ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

 

 

  

Read in Arial Armenian font

Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան շաբաթ, 3 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանի «Կիւլպենկեան՚ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատի ընդհանուր ուղղութիւնները՚ նիւթով դասախօսական երեկոյ մը

Ձեռնարկին բացման խօսքը միութեան անունով արտասանեց Ռազմիկ Միքայէլեան, որ նշեց, թէ հայ ուսանողութիւնը պէտք է շարունակէ պահանջատէր մնալ իր արդար դատին: Միքայէլեան հաստատեց, որ Հայ դատը պէտք է իւրաքանչիւր հայու համար դառնայ ամէնօրեայ մարտահրաւէր:           

Ապա Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան դաշնակով նուագեց «Տլէ եաման՚-ը եւ «Կռունկ՚-ը, ապա դասախօսութիւնը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ «Ազդակ՚-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան

Գանտահարեան յայտնեց, որ հայ-ազրպէյճանական միջնորդուած բանակցութիւններուն մէջ համաձայնեցուած հիմնական բաժինը զինադադարն է, որ անվերջ կը խախտուի ազրպէյճանական կողմէն: Ան նշեց, որ Հայ դատի աշխատանքներուն առաջադրանքը ներկայիս Արցախի ուղղութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելն է: Հետաքրքրական է նշել, որ առաջին պետութիւնը, որ յայտարարեց, թէ կը նախապատրաստուի քննարկել Արցախի անկախութեան ճանաչումը, Ուրուկուէյն է, որ անցեալին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնն էր:           

Խօսելով Ջաւախքի հարցին մասին` Գանտահարեան յայտնեց, որ Վրաստանը դաշնակցային պետութեան վերածելը լուծում կրնայ բերել ներվրացական խնդիրներուն եւ ինքնավարութիւն կրնայ շնորհել տարբեր ազգաբնակչութիւններուն կողքին նաեւ հայերուն:           

Իսկ ՀայաստանԹուրքիա արձանագրութեանց թաքուն նպատակները ներկայացնելէ ետք դասախօսը շեշտեց, որ Հայաստանը արձանագրութիւնները ստորագրելով ճանչցած կըլլայ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ փաստօրէն Արեւմտահայաստանի պահանջատիրութենէն հրաժարումի համազօր քայլ մըն է:           

Ան ըսաւ, որ պոլսահայութեան մօտ հետզհետէ կը նկատուի որոշ համարձակութիւն ազգային փոքրամասնութեան իրաւունքները պաշտպանելու եւ պահանջելու առումով: Շահան Գանտահարեան  հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան քուէարկած թիւ 306 բանաձեւը Հայ դատի աշխատանքներու մարտավարական փոփոխութեան արգասիքը կարելի է նկատել:           

Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ յղելու հարցին վերաբերեալ Գանտահարեան ըսաւ, որ նախագահ Սարքոզիի երեւանեան յայտարարութիւնները աննախադէպ էին իրենց ուժգնութեամբ եւ տարողութեամբ, այսուհանդերձ այս բոլոր հոլովոյթներէն ետք օրինագիծին հակասահմանադրական յայտարարուիլը աւելիով կը խորացնէ հարցումներուն ետին գտնուող շարժիչ գործօնները բացայայտելու տրամաբանութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու համար միջազգային օրէնքներով զինուած քաղաքական աշխատանքներուն կողքին, հայութիւնը միջազգային ատեաններուն մէջ թուրքերուն դէմ յանդիման գալու պատրաստ պէտք է ըլլայ

Դասախօսութենէն ետք Կասիա Պարսումեան դաշնակի վրայ նուագեց «Գարուն՚ ստեղծագործութիւնը, ապա խօսք առաւ ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Ան յայտնեց, որ այսօր հայութեան ինքնութեան պահպանման խնդիր գոյութիւն ունի, եւ հայութիւնը պէտք չէ մոռնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:           

Հայր սուրբը յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատրաստութիւնները պէտք է արագօրէն ընթացք առնեն, եւ այսուհետեւ հատուցումը պէտք է դառնայ մեր հիմնական օրակարգը, որուն համար պէտք է պատրաստել համապատասխան թղթածրարները:

 

 

 

ՙՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐԵՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ ՈՒ ՀԱՄԱՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՚

 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Former members of Armenian Church University Students Association attend a gathering with His Holiness Aram I organized by the Youth department of the Catholcosate, Wednesday 28 December 2011  Former members of Armenian Church University Students Association attend a gathering with His Holiness Aram I organized by the Youth department of the Catholcosate, Wednesday 28 December 2011

Former members of Armenian Church University Students Association attend a gathering with His Holiness Aram I organized by the Youth department of the Catholcosate, Wednesday 28 December 2011

Read in Arial Armenian font 

12/28/2011 

Կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամ-անդամուհիներու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 28 Դեկտեմբեր 2011-ի գիշերը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ հարիւր ՀԵՀՈՄականներ, որոնք այսօր զանազան մասնագիտական ասպարէզներու Ճամբով ներկայութիւն են մեր կեանքէն ներս, մասնակից դարձան հաւաքին, որուն յաջորդեց ընթրիք մը՝ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոսին:              

Ընթրիքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի Յանձնախուբի Ատենապետ Յակոբ Հանտեան եւ նոյն Բաժանմունքի Վարիչ Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան: Անոնք շեշտեցին երիտասարդութեան աւելի կարեւորութիւն տալու հրամայականը մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքէն ներս եւ այս ուղղութեամբ ՀԵՀՈՄի կարեւոր դերը:  

Իր հայրական պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ ներկայ աշխարհի հրամայականներուն ու անոնց դրական թէ բացասական անդրադարձին հայ կեանքէն ներս: ՙՅարատեւ ու արմատական փոփոխութեան մէջ եղող ներկայ աշխարհին մաս կը կազմէ նաեւ մեր ազգը: Հետեւաբար, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այն շարժումներուն, փոփոխութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ, որոնք կը շրջապատեն մեզ ամէն տեղ ու մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս: Կոյր կերպով հետեւիլ անոնց, վնասաբեր է. իսկ անտարբեր մնալը՝ նոյնքան վնասաբեր: Պէտք է գիտնանք ի՜նչը առնել եւ ինչ ձեւով օգտակար դարձնել մեր կառոյցներուն թէ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքին, եւ ի՜նչը մերժել: Հո՜ս կը կայանայ մեր հիմնական դերը եւ այս ուղղութեամբ երիտասարդութիւնը կոչուած է յոյժ կարեւոր դերակատարութեան՚, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը, ան ըսաւ, թէ ՙընդհանրապէս մեր երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի: Երբեմն իրե՜նք են յանցաւորը, իսկ շատ յաճախ՝ մե՜նք, մեր հոգեւոր, ազգային, մշակութային թէ կրթական պատասխանատուները: Մենք պիտի գիտնանք ինչ ձեւով խօսիլ երիտասարդութեան հետ, ինչպէս ներգրաւել զանոնք մեր կեանքէն ներս: Մենք քաջութիւնը պիտի ունենանք պատասխանատուութիւն յանձնելու մեր երիտասարդներուն: Արդարեւ, մեր համայնական կեանքին մասնակցութեամբ է որ անոնք իրենց մէջ պիտի կազմաւորեն պատասխանատուութեան զգացում ու համարատուութեան գիտակցութիւն՚

Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը խօսելով մարդոյժի մասին, շեշտեց անոր առանցքային կարեւորութիւնը ընկերութեան մը կեանքէն ներս: ՙԿառոյցներ, պետութիւններ, ազգեր, կրօններ կամ մշակոյթներ մարդո՜վ կը ծաղկին, կը հզօրանան, կը յառաջդիմեն: Կրնա±ք երեւակայել, որ Աստուած մարդո՜ւն վստահեցաւ իր գործը շարունակելու ու տիեզերքը ծաղկեցնելու պատասխանատուութիւնը: Որքան ալ մենք շրջապատուած ըլլանք նիւթական լայն կարելիութիւններով, մա՜րդն է, որ այդ կարելիութիւնները պիտի հունաւորէ ճիշդ կերպով ու իր ընկերութեան որակ ու տեսիլք պիտի տայ: Այսօր մեր ազգը պէտք ունի այնպիսի մարդոց, որոնք ո՜չ միայն մասնագիտութեամբ զինուած ըլլան, այլ նաեւ ծառայական ոգիով եւ ունենան հաւատք, կամք ու տեսիլք, մեր կառոյցները, մեր համայնքները, մեր ազգն ու հայրենիքը վերանորոգելու եւ վերակազմակերպելու ներկայ աշխարհի հրամայականներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց: Ա՜յս պէտք է ըլլայ կոչումը մեր երիտասարդութեան՚:  

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙեղածը պահելը, մեր ունեցածով գոհանալը, նոյն մարդոցմով շրջապատուած մնալը, նոյն կաղապարուած մտածումները լսելը, այլ խօսքով՝ նո՜յնը կրկնելը երբեք յառաջդիմութեան չի՜ նպաստեր, այլ մեզ կառաջնորդէ դէպի նահանջ: Մենք պէտք ունինք վերանորոգ մտածողութեան, վերանորգ նուիրումի, հաւատքի ու տեսիլքի: Ա՜յս կը սպասենք մեր երիտասարդութենէն՚:  

Վեհափառ Հայրապետին մեկնումէն յետոյ, ՀԵՀՈՄականներ շարունակեցին իրենց հանդիպումը: Որոշուեցաւ աւանդութեան վերածել նման հանդիպումները Կաթողիկոսարանէն ներս եւ առաւելագոյն չափով մասնակից դառնալ Կաթողիկոսարանի առաքելութեան:

 

 

 

ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

The inter-diocesan Youth Conference in Antelias, Friday 2 September 2011, 2nd day

The inter-diocesan Youth Conference in Antelias, Friday 2 September 2011, 2nd day   The inter-diocesan Youth Conference in Antelias, Friday 2 September 2011, 2nd day

The inter-diocesan Youth Conference in Antelias, Friday 2 September 2011, 2nd day

The inter-diocesan Youth Conference in Antelias, Friday 2 September 2011, 2nd day   The inter-diocesan Youth Conference in Antelias, Friday 2 September 2011, 2nd day

The inter-diocesan Youth Conference in Antelias, Friday 2 September 2011, 2nd day

Read in Arial Armenian font

09/03/2011

Սեպտեմբեր 1-2-ին, Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական հանդիպում՝ կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին: Սոյն հանդիպումը կը հետապնդէր երկու նպատակ՝  ա) մօտէն տեղեակ դառնալ թեմերու մէջ մեր եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքներուն, երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ աւելիով ներառելու իմաստով, եւ բ) իմանալ թեմերու ակնկալութիւնները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ երիտասարդութեան դերը աւելի աշխուժացնելու իմաստով:

Իր բացման պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ երիտասարդութեան առանցքային ներկայութեան ու գործօն դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Ապա Վեհափառ Հայրապըտը լայնօրէն խօսեցաւ մեր ազգի ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ երիտասարդութեան վերապահուած դերակատարութեան մասին, ընդգծելով երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, անոնց տագնապներուն ու սպասումներուն մօտէն հաղորդ դառնալու եւ մեր համայնքային կեանքէն ներս երիտասարդութեան լայն տեղ տալու անհրաժեշտութեան մասին:

Խորհրդակցական հանդիպումի առաջին նիստին, Կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց Բաժանմունքի Վարիչ Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան բացատրեց ներկայ միջ-թեմական խորհրդակցական հանդիպման նպատակն ու կարեւորութիւնը: Ապա խօսք առին յիշեալ բաժանմունքի յանձնախումբի անդամները, միշտ շեշտելով երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, եւ հրաւիրելով երիտասարդները որ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերեն մեր եկեղեցւոյ ու համայնքային կեանքին:

Ապա երկու օրերու ընթացքին թեմերը ներկայացնող երիտասարդները զեկոյց տուին իրենց թեմերէն ներս կատարուող աշխատանքներուն մասին: Իւրաքանչիւր զեկոյցի յաջորդեց հարց-պատասխան, եւ այս ձեւով ներկաները տեղեակ դարձան թեմերէն ներս կատարուող աշխատանքներուն ու երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Խորհրդակցական հանդիպման վերջին նիստը յատկացուած էր արժեւորումի, որու ընթացքին ներկաները իրենց դրական արտայայտութիւնները ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան նկատմամբ Վեհափառ Հայրապըտին ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար: Խորհրդակցական հանդիպումը եզրափակելով իր ժողովական աշխատանքները, կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

1) Անհրաժեշտ է ամէն միջոցներով շեշտել ու յիշեցնել թէ երիտասարդութիւնը կոչուած է կարեւոր դերակատարութեան մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:

2) Անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ երիտասարդութեան դիմագրաւած հրատապ հարցերուն ու լուծման առաջնորդող ճամբաներ գտնել:

3) Երիտասարդական նման հանդիպումներ կազմակերպել թէ՜ թեմական եւ թէ միջ-թեմական մակարդակներու վրայ՝ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին:

5) Մնայուն կապ հաստատել թեմերու երիտասարդաց բաժանմունքներու ու միութիւններու եւ Կաթողիկոսարանի Երիստասարդական բաժանմունքին հետ՝ տեղեկութիւններ փոխանցելու, խորհրդակցութիւններ ունենալու եւ իրարու ծրագիրներուն աջակցելու հեռանկարով:

6) Յատուկ կայք մը ստեղծել երիտասարդական հարցերով զբաղող, թէ՜ թեմերու եւ թէ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջերուն վրայ:

Թեմերէն եկած երիտասարդները ժողովական աշխատանքներուն առընթեր նաեւ առիթ ունեցան մօտէն հաղորդ դառնալու ընդանրապէս Կաթողիկոսարանի ու յատկապէս Դպրեվանքի կեանքին:

 

 

 

 

 

 

 

ՙՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՈՒ ՍՓՈՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱՆ ՄԷՋ

ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԴԵՐԸ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ՚

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

The inter-diocesan Youth Consultation Kicks off, Thursday 1 September 2011

The inter-diocesan Youth Consultation Kicks off, Thursday 1 September 2011   The inter-diocesan Youth Consultation Kicks off, Thursday 1 September 2011

The inter-diocesan Youth Consultation Kicks off, Thursday 1 September 2011

The inter-diocesan Youth Consultation Kicks off, Thursday 1 September 2011   The inter-diocesan Youth Consultation Kicks off, Thursday 1 September 2011

The inter-diocesan Youth Consultation Kicks off, Thursday 1 September 2011   The inter-diocesan Youth Consultation Kicks off, Thursday 1 September 2011

Read in Arial Armenian font

09/01/2011

Այս բառերով Հինգշաբթի 1 Սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտուն Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարեց Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ Միջ-թեմական Երիտասարդական Խորհդրակցական հանդիպումին: Սոյն հանդիպումը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց Բաժանմունքին կողմէ: Բաժանմունքին պատասխանատուն է Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, իսկ բաժանմունքին յանձնախումբին անդամ են Յակոբ Հանտեան, Իրմա Պալեան, Աստղիկ Գանտահարեան, Սարին Գարաճրճեան եւ Գօգօ Ալլոզեան:

Սոյն հանդիպման մաս կը կազմեն թեմերու մէջ գործող երիտասարդաց բաժանմունքներու կամ միութիւններու ներկայացուցիչները: Անոր նպատակն է մօտէն տեղեակ ըլլալ թեմերէն ներս երիտասարդութեան առնչուած ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, երիտասարդութեան դիմագրաւած խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, եւ ապա միասնաբար քննել այն ազդու միջոցները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ օգտակար հանդիսանալու երիտասարդական ծրագիրներուն թեմերէն ներս:

Իր բացման պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս երիտասարդութեան վստահուած դերը: Ան ըսաւ. ՙԵրիտասարդութիւնը ընկերութեան կեանքի մայր էջին վրայ է այլեւս եւ ո՜չ թէ լուսանցքին. երիտասարդութիւնը դիտող չէ՜ այլես, այլ՝ մասնակցող. հետեւող չէ՜, այլ գոոծող ու նոյնիսկ՝ առաջնորդող. լսող չէ՜, այլ՝ նաեւ խօսող: Պէտք է տեղեակ դառնանք երիտասարդութեան դիմագրաւած խնդիրներուն, տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ տեսնենք միասնաբար թէ ի՞նչ կրնանք ընել աջակցելու երիտասարդութեան, որպէսզի ան կարենայ լիարժէք կերպով ստանձնել իր պատասխանատուութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս՚: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՄենք չենք կրնար հեռու մնալ համաշխարհայնացած աշխարհի մարտարհրաւէրներէն ու տագնապներէն. առաւել կամ նուազ չափով մասնակից ենք այդ բոլորին, որովհետեւ այլեւս մեր շուրջ պատնէշներ գոյութիւն չունին: Հայ երիտասարդութիւնը կոչուած է բոլոր պայմաններուն մէջ հաւատարիմ մնալ իր արմատներուն, միաժամանակ քայլ պահելով ներկայ աշխարհի փոփոխութիւններուն ու զարգացումներուն հետ: Հայ երիտասարդութիւնը կոչուած է նոր շունչ ու որակ տալու մեր կեանքին, մեր կառոյցներուն, ղեկավարութեան եւ մեր արժէքներուն՝ կարեւոր դեր ստանձնելով մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներուն վերանորոգման, ինչպէս նաեւ մեր գաղութներուն վերակազմակերպման այնքան հրամայական ու անյետաձգելի աշխատանքներուն մէջ՚:

 

 

 

 

THE YOUTH: THE DRIVING FORCE FOR RENEWAL

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ  ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐԸ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ

Read in Arial Armenian font 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր բնագաւառները նկատուող Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքները Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ վերակազմակերպումի ու վերաշխուժացման ենթարկուեցան:

Հոգեշնորհ Տ. Մասիս Վրդ. Զօպոյեան նշանակուեցաւ Վարիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, ստանձնելով Սուրբ Գրոց սերտողութեան ու հրատարակութեանց պատասխանատուութիւնը: Իսկ վերջին հինգ տարիներուն նոյն բաժանմունքէն ներս ծառայող Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան ստանձնեց CD-ներու, DVD-ներու պատրաստութեան, ռատիօկայաններուն ու հեռատեսիլներու հետ կապի, Կաթողիկոսարանի յուշատետրի ու գրպանի օրացոյցի պատրաստութեան եւ ձայնագրեալ շարականներու հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը:

Երիտասարդական Բաժանմունքի պատասխանատուութիւնը վարող Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան իր ժամանակին առաւելագոյն բաժինը պիտի յատկացնէ յիշեալ բաժանմունքի աշխատանքներուն: Սեպտեմբերին սկիզբը տեղի պիտի ունենայ Թեմերու երիտասարդական բաժանմունքներու ներկայացուցիչներու համագումար, ուր պիտի քննուին թեմերէն ներս եկեղեցի-երիտասարդութիւն յարաբերութեանց առնչուած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին աջակցութիւնը յիշեալ աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ բաժանմունքներու յանձնախումբերը եւս վերակազմուեցան, որպէսզի անոնք կարենան առաւել աշխուժութեամբ ու նոր պայմաններու ու կարիքներու համապատասխան մօտեցումով կատարել իրենց աշխատանքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՙՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՂ

ՊԷՏՔ Է ՏՐՈՒԻ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ՚

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

His Holiness Aram I receiving the Youth Department committee of the Catholicosate, Wednesday 15 June 2011, Antelias

Read in Arial Armenian font

06/15/2011 

Չորեքշաբթի երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ Հայր Սուրբը, Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, եւ նոյն բաժանմունքի յանձնախումբը՝ բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.– Պրն. Յակոբ Հանտեան, Տիկ. Աստղիկ Գանտահարեան, Տիկ. Իրմա Պալեան, Օրդ. Սարին Գարաճրճեան, Պրն. Գրիգոր Ալոզեան:

Լսելէ յետոյ վարիչ Հայր Սուրբին եւ յանձնախումբի անդամներու ծրագիրներուն մասին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց անոնց նուիրումը եւ աշխատանքը զանազան ազդու միջոցներով ու ներկայ աշխարհի պայմաններուն համապատասխան մօտեցումներով հայ երիտասարդութիւնը ներառելու մեր կեանքէն ներս:

Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ ՙՀեռու պէտք է մնալ ցուցական, քարոզչական բնոյթ կրող նախաձեռնութիւններէ ու անհրաժեշտ է խորքին ո՜չ ձեւին միջուկին եւ ո՜չ կեղեւին կարեւորութիւն տալ: Ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ նորահաս սերունդը մասնակից դառնայ մեր ազգային կեանքին ու յատկապէս մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան՚: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց նաեւ որ հայ եկեղեցին սոսկ կրօնական կառոյց մը չէ, ան ազգային առաքելութիւն ունի միաժամանակ: Ա՜յս հայեցակէտով պէտք է դիտել նաեւ մեր երիտասարդութեան դերը եկեղեցիէն ներս՚:

Հանդիպման աւարտին, որոշուեցաւ որ ամրան ընթացքին յանձնախումբը աշխատանքային հանդիպում մը ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերը ներկայացնող երիտասարդներուն հետ, որպէսզի լսելէ յետոյ զանոնք ճշդէ թէ ինչ ձեւով կրնայ օգտակար ըլլալ թեմերուն մէջ երիտասարդութիւնը դէպի եկեղեցին ու մեր հաւակական կեանքը առաջնորդելու ձգտող աշխատանքներուն:

 

 

 

 

 

 

ՀԵՀՈՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

 

ՙԲ. ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ՚Ի ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳ ՏՈՒԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

ACUSA organises a student recital in Antelias, Saturday 22 January 2011

Read in Arial Armenian font

 

01/22/2011 

Շաբաթ 22 Յունուար, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԿիլիկիա Թանգարան՚ի ՙԿիւլպէնկեան՚ սրահէն ներս. Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) կազմակերպութեամբ եւ Համազգայինի ՙԲարսեղ Կանաչեան երաժշտական գոլէճ՚ի աշակերտներու եւ սենեկային նուագախումբի կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ:

Բացման խօսքին մէջ, միութեան ատենապետուհի՝ Աստղիկ Գանտահարեան, երաժշտանոցի ուսանողները նկատեց որպէս հայ երաժշտութիւնը ծաղկեցնող ապագայ Կոմիտաս Վարդապետններ: Ապա շուրջ մէկ ժամ տեւող համերգի ընթացքին ներկայացուեցան դասական երաժշտութեան զանազան կտորներ, օտար թէ հայկական երաժիշտներէ:

Փակման խօսքին մէջ Գերշ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան գնահատելէ ետք երաժշտանոցի ուսանողները, զանոնք նկատեց բիւրեղ աղբիւրներ որոնք երաժշտութիւնը կը մատուցեն իր ակունքներէն: Ապա գնահատեց ՀԵՀՈՄ-ը իր կազմակերպած այս սքանչելի ձեռնարկին համար:

 

 

 

 

 

 

ՙՆՈՐ ՄՂՈՒՄ ՀԱՐԿ Է ՏԱԼ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ՚

 

                                          ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

His Holiness Aram I receives ACUSA members

Read in Arial Armenian font

12/26/2010

Կիրակի, սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ, Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունելով Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամները, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կարեւորութեամբ շեշետեց համալսարանական ուսանողներու միութիւնները վերակազմակերպելու հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՄենք մեծ յոյսեր կապած ենք համալսարանական մեր երիտասարդներուն: Իրենց մասնագիտութեամբ անոնք կոչուած են նոր որակ տալու մեր ազգային կեանքին՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս: Արդարեւ, համալսարանական երիտասարդութիւնը կենսանիւթը կը կազմէ ընկերութեան մը, համայնքի մը կամ կառոյցի մը: Ներկայ աշխարհը մասնագիտութեան աշխարհ է: Կեանքի բոլոր մարզերէն ներս նոր գիւտերը ու նոր կարելիութիւնները, նոր զարգացումները ու մարտահրաւէրները այնքան արագ կընթանան, որոնց դիմաց մենք կարիքը ունինք մասնագէտ երիտասարդութեան՝ առաւելագոյն չափով իրենց ներկայութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր հաւաքական կեանքը վերակազմակերպելու ու ծաղկեցնելու եւ բանալու ներկայ աշխարհին՚:

Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց երիտասարդական միութիւնները աւելի ծաւալելու, կազմակերպելու ու աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ՝ ՙՄեզի համար բոլոր համալսարանական միութիւնները սիրելի են. անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ նկարագիրը, շեշտը եւ ուղղութիւնը ունի, եւ սա հարստացուցիչ երեւոյթ մըն է մեր կեանքէն ներս: Այս ծիրէն ներս ՀԵՀՈՄը եւս ունի իր կարեւոր տեղը ու դերը: Երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող միութիւն մըն է ան: Ճիշդ է, հայ եկեղեցւոյ կապուած միութիւն մըն է. սակայն հայ եկեղեցին մեր ազգին ամբողջութիւնը կը ներկայացնէ, ան ազգային եկեղեցի է ու միաժամանակ՝ ազգի՜ն եկեղեցին: Հետեւաբար, մեր ազգին բոլոր տագնապները ու ձգտումները, անցեալը, ներկան ու ապագան, մեր ազգին ամբողջականութիւնը մենք կը տեսնենք գործնապէս արտայայտուած մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Կը սպասեմ որ ա՜յս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ ՀԵՀՈՄը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ գործակցաբար համալսարանական բոլոր միութիւններուն հետ: Չմոռնանք, որ այս միութեան ճամբով ՀԵՀՈՄականներ մասնակից դարձան միջեկեղեցական ու միջկրօնական միջազգային համագումարներու: Կը սպասեմ որ հայ համալսարանական երիտասարդութիւնը այս միութեան ճամբով բացուի միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ ուրիշներուն առջեւ բանալով մեր ազգային, կրօնական ու մշակութային արժէքները՚:

Ապա ՀԵՀՈՄի վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին:

 

 

 

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Read in Arial Armenian font

12/16/2010

Եկեղեցիներու Համաշխարահային Խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած համալսարանական ուսանողներու կրթաթոշակի ապահովման համագումարը տեղի ունեցաւ 14-16 Դեկտեմբեր 2010-ին, Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամ, Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ, Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունք վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան:    

Եռօրեայ սոյն համագումարին գլխաւոր նպատակն էր կրթաթոշակ ապահովել անդամ եկեղեցիներու համալսարանական ուսանող-ուսանողուհիներուն: Համագումարը նաեւ ուսուցողական նպատակ ունէր, ցոյց տալու այն մեթոտները, որոնց միջոցաւ կամբողջցուին դիմումնագրեր, եւ կը ներկայացուին համապատասխան հիմնարկներուն, կրթաթոշակ ապահովելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀԵՀՈՄ

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ 2010

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հովանաւորութեամբ, եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ)-ի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 12 Նոյեմբեր, 2010-ին,Կէսօրուայ 12-ին  Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի, «Սիրան Մանուկեան»  սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀԵՀՈՄ-ի կազմակերպած տարեկան զարգացման մրցումը որուն մասնակցեցան լիբանանահայ վարժարաններու ԺԲ.  դասարանի ուսանող-ուսանողուհիները: Զարգացման մրցումի մասնակցող վարժարաններն էին.-

Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձր. Վարժարան, Ազգային Լ.եւՍ. Յակոբեան Գոլէճ, Գէորգ Հարպոյեան Բարձր. Վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի  Դարուհի Յովակիմեան Վարժարան, Ա.Յ. Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան, Հայ Աւետ. Շամլեան Թաթիկեան Վարժարան, Համազգայինի Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 

Մրցումը կը բաղկանար գլխաւոր վեց բաժիններէ.- Գիտական, Մարզական, Պատմական-Եկեղացական, Թուաբանական, հանելուկներ, Այլազան նիւթեր եւ Աշխարհագրական: Մասնակիցներն ու իրենց համակիրները ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ մը,  ուր իւրաքանչիւր աշակերտ կը մասնակցէր պատասխանելով հարցումներուն:

Մրցումի աւարտին մասնակցող դպրոցներէն երրորդ հանդիսացաւ Լ.եւՍ. Յակոբեան Գոլէճը, երկրորդ հանդիսացաւ Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան իսկ առաջին հանդիսացաւ Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճը եւ  մասնակցողները ստացան մեծ պարգեւը “Mini Laptops”:

 

 

 

ՀԵՀՈՄ-ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

ՍՏԱՑԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

HEHOM’s newly elected committee receives the blessing of His Holiness Aram I, Tuesday 16 March 2010, Antelias

Read in Arial Armenian font

03/16/2010 

Երեքշաբթի 16 Մարտ 2010-ի երեկոյեան ժամը 8-ին ՀԵՀՈՄ-ի նորընտիր վարչութեան անդամները, Միութեան Հոգեւոր Խորհրդատու Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ բարձրացան Վեհարան, յետ ընտրութեան, ստանալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը:      

Նորընտիր վարչականները ծանօթացնելէ ետք, հոգեւոր խորհրդատուն ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Միութեան յառաջիկայ ծրագիրները, մասնաւորաբար քարոզչական աշխատանքներուն, լիբանանի տարբեր համալսարաններէն եւ երկրորդական վարժարաններէն ներս, աւելի լայն գործունէութիւն ծաւալելու համար հայ ուսանողական շրջանակներէ ներս:   

Նորին Սրբութիւնը նախ գնահատեց անցնող շրջանին վարչութեան կատարած աշխատանքները, անդրադառնալով ՀԵՀՈՄ-ի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան ընդհանրապէս լիբանանհայութեան եւ մասնաւորաբար համալսարանական երիտասարդութեան կեանքէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խրատներն ու թելադրութիւնները տալով, վարչութեան մաղթեց նոր իրագործումներով եւ ծրագիրներով բեղուն շրջան մը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ հաւաստիացուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ հովանաւոր պիտի մնայ Միութեան կատարած բոլոր աշխատանքներուն, քաջալերելու համար հայ երիտասարդութեան ու հայ եկեղեցւոյ միջեւ կապը, ՙոր երաշխիքն է հայ կեանքի պահպանման ու բարգաւաճման՚ ինչպէս շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

 

 

 

 

 

 

ՀԵՀՈՄԻ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

ԸՆՏՐԵՑ ԻՐ ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Read in Arial Armenian font

02/06/2010 

Շաբաթ 6 Փետ. երեկոյեան ժամը 7-ին ՀԵՀՈՄ-ի կեդրոնատեղէն ներս, Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Միութեան անդամական ընդհանուր ժողով եւ նոր վարչութեան ընտրութիւնը:

Ժողովը սկսաւ տարեկան տեղակագրի ընթերցումով: Տեղակագիրը կը բովանդակէր 2008-2009-ին տեղի ունեցած միութենական գործունէութիւնը: Տեղկագրիրը վաւերացուելէ ետք,  եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի աշխատանքները աւարտելէ ետք, ժողովին ներկայ անդամներու քուէարկութեամբ հետեւեալ անդամները վարչական ընտրուեցան՝

Աստղիկ Ճամպուլեան-Գանտահարեան

Ռազմիկ Միքայէլեան

Նազելի Գանտահարեան

Լեւոն Նաճարեան

Կասիա Պարսումեան:

Անդամական ընդհանուր ժողովի աւարտին խօսք առնելով հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, ներկաներուն փոխանցեց Վեհափառ  Հայրապետին հայրական ողջոյնն ու օրհութիւնը: Ապա՝ գնահատելէ ետք նախորդ վարչութեան կատարած աշխատանքները, բարի գալուստ մաղթեց նոր վարչականներուն, որպէսզի նոյն եռանդով շարունակեն իրենց աշխատանքը նորանոր նուաճումներ արձանագրելով:

 

 

 

 

 

 

 

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱԾՈՒԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՐՑԻ, ԵՒ ԱՅՍ ԳԾՈՎ ԵՒՐՈՊԱՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՆ ՄԵԾ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՚

 

ԸՍԱՒ ԹԱՆԷՐ ԱԳՉԱՄ

Turkish historian Taner Akçam lectures to ACUSA members, Wednesday 6 January 2010, Antelias

Read in Arial Armenian font

01/06/2010

Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան, Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի ՙԿիլիկիա՚ թանգարանի ՙԿիւլպենկեան՚ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Թանէր Ագչամի դասախօսութիւնը՝ ներկայութեամբ երիտասարդական ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան մը:

Հանդիսութեան դասախօսը՝ թուրք պատմաբան Թանէր Ագչամը ներկայացուց ՙՀայ-թրքական հարցը՝ Տինքի սպանութենէն առաջ եւ վերջ՚:

Դասախօսական հանդիպումին բացման խօսքը ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան անունով արտասանեց Կասիա Գույումճեան, որ նշեց, թէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը նորագոյն ապացոյցն է հաստատելու, թէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը միեւնոյն ատելութեամբ աւելի քան 90 տարիներէ ի վեր կը շարունակուի:

Կասիա Գույումճեան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը Տինքի սպանութեան հիմնական պատճառն է, եւ այդ յօդուածով Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները կոտնակոխուին:

Ապա խօսք առաւ պատմաբան Թանէր Ագչամ, որ պատմական հոլովոյթին ընդմէջէն անդրադարձաւ հայ-թրքական հարցին, զարգացումներուն ու տիրող պայմաններուն:

Ագչամ հաստատեց, թէ անցեալին Հայոց ցեղասպանութեան հարցին քննարկումը Թուրքիոյ մէջ արգիլուած էր եւ թիւ 301 յօդուածը նոյնինքն ուղղուած է հայութեան դէմ: Ան աւելցուց, որ Թուրքիան թապու վիճակէն դուրս սկսաւ ելլել 1990 թուականին, երբ թուրք մտաւորականներ հարցին շուրջ գրեցին բազմաթիւ կարծիքներ:

Դասախօսը նշեց, որ Հայաստանի անկախացումը, ՙԱկօս՚ի հրատարակումը եւ համացանցի դրութեան օգտագործումը եւս իրենց նպաստը բերին ճանչնալու երկրորդ կարծիքը եւ դուրս գալու ՙքարացած՚ տեղեկութիւններէն: Ագչամ հաստատեց, թէ վերոնշեալ տուեալները եւ Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու աշխատանքները իրենց մեծ ներդրումը ունեցան հայ-թրքական հարցը դիւանագիտական մակարդակէն մասամբ բարձրացնելու ժողովրդային հարցի:

Այլ դիտակէտէ Թանէր Ագչամ ըսաւ, թէ 2000 թուականին Թուրքիոյ իշխանութիւնները սկսան Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտող ուրացման քաղաքականութեան: Թանէր Ագչամ յայտնեց, որ մայիս 2002-ին, Թուրքիոյ կրթական ծրագիրին մաս կազմեց ուրացումը, երբ դասագիրքերուն մէջ գրուեցաւ, թէ հայերը ջարդած են թուրքերը: Այս գծով Ագչամ աւելցուց, որ կազմակերպուեցան ուսուցիչներու յատուկ սեմինարներ եւ մրցանքներ՝ լիուլի իրագործելու համար ուրացման աշխատանքները:

Անդրադառնալով Հրանդ Տինքի սպանութեան՝ Ագչամ ըսաւ, թէ Տինքը անցեալին մաս չի կազմեր, այլ ան Թուրքիոյ ժողովրդավար ընկերութեան ստեղծման հիմնական մէկ մասնիկն է՝ ներկան է, քանի որ ինք Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները հետապնդող տիպար մըն էր:

Ան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ ժողովրդավարական շարժումը, Հայաստանի իշխանութիւնները, Եւրոպական Միութիւնը եւ հայկական սփիւռքը պէտք է գործակցին, իսկ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ փուլը կարեւոր է, որ նոյնիսկ իր նպաստը պէտք է բերէ ճանաչման աշխատանքներուն:

Թանէր Ագչամ ըսաւ, թէ երկու ժողովուրդները պէտք է դադրին փոխադարձ ատելութենէ, եւ այս գծով սահմաններու բացումը պիտի ունենայ իր մեծ ներդրումը:

Զեկուցումէն ետք Թանէր Ագչամ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն՝ տալով յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ: Զրոյցը վարեց Աստղիկ Ճամպուլեան-Գանտահարեան:

Այս առնչութեամբ Ագչամ խօսեցաւ արցախեան հարցին, փոխադարձ վստահութեան կարեւորութեան, հողային խնդիրներուն, մարդկային իրաւանց հարցերուն եւ այլ տագնապներու մասին:

 

 

 

DVD ԾԱՂԿԱԾ ԱՆԱՊԱՏԸ...

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՙ2009 Հայ Երիտասարդութեան Տարի՚

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Երիտասարդական Ուխտագնացութիւն Ի Տէր Զօր

17-18 Ապրիլ

 

 

ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ՝

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀՈԳՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐ

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Read in Arial Armenian font

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, երկրորդ տարին ըլլալով վերսկսան երիտասարդութեան յատկացուած հոգեւոր խորհրդածութեան պահերը:

Ուրբաթ գիշեր ՀԵՀՈՄ-ի կեդրոնատեղիէն ներս, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ երկրորդ շրջանի հոգեւոր խորհրդածութեան պահերու բացման հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 50 երիտասարդ- երիտասարդուհիներ: Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին, Միաբան հայրերու առաջնորդութեամբ, ներկայ երիտասարդութիւնը հետեւեցաւ տնօրինական Իր կեանքի ընթացքին Քրիստոսի խօսած առակներուն, աշխատանքային խմբակներով իր մասնակցութիւնը բերելով անոնց վերլուծման ու քննարկումին:

Յայտնենք, որ շաբաթական դրութեամբ, ամէն Ուրբաթ օր պիտի շարունակուին սերտողութիւնները, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ Կաթողիկոսարանէն ներս:

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

 

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Armenian graduates’ gathering in Antelias, Wednesday 1 July 2009   Armenian graduates’ gathering in Antelias, Wednesday 1 July 2009

Armenian graduates’ gathering in Antelias, Wednesday 1 July 2009  Armenian graduates’ gathering in Antelias, Wednesday 1 July 2009

Read in Arial Armenian font

07/01/2009 

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2009ի երեկոյեան ժամը 8:00ին Կաթողիկոսարանի ՙԿիլիկիա՚ թանգարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայ աւարտական կարգի ուսանողներու հաւաք:

Այս հաւաքին հիմնական նպատակն էր համախմբել երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, եւ պարգեւատրելով աւարտական կարգի ուսանողները, քաջալերել ուսման կարեւոր տեղը հայ երիտասարդութեան մօտ:       

Հաւաքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սահակ Աբղ. Եմիշեան, ՀԵՀՈՄի Հոգեւոր Խորհրդատու Հոգշ. Տ Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, Երիտասարդական յանձնախումբի անդամները, ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան անդամները եւ Լիբանանի մէջ գործող հայ թէ օտար վարժարաններ յաճախող աւելի քան 60  աւարտական կարգի աշակերտներ: Հաւաքէն կը բացակայէին Համազգայինի ՙՄ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան՚ի ուսանողները:

Բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Յակոբ Հանտեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դնելով երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան ու դերին վրայ ըսաւ. ՙՍիրելի երիտասարդներ, ազգապահպանման նուիրական ճամբուն վրայ մեծ դեր ունինք կատարելիք, մեծ բաժին ունինք վերցնելիք ներկայիս եւ մանաւանդ ապագային: Այսօր մեզի պէտք է նախաձեռնող, քաջարի եւ ինքնավստահ երիտասարդութիւն, որ կարենայ իր ձայնը լսելի դարձնել ամէնուրեք: Մենք պէտք չէ մնանք, եւ պիտի չմնանք կրաւորական վիճակի, ու դիտողի դերին մէջ, այլ պիտի ըլլանք մասնակցողի դերին մէջ: Թող որ այսօրուան մեր այս հաւաքը ըլլայ առաջին քայլը դէպի հաւաքական կազմակերպ աշխատանք եւ աւելիով աշխուժացնէ մեր ազգային համայնական կեանքը՚:

Եզրափակելով իր խօսքը Յ. Հանտեան մէջբերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի խօսքերը ըսելով.- ՙԵրիտասարդութիւնը, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին եւ մեր բոլոր կառոյցներուն համար հարկ է որ դառնայ մնայուն եւ հիմնական մտասեւեռում: Եթէ կ’ուզենք հայրենիքը զօրացնել՝ պէտք է դառնանք  երիտասարդութեան: Եթէ կուզենք եկեղեցին պայծառացնել՝ պէտք է դառնանք երիտասարդութեան, եթէ կուզենք մեր մշակոյթը ծաղկեցնել՝ դարձեալ պէտք է դառնանք երիտասարդութեան՚:

Բացման խօսքի աւարտին տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, ուր ժամանակագրական կարգով ցուցադրուեցաւ, հայ եկեղեցւոյ հաստատումը Լիբանանէն ներս եւ հայ երիտասարդութեան բերած գործօն մասնակցութիւնը հայ եկեղեցւոյ ճամբով հայ թէ օտար մակարդակներու վրայ: Ապա, ուսանողները խմբովին բարձրացան Վեհարան, ստանալու համար Վեհափառ Հօր օրհնութիւնը:

Հայրական սիրով ընդունելով զիրենք, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց անոնց ներկայութիւնը ապա մտերմիկ խօսքերով անոնց դիմելով ըսաւ. ՙԱյս Վանքը կը պատկանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ դուք ձեր տան մէջ կը գտնուիք այստեղ: Գաղութի մը արիւն ջամբողը երիտասարդութիւնն է. հաւաքականութեան մը ոյժը, ստեղծագործական ոգին եւ ապագան կերտողը երիտասարդութիւնն է: Երիտասարդութիւնը պէտք է ըլլայ իր եկեղեցւոյ շուրջ: Եւ մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքի ամբողջականութիւնը կը ներկայացնէ. անոր տիրական ներկայութիւնն է: Երիտասարդութիւնը պէտք չէ մնայ դիտողի դերին մէջ՝ այլ մասնակցող պէտք է ըլլայ: Մեր երիտասարդները, յատկապէս իրենց մասնագիտութեամբ առաւել եւս լրջութիւն պէտք է տան մեր կեանքին, երբ ամբոխավարութիւնը այսօր տեղ գտած է մեր հաւաքական կեանքէն ներս: Այսօր շնորհիւ մեր եկեղեցւոյ, մենք միջազգային ներկայութիւն ենք եւ մեծ վարկ կը վայելենք. մեր երիտասարդութիւնը եւս նեղ շրջագծէն դուրս պէտք է գայ բացուելով այսօրուան աշխարհին: Այսօր ունինք երիտասարդներ, որոնք այս Ս. Աթոռին ճամբով մասնակցած են եւ կը մասնակցին միջազգային ժողովներու ինչպիսին ժընեւի, Զուիցերիոյ, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ: Պէտք է աւելնայ անոնց թիւը: Մեր եկեղեցին կազմակերպութիւն չէ այլ մեր կեանքի սրտին վրայ առանցքային տեղ ունի ան եւ կը պատկանի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնց մէջ կարեւոր տեղ ունի երիտասարդութիւնը՚:

Հաւաքի աւարտին ներկայ երիտասարդութիւնը Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստացաւ: Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու եւ տեսաերիզներու բաշխում, պատրաստուած ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան կողմէ:

             

 

 

 

 

 

 

 

ՈՒԽՏԱՒՈՐԱԲԱՐ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ԱՆԱՊԱՏ ԺԱՄԱՆԱԾ

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 2500 ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԽՕՍՔԸ ՈՒՂՂԵԼՈՎ`

 

ՙՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԱՐԻՒՆՈՎ ՄԿՐՏՈՒԱԾ ԷՔ ԴՈՒՔ,

ՄԻ՜ ՋՆՋԷՔ ԱՅԴ ԴՐՈՇՄԸ ՁԵՐ ՃԱԿՏԷՆ՚

ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009   More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009    More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

 More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009   More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009   More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

 More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009   More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

 More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009    More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

 More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009   More than 2500 young Armenian pilgrims commemorate the 94th Anniversary of the Armenian Genocide at the desert of Der Zor (Syria), 17-18 April 2009

Read in Arial Armenian font

 

04/17/2009

Ուրբաթ 17 Ապրիլ 2009-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ուղեւորուեցաւ Տէր Զօր, Սուրիա, Հայ Ժողովուրդի դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան գլխաւոր անապատը, իր հայրական պատգամը ուղղելու համար հայ երիտասարդութեան, որ աշխարհի զանազան կողմերէն մեծաթիւ խումբով նոյն օր ժամանած էր այնտեղ: Սոյն ուխտագնացութեան Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Եպս. Խաչերեան, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերպ. Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեան, Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ` Գերպ. Տ. Սիփան Վրդ. Քէչէճեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, Հոգշ. Տ. Թորգոմ Աբղ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Բենդէզեան եւ Հոգշ. Տ. Վարանդ Աբղ. Քորթմոսեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հռչակուած ՙ2009-Հայ Երիտասարդութեան Տարի՚ն արժանաւորապէս նշելու առաջին նախաձեռնութիւնը եղաւ այս այցելութիւնը Տէր Զօր, կազմակերպութեամբ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ թեմերուն, հայկական վարժարաններուն, Հայկազեան Համալսարանին, ուսանողական միութիւններուն եւ երիտասարդական խմբաւորումներուն:       

Ուրբաթ 17 Ապրիլ 2009-ին, ուխտաւոր երիտասարդութեան շարասիւնը Տէր Զօր քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր դուրս կանգ առաւ, եւ հայ երիտասարդութիւնը մնացեալ ճամբան անապատի աւազներուն վրայէն հետիոտն յառաջացաւ, յիշելով մեր նահատակներուն ու վերապրող խլեակներուն անցքը այդ անապատէն, ամբողջութեամբ տարբեր պայմաններու մէջ` հալածուած, զրկեալ, ծարաւ ու անսուաղ:  

Նոյն գիշերը, Տէր Զօրի գեղակերտ յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Վեհափառ Հայրապետը երեկոյեան ժամը 7-ին ժամանելով յուշահամալիր, մուտքին աղ ու հացի օրհնութիւն կատարեց եւ ապա Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթք տեղի ունեցաւ, հարիւրաւոր երիտասարդութեան ներկայութեան: Ապա գիշերը, հսկումի արարողութիւն կատարուեցաւ, ներկայութեամբ Բերիոյ եւ Լիբանանի թեմերու առաջնորդ Սրբազաններուն` Գերշ. Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեանի եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Եպս. Խաչերեանի, որ այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխացեց երիտասարդութեան: Գիշերուան խորհրդալից լռութեան մէջ, ու հայոց նահատակութեան հողին վրայ կանգնած, հայ երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս ուխտեց հաւատարիմ մնալ մեր նահատակներու սուրբ կտակին` ամուր պահելու մեր ազգային ինքնութիւնը, մեր կրօնքը, մեր հայրենիքը, որուն համար իրենց սուրբ արիւնը թափեցին անոնք:

Վեհափառ Հայրապետին երկրորդ հանդիպումը հայ երիտասարդութեան հետ եղաւ յաջորդ օր` Շաբաթ 18 Ապրիլ 2009-ին, Տէր Զօրէն անցնող Եփրատ գետի ափին, որ բազմահազար հայորդիներու դիակներ կուլ տուած էր շուրջ դար մը առաջ: Հայ երիտասարդութիւնը երկիւղածութեամբ եւ ի յարգանս մեր բիւրաւոր նահատակներուն, Եփրատի ջուրերուն մէջ ծաղիկներ նետեց, յիշելով Ցեղասպան թուրքին ձեռքով նահատակուած մեր մէկուկէս միլիոն եղբայրներն ու քոյրերը:

Այս առիթով, գետին մէջ կառուցուած կամրջակի մը վրայէն իր պատգամը ուղղելով ներկայ ուխտաւոր երիտասարդութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս արդար վրիժառութեան պոռթկումով, հայ նոր սերունդները նկատեց անվերջանալի պատուհասը Ցեղասպանին, սակայն ո՜չ անպայման վայրագ միջոցներով, այլ քաղաքակիրթ աշխարհի ընդունած կարգերով, իրենց աշխատանքով ու գիտութեամբ, եւ միջազգային դիւանագիտութեան իրենց բերելիք նպաստով, մինչեւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերումը. ՙՄեր նահատակներու արիւնով մկրտուած էք դուք, մի՜ ջնջէք այդ դրոշմը ձեր ճակտէն: Ձեր ուսման ու գիտութեան մէջ յառաջդիմութեամբ, կեանքի մէջ արձանագրած յաջողութիւններով, ու քաղաքական կեանքի մէջ ունեցած ձեռքբերումներով, մեր նահատակներու վրէժը պիտի լուծէք: Սա՜ է մեր ճամբան, մինչեւ որ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերատիրանանք: Սա՜ է մեր գոյութեան ու գոյատեւման ճանապարհը: Երիտասարդութեան տարին, ու յառաջիկայ բոլոր տարիները այսպիսո՜վ արժեւորած կ՜ըլլաք, որովհետեւ ժողովուրդ մը որ իր նահատակները յարգել չի՜ գիտեր, ու մանաւանդ կը մոռնայ անոնց սուրբ կտակը, արժանի չէ՜ յարգանքի՚ ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:     

Երիտասարդական պատմական այս ուխտագնացութեան երրորդ հանգրուանը եղաւ Մարկատէի Ս. Յարութեան մատուռը, հայոց զանգուածային ջարդի վկայուած վայրերէն մէկուն վրայ ուղղակի կառուցուած, որուն ներքեւ յայտնաբերուած էին հազարաւոր հայերու աճիւններ: Հայ նահատակներու աճիւններով բլրացած բարձունքին վրայ կանգնած, հայ երիտասարդութիւնը ունկնդիր դարձաւ հայ նահատակներու պատգամին: Այստեղ խօսք առաւ նախ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Ան նոր սերունդին ուղղելով իր խօսքը, ուսման ու գիտութեան ճամբով վրիժառութեան հրաւիրեց զայն. ՙԱյստեղ նահատակուած իւրաքանչիւր հայու փոխարէն, ձեզմէ իւրաքանչիւրը վկայական մը թող ստանայ զանազան գիտութեանց մէջ: Իւրաքանչիւր նահատակուած հայու փոխարէն գիտութեան լոյս մը վառեցէք արդի քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ՚ ըսաւ ան, եւ հայկական տարբեր անուններ յիշելով, ըսաւ, թէ նոյն անունները կրող անձեր այսօր այս սրբավայրը եկած ուսանողներու մէջ անպայման կը գտնուին, որոնց ճամբով մեր նահատակները կը վերակենդանանան, ու անոնց կատարելիք նուաճումներով` կ՜անմահանան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ պատգամեց տէր կանգնիլ մեր հայրերու աւանդին, անոնց արեան գինը սուղ վճարել տալով Ցեղասպան թուրքին:

Մարկատէի մէջ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, երիտասարդական խումբերը փոխադրող շարասիւնը վերադարձաւ Տէր Զօր եւ ապա, անոնցմէ մաս մը դէպի հիւսիսային Սուրիա` Գամիշլի եւ շրջակայքը ուղղուեցաւ, իսկ մաս մը Հալէպ ու Լիբանան:

Հայ Երիտասարդութեան տարուան առիթով կազմակերպուած սոյն երիտասարդական ուխտագնացութիւնը դաստիարակչական առումով կարեւոր երեւոյթ մը հանդիսացաւ, մեր երիտասարդութիւնը կողմնորոշելով: Կեանքի առօրեային տարբեր զբաղումները, ուսման ու կեանքի ասպարէզի մտահոգութիւնները եւ հեւքը, որոնք երբեմն կը ցրուեն մեր երիտասարդութեան ուշադրութիւնը ազգային կարեւոր հարցերէն, սոյն ուխտագնացութեամբ դարձեալ կեդրոնացան մեր ինքնութեան ու ազգային հեռանկարներուն շուրջ:

 

 

 

ՀԵՀՈՄ ՆՇԵՑ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ

140 ԱՄԵԱԿԸ


ACUSA marks the 140th Anniversary of Gomidas Vartabed, Saturday 21 March 2009, Antelias   ACUSA marks the 140th Anniversary of Gomidas Vartabed, Saturday 21 March 2009, Antelias

 

Read in Arial Armenian font

03/21/2009

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ումանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) կազմակերպութեամբ եւ ՙԲարսեղ Կանաչեան՚ երաժշտանոցի աշակերտներու մասնակցութեամբ, Շաբաթ 21 Մարտ 2009-ի  երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԿիլիկիա՚ թանգարանի ՙԿիւլպէնկեան՚ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նուիրուած հայ երգի ու երաժշտութեան մեծանուն ստեղծագործ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 140-ամեակին:

Հանդիսութեան սկզբնաւորութեան, ՀԵՀՈՄի ատենապետուհին խօսք առնելով, նշեց մեծ երաժիշտին տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը մեր եկեղեցական եւ ժողովրդային երաժշտութեան մէջ: Ան շեշտը դրաւ Կոմիտասի արժանիքներուն, եւ արուեստին իւրայատկութեան մասին, ըսելով. ՙԿոմիտաս անցնող շրջանի մեր պատմութեան մէջ մեծագոյն երաժիշտն է, ան հայ երաժշտութեան վերազարթօնքի գլխաւոր ռահվիրան եղաւ, որմէ ներշնչուեցան յաջորդող սերունդներու բազմաթիւ հայ երաժիշտները՚:

Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան ՙԲարսեղ Կանաչեան՚ երաժշտանոցի աշակերտները, որոնք մէկ ժամուան տեւողութեամբ ներկաներուն հոգիները լեցուցին Կոմիտասաշունչ երաժշտութեամբ, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գերաշնորհ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, որ իր կարգին խօսեցաւ Կոմիտասի հանճարին եւ անոր կատարած գործունէութեան մասին շեշտելով անոր թափառաշրջիկ կեանքը իր երաժշտական առաքելութեան մէջ, որուն միջոցաւ կրցաւ հայ երաժշտութիւնը բիւրեղացնել եւ ձերբազատել օտարամուտ աղաւաղումներէ: Սրբազանը յատուկ կերպով գնահատեց ՙԲ.Կանաչեան՚ երաժշտանոցի  աշակերտութիւնը, որոնք լաւորակ կատարումով վերապրեցուցին Կոմիտաս Վարդապետը՝ հայ երաժշտութեան հանճարը:

 

 

 

 

 

 

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ

ՆԵՐԿԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

 

Read in Arial Armenian font

03/15/2009 

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը 14-15 Մարտ 2009-ին, ունեցաւ իր տարեկան համագումարը ՙԹռչնոց Բոյն՚ին մէջ, Ճիպէյլ:

Համագումարին մասնակցեցան 25 համալսարանական հայ երիտասարդ երիտասարդուհիներ ընդհանուր թեմայ ունենալով՝ ՙՀայ երիտասարդը եւ ներկայ աշխարհի մատահրաւէրները՚:

Օրուան դասախօսն էր Պրն. Վիգէն Աւագեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նախ միջազգային բեմի վրայ երիտասարդութեան ունեցած դժուարութիւնները, ապա մասնաւորաբար լիբանանահայ կեանքէն ներս մեր երիտասարդութեան ունեցած դժուարութիւնները՝ զանազան մարզերէ ներս: դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, որու ընթացքին ՀԵՀՈՄ-ականներ իրենց տեսակէտները արտայայտեցին իրենց երիտասարդական անմիջական միջավայրին մասին, եւ այս գծով լուծումներ առաջարկեցին:

Կիրակի առաւօտ ՀԵՀՈՄ-ականները իրենց մասնակցութիւնը բերին ՙԹռչնոց Բոյն՚ի ՙՍ. Գայիանէ՚ մատրան մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագին, հաղորդուելով Մեծ Պահոց չորրորդ՝ Տնտեսի Կիրակիի խորհուրդով: Ապա, շարունակուեցաւ համագումարը, հասնելով իր վերջին հանգրուանին:  Ընթերցուեցան Վեհափառ Հայրապետին հայ երիտասարդութեան ուղղած վերջին պատգամին կարգ մը հատուածները եւ երիտասարդներէն պահանջուեցաւ զանոնք խմբական աշխատանքի միջոցաւ (Workshop) ներկայացնել:

Համագումարի աւարտին խօսք առնելով, հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, նախ գնահատեց ներկաներուն մասնակցութիւնը, ապա բարի գալուստ մաղթեց ՀԵՀՈՄ-ի շարքերուն միացած օժանդակ անդամներուն եւ քաջալերական խօսքերով անոնց խօսեցաւ երիտասարդութեան կարեւոր ներկայութեան եկեղեցական եւ ազգային կեանքէն ներս, զիրենք նկատելով ՀԵՀՈՄի մեծ ընտանիքին անդամները, ու ազգին ապագայ ղեկավարները:

 

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԷՆ ԲՂԽԱԾ

ԾՐԱԳԻՐ-ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ 14-16 ՕԳՈՍՏՈՍ 2008

 

Read in Arial Armenian font

14-16 Օգոստոս 2008-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցած Երիտասարդական Համագումարը, որուն խորագիրն էր ՙՀայ Երիտասարդը 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց՚, յետ եռօրեայ ժողովական նիստերու, որդեգրեց հետեւեալ բանաձեւը, իբրեւ ուղեցոյցը յառաջիկայ շրջանին, հայ եկեղեցի եւ հայ երիտասարդ փոխադարձ յարաբերութեան ճշգրիտ հունաւորման:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, կատարելով պաշտօնական բացումը համագումարին, հայ երիտասարդութեան ուշադրութեան յանձնեց այն գլխաւոր մտահոգութիւնները, որոնց մասին մտածելու համար քով-քովի եկած էին երիտասարդները: Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամով ուղեցոյցը հանդիսացաւ համագումարի հետագայ աշխատանքներուն, որպէսզի նիստերը ճիշդ կերպով ընթանան, ու մանաւանդ սպասուած արդիւնքը ձեռք ձգուի:

Վեհափառ Հայրապետի բացման խօսքէն ետք, 12 նիստերով եւ յատկապէս խմբային աշխատանքներով, լայնօրէն քննուեցան դասախօսական ելոյթներով փոխանցուած մտածումները, եւ հայ երիտասարդութեան կեանքը յուզող զանազան խնդիրները իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով: Իրերայաջորդ զեկուցումներ տրուեցան, զանազան երկիրներէ եկած ներկայացուցիչներուն կողմէ, իրենց ապրած երկիրներու պայմաններուն մէջ ապրող հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մտահոգութիւններուն, ինչու չէ նաեւ յաջողութիւններուն մասինՅատկապէս կլոր սեղաններու շուրջ ստեղծուած թեր ու դէմ կարծիքներու ճամբով, եղան տեսակէտներու լայն փոխանակումներ: Զեկուցումներուն ընդգրկած տուեալները ճշգրիտ, պարզ ու առարկայական էին, իսկ քննարկումները՝ լուրջ ու նախանձախնդրութեամբ լեցուն: Քննարկումներէն ի յայտ եկաւ, որ տարբեր երկիրներու պայմաններուն մէջ ապրող հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները այլազան են, եւ դժուարութիւնները յաճախ տարբեր տարողութիւն եւ ուժգնութիւն ունին: Համաշխարհայնացման հոսանքին դիմաց  ինքնապաշտպանութեան իբրեւ զօրաւոր վահան, շեշտուեցաւ կրօնական ու ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, ազգերու ու ժողովուրդներու յորձանուտին մէջ մնալու համար լա՜ւ հայ ու լա՜ւ քրիստոնեայ երիտասարդութիւն՝ հաւատարիմ իր եկեղեցւոյ սկզբունքներուն, իր պատմութեան, ու ազգային տեսիլքներուն:

Նիստերու ընթացքին արտայայտուած մտածումները, թեր ու դէմ տեսակէտները, լուծման պատկերացումներն ու առաջարկները կարելի է խտացնել հետեւեալ առաջադրանքներուն մէջ.-

* Հայ Եկեղեցին ողնասիւնն է յատկապէս Սփիւռքի հայութեան: Անոր առաքելութեան կենսագործման ու առաւել ծաղկման համար պատրաստուած մարդուժ պէտք է, կուսակրօն ու ամուսնացեալ քահանաներ եւ անոնց կողքին գործող նուիրեալ օժանդակ ծառայողներ, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքը եւ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ազդու կերպով մտնէ ամէն տունէ ներս:

* Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ներկայ դարու պայմաններուն համապատասխան ձեւով ու տարողութեամբ կազմակերպել, բոլոր թեմերէն ներս: Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ երիտասարդական խմբակներ կազմել, Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն ուսումնասիրութեան եւ կեանքով թարգմանումին համար, որ մեծապէս կը նպաստէ Հայ Եկեղեցւոյ վերանորոգումին:

* Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած դերը անուրանալի է, հայ մանուկին քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեան իմաստով: Երիտասարդ ոյժերով Կիրակնօրեայ Վարժարաններու ուսուցչակազմերը ճոխացնելը, դարձեալ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան լծելով հայ երիտասարդութիւնը, իբրեւ անոր հաւատարիմ մէկ մասնիկը: Գործակցիլ ամէնօրեայ վարժարաններուն հետ, որպէսզի իրենց աշակերտները ուղարկեն Կիրակնօրեայ Վարժարան, այնտեղ կրօնաշունչ դաստիարակութիւն ստանալու համար: Այս նպատակով, նաեւ պատրաստել յատուկ ուսուցողական ծրագիր մը, կրօնի ուսուցման համար:

* Մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն մէջ ներգրաւել երիտասարդութիւնը, ըլլան անոնք թաղականական խորհուրդներ, հոգաբարձական կազմեր, եկեղեցապատկան միութիւններ, եւ մինչեւ իսկ Ազգային կամ թեմական վարչութեան մարմիններ:

* Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգութիւնը կարելի փութով իրագործել, երիտասարդութեան մասնակցութեամբ: Լսատեսողական արդի միջոցներու օգտագործումով, եկեղեցական արարողութեան առաւել մասնակից դարձնել երիտասարդութիւնը, նաեւ հարթելու համար լեզուական անհասկնալիութեան խնդիրը:

* Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին զուգահեռ, իւրաքանչիւր թեմի կամ շրջանի համար ստեղծել երիտասարդական յատուկ գրասենեակ, ուր երիտասարդը դիմէ իր դիմագրաւած զանազան հարցերուն լուծում գտնելու ակնկալութեամբ: Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական  Բաժանմունքին հետ սերտացնել կապը, փոխադարձ գործակցութիւնը հիմնաւորելու նպատակով:

* Արդի արհեստագիտութիւնը (համակարգիչ, համացանց եւ այլն) առաւելագոյնս օգտագործել, հայ երիտասարդութիւնը մնայուն կապի մէջ պահելու համար իրարու հետ: Ստեղծել համակարգչային հայերէն ծրագրեր, հայ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքներու տարածման համար: Գաղափարներու փոխանակման գետին մը ստեղծել կայքէջի միջոցաւ, ուր իրենց մտածումները կարենան տեղադրել երիտասարդներ: Անոր ճամբով նաեւ Աստուածաշնչական ոսկեայ համարներու ուղեցոյց մը ճշդել, որուն հետեւելով իր առօրեան ծրագրէ երիտասարդութիւնը: Օգտագործել արդի ձայնագրութեան միջոցները, հայ եկեղեցւոյ շարականները նոր սերունդին փոխանցելու համար, թէ հոգեկան ապրումի գոհացման եւ թէ ուսուցման նպատակով:

* Համաշխարհայնացման դրական կողմերը օգտագործել. Աակայն, զգուշանալ ձուլումի վտանգէն, յատկապէս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ: Առ այդ ինքնաճանաչումը՝ ազգային ու մշակութային, շրջահայեցութիւնը եւ օտարին մշակոյթին ճանաչողութիւնը կարեւոր են, հայապահպանման համար: Զանազան բնագաւառներէ ներս պատրաստուած հայ երիտասարդներ ունենալու համար, ձեռնարկել յատուկ դասընթացք, պատրաստելու համար Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան իրենց նպաստը բերող ղեկավար տարրեր:

Արդ, մեր սպասումն է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր կազմակերպ ու բազմաճիւղ առաքելութեան մասնակից կը դարձնէ հայ երիտասարդութիւնը իր առաջադրանքներով:

Մեր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնենք Կիլիկեան Ս. Աթոռին, ու յատկապէս մեր երիտասարդութեան հասնելու իր բոլոր ջանքերուն: Կը հաւատանք միասնական գործունէութեան բարերար արդիւնքին, ուստի պատրաստակամութիւն կը յայտնենք, մեր եկեղեցւոյ հետ միասնաբար աշխատելու, ամրացնելու մեր քրիստոնէական կեանքը, մեր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած, ինչպէս նաեւ իրականացնելու մեր ժողովուրդին դարերով փայփայած երազները:

Մեծապէս խանդավառուած եռօրեայ հանդիպումներու ընթացքին կատարուած լուրջ քննարկումներէն ու սրտբաց զրոյցներէն, համագումարը իր որդիական շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խնդրելով, որ երկու տարին անգամ մը դարձեալ կազմակերպուին նման համագումարներ, համարատուութեան կարգով, արձանագրուած յաջողութիւները տեսնելու եւ թերութիւնները մատնանշելով՝ զանոնք սրբագրելու համար, ի շահ եւ ի պայծառացումն հայ եկեղեցւոյ ու ի անկէ անբաժան հայ երիտասարդութեան:

Ի վերջոյ՝ Համագումարը, յանուն հայ երիտասարդութեան խնդրամատոյց կըլլայ Վեհափառ Հայրապետին, որ համաձայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին տասնամեակի աւանդութեան, յառաջիկայ 2009 տարին հռչակէ ՙՀայ Երիտասարդութեան Տարի՚:

Այս հաւատքով ու մօտեցումով, մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք մեր եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մասնակից դառնալու անոր առաքելութեան, մեզի վստահուած բոլոր ծառայութիւններուն մէջ:

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ

 

 

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՓԱՓԱՔԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋԵԼՈՎ՝

 

2009 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՙՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ՚ ՊԻՏԻ ՀՌՉԱԿԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 3rd day - His Holiness Aram I to declare 2009 “Year of Armenian Christian Youth”

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 3rd day - His Holiness Aram I to declare 2009 “Year of Armenian Christian Youth”   Rev. Dr. Paul Haidostian, President of Haigazian University

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 3rd day - His Holiness Aram I to declare 2009 “Year of Armenian Christian Youth”   His Holiness Aram I delivering his concluding remarks

Read in Arial Armenian font

 

08/16/2008

Երրորդ օրն ըլլալով, 16 Օգոստոս 2008-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին կազմակերպած Երիսարդական Համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները, դասախօսութեան ու քննարկումներու ճամբով մտքերու փոխանակում կատարելով: Նոյն օրը նաեւ եզրափակուեցաւ համագումարին ժողովական նիստերու մասը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ:

Առաւօտուն, ժամերգութեան աւարտին, համագումարի մասնակիցները լսեցին Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպույեանի Աստուածաշնչական մեկնաբանութիւնը: Ապա, Դպրեվանքի ՙԲրաբիոն Տումանեան՚ հանդիսասրահին մէջ, ուր տեղի կունենային դասախօսական ու հաւաքական քննարկումներու նիստերը, մասնակիցներ լսեցին Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի այնքան այժմէական դասախօսութիւնը ՙՈրո՞նք են 21-րդ դարու մարտահրաւէրները՚ նիւթով: Դոկտ. Հայտոսթեան հայ երիտասարդութեան դիմաց գտնուող հիմնական մարտահրաւէրները մատնանշեց, յատկապէս ընդգծելով, յարափոփոխ աշխարհին դիմաց ու բազմաթիւ ընտրութիւններու դէմ յանդիման կանգնած երիտասարդութեան ընտրելու դժուարութիւնը: Այսօրուան երիտասարդը նախ երեւոյթները ճանչնալու դժուարութիւն ունի՝ անոնց բազմազանութեան պատճառաւ, որպէսզի կարենայ անցնիլ երկրորդ հանգրուանին՝ անոնզ մէջէն ընտրելու լաւագոյնը: Զարգացումի, յառաջդիմութեան նշան նկատեց ան այս երեւոյթը, սակայն միաժամանակ վտանգաւոր:

Դոկտ. Հայտոսթեան 21-րդ դարուն մասին համապարփակ խօսիլը անկարելի համարեց, որովհետեւ ըսուած որեւէ խօսք, առագ յառաջացող աշխարհին հետ կրնայ ժամանակավրէպ դառնալ: Ան անդրադարձաւ տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու աննահանջ եռուզեռին կամ խճողումին, որոնք անուղղակիօրէն կրնան ազդել մարդուն մտքին վրայ, նոյնիսկ երբ ան ուզէ մերժել զանոնք: Արժէքներու անկում մը մատնանշեց ան, հիմնուելով նիւթական ու ընկերային կեանքի մէջ ամէն բանի դիւրաւ հասանելի ըլլալու հանգամանքին վրայ: Ան նաեւ խօսեցաւ բարոյական սկզբունքներուն կրած ցնցումին մասին, որովհետեւ գիտութիւնը կրցած է որոշ պատասխան մը տալ կարգ մը երեւոյթներու:

Յառաջատեսիլ մօտեցումով, Դոկտ. Հայտոսթեան խօսեցաւ հաւանական այն գիտական յառաջդիմութեանց մասին, որոնք յառաջիկային բարոյական սուր տագնապներ պիտի ստեղծեն, յատկապէս եկեղեցական շրջանակներէ ներս:

Վերոյիշեալ խնդիրները համապարփակ կերպով ու օրինակներով ներկայացնելէ վերջ, դասախօսը երիտասարդութեան կողմէ հաւանական երեք դիրքորոշումներ մատնանշեց, որոնք իբրեւ վտանգ կը ներկայանան ներկայ երիտասարդութեան.- 1) Խուսափիլ դժուարութիւններէ եւ յանձնուիլ թմրեցուցիչներու անէացման փորձերուն, 2) Անտարբեր ըլլալ ու քննադատել, յատկապէս բարոյական դաստիարակութիւն կատարող անձերն ու կառոյցները՝ եկեղեցի ու հոգեւորականութիւն, 3) Շփոթի ու խաբկանքի մէջ ապրիլ, առանց ճշդել կարենալու թէ ի՞նչ է ճիշդը եւ ի՞նչ է սխալը: 4) Զարգացնել ժխտական ինքնութիւն մը, այլամերժ եւ ուրիշին ըսած չընդունող, եւ տարուիլ զգացական կրօնով, եւ հաճոյք առնել կրօնին այն մասերէն, որոնք զգացական են:

Եզրափակման նիստը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ: Սրտբաց զրոյցի մը վերածուեցաւ այս նիստը, որու ընթացքին երիտասարդներ ազատօրէն իրենց հարցումները ներկայացուցին Նորին Սրբութեան: Այստեղ Վեհափառ Հայրապետը ցոյց տուաւ, որ ինք իսկապէս նաեւ մեր երիտասարդութեա՜ն Վեհափառն է, այնքան համբերութեամբ ու գուրգուրանքով մօտենալով երիտասարդութեան կողմէ արծարծուած խնդիրներուն, հայրական սիրով իր պատգամը տալով տարբեր երկիրներու պայմաններուն մէջ ծնած ու կազմաւորուած հայ երիտասարդութեան:

ՙՄեր եկեղեցին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու շտեմարան է՚ ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, խօսելով մեր եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին մասին: Հոգեւորն ու ազգայինը չենք կրնար իրարմէ անջատել, ըսաւ ան, անդրադառնալով պատմական այն ժամանակաշրջաններուն, երբ մեր թագաւորութեան անկումէն ետք, մեր եկեղեցին պարտաւորուած է եղած նաեւ մշակութային, կրթական ու մինչեւ իսկ քաղաքական հարցերով զբաղելու: Սակայն այսօր, ըսաւ Վեհափառը, մեր եկեղեցին ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, կը փորձէ վերաշեշտել մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայութիւնը: Վեհափառը յանուանէ յիշեց Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ Երիտասարդական Բաժանմունքին կատարած աշխատանքները, որոնք մեր նոր սերունդի դաստիարակութեան ուղուած են:

Ի վերջոյ, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց ներկայ երիտասարդութեան, շարունակելու այս ընթացքը, համացանցային միջոցներու օգտագործումով ճոխացնելու համագումարի մասնակիցներուն այս թիւը, եւ մեր եկեղեցւոյ շուրջ բոլորուելու: Նորին Սրբութիւնը յստակօրէն լուսաբանեց ներկաները ըսելով, թէ մեր եկեղեցիէն դուրս եւ հեռու մնալով, կարելի չէ վերանորոգել մեր հաւատքը ու եկեղեցին: Հայ երիտասարդին անվերապահ աջակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը կարեւոր նկատեց ան, մեր ազգային եկեղեցին աւելիով վերածելու հաւատքի վերանորոգութեան աւազան մը, ճշմարիտ աստուածա-ճանաչողութեան ի խնդիր

Նորին Սրբութեան սպառիչ բացատրութիւններէն ետք, հայ երիտասարդութեան ներկայացուցած ծրագիր-առաջադրանքները, որոնք բանաձեւուած էին անցնող 12 նիստերու եւ քննարկումներու լոյսին տակ, ընթերցուեցան եւ վաւերացուեցան մասնակիցներուն կողմէ:

Երեկոյեան, համագումարի մասնակից երիտասարդները ներկայ գտնուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Ուխտի Օրուան առիթով մատուցուած Ս. Պատարագին, որ տեղի ունեցաւ վանքի շրջափակին մէջ բացօթեայ:

Յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին, համագումարի մասնակիցները առիթ պիտի ունենան շրջելու Լիբանանի զանազան տեսարժան ու պատմական վայրերը եւ ընկերային պահեր պիտի վայելեն, կազմակերպիչ յանձնախումբի Հայր Սուրբերուն ընկերակցութեամբ:

 

 

 

 

 

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

 

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒԶՈՂ ՀԱՐՑԵՐԸ

ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻԼ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

ԳՈՐԾՕՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 2nd day   Prof. Dr. Joe Pirri from Switzerland, Professor of Communication and Human Rights

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 2nd day  Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 2nd day

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 2nd day

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 2nd day   Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 2nd day

V.Rev. Krikor Chiftjian  Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 2nd day

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 2nd day  Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 2nd day

Read in Arial Armenian font

 

08/15/2008 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, 14 Օգոստոս 2008-ին բացուած երիտասարդական համագումարը, հայ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեամբ քննարկումի նիւթ դարձուց երիտասարդութեան կեանքը յուզող շարք մը երեւոյթներ:

Ժընեւի համալսարանի դասախօս Դոկտ. Ճօ Փիրի ներկայացուց, երիտասարդութեան կողմէ արդի արհեստագիտութեան օգտագործման կերպերն ու միջոցները: Դասախօսութիւնը շօշափած հարցերը երիտասարդութեան նախընտրած նիւթերէն ըլլալուն, ներկայ երիտասարդները շուտով ներգրաւուեցան հաւաքական զրոյցի մը մէջ, որու ընթացքին Դոկտ. Փիրի ձեռնհասօրէն լուսաբանեց երիտասարդներէն եկող հարցերը: Թեր եւ դէմ կարծիքներու բեմ մը ստեղծուեցաւ, իր բուն նպատակին հասցընելով նիստը: Ներկայ արհեստագիտութեան օգտագործման եւ զայն իբրեւ աղբիւր գործածելու առաւելութեանց եւ անպատեհութեանց մասին խօսելով, Դոկտ. Փիրի անդրադարձաւ միեւնոյն նիւթի շուրջ տեղեկութիւն պարփակող երբեմն հազարաւոր կայքէջերու, որոնց մէջէն երիտասարդը գիտակից մօտեցումով պիտի ընտրէ ամէնէն հաւաստին ու ամէնէն գործնականը:

Համացանցի օգտագործման բարոյական երեսը նաեւ քննարկումի նիւթ դարձաւ հարցադրումներու ճամբով, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան յատկացուած կայքէջերու ճոխ հաւաքածոն, որուն մասին սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ Դոկտ. Փիրի: Այստեղ եւս աղբիւրներու հաւաստիութեան հարցը արծածուեցաւ, նկատի ունենալով որ յաճախ դիտումնաւոր կերպով կը խեղաթիւրուին, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն վերաբերեալ ճշմարտութիւններ:

Յաջորդ դասախօսութիւնը ՙՀայ Եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը՚ նիւթով, տրուեցաւ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի կողմէ: Հայ երիտասարդութեան, իր եկեղեցիէն ունենալիք ակնկալութիւններուն մասին խօսելով, Հայր Սուրբը փոխադարձաբար խօսեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ՝ իր երիտասարդութենէն ունեցած ակնկալութեանց մասին: Հարցադրումներ կատարելով, ան մղեց երիտասարդութիւնը մտածելու այն երեւոյթներուն մասին, որոնք եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը փորձեն տկարացնել, եւ ըսաւ թէ այդ բոլորը իրենց լուծումը կը գտնեն, պատրաստուած երիտասարդութեան ամբողջական մասնակցութեամբ իր եկեղեցւոյ կեանքին: Արծարծուեցան բարոյական ու ընկերային հարցեր, հոգեւորութեան ճշմարիտ իմացումին համար տրուեցան լուսաբանական բացատրութիւններ, առիթ հանդիսանալով շարք մը հարցերու, որոնց մասին լռութիւն կը պահուի առհասարակ:

Ուրբաթ 15 Օգոստոսի յետ միջօրէին, երկու կլոր սեղաններ կազմակերպուած էին, երկու տարբեր նիւթերով: Առաջինը՝ ՙՀամաշխարհայնացումին դիմաց հայ երիտասարդին ինքնահասկացողութիւնը՚, իսկ երկրորդը՝ ՙՀաւատք, արժէք եւ աւանդութիւն՝ յարաբերաբար գիտական զարգացումներու՚: Զանազան գաղութներէ ընտրուած երիտասարդներու կողմէ յիշեալ երկու կլոր սեղանները յառաջ տարուեցան, քննարկումներու ճամբով որոշ եզրակացութիւններու յանգելով: Ազատ երկխօսութեան բեմ հանդիսացան կլոր սեղաններու նիստերը՝ մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու մեր մշակոյթին նկատմամբ հայ երիտասարդութեան նախանձախնդիր մօտեցումին արտայայտութիւն տալով:

Յայտնենք, որ առաւօտեան թէ երեկոյեան ժամերգութեանց ներկայ գտնուեցան համագումարի մասնակից երիտասարդները: Իսկ առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին Աստուածաշնչական մեկնութիւն ու հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց Հոգշ. Տ. Վարանդ Աբղ. Քորթմոսեան:

 

           

 

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼՈՎ՝

 

ՙԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԻՄԱՍՏԸ ՄԻԱՅՆ ՎԱՅՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՄԲ ՉԻ՜ ԲԱՑԱՏՐՈՒԻՐ, ԱՅԼ՝ ԱՆՈՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾՈՒՄՈՎ,

ՈՐՈՒՆ ՊԷՏՔ Է ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ՚

 

Պատգամեց ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 1st day   Rev. Sahag Yemishian 

 Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 1st day

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 1st day   His Holiness Aram I, Catholicos of Cilicia

Mr. Garo Hovhannessian  Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 1st day 

 Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 1st day

Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 1st day   Pan-Diaspora Youth Conference in Antelias, 14-16 August 2008 - 1st day

Read in Arial Armenian font

 

08/14/2008 

Հինգշաբթի 14 Օգոստոս 2008-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամառնային հովոցի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Երիտասարդական Համագումարին, կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին: Համագումարը կը կրէր ՙՀայ երիտասարդը 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց՚ ընդհանուր խորագիրը:

Սոյն համագումարին իր հայրական հովանաւորութիւնը շնորհած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ նաեւ նախագահեց բացման հանդիսութեան, ու իր պատգամը ուղղեց զանազան թեմերէն ժամանած, աւելի քան 100 երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն: Մասնակիցներ եկած էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան շրջաններէն, Պոլիսէն, Կիպրոսէն, Քուէյթէն, Արաբական Ծոցի երկիրներէն, Թեհրանէն ու Սպահանէն, Սուրիայէն ու Լիբանանէն: Համագումարէն կը բացակայէին Գանատայի, Յունաստանի եւ Ատրպատականի թեմերու ներկայացուցիչները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երիտասարդական Բաժանմունքի պատասխանատու՝ Հոգշ. Տ. Սահակ Աբղ. Եմիշեան, որ ընդգծեց կազմակերպուած համագումարին եզակի նկարագիրը ու հեռանկարները: Ան յոյս յայտնեց, որ արտայայտուած մտածումները լաւապէս կը բանաձեւուին յառաջիկայ օրերու ընթացքին, արդիւնաւորուելու համար ապագային՝ նոր ծրագիրներու մշակման մէջ, ի խնդիր հայ երիտասարդութեան կեանքի առաւել ծաղկման:

Բացման հանդիսութեան խանդավառ պահուն եկաւ աւելնալ Վեհափառ Հայրապետին նոյնքան խանդավառող պատգամը: Սրտբաց հայրական խօսքի հանգամանք ստացաւ Հայոց Հայրապետին պատգամը, ուղղուած հայ երիտասարդութեան: Ներկայ երիտասարդութիւնը ականջալուր դարձաւ այսօրուան աշխարհը լաւապէս ճանչցող ու բոլոր մարտահրաւէրները դիմակալելու կորով ներշնչող իր հովուապետի հեղինակաւոր խօսքերուն:

Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին ողջունեց զանազան երկիրներէն ժամանած երիտասարդութիւնը, եւ ապա համաշխարհային տարողութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր ազգային կեանքէն ներս վերլուծեց երիտասարդութեան կեանքը յուզող երեւոյթները: Երիտասարդական տարիները բնորոշող յատկանշական գիծերը մատնանշելով, Վեհափառ Հայրապետը քրիստոնէական կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը շեշտեց, նպատակասլաց կեանքի մը ուղղուածութիւնը կարեւոր նկատելով իւրաքանչիւր երիտասարդի համար: Եկեղեցին, իբրեւ բարոյականութեան աղբիւր, Նորին Սրբութիւնը նկատեց կողմնացոյց մը, դէպի Քրիստոս առաջնորդող ճամբայ մը, որ կը կարգաւորէ մարդկային ընկերութեան կեանքը, մարդոց միջեւ փոխ-յարաբերական օրէնքներու փոխադարձ յարգումով պայմանաւորուած: ՙԿրօնքը ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ սկսած է կամաց-կամաց գոյութենական ներկայութիւն դառնալ: Անցեալին, յատկապէս արեւմուտքի մէջ, կրօնքը անհատական ապրում մըն էր: Իսկ այսօր անիկա բոլորին սեփականութիւնն է: Ներկայիս միջ-կրօնական հանդիպումներ տեղի կունենան բարձրագոյն աստիճանի լրջութեամբ ու հետեւողականութեամբ: Երեւոյթ մը, որ մօտիկ անցեալին գոյութիւն չունէր: Երիտասարդութիւնը այս երեւոյթին նկատմամբ անտարբեր չի՜ կրնար ըլլալ: Սակայն ո՞ւր է մեր երիտասարդութիւնը այս բոլորին մէջ՚ հարց տուաւ Վեհափառը:

Իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց մասնակցութեան կարեւորութիւնը: ՙԵրիտասարդութիւն եւ կրաւորականութիւն, հակոտնեայ գաղափարներ են, եւ իրարու միշտ հակասող: Երիտասարդութիւնը միշտ ներկայութիւն պէտք է դառնայ մեր հաւաքական կեանքէն ներս: Լուսանցքային չէ՜ անոր դերակատարութիւնը այլ՝ գլխաւոր, կեդրոնական: Նայեցէ՜ք այսօրուան աշխարհին, եւ պիտի տեսնէք որ պատասխանատու դիրքերու վրայ կը գտնուին առաւելաբար երիտասարդներ: Որովհետեւ մեր կեանքը ձեզմով կը նորոգուի ու կը բարգաւաճի: Այլապէս մեր հաւաքական կեանքը կը լճանայ ու կը ճահճանայ: Ձեր թարմ ոյժերուն ու մտքերուն պէտք ունի մեր եկեղեցին, որուն հարազատ զաւակներն էք՚ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

Իր խօսքի վերջին բաժնով, Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ երիտասարդութեան ներկայ կեանքին սպառնացող վտանգներու մասին. ՙՄտածելակերպերու, կենցաղակերպերու ականատես կըլլանք յաճախ, որոնք մեր աւանդութիւններուն չեն համապատասխաներ, բարոյական տարբեր հասկացողութիւններ ըլլալով: Այս երեւոյթներէն շուտով կազդուի երիտասարդութիւնը: Ճիշդ է, այսօրուան աշխարհին մէջ պատեր չենք կրնար հիւսել մեր շուրջ, ոչ ալ կրնանք վանդակներու մէջ ապրիլ, սակայն Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ, մեր երիտասարդութիւնը կրնայ գտնել ճիշդ ուղին, իր հետ նաեւ վերանորոգելով եկեղեցին, իր առաքելութեան ու իր ծառայութեան մէջ: Եկեղեցւոյ իմաստը միայն վայրին սրբոթեամբ չի՜ բացատրուիր, այլ՝ անոր առաքելութեան կեսագործումով, որուն պէտք է մասնակից դառնայ մեր երիտասարդութիւնը՚ շեշտեց Վեհափառը:

Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ուղեգիծ մը հանդիսացաւ ժողովական յառաջիկայ նիստերուն, որոնք շարունակուեցան յաջորդող ժամերուն, նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցի հիման վրայ: Այնուհետեւ խօսք առաւ Տիար Կարօ Յովհաննէսեան, ՙ21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց ո՞ւր է հայ երիտասարդը եւ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ զանոնք՚ նիւթը ներկայացնելով: Յովհաննէսեան շեշտեց ազգային ինքնութիւնը եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը հայ երիտասարդութեան մօտ: Կոչ ուղղեց ՙմշակոյթ՚ հասկացողութիւնը վերարժեւորման ենթարկել, եւ լեզուի պահպանումը նկատեց առաջնահերթութիւն, ինքնութեան պահպանման համար: Երիտասարդ տարրերու ներդումին ակնարկելով ան ըսաւ. ՙՄեր պատմութեան մէջ չէ եղած ժամանակ երբ այսքան համալսարանական երիտասարդութիւն ունեցած է մեր ժողովուրդը: Սակայն, այսօր ամէն տեղ մարդոյժի պակաս կը զգանք: Վկայականները ոչ մէկ արժէք ունին, երբ անոնք մեր ազգային գերագոյն շահերուն իրենց նպաստը չեն բերեր, ու մեր գերագոյն նպատակներու կենսագործման չեն ծառայեր՚:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները բաժնուեցան աշխատանքային խմբակներու, արծարծուած հարցերը աւելի մօտէն քննելու եւ բանաձեւելու այդ գծով արտայայտուած գաղափարներն ու մտածումները:

Աշխատանքային խմբակները, յատկապէս հայ երիտասարդութեան ընտրանի այս խումբին կողմէ լուրջ քննարկումներու առիթ տուին, որոնց ընթացքին եղան առողջ քննադատութիւններ, վիճաբանութիւններ եւ մտքերու փոխանակումով ճշմարտութեան որոնումի փորձեր:

Համագումարի նիստերէն մէկը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ, զանազան շրջաններու եւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող երիտասարդութեան փորձառութիւններու փոխանակման: Դարձեալ հարուստ նիւթերով նիստ մը եղաւ այս, որու ընթացքին տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ, իրենց միջավայրին մասին տեղեկութիւն փոխանցելէ աւելի, համարձակութեամբ մատնանշեցին այն մտահոգութիւնները եւ տագնապները, որոնք կը խոչընդոտեն հայ երիտասարդութեան կեանքը: Յիշուեցան նոյնիսկ երիտասարդութեան կեանքին սպառնացող վտանգները, եւ զանոնք կանխարգիլելու հնարաւոր միջոցները:

Յայտնենք, որ Համագումարը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որու աւարտին Հոգշ. Տ. Մակար Աբղ. Աշգարեան կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն մը: Համագումարի աւարտին, մասնակիցներ նաեւ ներկայ գտնուեցան երեկոյեան ժամերգութեան:

 

           

 

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ՝

 

ԱՅՍՕՐ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

 

Read in Arial Armenian font

 

08/14/2008

Հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդական բաժանմունքին, այսօր 14 Օգոստոս 2008-ի առաւօտուն, Կաթողիկոսութեան ամառնային հովոցին՝ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ բացումը կը կատարուի, երիտասարդական համագումարին:

Բաժանմունքը անցնող չորս տարիներու ընթացքին կատարած իր զանազան աշխատանքներուն առընթեր, շուրջ տարիէ մը ի վեր կը պատրաստուէր սոյն համագումարին, որ կընդգրկէ զանազան թեմերէն ու գաղութներէն ժամանած երիտասարդութիւն: Համագումարը կը կրէ ՙՀայ Երիտասարդութիւնը 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց՚ ընդհանուր խորագիրը: Դասախօսական ելոյթներով, մասնակիցներուն համար քննարկելի նիւթեր պիտի հայթայթեն Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Ժընեւի Համալսարանի դասախօս Դոկտ. Ճօ Փիրի, պատմաբան Կարօ Յովհաննէսեան եւ ուրիշներ:

Յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ մասնաւոր ընտրութիւն կատարուած ըլլալով, թիւը սահմանափակուած է մինչեւ 110, համագումարը դուրս բերելու համար զբօսաշրջութեան եւ սոսկ երիտասարդական մեծաթիւ ձեւական հաւաքի մը տպաւորութենէն:

Յառաջիկայ երեք օրերու ընթացքին, մինչեւ Շաբաթ 16 Օգոստոս, դասախօսութեանց ու հաւաքական քննարկումներու ճամբով, հայ երիտասարդութիւնը յուզող լուրջ հարցեր պիտի արծարծուին համագումարի մասնակիցներուն կողմէ: Կլոր սեղաններու շուրջ խօսք պիտի առնեն նախօրոք ճշդուած ներկայացուցիչներ զանազան գաղութներէ, որոնց ներկայացուցած զեկուցումներուն լոյսին տակ, կազմուած խմբակները առանձնաբար պիտի քննարկեն առաջադրուած հարցերը, եւ իրենց արդիւնքը փոխանցեն համագումարի բոլոր մասնակիցներուն:

Համագումարը առիթ պիտի հանդիսանայ լրջօրէն անդրադառնալու յատկապէս Սփիւռքի տարածքին մեր երիտասարդութեան մտահոգութիւններուն եւ տագնապներուն, մասնաւոր թղթածրար մը պատրաստելով այս ուղղութեամբ: Առաջադրուած բոլոր ծրագիրները պիտի փոխանցուին Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի Նորին Սրբութիւնը զանոնք նկատի ունենայ Կաթողիկոսութեան յառաջիկայ գործունէութեան ուղեգծին մէջ, յատկապէս յառաջիկայ ամիսներուն գումարուելիք Ազգային Ընդհ. Ժողովի օրակարգին վրայ:

 

           

 

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ

ՀԵՀՈՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

His Holiness Aram I with the new committee of ACUSA, Sunday 6 July 2008, Bikfaya

Read in Arial Armenian font

 

07/06/2008

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող Հայ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան նորընտիր վարչութիւնը, Կիրակի 6 Յուլիս 2008-ին, ներկայ գտնուեցաւ Պիքֆայայի ամարանոցի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ պատարագին, եւ ապա իր անդրանիկ հանդիպումը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ, ստանալու համար Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը:

Միութեան հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան ներկայացնելէ ետք նորընտիր վարչութեան անդամները ամփոփ կէտերու մէջ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցեալ շրջանին տեղի ունեցած աշխատանքները՝ հրապարակային կամ ներքին ձեռնարկներ, շնորհակալութիւն յատնելով Նորին Սրբութեան, Միութեան նկատմամբ ունեցած հոգածու վերաբերումին համար:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելէ ետք նորընտիր վարչութիւնը, իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց, շեշտը դնելով պատասխանատուութեան ու համարատուութեան գիտակցութեան վրայ:

Յայտնենք, որ Շաբաթ 28 Յունիսին տեղի ունեցած էր ՀԵՀՈՄի տարեկան ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին Վարչութեան անդամ ընտրուած էին՝ Աստղիկ Ճամպուլեան, Կասիա Գույումճեան, Արտակ Մանուկեան, Նազելի Գանտահարեան եւ Ռազմիկ Միքայէլեան:

 

 

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐ

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

 

Read in Arial Armenian font

 

05/27/2008   

Յառաջիկայ Յուլիս 17-19 Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայերէն լեզու, կրօն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու համագումար, նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական-կրթական Բաժանմունքին:

Ինչպէս ծանօթ է, 2004 Օգոստոսին ՙՀայեցի Դաստիարակութինը Այսօր՚ թեմայով համասփիւռքեան համագումար մը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի մէջ եւ յիշեալ համագումարին ճշդուած էր շարունակել նոյն գործընթաց աւելի մասնագիտական մօտեցումով ու խորացումով քննարկելու ու համապատասխան ծրագիրներ մշակելու հայեցի դաստիարակութեան առնչուած խնդիրներու ու մտահոգութիւններու գծով:

Արդարեւ, հայ դպրոցը իր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկն է: Այս մտահոգութենէն մեկնած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ՙԳալուստ Կիւլպէնկեան՚ Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին հետ գործակցաբար կը շարունակէ դիմել շարք մը գործնական նախաձեռնութիւններու: Ահա այս ծիրէն ներս եւ վերոյիշեալ Համասփիւռքեան համագումարի որպէս շարունակութիւն տեղի պիտի ունենայ հայերէն լեզու, կրօն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու համագումար մը: Համագումարի ընթացքին լայնօրէն պիտի քննարկուին յիշեալ նիւթերուն առնչուած բոլոր հարցերը՝ լեզու, մանկավարժական մեթոտ, ուսուցիչ, դասագիրք, կրթական ծրագիր, եւլն.: Համագումարին պիտի մասնակցին Սփիւռքի զանազան գաղութներու դպրոցներէն ներս յիշեալ նիւթերը դասաւանդող ուսուցիչ ուսուցչուհիներ:

Անոնք որոնք հետաքրքրուած են, կրնան դիմել Կաթողիկոսարանի Հայագիտական-կրթական Բաժանմունքի պատասխանատու Պրն. Սարգիս Կիրակոսեանին:

Օգոստոս 14-16 2008 Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդաց համասփիւռքեան համագումար: Յիշեալ համագումարը տեղի պիտի ունենար երկու տարիներ առաջ, սակայն Լիբանանէն ներս տիրող քաղաքական անկայուն պայմաններուն հետեւանքով յետաձգուած էր: Համագումարին բնաբանն է՝ ՙՀայ Երիտասարդը 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց՚: Համագումարի ընթացքին պիտի տրուին դասախօսութիւններ, տեղի պիտի ունենան կլոր սեղաններ եւ խմբային քննարկումներ: Համագումարին պիտի մասնակցին աւելի քան հարիւր երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն: Այս ուղղութեամբ հետաքրքրուողները կրնան դիմել Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սահակ Աբղ. Եմիշեանին:

 

 

 

 

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՙՈՍԿԵԴԱՐԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ՚ ՆԻՒԹՈՎ

 

Read in Arial Armenian font

05/17/2008 

Շաբաթ, 17 մայիս 2008-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) տեղի ունեցաւ շահեկան դասախօսութիւն մը՝ ՙՈսկեդարը եւ հայկական ինքնութիւնը՚ նիւթով:

ՀԵՀՈՄ-ի Անթիլիասի մայրավանքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած դասախօսական երեկոյին բացման խօսքը ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան անունով արտասանեց Կասիա Գույումճեան, որ ներկայացուց օրուան դասախօս, մտաւորական եւ մանկավարժ Գրիգոր Շահինեանը: Վերջինս նախ անդրադարձաւ 4-րդ եւ 5-րդ դարերը բնորոշուած պատմական անցքերուն՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան իբրեւ պետական կրօն հռչակումը կատարուեցաւ շեշտելու համար հայ ժողովուրդի իւրայատկութիւնը:

Այնուհետեւ Գրիգոր Շահինեան բաւական երկար անդրադարձաւ 387 թուականին Բիւզանդական կայսրութեան եւ Սասանեան Պարսկաստանի միջեւ Հայաստանի բաժանումէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին: Գրիգոր Շահինեան այս խորապատկերին վրայ խօսեցաւ Ոսկեդարու, եւ մանաւանդ՝ հայ գիրերու գիւտին մասին՝ ընդգծելով, որ հայ գիրերու գիւտը եկաւ աւելի եւս ամրապնդելու հայոց ազգային ինքնութիւնը:

Գ. Շահինեան շեշտեց, որ ներկայիս կը շարունակուի ինքնութեան պահպանման պայքարը: Դասախօսութեան աւարտին ներկաներուն հետ զրոյցի միջոցով անդրադարձ կատարուեցաւ հայ ազգային ինքնութիւնը բնորոշող այլ երեւոյթներու եւս:

 

 

ՀԵՀՈՄ-ԱԿԱՆՆԵՐԸ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

ԱՆՑՈՒՑԻՆ ԽԹՄԱՆ ԵՐԵԿՈՆ

 

ACUSA members celebrate Easter eve with children, Saturday 22 March 2008

 

Read in Arial Armenian font

03/22/2008 

Հայ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կազմակերպութեամբ, այս տարի խթման գիշերին յատուկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ հայ մանուկներուն համար:

Շաբաթ 22 Մարտ 2008-ի երեկոյեան, Խթման սուրբ եւ անմահ պատարագի համար եկեղեցի յաճախող երեխաներու խումբ մը, իրենց ծնողներուն հետ, միասնաբար իւրայատուկ յայտագրի մը մասնակցեցան, Կաթողիկոսարանէն ներս գտնուող ՀԵՀՈՄ-ի կեդրոնատեղիէն ներս: Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական ուսանողները յատուկ խաղերով զուարճացուցին հայ մանուկները, զատկուան տօնին խորհուրդը փոխանցելով անոնց: Այս առիթով նաեւ յատուկ բացատրութիւններ տրուեցան անոնց, Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշափառ դէպքին մասին, որուն յաղթանակի խորհրդանիշ եղող հաւկթախաղով, իր աւարտին հասաւ խանդավառ երեկոն:

 

 

ԿԱՐԴԱՑԷ՜Ք ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ 11-ՐԴ ԶՐՈՅՑԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՈՎ

ՆԱԽԱՊԷՍ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԶՐՈՅՑՆԵՐԸ ԿԱՐԴԱԼ ՀՈՍ

 

 

ՀԵՀՈՄԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ՊԱՏՍՊԱՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

Members of the Armenian Church University Students' Association (ACUSA) visit the elderly at the Armenian KAHL institution, Saturday 12 January 2008

Read in Arial Armenian font

01/12/2008 

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) 2008 տարուան իր ձեռնարկները սկսաւ վերանորոգ թափով, եւ իբրեւ առաջին ձեռնարկ, մարդասիրական այցելութիւն տուաւ Պուրճ Համուտի Ազգ. Ծերանոցի պատսպարեալներուն:

Տարիներու աւանդութիւն դարձած այս այցելութիւնը, հայ համալսարանական երիտասարդութեան համար դաստիարակիչ դեր կը կատարէ: Միութեան Հոգեւոր Խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ միութեան անդամները 12 Յունուար 2008-ին, մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին Ազգ. Ծերանոցին մէջ պատսպարուած մեր հայրերուն ու մայրերուն:

Միութեան անդամ երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները մի առ մի այցելեցին սենակները, եւ իւրաքանչիւր ծերունիի յայտնեցին իրենց քաջալերանքն ու Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններըԾերունիները աղօթքներով ու բարեմաղթանքներով դիմաւորեցին իրենց այցելող ՀԵՀՈՄ-ականները, եւ ծնողական յուզումով աղօթքներ մրմնջացին, որպէսզի Աստուած պահէ ու պահպանէ զանոնք, ու Իր ճամբուն մէջ հաստատէ անոնց քայլերը:

Սոյն այցելութեան ընթացքին, հաստատութեան պատասխանատուներուն հետ ունեցած իրենց հանդիպման ընթացքին, համալսարանական ուսանողները աւելի մօտէն ծանօթացան Ազգային Ծերանոցի տարած աշխատանքներուն եւ անոր ունեցած դերին մասին: Ապա, անոնք իրենց շնորհակալութիւնները յայտնեցին տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան այս գեղեցիկ առիթը ստեղծելուն համար: Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Միութեան անդամները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան Ազգային Ծերանոցէն:

 

  

 

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝

ՀԵՀՈՄ-Ի ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՆ (ԹԻՒ 4)

ԵՒ ԳՐՊԱՆԻ ՕՐԱՑՈՅՑԸ:
 

to top