Please follow the instructions to view this page in Armenian 

ԼՈՒՐԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias   His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias   His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias   His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias   His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias   His Holiness Aram I receiving Sunday Schools children, Sunday 6 October 2011, Antelias

Read in Arial Armenian font

11/06/2011 

Նկատի ունենալով, որ կիրակնօրեայ դպրոցները սկսան իրենց բնական աշխատանքին, եւ քաջալերելու համար հայ մանուկներու մասնակցութիւնը կիրակնօրեայ դպրոցներուն, Կիրակի պատարագէն յետոյ Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց կիրակնօրեայ դպրոցներէն խումբ մը մանուկներ, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն:

Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց նախ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն կիրակնօրեայ դպրոցին: Ապա ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ կիրակնօրեայ դպրոցին ջամբած քրիստոնէական դաստիարակութեան:

Յայտնենք, ոը հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներուն հիմը դրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ 81 տարիներ առաջ: Կիրակնօրեայ դպրոցներու լայն ցանց մը կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս: Կիրակնօրեայ դպրոցներուն վարիչ տնօրէնութեան գրասենակը կը գտնուի Կաթողիկոսարանէն ներս:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Read in Arial Armenian font

10/25/2011 

Երեքշաբթի 25 Հոկտեմբեր 2011-ին, բարձր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ բացումը կատարուեցաւ 2011-2012 տարեշրջանի Հայ Կանանց Հոգեւոր Լսարանին: Բացման արարողութեան ընթացքին Քրիստոնէական Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպուեան ողջունեց ներկայ հաւատացեալները եւ անոնց ներկայացուց Լսարանի յայտագիրը:

Նկատի ունենալով, որ 2011 տարին Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ՙՀայ Մանուկի Տարի՚ հռչակուած է, Սուրբ Գրոց սերտողութիւնները կեդրոնացած պիտի ըլլան մանուկին վրայ: Արդ, 2011-ի վերջին եռամսեակը կը կրէ  հետեւեալ խորագիրը.- ՙՀայ Մանուկը` մեր Եկեղեցւոյ ու Ազգին ապագան՚: Հայր Սուրբը շեշտեց քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը սերունդներու առողջ կազմաւորման ու պատրաստութեան համար, մանաւանդ ծանրացաւ մանուկին ընծայուելիք յատուկ գուրգուրանքին վրայ, վեր առնելով անոր Ֆիզիքական ու մանաւանդ հոգեւոր ու ազգային կրթութեան եւ կազմաւորման անփոխարինելի անհրաժեշտութիւնը:

Սուրբ գրոց սերտողութիւնները տեղի կունենան ամէն երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10-էն 11, որուն ընթացքին, միաբան հայրեր հերթական դրութեամբ պիտի կատարեն սերտողութիւնը, իսկ ներկայ հաւատացեալները աղօթքներով, շարականներով եւ սաղմոսերգութեամբ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն:    

 

 

 

 

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՆՈՒԿ ԱՍՏՂ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Children Star Singer contest organized by the directorship of the Sunday Schools, Sunday 7 August 2011

 

Children Star Singer contest organized by the directorship of the Sunday Schools, Sunday 7 August 2011

Read in Arial Armenian font

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2011 թուականը ՙՀայ մանուկի տարի՚ հռչակուելուն առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն կարգին, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր ընթացք առած են այս տարուան մանուկ աստղ երգիչի ընտրութեան աշխատանքները, որոնք իրենց լրումին հասան շաբաթ, 6 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՙՅակոբ Տէր Մելքոնեան՚ թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ:

Արդարեւ, տարբեր լրատուամիջոցներու ճամբով մանուկներուն ուղղուած հրաւէրներուն` մասնակից դառնալու աստղ երգիչի մրցումին, ընդառաջած է շուրջ 50 մանուկ, որոնց ներկայացուցած երգերը ունկնդրելով եւ յատուկ քննութեամբ կարելի եղած է ընտրել միայն 12 մանուկներ, որոնք եւս իրենց կարգին զտուելով հասած են 6-ի: Շաբաթ օր տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին այդ վեց մանուկները` Գոհար Գարակէօզեան, Արփի Արթինեան, Ռաքել Թեքերեան, Լարա Աւետիսեան, Կարօ Գալենտերեան եւ Ասատուր Պասմաճեան սրահը լեցուցած հանդիսականներուն ներկայացուցին հայրենիքին, մօր, Երեւանի նուիրուած երգեր: Անոնց մօտ շատ բացայայտ էր տաղանդի առկայութիւնը, բայց եւ այնպէս այս մրցումի ամբողջ ընթացքին հետեւած դատական կազմն ու ներկաները ստիպուած էին ընտրել անոնցմէ մէկը` իբրեւ աստղ երգիչ: Դատական կազմին անդամներն էին Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան, Շողիկ Թորոսեան, Ժիլպեր Սիմոն եւ Հուրի Գալայճեան:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան դիտել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը կու գայ փաստելու, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբող կեդրոն է, այլ նաեւ կը փոխանցէ հայեցի դաստիարակութիւն, յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ ազգային ու մշակութային մարզերուն, նաեւ այս իմաստով մանուկներու կրթութեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մրցումին մասնակցած մանուկներու ծնողներուն, որոնք իրենց կարգին օժանդակած էին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան, քաջալերած ու նեցուկ կանգնած էին իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնց տաղանդները բացայայտուին: Հայր սուրբը շեշտեց, որ այս նախաձեռնութիւնը աննախընթաց է եւ անիկա յաջողած է շնորհիւ աշխատողներուն միջեւ եղած գործակցութեան ոգիին:

Աւարտին յայտարարուեցաւ մրցումին արդիւնքը, սակայն մէկի փոխարէն ընտրուեցան երեք աստղեր` Կարօ Գալենտերեան, Ռաքել Թեքերեան եւ Արփի Արթինեան: Անոնց նուէրն էր յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանի լրիւ կրթաթոշակ, ինչպէս նաեւ անոնք մէկ տարուան համար պիտի վայելեն Շողիկ Թորոսեանի երաժշտական հոգատարութիւնը` երաժշտական գիտելիքներ ձեռք ձգելով, ինչպէս նաեւ հետեւելով ձայնամարզութեան:

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ  ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐԸ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ

Read in Arial Armenian font 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր բնագաւառները նկատուող Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքները Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ վերակազմակերպումի ու վերաշխուժացման ենթարկուեցան:

Հոգեշնորհ Տ. Մասիս Վրդ. Զօպոյեան նշանակուեցաւ Վարիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, ստանձնելով Սուրբ Գրոց սերտողութեան ու հրատարակութեանց պատասխանատուութիւնը: Իսկ վերջին հինգ տարիներուն նոյն բաժանմունքէն ներս ծառայող Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան ստանձնեց CD-ներու, DVD-ներու պատրաստութեան, ռատիօկայաններուն ու հեռատեսիլներու հետ կապի, Կաթողիկոսարանի յուշատետրի ու գրպանի օրացոյցի պատրաստութեան եւ ձայնագրեալ շարականներու հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը:

Երիտասարդական Բաժանմունքի պատասխանատուութիւնը վարող Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան իր ժամանակին առաւելագոյն բաժինը պիտի յատկացնէ յիշեալ բաժանմունքի աշխատանքներուն: Սեպտեմբերին սկիզբը տեղի պիտի ունենայ Թեմերու երիտասարդական բաժանմունքներու ներկայացուցիչներու համագումար, ուր պիտի քննուին թեմերէն ներս եկեղեցի-երիտասարդութիւն յարաբերութեանց առնչուած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին աջակցութիւնը յիշեալ աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ բաժանմունքներու յանձնախումբերը եւս վերակազմուեցան, որպէսզի անոնք կարենան առաւել աշխուժութեամբ ու նոր պայմաններու ու կարիքներու համապատասխան մօտեցումով կատարել իրենց աշխատանքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ

ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ՙԾԻԱԾԱՆ՚ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ

Read in Arial Armenian font

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2011 տարին հռչակած է ՙՀայ Մանուկի Տարի՚: Այս առիթով գաղութներէն ներս տեղի կ’ունենան յատուկ ձեռնարկներ՝ հայ մանուկին կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ բերող:

Երէկ, 1 Յունիսին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ հռչակուած ՙՄանուկներու Օր՚ուան առիթով Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին ՙԾիածան՚ մանկապատանեկան թատերախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեանին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վարիչ Տնօրէն Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան:

Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց անցնող չորս տարիներու ընթացքին ՙԾիածան՚ մանկապատանեկան թատերախումբին գործունէութիւնը: Ան յատկապէս իր ուրախութիւնը յայտնեց անցնող շաբաթներու ընթացքին նոյն խումբին ներկայացուցած ՙՀայ Մանուկին Իրաւունքը՚ երգախառն թատրոնը: Վեհափառ Հայրապետը, որպէս գործնական արտայայտութիւն հայ մանուկներուն նկատմամբ իր ունեցած սիրոյն ու հոգածութեան, որոշեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններու հովանաւորութիւնը շնորհել ՙԾիածան՚ մանկապատանեկան թատերախումբին:

Յայտնենք, որ ՙՀայ Մանուկին Իրաւունքը՚ երգախառն թատրոնը ԴՎԴ–ի վրայ կարելի է ստանալ Անթիլիասի Մայրավանքի գրախանութէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՂՕԹԱՆՈՒԷՐ ՏԻԿՆԱՑ ԽՈՒՄԲԸ

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ

 

ՙՔՐԻՍՏՈՍԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՃՇՄԱՐԻՏ ՀԱՅԵԼԻՆ՚

Ըսաւ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

His Holiness Aram I met more than 200 Armenian women following Bible Study classes organized by the Christian Education Department of the Catholicosate of Cilicia, Tuesday 31 May 2011, Antelias  His Holiness Aram I met more than 200 Armenian women following Bible Study classes organized by the Christian Education Department of the Catholicosate of Cilicia, Tuesday 31 May 2011, Antelias

His Holiness Aram I met more than 200 Armenian women following Bible Study classes organized by the Christian Education Department of the Catholicosate of Cilicia, Tuesday 31 May 2011, Antelias

His Holiness Aram I met more than 200 Armenian women following Bible Study classes organized by the Christian Education Department of the Catholicosate of Cilicia, Tuesday 31 May 2011, Antelias  His Holiness Aram I met more than 200 Armenian women following Bible Study classes organized by the Christian Education Department of the Catholicosate of Cilicia, Tuesday 31 May 2011, Antelias

 

Read in Arial Armenian font

 

05/31/2011

Երեքշաբթի 31 Մայիս 2011-ին, ամէն Երեքշաբթի Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ հաւաքուող եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին Սուրբ գրային խորհրդածութեանց ծրագրին հետեւող աւելի քան 200 տիկիններ, Վեհարանի դահլիճին մէջ գնահատուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսէն:          

Բաժանմունքի վարիչ պատասխանատու Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի բացման խօսքէն ի յայտ եկաւ, որ անցնող ամբողջ տարեշրջանին, այսօր Վեհարանի դահլիճը լեցուցած մեծաթիւ խումբը, նոյն թիւով ներկայ եղած էր աղօթանուէր հաւաքներուն, ուսումնասիրած էր Աստուածաշունչը, աղօթած էր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական՝ ազգային մեր կեանքի բարօրութեան համար: Հայր Սուրբը նախ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան, յարատեւ քաջալերանքին ու հետաքրքրութեան համար, հանդէպ Բաժանմունքի բոլոր աշխատանքներուն: Ան նաեւ յայտնեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայրերուն հերթական այցելութեամբ ու հոգեւոր, բարոյական ու եկեղեցական դաստիարակիչ դասախօսութիւններով, ներկաները հոգեպէս ու իմացապէս հարստացան ամբողջ տարեշրջանի տեւողութեան:           

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքի խօսքը ուղղելով Բաժանմունքի պատասխանատու Հայր Սուրբին, թելադրեց աւելիին ձգտիլ ու միշտ աւելի մեծ թիւով հաւատացեալներ ներգրաւել եկեղեցւոյ հովանիին տակ: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց մասնակիցները, որոնք իրենց տան պարտականութիւններուն, ամուսնի ու զաւակներու հոգածութեան նուիրական աշխատանքին առընթեր, Աստուծոյ ու մեր եկեղեցւոյ հետ իրենց սուրբ ժամադրութիւնը կը յարգեն ամէն Երեքշաբթի, ներկայ գտնուելով Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցող խորհրդածական պահերուն: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքին միացուց նաեւ խորհրդածական ու քրիստոնէական կեանքի վերլուծման ուղեցոյց-պատգամը, ուր ցոյց տուաւ այն ՙհոգեւոր հայելի՚ն, որուն դիմաց կանգնած իր կեանքը պէտք է դիտէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ: Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. ՙԱստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ, որպէսզի իր կեանքի օրինակով ցոյց տայ մարդուն կեանքը ըմբռնելու ու ապրելու ճիշդ կերպը: Հետեւաբար, Քրիստոս ինքն է մեր կեանքի հայելին, ճշմարիտ մարդու տիպարը. իրեն պէտք է նայիլ մեր կեանքը ճիշդ կերպով հասկնալու ու ապրելու համար, համաձայն աստուածային պատկերին ու պատգամին՚: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառը ըսաւ. ՙԱստուած կեանքը մարդուն տուած է զայն ապրելու նպատակի մը համար: Այդ նպատակը Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատումն է այս երկրի վրայ՝ Քրիստոսով սկսուած ու եկեղեցիի ճամբով շարունակուող: Մարդը իր կեանքը պէտք է ապրի ի խնդիր Աստուծոյ թագաւորութեան տարածման ու հզօրացման: Հետեւաբար, կոչումի գիտակցութեամբ մարդ պէտք է նայի իր կեանքին Քրիստոս դարձնելով իր կեանքին ուղեցոյցը ու հայելին՚

Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ մեր ազգային կեանքին առնչուած կարգ մը յոռի երեւոյթներուն: Ան խօսեցաւ խառն ամուսնութիւններու, հետզհետէ բարձրացող ամուսնալուծումներու, օտար դպրոց յաճախող հայ աշակերտներու թիւի բարձրացումին ու երիտասարդութեան մօտ երեւան եկող այնպիսի երեւոյթներուն, որոնք կը խաթարեն մեր բարոյական ու ազգային ըմբռնումները ու աւանդութիւնները: Յիշելով այս բոլորը, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ մօր դերը թէ՜ յոռի երեւոյթներու կանխարգիլման եւ թէ անոնց սրբագրութեան գծով: Հայ կինը անկախ հանրային կեանքին մէջ ստանձնած տեսակտեսակ դերերէն մեզի համար կը մնայ էապէս մայր, այլ խօսքով՝ ընտանիքին սիւնը, ընտանիքի դաստիարակութեան մէջ կարեւոր դեր ստանձնած դաստիարակը: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի վերջաւորութեան գնահատեց ներկայ տիկիններուն կանոնաւոր մասնակցութիւնը Սուրբ Գրոց սերտողութեան դասընթացքներուն եւ կոչ ուղղեց որ աճի թիւը նման նախաձեռնութիւններու մասնակցող տիկիններուն ու օրիորդներուն:         

Ներկաները Բաժանմունքի վարիչ Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ շարականներ երգեցին, սաղմոսներ արտասանեցին ու աղօթքներ կատարեցին, հոգեւոր շունչով յագեցնելով Հայրապետական ընդունելութեան եզակի պահը: Ապա տեղի ունեցաւ Աջահամբոյր:

Յայտնենք, որ անցնող տարիներուն նման ներկայ տարեշրջանին եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուեցաւ տիկիններու յատուկ Սուրբ Գրոց սերտողութեան դասընթացք: Յառաջիկայ շրջանին եւս նոյն դասընթացքները տարբեր նիւթերով ու մեթոտներով պիտի շարունակուին՝ ի խնդիր մեր կրօնական ու բարոյական արժէքներու տարածման մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

 

 

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՍ ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Read in Arial Armenian font

05/19/2011  

Ուրբաթ 19 Մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Միջազգային Լրատուական կեդրոնին (UCIPLIBAN) հրաւէրով, Télé Lumière հեռատեսիլի կայանի Անթիլիասի կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ լիբանանեան երգչախումբերու աշխատանքային հանդիպում: Սոյն հանդիպման նպատակն էր.-

1.-Լիբանանեան երգչախումբերու միջեւ ստեղծել սերտ գործակցութիւն

2.-Երգչախումբերը հրաւիրել մասնակցելու, 2011-ի Նոյեմբեր 24-էն Դեկտեմբեր 4 կայանալիք ՙԼրատուամիջոցը եւ երիտասարդութեան անյետաձգելի հարցերը՚ խորագրով մշակութային ձեռնարկներուն:

3.-Քաջալերել Երիտասարդները, հրաւիրելով զանոնք լայն մասնակցութիւն բերելու երգչախմբային կեանքին

Այս հանդիպան Կաթողիկոսարանի ՙՇնորհալի՚ երգչախումբին անունով մասնակցեցան Շողիկ Եփրեմեան՝ վարչութեան անդամ եւ Մարիա Եսայեան՝ երգչախումբի անդամ: Անոնք նաեւ հրաւիրեցին հանդիպման մասնակիցները, ներկայ գտնուելու ՙՇնորհալի՚ երգչախումբի համերգին, յառաջիկայ 10 Յունիս 2011-ին, որ կը վայելէ հովանաւորութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, եւ կազմակերպուած է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կողմէ:  

Յայտնենք, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Դշ. 22 Յունիս 2011-ին:

 

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ ՙՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ՚ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՙՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ՚ ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԵՐԳԻԾԱԽԱՌՆ ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ 

In the cycle of the events celebrating the “Year of the Armenian Child”, a children’s theater performance on the “Rights of the Armenian Children”

In the cycle of the events celebrating the “Year of the Armenian Child”, a children’s theater performance on the “Rights of the Armenian Children”

Read in Arial Armenian font

Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին, ՙՀայ մանուկին իրաւունքները՚ խորագիրով երգիծախառն թատերախաղ ներկայացուեցաւ Երկուշաբթի, 16 Մայիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի ՙՅակոբ Տէր Մելքոնեան՚ թատերասրահին մէջ:

14-էն 16 Մայիսին եռօրեայ բեմադրութեամբ ներկայացուած մանկապատանեկան այս թատերախաղը կու գայ ընդառաջելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2011 թուականը ՙՀայ մանուկի տարի՚ հռչակելու նախաձեռնութեան:

ՙԻր առօրեայ կեանքի պահանջներուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան կողքին, հայ մանուկը երբ մեծնայ, ի՜ր կարգին առաջ պիտի նետուի ու պաշտպանէ 1915-ի Եղեռնին զոհ հազարաւոր հայ մանուկներու իրաւունքները՚, ըսաւ Հայ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու վարիչ տնօրէն Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան` այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ

ՙԻնչ որ լաւ է ու բարի է` հայ մանուկին իրաւունքն է: Այսօր, այս սրահին մէջ հայ մանուկը շատ պիտի խանդավառուի իր իրաւունքներուն պաշտպանութեամբ, սակայն այս սրահէն դուրս` հայ ծնողներուն դերն ու պարտականութիւնն է իրենց զաւակներուն ցոյց տալ անոնց իրաւունքները՚, շարունակեց Հայր Սուրբը` մաղթելով, որ լուսարձակի տակ բերուող նիւթին` հայ մանուկի իրաւունքներուն արծարծումը չսահմանափակուի 2011-ով, այլ` շարունակուի անոր ամբողջ կեանքին տեւողութեան: ՙԹող ասիկա խթան ըլլայ անոնց, որպէսզի ապագայի իրենց տեսլականով ու գործունէութեամբ պատիւ բերեն իրենց ծնողներուն ու ազգին՚, շեշտեց ան:

Իր խօսքին մէջ Հայր Սուրբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ՙՀայ մանուկի տարուան՚ գեղեցիկ գաղափարի յղացումին համար, հայ մանուկներու իրաւունքներու հետապնդման ու պաշտպանութեան գծով: Նմանապէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՙՓիւնիկ՚ հիմնադրամին` ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար: Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի գլխաւոր դերակատար` ՙԾիածան՚ թատերախումբի բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեանին ու ձայնի սարքաւորումներու պատասխանատու Սեդօ Պաղտասարեանին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած ու երկու արարով ներկայացուած ՙՀայ մանուկին իրաւունքները՚ խորագրեալ թատերախաղին ներկայացումը մեծապէս խանդավառեց հայկական վարժարաններէն ժամանած հարիւրաւոր աշակերտները, որոնք ծափերով ու ողջոյններով ձայնակցեցան թատերախաղի երգերուն: Յատկապէս ուշագրաւ էին թատերախաղի մասնակիցներէն Նայիրան եւ Լոռին, որոնք եկած էին ՙարեւմտեան անտառ՚ի թագաւորին մօտ, պաշտպանելու հայ մանուկին (Մկնիկ Մկնիկեանին) իրաւունքները:

ՙՄեր իրաւունքն է մեսրոպաշունչ տառերով մեր լեզուն խօսիլ՚, կը բացագանչէր ՙիրաւաբան՚ Նայիրան, պաշտպանելով իր թէզը:

Իսկ ՙիրաւաբան՚ Լոռին եկած էր ՙարեւմտեան անտառ՚ի թագաւորին յիշեցնելու թիւ 1915 կոնդակի 24-րդ յօդուածը` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանէր 24 Ապրիլ 1915-ին զոհուած հազարաւոր հայ մանուկներուն իրաւունքը, եթէ հիմա այս Մկնիկ Մկնիկեանին իրաւունքը կը զլանար շնորհել:

ՙՀայ մանուկի տարուան՚ ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Մայիս ամիսը թատերական ու առհասարակ մշակութային ելոյթներու յատկացնելով, Կիրակնօրեայ Դպրոցներու վարիչ մարմինը պիտի հովանաւորէ նաեւ յառաջիկայ ձեռնարկը, որուն ընթացքին մանկական երգերու մեկնաբան Մակի պիտի խանդավառէ հայ մանուկները:

 

 

 

 

 

 

 

 

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

ԵՒ ՙԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՕՐ՚ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

‘Sunday Schools Day’ and Holy Mass for students held in Antelias, Saturday 4 December 2010   ‘Sunday Schools Day’ and Holy Mass for students held in Antelias, Saturday 4 December 2010

‘Sunday Schools Day’ and Holy Mass for students held in Antelias, Saturday 4 December 2010   ‘Sunday Schools Day’ and Holy Mass for students held in Antelias, Saturday 4 December 2010

‘Sunday Schools Day’ and Holy Mass for students held in Antelias, Saturday 4 December 2010   ‘Sunday Schools Day’ and Holy Mass for students held in Antelias, Saturday 4 December 2010

‘Sunday Schools Day’ and Holy Mass for students held in Antelias, Saturday 4 December 2010

Read in Arial Armenian font

12/04/2010 

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնութեան եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու վարիչ մարմինին, Շաբաթ 4 Դեկտեմբեր 2010-ին, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով, աշակերտական պատարագով եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աշակերտութեան ներկայութեամբ, նշուեցաւ ՙԿիրակնօրեայի Օր՚ը:     

Օրուան Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Տնօրէն՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Բենդէզեանը, ներկայութեամբ միաբան հայրերուն, Դպրեվանքի սաներուն եւ Լիբանանի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աւելի քան 500 աշակերտութեան:        

Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց պատարագին ներկայ աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը: Նորին Սրբութեան շուրջ համախմբուած մանուկները, իրենց աչքերը յառած Վեհափառ Հօր, զգալով անոր հայրական հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը, կը փորձէին Կիրակնօրեայ Դպրոցներու մէջ սորված աղօթքները, շարականները եւ երգերը ինքնավստահութեամբ ու աշխուժութեամբ երգել եւ ցուցաբերել իրենց անկեղծ սէրն ու կապուածութիւնը Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ու անոր ջամբած քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ:           

Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, ողջունեց աշակերտութեան ներկայութիւնը Մայրավանքէն ներս, մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ամէնէն փոքր աշակերտէն մինչեւ պատանիներուն հետ եւ յորդորեց կառչած մնալ Կիրակնօրեայ Դպրոցին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Դպրոցին: Ապա աջահամբոյրով ներկայ աշակերտները ստացան Նորին Սուրբ Օծութեան օրհնութիւնը:    

Ի վերջոյ աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր աղօթքի, շարականագիտութեան եւ Աստուածաշունչ մատեանէն քաղուած նիւթերու զարգացման մրցում տեղի ունեցաւ: Այսպիսով Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աշակերտութիւնը ամբողջ օր մը անցուց Մայրավանքին մէջ, ապրելով յիշատակներով լեցուն պահեր:

 

 

 

 

 

 

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

Read in Arial Armenian font

06/20/2010 

Կիրակի 20 Յունիս 2010-ին, Անթիլիասի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. պատարագի ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի սրբատառ Կոնդակը, նուիրուած Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Հիմնադրութեան 80-Ամեակին:

Սուրբ  եւ անմահ պատարագին ներկայ էին, բարեպաշտ ժողովուրդին շարքին, Կիրակնօրեայի մեծ ընտանիքէն մեծ թիւով անդամներ՝ անցեալի թէ այժմու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, Կիրակնօրեայէն շրջանաւարտ անձեր, ինչպէս նաեւ աշակերտներ:

Փոխան քարոզի, Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ Կոնդակը ընթերցուեցաւ Մայր Խորանէն, ուր Նորին Սրբութիւնը կանդրադառնայ այս եզակի հաստատութեան՝ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու իւրայատուկ առաքելութեան: Սոյն հաստատութեան հիմնադրութեան պատմական անցքերը քաղելով, Վեհափառ Հայրապետը կը մատնանշէ այն յուսահատական իրավիճակը որ կը տիրէր Ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած հայութեան կեանքին մէջ: Իսկ դաստիարակութեան անժամանցելի գործը, յատկապէս կրօնական իմաստով, նոր սերունդին առողջ կազմաւորման մէջ բանալի կարեւորութիւն պիտի ունենար: Ուստի, Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Սահակ Բ. եւ Տ.Տ. Բաբգէն Ա. Կաթողիկոսներու հայրական նախանձախնդրութեամբ ու հայրապետական որոշումով հիմը կը դրուէր Կիրակնօրեայ Դպրոցներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ: Իսկ անդրադառնալով այս հիմնարկութեան ներկայ անզուգական դերակատարութեան, Վեհափառ Հայրապետը կը գրէ. ՙԱյդ թուականէն անցած են 80 տարիներ: Կիրակնօրեայ դպրոցները անցնող տարիներուն կրօնական դաստիարակութեան մարզէն ներս հսկայ գործ կատարեցին ընդհանրապէս Սփիւռքի գաղութներէն, ու մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ներս: Կիրակնօրեայ Դպրոցները սովորական ու պարագայական նախաձեռնութիւններ չեղան, այլ դարձան թեմերու վարչակազմակերպչական դրութենէն ներս կարեւոր կառոյցներ՝ իրենց կանոնագրութեամբ, ուսուցչական կազմով ու կրթական-դաստիարակչական ծրագրով: Մեր Սուրբ Աթոռին Հայրապետները քաջալերեցին Կիրակնօրեայ Դպրոցներուն գործունէութիւնը ու գնահատեցին անոնց առաքելութեան նուիրուած դաստիարակները. եւ աւելի՝ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ընդհանուր Վարիչ-տնօրէնութիւն մը հաստատուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, որպէսզի կաթողիկոսոարանը կարենայ մօտէն հետեւիլ կրօնական դաստիարակութեան աշխատանքին: Որեւէ ժամանակէ աւելի այսօր Մենք, որպէս Հովուապետ, կարիքը կը տեսնենք հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով թրծելու մեր նոր սերունդին կեանքը: Հայակերտումի առանցքը պէտք է դառնայ հոգեկրետումը: Այս սրբազան առաքելութեան լծուած է Կիրակնօրեայ Դպրոցը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը անվերապահօրէն զօրակից կը մնայ Կիրակնօրեայ Սպրոցին վստահուած այս վեհ աշխատանքին՚:

Վստահ ենք, որ Վեհափառ Հայրապետին սոյն Կոնդակը նոր մղում պիտի տայ Կիրակնօրեայ Դպրոցի անդաստանին մէջ անսակարկ ծառայող բազմաթիւ նուիրեալներու:

 

 

 

 

 

 

ՙԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՃԱՆՉՆԱԼԷՆ ԱՆԴԻՆ ՀԱՐԿ Է ԶԱՅՆ ԱՊՐԻԼ՚

 

ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Armenian women who participate in the weekly Tuesday prayer meetings in Antelias meet His Holiness Aram I, Tuesday 18 May 2010

Armenian women who participate in the weekly Tuesday prayer meetings in Antelias meet His Holiness Aram I, Tuesday 18 May 2010   Armenian women who participate in the weekly Tuesday prayer meetings in Antelias meet His Holiness Aram I, Tuesday 18 May 2010

Read in Arial Armenian font

 

05/18/2010 

Երեքշաբթի առաւօտ, 18 Մայիս 2010-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունելով Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Աստուածաշունչի սերտողութեան հետեւող աւելի քան երկու հարիւր տիկինները, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները, արժէքները, սկզբունքները մեր կեանքին տանելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը ըսաւ ՙչի բաւեր միայն Աստուածաշունչը սերտել. չի բաւեր միայն լայն ծանօթութիւններ ունենալ Աստուածաշունչի ու ընդհանրապէս քրիստոնէական հաւատքին հետ աղերս ունեցող նիւթերու, դէմքերու ու դէպքերու մասին. անհրաժեշտ է որ քրիստոնէական հաւատքը շաղուի մեր մտածումներուն, մեր գործերուն ու մեր կեանքին հետ: Հաւատքը տեսութիւն չէ՜, ո՜չ ալ զգացում, այլ՝ կեանքի որակ է. կեանքը ըմբռնելու ու ապրելու իւրայատուկ կերպ է, ուր կը ճառագայթէ Քրիստոսի ներկայութիւնը: Եկեղեցւոյ ճամբով Աստուածաշունչի ուսուցումը անհրաժեշտ է. սակայն ուսուցման առընթեր եկեղեցին պատգամ մը կը փոխանցէ իր հաւատացեալներուն՝ հետեւելու Քրիստոսի, իր կեանքին մէջ թարգմանելով այն արժէքները ու սկզբունքները, որոնք Աստուածաշունչի ճամբով կու գան մեզի՚:

Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան ՙհայ եկեղեցին մեզի համար հոգեւոր տուն ըլլալով հանդերձ, նաեւ ազգին տունն է: Հոգեւորը ու ազգայինը սերտօրէն շաղախուած են մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ: Այսպէս եղած է մեր եկեղեցին ողջ պատմութեան ընթացքին: Կարելի չէ մէկը միւսէն անջատել, սակայն անհրաժեշտ է զանոնք զանազանել: Մեր եկեղեցին շեշտը պէտք է դնէ կրօնականին վրայ, վերանորոգ կենսունակութեամբ տարածելով հոգեւոր ու բարոյական արժէքները մեր կեանքէն ներս: Միաժամանակ սակայն, ան պէտք չէ՜ անտեսէ ազգայինը, միշտ