաբերներն էին՝ Անի Ֆիշէնքճեան, Զաւէն Մսրլեան եւ Վիգէն Աւագեան: Գրքունակ հայոց պատմութենէ մը անդին, ոգիի փոխանցման եւ նաեւ մեր ժողովուրդի ներկայ պատմութեան բարձրակէտերուն ուսուցման կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ունենալով ժամանակակից մեր պատմութեան ամէնէն անմոռանալի դասը սոյն նիւթին: Վեցերորդ օրակարգը դարձեալ քննեց միեւնոյն նիւթը Հուրի Ղուկասեանի ատենապետութեամբ:

Կրթական Բ. Համագումարի երկրորդ օրուան վերջին երկու նիստերը յատկացուած էին կրօնի դասանիւթին, որոնց ատենապետութիւնը վարեցին Ժիրայր Ռէիսեան եւ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Զեկոյցներով ելոյթ ունեցան Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, Մեսրոպ Քհնյ. Քէրքէզեան եւ Վիոլէթ Յարութիւնեան:

Քննարկումի հարստացուցիչ պահը եկաւ շեշտելու, այս գծով մեր եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը եւ մարդոյժի պատրաստութեան հրամայական պահանջքը: Մասնագիտական մօտեցումը եւս անհրաժեշտ նկատուեցաւ այս յոյժ կարեւոր նիւթին, որուն վրայ պիտի կառուցուի ապագայ մարդը, հայը ընկերասէր, ազգասէր, ու հայրենասէր հայը:

Շաբաթ, 19 Յուլիսին իր աւարտին պիտի հասնի համագումարը, գործնական առաջադրանքներով:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԿՈՂՄԷ՝

 

ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

ՙՍ. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ՚Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

His Holiness Aram I decorates the artist Haroutioun Torossian, Friday 18 July 2008  His Holiness Aram I decorates the artist Haroutioun Torossian, Friday 18 July 2008  His Holiness Aram I decorates the artist Haroutioun Torossian, Friday 18 July 2008

 His Holiness Aram I decorates the artist Haroutioun Torossian, Friday 18 July 2008   His Holiness Aram I decorates the artist Haroutioun Torossian, Friday 18 July 2008

His Holiness Aram I decorates the artist Haroutioun Torossian, Friday 18 July 2008   His Holiness Aram I decorates the artist Haroutioun Torossian, Friday 18 July 2008

Read in Arial Armenian font 

07/18/2008 

Ուրբաթ 18 Յուլիս 2008-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Վանքին մէջ կայացած մեծարանքի յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանը:

Վանքի շրջափակը եզերող բնութեան ծոցին մէջ տեղի ունեցած սոյն հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մեկենասութեան լոյս տեսած Յարութիւն Թորոսեանի ՙԴիտանկիւնէս՚ հատորի շնորհահանդէսի ծիրէն ներս: Երեկոյին բացումը կատարեց Հոգշ. Տ. Սահակ Աբղ. Եմիշեան, որ արուեստի բոլոր երանգներուն ազդեցութիւնը մարդու կեանքին վրայ նկատեց անհրաժեշտ, ապրելու համար զայն:

Ապա, յայտնի մանկավարժ Գրիգոր Շահինեան, տարիներու իր բարեկամութեան վկայութիւնը բերաւ օրուան մեծարեալին մասին, միաժամանակ վերլուծումը կատարելով Թորոսեանի երանգապնակի գոյներուն. ՙՆկարներուն գիծերը յստակ են ու ամուր, ձեւերը տպաւորիչ՝ առանց խստութեան՚: Թորոսեանի հետ անձնական մտերմութիւնը եւ ընտանեկան յարաբերութիւնը մղած էր որ Շահինեան ճանչնար նաեւ բուն մարդը արուեստագէտին մէջ, եւ եկաւ այն համոզման, որ անիկա ՙլաւ մարդ է, ու սրտցաւ հայ: Իսկական հաճոյք է նոյն անձին մէջ տեսնել գեղարուեստական արժէքը ու բարոյական արժանիքը՚ հաստատեց Շահինեան:

Ֆրանսերէն լեզուով խօսք առաւ նաեւ տիկ. Մարի Թերէզ Թապէթ, մանրամասօրէն ներկայացնելով Յ. Թորոսեանի արուեստին գունագեղ նկարագիրը. ՙՀոգին հարստացնող փորձառութիւն մըն է Յարութիւն Թորոսեանի արուեստը, յատկապէս նման զգայուն հոգիով օժտուած արուեստագէտի մը կողմէ ստեղծագործուած՚ ըսաւ ան:

Արաբերէն լեզուով խօսք առաւ արուեստագէտ Թորոսեանի աշակերտներէն՝ Հաննա Պու Սուժաան: Իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ան իր ուսուցչին, յատկապէս ըսելով, որ ՙան եղաւ ուսուցիչ, որ զինք սիրելէդ առաջ, ի՜նք քեզ կը սիրէ: Արուեստագէտ մը, բառին ամբողջական իմաստով, որ ատելութիւն չճանչցաւ, ոչ ալ հանգիստ ունեցաւ: Գոյներուն հետ շնչեց ան, յատկապէս Լիբանանը ունենալով իբրեւ իր ներշնչման աղբիւր՚ շեշտեց Սուժաան:

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքով վեր առաւ Թորոսեան՝ Մարդը եւ Արուեստագէտը. ՙՊարզութեան, սիրոյ ու հոգեւոր արժէքներու խտացումն է Յարութիւն Թորոսեան: Անիկա եղաւ այն արուեստագէտը, որ երբեմն խաղաղ ծովու պէս հանդարտ մնաց, եւ երբեմն ալեկոծ ծովու պէս փոթորկոտ՚: Վեհափառ Հայրապետը Թորոսեանի անձին մէջ երեք բնորոշիչ գիծեր յատկանշեց. ա) Գիրի, գիծի ու գոյնի արուեստագէտը, բ) Արեւելքի ու արեւմուտքի երկխօսութեան արուեստագէտը, եւ գ) Հայու ոգին յստակօրէն արտայայտող արուեստագէտը: Անիկա եղաւ բնութեան երգիչը, եւ ստեղծագործեց հաւատքով ու նուիրումով՝ մեր գերագոյն արժէքներուն: Մենք կու գանք ու կերթանք, սակայն ինչ որ կու տանք մարդկութեան՝ անով կանմահանանք՚ աւելցուց Նորին Սրբութիւնը:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙՍ. Մեսրոպ Մաշտոց՚ի շքանշանը զետեղեց մեծ արուեստագէտի լամբակին, իբրեւ արժանի յարգանք իր վաստակին:

Յայտնենք, որ յայտագրի ընթացքին դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Աբղ. Տօնոյեան: Իսկ հանդիսութիւնը փակուեցաւ ներկաներուն կողմէ ՙԿիլիկիա՚ խմբերգի հաւաքական կատարումով:

           

ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

 

ՙՕՐՀՆԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԱՍՔԱՆՉԻՆ՚

ՀԱՏՈՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ

PRESENTATION OF "ORHNERKOUTIOUN MEDZASKANCHIN", Thursday 17 July 2008   PRESENTATION OF "ORHNERKOUTIOUN MEDZASKANCHIN", Thursday 17 July 2008

PRESENTATION OF "ORHNERKOUTIOUN MEDZASKANCHIN", Thursday 17 July 2008

Read in Arial Armenian font 

07/17/2008

Հինգշաբթի 17 Յուլիս 2008-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի ամառանոցին մէջ, Պիքֆայա, յատուկ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ ՙՕրհներգութիւն Մեծասքանչին՚ հատորի ներկայացումը հայ կրթական մշակներուն, որոնք աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած են, մասնակցելու համար համասփիւռքեան Բ. համագումարին:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կայացած սոյն ձեռնակին հիմնական նպատակն էր, հայ կրթական մշակներուն ներկայութեան վերարժեւորել, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հռչակուած անցնող 2007 ՙՀայ Լեզուի Տարի՚ն, որուն ընթացքին զանազան նախաձեռնութիւններով մայրենի մեր ոսկեղնիկը ուշադրութեան առարկայ դարձած էր մեր բոլոր գաղութներէն ներս: Նոյն տարուան աւարտին Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսած էր վերոյիշեալ հատորը, խմբագրութեամբ Դպրեվանքի հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասախօս, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանի:

Շնորհահանդէսի սկզբնաւորութեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր ու եկեղեցական առաքելութեան կողքին, կրթական ու դաստիարակչական գործին: Ապա, Դպրեվանքի սաներ երգախառն արտասանութիւններով գովերգեցին հայ լեզուն, գեղարուեստական բարձր ճաշակ փոխանցելով ներկայ մտաւորականութեան:

Նորատիպ հատորի բովանդակութեան ու խմբագրական աշխատանքին մասին սպառիչ կերպով խօսեցաւ լիբանանահայ բանաստեղծ Յակոբ Մանուկեան: Հայ լեզուի նուիրուած քերթուածներու եւ արձակ գրութեան հատընտիրը ներկայացնելով, պրն. Մանուկեան քաղուածաբար ներկայացուց հատուածներ արեւմտահայ թէ արեւելահայ բանաստեղծներէ եւ արձակագիրներէ, նաեւ անդրադարձաւ որոշ մասնայատկութիւններու, որոնք այս ընտրանիին կու տան որակ ու անոր ընթերցողին՝ գեղարուեստական բաւարարուածութիւն:

Հուսկ՝ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը, անգամ մը եւս վեր առնելով հայ լեզուին կենսական կարեւորութիւնը: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ վերջին տասնամեակին լուսարձակի տակ բերուող զանազան երեւոյթներուն, որոնք մեր ժողովուրդին ուշադրութեան առարկան կը դառնան, վերարժեւորուելով մեր կեանքէն ներս: Այս շարքին մէջ ՙ2007 թուականին հայ լեզուի փառաբանանքը կատարեցինք: Սակայն իւրաքանչիւր հայու համար հայ լեզուն ամէնօրեայ տագնապ է, ու գոյապայքար: Հայ լեզուն մեր ազգի սրբազան ու անկորնչելի արժէքներուն շարքին է, ո՜չ միայն անոր համար որ հայերէն տառերու գիւտարարը ինք սուրբ է, այլ անոր համար որ մեր լեզուն սրբութեան համազօր արժէք եղաւ հայ կեանքէն ներս: Կա՞յ հայ մտաւորական մը, որ չէ անդրադարձած մեր լեզուի արժէքին: Կա՞յ հայ հոգեւորական մը, որ Աստուծոյ խօսքը փոխանցելուն հետ, հայ լեզուին սրբազան արժէքին չանդրադառնար՚ ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, Վեհափառը բարձրօրէն գնահատեց գիրքի խմբագիր Սարգիս Կիրակոսեանը, ձեռնարկը կազմակերպող միաբան հայրերը, գեղարուեստական յայտագրի մասնակից Դպրեվանքի սարկաւագները եւ տեսչութիւնը:

Ապա, Դպրեվանքի սաներ դարձեալ գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան, իսկ Դպրեվանքի տեսչութիւնը հիւրասիրութեամբ պատուեց ներկաները:

 

 

ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ՝

 

ՙՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԲԱԺՆԵԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՉԷ ԱՅՍ, ԱՅԼ՝ ՄԵՐ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՄԸ՚

ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Pan-Armenian Teachers’ Conference in Antelias, Thursday 17 July 2008 – opening   Pan-Armenian Teachers’ Conference in Antelias, Thursday 17 July 2008 – opening

Pan-Armenian Teachers’ Conference in Antelias, Thursday 17 July 2008 – opening   Pan-Armenian Teachers’ Conference in Antelias, Thursday 17 July 2008 – opening

Read in Arial Armenian font 

07/17/2008

Հինգշաբթի 17 Յուլիս 2008-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախահագութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աստուածածին վանքի ամառնային հովոցին մէջ՝ Պիքֆայա, տեղի ունեցաւ բացումը՝ Համասփիւռքեան Կրթական Բ. Համագումարին: Զանազան երկիրներէն եւ թեմերէն սոյն համագումարին կը մասնակցին շուրջ հարիւր կրթական մշակներ՝ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, որոնք հայագիտական նիւթեր կը դասաւանդեն՝ հայերէն լեզու եւ գրականութիւն, Հայոց պատմութիւն եւ կրօն:

Համագումարի մասնակիցները նախ ներկայ գտնուեցան Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի ունեցող առաւօտեան ժամերգութեան, եւ ապա Դպրեվանքի ՙԲրաբիոն Տումանեան՚ հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ համագումարի պաշտօնական բացումը:

Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքին մէջ ողջունեց այն նախանձախնդրութիւնը որ հայ դպրոցը, իր ուսուցիչներու նուիրեալ զոհողութեամբ ի գործ կը դնէ, ի խնդիր հայ նոր սերունդի հոգեմտաւոր կազմաւորման: Նորին Սրբութիւնը առաջնորդող ուղեցոյցը դառնալով համագումարի յառաջիկայ աշխատանքներուն, համարատուութեան խոր գիտակցութեամբ, անդրադարձաւ շուրջ չորս տարիներ առաջ՝ 2004 Օգոստոս ամսուն, դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հովանաւորուած Համահայկական Կրթական Ա. Համագումարին: Վեհափառ Հայրապետը ցոյց տուաւ թէ նախորդ համագումարէն բղխած առաջարկութիւններէն քանի՞ն կարելի եղած էր իրագործել, եւ որոնք եղած էին թերացումները:

Ներկայ համագումարի աշխատանքներուն ու քննարկումներուն մասին իր պատկերացումը տալով, Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, որ ՙսոյն համագումարը, իր տեսակին մէջ իւրայատուկ պէտք է ըլլայՄիայն մեր տագնապները իրարու հետ կիսելու համագումար մը պիտի չըլլայ այսՄենք ողբ հիւսելու չենք եկած այստեղ, այլ մեր հայագիտական նիւթերը՝ յատկապէս հայ լեզու, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն եւ կրօնի դասաւանդումը վերակազմակերպելու կերպերուն մասին խօսելուՏարբեր պայմաններու մէջ կապրինքԿարգ մը երկիրներու մէջ դժուարութիւններ կան դասապահերու, դասագիրքերու եւ երբեմն ուսուցիչներու իմաստով: Ուստի մտքերու փոխանակումը եւ ձեր կատարած առաջարկները անհրաժեշտ են, մեր հաւաքական աշխատանքը կազմակերպելու իմաստով՚:

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հաւաքական աշխատանքի կոչ ուղղեց ներկաներուն. ՙՓորձ մը պիտի կատարենք մեր գործունէութեան գծով հասարակաց աշխատանքներ մատնանշելու՚ շեշտեց Նորին Սրբութիւնը:

Առաջին օրուան նիստերը ընդգրկեցին զեկոյցներ՝ զանազան թեմերուն մէջ վերոյիշեալ հայագիտական նիւթերու իրավիճակին ու այլ մտահոգութիւններուն մասին:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ երկու օրերուն եւս պիտի շարունակուի համագումարը, որուն աշխատանքներու աւարտին պիտի բանաձեւուին արծարծուած բոլոր առաջադրանքները:

 Back to top