15-20 ՄԱՐՏ
ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿ ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ ԵՒ ՄՏԱՆԵԼՈՅՆ Ի ՎԻՐԱՊՆ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սերած է Պարթեւական տոհմէն եւ որդին է Անակի: Ըստ աւանդութեան, Անակ Պարթեւներու Արտաշիր արքային հրահանգով Հայաստան կու գայ եւ դաւադրաբար կը սպաննէ Հայոց Խոսրով թագաւորը: Անակ ճարպիկ գտնուելով, Խոսրովի կը ներկայանայ որպէս Արտաշիր արքայի կողմէ եւ պարսկական զօրքերէն հալածուած մէկը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ Խոսրովի կողմէ սիրալիր ընդունելութեան: Գրիգոր երբ մէկ տարեկան էր, իր հայրը՝ Անակ կը սպաննէ Խոսրովը: Խոսրով՝ իր հոգեվարքին մէջ կը հրահանգէ սուրէ անցընել Անակի ընտանիքը: Գրիգոր փոքրիկ մանուկ ըլլալով, կը փախցուի Կեսարիա եւ կ’ազատի կոտորածէն: Կեսարիան ըլլալով քրիստոնէութեան կարեւորագոյն եւ հռչակաւոր կեդրոններէն մէկը, մանուկը կը մկրտեն եւ կ’անուանեն Գրիգոր: Կեսարիոյ մէջ Գրիգոր կը ստանայ յունական ուսում եւ քրիստոնէական բարոյական կրթութիւն: Ան կանուխ հասակին կ’ամուսնանայ Դաւիթի դստեր Մարիամի հետ եւ անկէ կ’ունենայ երկու զաւակ՝ Վրթանէս եւ Արիստակէս: Երեք տարիներ ետք Գրիգոր եւ Մարիամ փոխ համաձայնութեամբ կը դադրեցնեն իրենց ամուսնական կեանքը, Գրիգոր գործով կը հեռանայ Կեսարիայէն իսկ Մարիամ կուսանոց մը կը քաշուի: Գրիգորի երկու որդիներէն Արիստակէս կ’աշակերտի Նիկոմաքոսի, իսկ Վրթանէս աշխարհիկ կեանքի կը վարէ եւ ըստ պատշաճի կ’ամուսնանայ: Խոսրովի մահէն ետք Հայաստան կը մտնեն պարսիկները եւ սուրէ կ’անցընեն Խոսրովի ընտանիքը: Այս ցաւալի կոտորածէն կ’ազատի փոքրիկ Տրդատը եւ կ’ապաստանի հռոմայեցիներու մօտ: Մանկութիւնը հռոմէական բանակի մէջ անցընելով, կը դաստիարակուի հռովմէական կրթութեամբ եւ զինուորական վաժութիւններով: Ծառայելով հռոմէական բանակին մէջ, կը մտնէ Հայաստան եւ կը տիրէ հօրենական գահին, սակայն պարսկական ճնշումներու հետեւանքով կը ստիպուի դարձեալ նահանջել: Առաջին գրաւումէն 13 տարիներ ետէ, 287-ին, վերջնականապէս կը գրաւէ իր հօրենական գահը: Այս արշաւներու ժամանակ Գրիգոր թաքցնելով իր ինքնութիւնը միշտ եղած է Տրդատի կողքին, օգնելով եւ հաւատարմութեամբ ծառայելով անոր, քաւելու համար իր հօր դաւադրութեան մեղքը: Տրդատ իր կատարեալ եւ վերջնական յաջողութեան համար նախքան մայրաքաղաք հասնիլը, ուզեց գոհաբանական մեծ հանդիսութիւն մը սարքել Երէզ աւանի մօտ գտնուող Հայոց Դիցամօր՝ Ոսկիածին Անահիտի տաճարին մէջ: Սովորութեան համաձայն ծաղկեայ պսակներով կը պատուէին չաստուածուհին: Տրդատ, որպէս հաւատարիմ եւ մտերիմ Գրիգորի, պատիւ կը շնորհէ անոր, ծաղկեպսակները ընծայելու Դիցուհիին: Գրիգոր որպէս ճշմարիտ քրիստոնեայ, կը մերժէ եղած առաջարկը: Տրդատ գինովցած եւ իր արքայական ինքնասիրութէնէն մղուած, կը ջանայ ստիպել, բայց Գրիգոր հաստատակամ կը մերժէ: Տրդատ կը ստիպուի չարչարանքներու եւ տանջանքներու դիմել, ճզմելու համար Գրիգորի անպարտելի դիմադրութիւնը: Այսպիսով կը սկսի Գրիգորի անկանխատեսելի եւ սրտառուչ չարչարանքներու շարանը: Օրմանեանէ օգտուելով ամփոփ կերպով ներկայացնենք չարչարանքներէն ոմանք. ա) Ձեռքերը կապած, բերանը սանձ անցուցած, կռնակը աղի բեռ, կուրծքը քելոց, բարձրաւանդակէ կախուած: բ) Մէկ ոտքէն կախելով ներքեւէն աղբ ծխել, եւ դալար գաւազաններով ծեծել: գ) Ոտքերը կոճղերու մէջ ճզմել: դ) Ոտքին երկաթէ բեւեռներ գամելով քալեցնել ու վազեցնել: ե) Գլուխը կռփահար ծեծել: զ) Գլուխը մամուլին դնելով քիթէն քացախ եւ բորակ փչել: է) Գլուխը մոխրալից պարկի մէջ գոցել: ը) Գլխիվայր կախելով եւ նստոյ տեղւոյն ձագար անցընելով, փորը ջուր լեցնել: թ) Կողերը երկաթէ ճանկերով քերել: ժ) Գետինը երկաթէ տատասկներ սփռելով վրայէն քաշկռտել: ժա) Ծունկերը երկաթէ կապիճներու մէջ պնդել, եւ բազուկներէն կախել: ժբ) Հալած կապարով մարմինը այրել: Գրիգորի յամառ դիմադրութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքի հանդէպ աննուաճ հաւատարմութիւնը հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն բացայայտելու Գրիգորի անցեալը: Տաճատ իշխան կը յաջողի բացայայտել Գրիգորի ինքնութիւնը եւ Տրդատին կը յայտնէ թէ տիրասպան Անակի որդին է: Տրդատ այս լսելով շատ աւելի կը զայրանայ եւ կը հրամայէ Գրիգորը նետել մահապարտներու համար սահմանուած Արտաշատի խոր վիրապը: Տասներեք տարիներ Գրիգոր մնաց այդ գուբին մէջ, ուր կային զազրելի եւ գարշելի սողուններ եւ կենդանիներ: Այդ վիրապին մէջ մահապարտները չդիմանալով, անձնասպանութեամբ վերջ կու տային իրենց ողբալի կեանքին: Գրիգոր աստուածային նախախնամութեամբ անվնաս ապրեցաւ տասներեք տարիներ, որոնց ընթացքին բարեպաշտ այրի կին մը կը հոգար զինք՝ սնունդ հայթայթելով իրեն, արքայաքոյր Խոսրովիդուխտի թելադրութեամբ: Այդ շրջանին Տրդատ զայրոյթով լեցուած Գրիգորի դէմ՝ կը սկսի հալածել քրիստոնեաները: Գրիգոր Լուսաւորչի բանտարկութեան տասներեքերորդ տարին էր երբ Հայաստան կու գան Հռիփսիմեան կոյսերը: Դիոկղետիանոս ուզելով ամուսնանալ իր տիրապետութեան տակ գտնուող ամէնէն գեղեցիկ աղջկան հետ կ’ընտրէ Հռիփսիմէ կոյսը: Հռիփսիմէ ազատելու համար այս ամուսնութենէն, իրեն հետեւող կոյսերուն հետ կը փախչի Հայաստան: Սակայն 40 կոյսերու յայտնուիլը եւ մանաւանդ Հռիփսիմէի գեղեցկութեան հռչակը կը տարածուի ամբողջ շրջանի մէջ: Տրդատ հիանալով Հռիփսիմէի գեղեցկութեան, կը հրամայէ իր մօտ բերել զայն: Հռիփսիմէ չի հնազանդիր: Բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք ուրիշ 32 կոյսերու հետ կը մարտիրոսանայ: Յաջորդ օրը Գայանէ, երկու կոյսերու հետ մարտիրոսանալով կը միանան միւս երանելի կոյսերուն: Աւանդութեան յամաձայն Տրդատ խորապէս կ’ազդուի այդ նահատակութենէն: Հինգ օրեր շարունակ հոգեկան տագնապներէ խուսափելու համար կ’որոշէ որսի ելլել: Հոգեկան ցնցումներն ու անհաւասարակշռութիւնները կ’աւելնան: Այս մթնոլորդին մէջ, նման մոլեգին վիճակ կը ստանային նաեւ բազմաթիւ պալատականներ: Տրդատի քոյրը Խոսրովիդուխտ, տեսիլք կը տեսնէ, թէ այս հալածախտը միայն Գրիգոր Լուսաւորիչ կրնայ բժշկել: Սակայն ծիծաղի առարկայ կը դառնայ Խոսրովիդուխտի այս յայտարարութիւնը, քանի արդէն 13 տարիներ անցած էին Գրիգորի բանտարկութէնէն: Նոյն տեսիլքը բազմիցս կրկնուելով կը ստիպուին գոհացում տալ Խոսրովիդուխտի եւ Օտա Ամատունի իշխանը Արտաշատ կը ղրկուի, ուր կը գտնէ 13 տարիներէ ի վեր խոր վիրապ նետուած Գրիգորը ողջ եւ առողջ: Գրիգոր Վաղարշապատ բերուելով կը բժշկէ Տրդատը եւ պալատականները: Գրիգորի երկրորդ գործը կ’ըլլայ հաւաքել եւ թաղել Հռիփսիմեան մարտիրոս կոյսերու անթաղ մարմինները: Այդ դէպքէն օգտուելով Գրիգոր Լուսաւորիչ յարմար առիթը կը նկատէ քրիստոնէութեան տարածման աշխատանքին սկսելու: Նախ կը հրամայէ հնգօրեայ բացարձակ պահեցողութիւն, որ հիւանդներուն կատարեալ բժշկութիւն կու տայ: Այս կ’ըլլայ այն պահքը որ սովորութեան կը վերածուի կը կոչուի Առաջաւորաց պահք, ըլլալով առաջին պահքը: Լուսաւորիչ անընդատ քարոզելով քրիստոնէութեան, ստեղծագործութեան, աստուածային նախախնամութեան, փրկագործութեան խորհուրդներու մասին, նորադարձները կ’ամրացնէ իրենց հաւատքին մէջ իսկ հեթանոսները դարձի կ’առաջնորդէ: Այս ընթացքին Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսիլք մը կ’ունենայ, ուր կը յայտնուի Միածինը ձեռքը ոսկէ մուրճ մը բռնած եւ արքունիքի դրան առջեւ կը քանդակէ Էջմիածնի պատկերը: Գրիգոր կը ձեռնարկէ Էջմիածնի կառուցման աշխատանքին, որուն կ’ընկերանան Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Գայիանէ ու Ս. Շողակաթ տաճարներու կառուցումը անոնց նահատակուած վայրերուն մէջ: Մինչ այս վկայարաններն ու տաճարները կը կառուցուէին, Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ լրջօրէն կը հետեւէին քրիստոնէութեան արագ տարածման: Տրդատ իր արքայական հանգամանքով 301 թուականին քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք կը հռչակէ եւ կը հրահանգէ քանդել եւ կործանել բոլոր մեհեանները: Այս կոչէն քաջալերուած, Գրիգոր Լուսաւորիչ պետական պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ գործի կը ձեռնարկէ: Վաղարշապատէն մեկնելով կը քանդէ Մեծամօրի Տիրի Մեհեանը, ապա Արտաշատի Անահիտի տաճարը: Անխնայ կը քանդէին բոլոր մեհեանները եւ անոնցմէ գտնուած ոսկիներն ու արծաթները կը բաժնէին աղքատներուն իսկ աւերակ մեհեաններու տարածքը կը յատկացնէին եկեղեցաշինութեան: Քրիստոնէական կրօնքը աւելի հաստատուն ու ամբողջական ըլլալու համար հարկաւոր էր նուիրապետական կարգ մը ստեղծել որ պիտի զբաղէր նորահաստատ քրիստոնեայ Հայաստանի հոգեւոր զարգացման եւ կրօնական գործերով: Տրդատ զգալով հովուապետի եւ եկեղեցական պաշտօնեաներու անհրաժեշտութիւնը, ազգի իշխանները ժողովի կը հրաւիրէ: Ընտրելով Գրիգորը, ձեռնադրուելու համար զայն կը ղրկեն Կեսարիա եւ 302 թուականին Գրիգոր Կեսարիոյ Ղեւոնդիոս արքեպիսկոպոսի կողմէ կը ձեռնադրուի: Գրիգոր Լուսաւորիչ վերադառնալով Հայաստան, Բագաւանի մէջ մեծ շուքով կը դիմաւորուի Տրդատի, պալատական ընտանիքի եւ աւագանիին կողմէ: Խանդավառուած Գրիգոր Եփրատ գետին մէջ կը մկրտէ Տրդատը, Աշխէնը, Խոսրովիդուխտը, բանակը եւ ամբողջ բազմութիւնը: Հայաստան հասնելով Լուսաւորիչ կը հաստատէ կրթական հաստատութիւններ՝ կրօնաւորներ պատրաստելու համար, եւ կը ձեռնարկէ հոգեւոր պաշտամունքի եւ ծիսական արարողութիւններու կազմութեան: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մարմնական տկարութենէ մղուած եւ հակառակ Տրդատի ջանքերուն, կ’առանձնանայ: Ս. Գրիգորի մահը շատ խաղաղ եղած է: Ան 325 թուականին իր առանձնութեան մէջ աւանդած է հոգին, առանց ոեւէ մէկուն տեղեկութեան: Իր մարմինը կը գտնուի անցորդ հովիւներու կողմէ եւ մեծ փառքով կը թաղուի Թորդան գաւառի Թիլ աւանին մէջ: 7-13 ՄԱՐՏ ՍՐԲՈՑ ՄԱՆԿԱՆՑՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՈՐՔ Ի ՍԵԲԱՍՏԻԱ ԿԱՏԱՐԵՑԱՆ Քառասուն քաջ զինուորներ էին երիտասարդ վկաները, որոնք Կապադովկիոյ կայսերական գունդին մէջ կը ծառայէին եւ անվարան կ’ապրէին իրենց քրիստոնէական կեանքը: Երբ գունդը Սեբաստիա կը գտնուէր, Կեսարիոյ դուքսը՝ Լիւսիաս, հրաման ստացած Լիկիանոս կայսրէն, բանակին մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն կը ստիպէ ուրանալ իրենց կրօնքը: Սակայն քառասուն զինուորները իրենց հաւատքը կը պաշտպանեն քաջութեամբ եւ կը մերժեն ենթարկուիլ հաւատուրացութեան հրահանգին: Այս լսելով Լիւսիաս դուքս, բանտ նետել կու տայ քառասուն զինուորները, որպէսզի յաջորդ օր դատի կանչէ զանոնք: Յաջորդ օր, երբ դատարանին մէջ քառասուն քրիստոնեայ զինուորները անգամը եւս քաջութեամբ կը պաշտպանեն իրենց քրիստոնէական հաւատքը, կը դատապարտուին Սեբաստիոյ սառած գետին մէջ նետուելու, որպէսզի չարաչար մահով սպաննուին: Քառասուն երիտասարդ զինուորները գիշերով կը տարուին գետ եւ կը նետուին սառած ջուրին մէջ: Դուքսը գետեզերքին շինել կու տայ նաեւ տաք բաղնիք մը, որպէսզի իր քրիստոնէութիւնը ուրացողը շուտով մտնէ, ու փրկուի սառելէ: Արդարեւ, քառասուն զինուորներէն մէկը միայն չդիմանանալով սառած ջուրին, դուրս կու գայ գետէն եւ կը վազէ դէպի տաք բաղնիքը, սակայն մարմնի ջերմաստիճանին կտրուկ փոփոխութեան հետեւանքով, անմիջապէս հոգին կ’աւանդէ: Գիշերը գետը կը լուսաւորուի պայծառափայլ թագերով, որոնք կու գան եւ կը հանգչին իւրաքանչիւր զինուորի գլխուն վրայ: Այս դէպքը տեսնելով պահապան զինուորներէն մէկը անմիջապէս կը վազէ եւ պոռալով ՙԵս ալ քրիստոնեայ եմ եւ Քրիստոսը կը պաշտեմ՚, կը նետուի գետ եւ կը միանայ մարտիրոս զինուորներուն, քառասուներորդ լուսապսակին արժանանալով: Յաջորդ օր, դուքսին հրամանով սուրբ մարտիրոսներուն մարմինները դուրս կը բերուին գետէն եւ կ’այրուին: Քաղաքին եպիսկոպոսը, գիշեր ատեն գաղտնի կը հաւաքէ սուրբերուն աճիւնները եւ կը թաղէ զանոնք 320 թուականին:
ՍՐԲՈՑՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՍՐԲՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ՄԵՐՈՑ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ՕՁՆԵՑՒՈՅՆ, ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ՈՐՈՏՆԵՑՒՈՅՆ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐԻ ՏԱԹԵՒԱՑՒՈՅՆ Ս. Յովհաննէս Երուսաղէմի Հայրապետ Յովհաննէս Երուսաղէմացի եղած է յաջորդը Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմի հայրապետին՝ 386 թուականին: Ան սրբակենցաղ եղած է անձ մը, կրօնական գիտելիքներով հարուստ, եւ պերճախօս քարոզիչ: Նոյնիսկ իր կենդանութեան զինք կը նկատէին կենդանի նահատակ: Իր քաջ եւ իմաստուն վերաբերումին պատճառաւ կրցած է առաջքը առնել բազմաթիւ խնդիրներու: Համբաւը տարածուած էր մինչեւ Ափրիկէ եւ Հռոմ: Ան պարզ մահով վախճանած է՝ 417 թուականին:
Ս. Յովհաննէս Օձնեցի Հայրապետ Արաբական տիրապետութեան ու հալածանքներուն շրջանին ազնուական ընտանիքի զաւակ՝ Ս. Յովհաննէս Օձնեցի Հայրապետ, իր մտքի փայլքով ու ֆիզիքական գեղեցկութեամբ ուշադրութիւնը գրաւած է նոյնիսկ Էօմէր Խալիֆային, որ մինչեւ Դամասկոս հրաւիրած է Հայրապետը, մօտէն ճանչնալու համար զայն: Օձնեցի Հայրապետ երբ իր փառաւոր զգեստներով կը ներկայանայ Խալիֆային, վերջինը հարց կու տայ իրեն թէ Քրիստոս հեզ եւ անձ եղած ըլլալով, ինչո՞ւ ինք այդպէս փառաւոր զգեստներով կը պճնուի: Յովաննէս Հայրապետ նախ կը խնդրէ ներկաներէն որ առանձին ձգեն զինք Խալիֆային հետ եւ ապա հանելով շքեղ զգեստները ցոյց կու տայ անոնց տակ հագած այծի մորթէ քուրձը: Այս տեսնելով, Խալիֆան կը հիանայ եւ կը կատարէ Հայրապետին փափաքները, քրիստոնէական կրօնը պաշտելու ազատութիւն տալով: Ս. Յովհաննէս Հայրապետ, ծնած է 650-ական թուականներուն, Օձուն գիւղին մէջ: Աշակերտած է Թէոդորոս Քռթենաւոր վարդապետին: 717-ին կաթողիկոսական գահ կը բարձրանայ եւ տասնմէկ տարի կը գահակալէ: Իր ծեր տարիքին կը քաշուի ծննդավայրը, ուր խումբ մը վարդապետներու հետ կը նուիրուի աղօթքի եւ ճգնութեան եւ 728-ին կը կնքէ իր բազմավաստակ կեանքի վախճանը: Մեծ է իր վաստակը հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան ծիրէն ներս: Հաւաքած ու կազմած է Կանոնագիրքը: Նաեւ հեղինակը եղած է բազմաթիւ ճառերու եւ գրութիւններու որոնք յստակօրէն կը պարզեն Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական սկզբունքները: Ս. Յովհաննէս Կաթողիկոսի սրբակենցաղ տիպարը դարեր շարունակ արժանացած է ժողովուրդին յարգանքին եւ երախտագիտութեան ու անոր գերեզմանը եղած է հաւատացեալներու ուխտատեղի:
Ս. Յովհաննէս Որոտնեցի 14-րդ դարուն երբ Ունիթոռ աղանդաւորական շարժումը բուռն կերպով մուտք գործած էր Հայաստան եւ վտանգ կը սպառնար Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութեան, ի յայտ կու գայ իմաստասէր եւ մեծ աստուածաբան Յովհաննէս վարդապետը: Ան Օրբելեան ազնուական տոհմի զաւակ է, ծնած 1315 թուականին Սիւնեաց աշխարհի Որոտն գաւառին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն կը մտնէ եկեղեցական կեանքին մէջ եւ կը նուիրուի գիտութեան եւ ուսուցման: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Գլաձորի վանքին մէջ, Եսայի Նչեցի նշանաւոր վարդապետին շունչին տակ: Ապա անոր մահէն ետք՝ 1338-ին, կը փոխադրուի Տաթեւի վանքը, ուր կը հիմնէ իր դպրոցը եւ կ’ունենայ բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք լաւապէս զինուած ըլլալով կրօնական գիտութեամբ, իւրաքանչիւրը իր կարգին նշանաւոր կը դառնայ: Ս. Յովհաննէս Որոտնեցի վարդապետ իր կեանքի վերջին եօթը տարիները կ’անցնէ Ապրակունեաց վանքին մէջ եւ 1388 թուականին կը մահանայ եւ կը թաղուի նոյն վանքին մէջ: Ան իր աշակերտին՝ Գրիգոր Տաթեւացիի միջոցաւ, կը ձգէ հսկայ գրական աշխատանքներ, որոնց մեծ մասը մեկնութիւններ, քարոզներ եւ իմաստասիրական բացատրութիւններ են:
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի Գրիգոր Տաթեւացի եղած է Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն վարդապետներէն մէկը: Ան քաջաբար ու իմաստութեամբ պաշտպանած է Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքը, իր քարոզութեամբ եւ գրական գործնէութեամբ: Գրիգոր ծնած է 1346-ին, Սիւնեաց Արճէշ քաղաքին, խոնարհ դասակարգի ընտանիքին մը մէջ: Փոքր տարիքէն ուսումնատենջ ըլլալով, 14 տարեկանին կը ղրկուի Տաթեւի վանք եւ այնտեղ 28 տարիներ կ’աշակերտի Յովհաննէս Որոտնեցի նշանաւոր վարդապետին: 25 տարեկանին, իր ուսուցիչին հետ որպէս ուխտաւոր Երուսաղէմ գտնուած միջոցին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ ապա կը վերադառնայ Տաթեւի վանք ուր կը զարգանայ գիտութեամբ եւ իմաստութեամբ: Տարիներ ետք, ան կը ստանայ վարդապետական աստիճանները եւ ապա 40 տարեկանին, գտնուելով Ապրակունեաց վանքին մէջ, կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետական աստիճաները իր ուսուցիչին ձեռքով: Յովհաննէս Որոտնեցիի մահէն ետք, Գրիգորի կը ստանձնէ Ապրակունեաց վանքի վանահայրութեան պաշտօնը, ուր երկու տարի կը մնայ եւ ապա կը վերադառնայ Տաթեւի վանք եւ կ’ունենայ իր աշակերտները: Գրիգոր մօտաւորապէս 25 տարիներ կը գործէ Տաթեւի վանքին մէջ եւ կ’ունանայ բազմաթիւ աշակերտներ: Ան իր կեանքի վերջին երկու տարիները կ’անցնէ իր ծննդավայրին մէջ, սակայն կը վախճանի Տաթեւի վանքին մէջ 1410 թուականին: Գրիգոր Տաթեւացի եղած է 14-րդ դարու նշանաւոր վարդապետներէն մէկը, որ իմաստութեամբ եւ գրական լուրջ աշխատանքով դէմ դրած է այդ ժամանակաշրջանի Ունիթոռական աղանդին: Անոր բեղուն աշխատանքներէն ամենանշանաւոր աշխատութիւնը եղած է ՙԳիրք Հարցմանց՚ը, որ հարց – պատասխանի ոճով մանրամասնօրէն կը բացատրէ Հայ Առաքեական Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնն ու դաւանանքը: Նաեւ նշանաւոր է Ամարան Հատոր եւ Ձմերան Հատոր քարոզախօսական գործերով: 22-27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ՍՐԲՈՑՆ ԿԻՒՐՂԻ ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՄԻՒՍ ԿԻՒՐՂԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ԵՒ ՄՕՐՆ ՆՈՐԱ ԱՆՆԱՅԻ Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմի հայրապետ Կիւրեղ եղած է քրիստոնէական եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրերէն մէկը, բայց իր մասին տեղեկութիւններ կը պակսին: Ան ծնած է 315 թուականին եւ Երուսաղէմի աթոռին վրայ պատրիարք ընտրուած 349 թուականին: Իր գահակալութեան ընթացքին, բազմիցս կ’աքսորուի արիոսական աղանդաւորներուն կողմէ, որոնք այն ժամանակ լեցուած էին Երուսաղէմին մէջ, բայց ի վերջոյ 378 թուականին վերջնականապէս կը վերահաստատուի իր աթոռին վրայ եւ 381 թուականին կը մասնակցի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գումարուած եկեղեցւոյ Տիեզերական երկրորդ ժողովին: Ապա 386 թուականին բնական մահով կը վախճանի: Իր գործերէն նշանաւոր է ՙԿոչումն Ընծայութեան՚ գիրքը, որ հինգերորդ դարուն հայերէնի ալ թարգմանուած է: Այս աշխատութեամբ, Ս. Կիւրեղ մկրտութեան կը նախապատրաստէ չափահաս երախաները:
Ս. Կիւրեղ եպիսկոպոս եւ անոր մայրը՝ Ս. Աննա Բուն անունով Յուդա եւ ազգով հրեայ էր Կիւրեղ, որ Հեղինէ թագուհիին Երուսաղէմ այցելութեան ժամանակ, կ’առաջնորդէ եւ օգտակար կը դառնայ թագուհիին, գտնելու համար Քրիստոսի խաչափայտը: Ս. Խաչափայտը գտնուելէն ետք, Յուդա, իր մօրը՝ Աննայի հետ քրիստոնեայ կը մկրտուի, եւ նոյնիսկ կը բարձրանայ եպիսկոպոսութեան աստիճանին: Սակայն երբ Յուլիանոս Ուրացող Երուսաղէմ կու գայ, զանազան չարչարանքներու կ’ենթարկէ Կիւրեղ եպիսկոպոսը եւ ցիցի վրայ բարձրացնելով կը սպաննէ զինք: Ապա իր մայրը՝ Աննան մազերէն կախելով, մինչեւ ոսկորները քերթել կու տայ անոր մարմինը: Այսպիսով մայր եւ որդի կ’արժանանան արքայութեան, յաւիտեանս ապրելու համար Խաչեալին հետ:
15-20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ՍՐԲՈՅՆ ԹԷՈԴՈՐՈՍԻ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ Ամասիացի քաջ եւ առաքինի երիտասարդ մը եղած է Թէոդորոս, որ գրաւելով շրջանին զօրապետին ուշադրութիւնը, կը զինուորագրուի բանակին մէջ: Ան եղած է քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակ եւ կանուխ տարիքէն կորսնցուցած է իր հայրն ու մայրը: Հակառակ զօրավար կոչումին, ան նախընտրած է երկնաւոր թագաւորին պարզ զինուոր մնալ, քան երկրաւոր թագաւորին զօրավարը: Նշանաւոր եղած է որպէս վիշապասպան: Օր մը ճամբորդութեան ընթացքին գետեզերքի մը ծառին տակ հանգչած ժամանակ, գետէն հսկայ վիշապ օձ մը ելլելով կը յարձակի իր վրայ: Ան անմիջապէս սուրը հանելով երկուքի կը բաժնէ վիշապը: 304 թուականին Դիոկղետիանոսի հալածանքի հրովարտակէն ետք, փաստելու համար թէ կուռքերը պարզապէս քարէ կամ մարմարէ շինուած անշունչ նիւթեր են, կրակ կու տայ քաղաքի մեհեանի կուռքերուն եւ կը փոշիացնէ զանոնք: Ատեան կանչուելով քաջութեամբ կը խոստովանի եւ կը յայտնէ իր նպատակը եւ խարոյկի մահուան կը դատապարուի: Ան, բանտին մէջ շղթայակապ եւ խարոյկին վրայ կապուած, անդադար սաղմոս կ’երգէր, օրհնաբանելով զԱստուած, մինչեւ իր նահատակութեան վերջին վայրկեանը, երբ երկինք բարձրացաւ որպէս քաջ զինուոր, միանալու Աստուծոյ բանակին՝ 306 թուականին:
8-13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ՍՐԲՈՑՆ ՄԱՐԿՈՍԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ, ՊԻՈՆ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ, ԿԻՒՐՂԻ ԵՒ ԲԵՆԻԱՄԻՆԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑՆԷ ԵՒ ՎԿԱՅԻՑՆ ԱԲԴԼՄՍԵՀԻ, ՈՐՄԶԴԱՆԱՅ ԵՒ ՍԱՅԷՆԻ Ս. Մարկոսի եպիսկոպոս Մարկոս եղած է Սուրիոյ Արիթուս քաղաքի եպիսկոպոսը: Ապրած Դ. դարուն: Անոր ունեցած գրչի եւ խօսքի կարողութիւններէն հմայուած, արիոսականներ ուզեցին օգտուիլ իրմէ, եւ զինք իրենց վարդապետութեան ջատագովը դարձնել: Ուստի փորձեցին սիրաշահիլ զինք եւ հրաւիրել զանազան ժողովներու: Ան մասնակցեցաւ արիոսական զանազան ժողովներու, նկատուելով կիսարիոսական եւ եղաւ հեղինակը ՙՈրդին յամենայնի նման է Հօրը՚ բանաձեւին: Սակայն Սելեւկիոյ ժողովէն ետք, ամբողջութեամբ վերադարձաւ ուղղափառութեան: Յուլիանոս Ուրացող կայսեր օրերուն հալածուեցաւ հեթանոսներէ եւ մանաւանդ կործանած ըլլալով հեթանոսական մեհեան մը, ենթարկուեցաւ ծանր չարչարանքներու եւ ի վերջոյ աքսորուեցաւ հեռաւոր կղզի մը, ուր իր կեանքին մնացած օրերը անցուց, հեթանոսները քրիստոնեայ դարձնելով, ուր եւ կնքեց իր մահկանացուն:
Ս. Պիոն քահանայ Պիոն եղած է Զմիւռնիոյ քահանան եւ իր կեանքը ապրած քաջութեամբ եւ հեթանոսներու դէմ պայքարելով ու քրիստոսնեաներուն հաւատքը ամրապնդելով հալածանքներուն դէմ: Ան նոյնիսկ երբ կանչուեցաւ հեթանոսական ատեան, քաջաբար քարոզեց քրիստոնէական կրօնը եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք, ողջ-ողջ այրուեցաւ:
Ս. Կիւրեղ սարկաւագ Ս. Կիւրեղ սարկաւագ ապրած է Փիւնիկէի (Լիբանանի) Հելիուպոլիս քաղաքին մէջ եւ Կոստանդիանոս կայսեր օրով կործանած է բազմաթիւ հեթանոսական մեհեաններ: Յուլիանոս Ուրացող կայսեր օրով կ’ամբաստանուի եւ կը յանձնուի քուրմերու, որոնք յօշոտելով զինք, հանեցին անոր լեարդը եւ կերան զայն: Աստուած պատժեց քուրմերը եւ մեռցուց զանոնք:
Ս. Բենիամին սարկաւագ Ս. Բենիամին սարկաւագ ապրած է Պարսից Յազկերտ Ա.ի հալածանքներու ժամանակաշրջանին: Ան եղած է քրիստոնէութեան մեծ քարոզիչ եւ շատերու դարձին պատճառ հանդիսացած է: Յազկերտ կը բանտարկէ զինք եւ չարչարանքներու կ’ենթարկէ: Յոյներու Թէոդոս Բ. կայսեր միջնորդութեամբ, երկու տարի բանտարկութենէ ետք, ազատ կ’արձակուի: Սակայն շարունակելով իր քարոզութիւնը, այս անգամ Յազկերտի հրամանով զանազան տանջանքներէ ետք, 418 թուականին հոգին կ’աւանդէ ու կ’արժանանայ փառքի պսակին:
Ս. Աբդլմսեհ վկայ Բուն անունով Ասեր, տասնմէկ տարեկան, ծագումով հրեայ, հովիւ տղայ մըն էր Ս. Աբդլմսեհ եւ Պարսկաստանի մէջ ապրող բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակը: Օր մը, երբ իր հօրը ոչխարները կ’արածէր, ծանօթացաւ քրիստոնեայ պատանիներու հետ որոնք նոյնպէս կ’արածէին իրենց ոչխարները: Պատանի քրիստոնեաները խօսեցան անոր Քրիստոսի մասին եւ հրեայ Ասերի խնդրանքով զինք քրիստոնեայ մկրտեցին, վերանուանելով Աբդլմսեհ, որ կը նշանակէ Քրիստոսի ծառայ, եւ անոր ականջին վրայ անցուցին գինդ մը, զոր խորհրդանիշ էր ծառայութեան: Փոքրիկն Աբդլմսեհ նախ ծածուկ պահեց տան մէջ իր քրիստոնէութիւնը եւ ապա իր մօրը յայտնեց զայն: Մայրը ինք եւս ընդունեց զՔրիստոս, մանաւանդ երբ պատանի Աբդլմսեհ պատմեց իրեն այն երազը, ուր Քրիստոս երեւցած էր իրեն եւ ձեռքէն բռնելով հանած էր զինք մութ գուբէն եւ միացուցած հրեշտականման պատանիներու խումբին: Առիթով մը, հայրը տեսաւ գինդը իր ականջին վրայ, հասկցաւ որ ան քրիստոնեայ դարձած է, անգթօրէն ծեծելէ ետք, դաշոյնը քաշելով սպաննեց զաւակը, այն ջրհորին քով, ուր քրիստոսեայ մկրտուած էր: Այսպիսով պատանի քրիստոնեան բաժնուեցաւ իր երկրի ընկերներէն, ու միացաւ երկինքի հրեշտականման պատանիներուն: Մայրը այս տեսնելով նոյն ջրհորին մէջ քրիստոնեայ մկրտուեցաւ: Քրիստոնեայ պատանիները, ողբացին իրենց ընկերոջ մահը եւ միւս կողմէ ուրախացան անոր սրբութեան համար:
Ս. Որմզդան վկայ Ս. Որմզդան, Յազկերտ թագաւորին պալատին մէջ նախարար մըն էր: Սակայն իր քրիստոնեայ ըլլալուն պատճառով, թագաւորը զինք կարգեց ուղտերու երամակ արածող: Ժամանակ մը ետք, թագաւորը անոր ղրկեց նախարարական շապիկներ, որպէսզի յիշեցնէ իր նախկին փառքը, զղջայ եւ վերադառնայ պալատ: Բայց Որմզդան պատռեց այդ շապիկները եւ անարգեց թագաւորին հրաւէրը: Այսպիսով Յազկերտի հրամանով անմիջապէս գլխատուեցաւ եւ միացաւ մարտիրոսներու շարքին:
Ս. Սային վկայ Ազգութեամբ պարսիկ եւ կրօնքով քրիստոնեայ, բարձրաստիճան պաշտօնեայ մըն էր Սային, որ մերժելով վերադառնալ կրակապաշտութեան, Պարսից Յալկերտի թագաւորին կողմէ ենթարկուեցաւ նեղութիւններու: Ան ունէր հազար ծառաներ եւ բազմաթիւ ստացուածքներ: Թագաւորը պատժելով | ||||||||||||