Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
ԱՐԱՄ
Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԸՆԴՈՒՆԵՑ
ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ
ՌԱՖԱՅԷԼ
ՄԻՆԱՍԵԱՆԸ

Read in Arial Armenian font
Հինգշաբթի
29 Մարտ
2012-ի
առաւօտուն,
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոս
Վեհարանի
իր
գրասենեակին
մէջ
ընդունեց
այցելութիւնը
Հայաստանի
եւ
Կովկասի
կաթողիկէ
հայոց
Առաջնորդ
Գերապայծառ
Ռաֆայէլ
Մինասեանին:
Հանդիպման
ներկայ
էր
նաեւ
Կաթողիկոսութեան
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութեանց
Վարիչ
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Արք.
Ալէեմեզեան:
Գերապայծառը
տեղեակ
պահեց
Վեհափառ
Հայրապետը
Հայաստանի
մէջ
կատարած
իր
հովուական
ու
մարդասիրական
աշխատանքներուն
գծով:
Վեհափառ
Հայրապետը
իր
գնահատանքը
յայտնեց,
որ
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսութեան
հետ
խորհրդակցաբար
ու
գործակցաբար
ան
կը
կատարէ
իր
ծառայութիւնը
հայ
կաթողիկէ
համայնքին:
Այս
առիթով
Վեհափառ
Հայրապետը
կարեւորութեամբ
ընդգծեց
մեր
ժողովուրդին
միասնականութիւնը
ամրապնդելու
անհրաժեշտութիւնը՝
ինչ
ալ
ըլլան
մեր
դաւանական,
յարանուանական
կամ
քաղաքական
տարբերութիւնները:
ԱՐԱՄ
Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԸՆԴՈՒՆԵՑ
Հ.Մ.Ը.Մ.–Ի
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Read in Arial Armenian font
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոս
այս
առաւօտ
իր
գրասենեակին
մէջ
ընդունեց
այցելութիւնը
Հ.Մ.Ը.Մ.–ի
նոր
Վարչութեան:
Վերջերս
ընդհանուր
ժողովին
կողմէ
ընտրուած
Վարչութիւնը
իր
առաջին
այցելութիւնը
կու
տար
Վեհափառ
Հայրապետին,
ստանալու
անոր
օրհնութիւնը
եւ
ցուցմունքները:
Վեհափառ
Հայրապետը
իր
գնահատանքը
յայտնեց
Հ.Մ.Ը.Մ.–ին
ըսելով,
որ
ՙմեր
ժողովուրդի
կեանքին
մէջ
Հ.Մ.Ը.Մ.–ը
կարեւոր
դերակատարութիւն
ունեցած
է
եւ
ունի,
յատկապէս
հայակերտումի
ու
մարդակերտումի
իր
առաքելութեամբ:
Մարմնամարզական
միութիւն
մը
ըլլալով
հանդերձ
նոր
սերունդին
բարոյական,
հոգեւոր
ու
ազգային
կրթութիւնը
իրեն
համար
դարձած
է
առաջնահերթութիւն:
Նո՜յն
ոգիով
ու
յանձնառութեամբ
պէտք
է
շարունակէ
Հ.Մ.Ը.Մ.–ը
թէ՜
Հայաստանի
եւ
թէ
Սփիւռքի
գաղութներէն
ներս՚:
Միաժամանակ
Վեհափառ
Հայրապետը
թելադրեց,
որ
ՙներկայ
ժամանակներու
համապատասխան
մօտեցում
ունենայ
Հ.Մ.Ը.Մ.–ը.
ան
պէտք
է
դառնայ
աւելի
գրաւիչ
ու
արդիական՝
առանց
հեռանալու
իր
հիմնական
աւանդներէն՚:
Նոր
Վարչութիւնը
իր
կարգին
յառաջիկայ
տարիներու
իր
ծրագիրը
պարզեց
Վեհափառ
Հայրապետին,
շեշտելով,
Հ.Մ.Ը.Մ.–ին
նոր
աշխուժութիւն
տալու
կարիքը:
ԿԻՊՐՈՍԻ
ԱՐՏԱՔԻՆ
ԳՈՐԾՈՑ
ՆԱԽԱՐԱՐԸ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ
ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ
ՄԷՋ
ՙԹուրքիոյ
ցեղասպանութիւնը
հայութեան
եւ
Կիպրոսի
ժողովուրդին
դէմ
տարբեր
ձեւերով
կը
շարունակուի՚
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոս
ՙՄենք
միասնաբար
պիտի
պայքարինք
Թուրքիոյ
դէմ
ի
խնդիր
արդարութեան՚
Էրաթօ
Քոզաքու
Մարքոլլիս


Read in Arial Armenian font
Ուրբաթ
16 Մարտ
2012-ի
առաւօտուն,
Կիպրոսի
Արտաքին
Գործոց
Նախարար
Էրաթօ
Քոզաքու
Մարքոլլիս
պաշտօնական
այցելութիւն
մը
տուաւ
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
Անթիլիասի
Մայրավանքը
եւ
հանդիպում
ունեցաւ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսին
հետ:
Հանդիպման
Վեհափառ
Հայրապետին
կողքին
ներկայ
էին
ազգ.
Կեդրոնական
Վարչութենէն
տոքթ.
Պետրոս
Գարաճըրճեան
(ատենապետ),
Տիգրան
Ճինպաշեան
(ատենդպիր),
Նախարար
Զօրավար
Փանոս
Մանճեան,
Կիպրոսի
Կաթողիկոսական
Փոխանորդ
Գերշ.
Տ.
Վարուժան
Արք.
Հերկելեան,
Կիպրոսի
ներկայայուցիչ
Բարսեղ
Զարդարեան,
եւ
Գերշ.
Տ.
Կոմիտաս
Արք.
Օհանեան:
Իսկ
Նախարարուհիին
հետ
ներկայ
էին
Լիբանանի
մօտ
Կիպրոսի
դեսպանը
եւ
Արտաքին
Գործոց
Նախարարութեան
զանազան
բաժանմունքները
ներկայացնող
հինգ
դիւանագէտներ:
Աւելի
քան
ժամ
մը
տեւող
հանդիպման
սկիզբը
Վեհափառ
Հայրապետը
ջերմօրէն
ողջունեց
Նախարարուհիին
այցելութիւնը,
ան
անդրադարձաւ
Լիբանանի
ու
Կիպրոսի
միջեւ
գոյութիւն
ունեցող
սերտ
գործակցութեան,
եւ
մաղթեց
որ
այդ
գործացկութիւնը
աւելի
ծաւալի
ի
շահ
երկու
երկիրներուն:
Վեհափառ
Հայրապետը
նաեւ
լայնօրէն
խօսեցաւ
հայ
եւ
յոյն
ժողովուրդներու
ու
եկեղեցիներու
դարաւոր
բարեկամութեան
մասին:
Ան
ըսաւ,
որ
յատկապէս
կիլիկեան
շրջանին
մեր
երկու
ժողովուրդները
ու
պետութիւնները
ունեցան
սերտ
գործակցութիւն:
Խօսելով
ներկայ
ժամանակներուն
մասին,
Վեհափառ
Հայրապետը
նախ
շեշտեց
կարեւորութիւնը
մեր
երկու
եկեղեցիներուն
էքիւմենիք
յարաբերութեան,
ապա
ան
ընդգծեց
Հայաստանի
ու
Կիպրոսի
պետութիւններուն,
ինչպէս
նաեւ
մեր
երկու
ժողովուրդներուն
միջեւ
գործակցութեան
նոր
շեշտ
եւ
հունաւորում
տալու
հրամայականը:
Վեհափառը
յիշելով
երկու
շաբաթներ
առաջ
Անթիլիասի
Մայրավանքին
մէջ
տեղի
ունեցած
միջազգային
համագումարը
ցեղասպանութեան
մասին,
ըսաւ,
որ
ցեղասպանութիւնը
տարբեր
ձեւերով
կը
շարունակուի
այսօր
հայ
ու
կիպրացի
ժողովուրդներուն
դէմ.
Թուրքիոյ
գործած
ցեղասպանութեան
ուրացումը
ցեղասպանութեան
շարունակութիւնն
է.
ինչպէս
նաեւ
Կիպրոսի
գրաւումը
եւ
մշակութային
ու
կրօնական
կոթողներու
քանդումը
այլապէս
ցեղասպանութեան
շարունակութիւնն
է.
եւ
ցեղասպանութիւնը
ոճիր
է
մարդկութեան
դէմ,
եզրակացուց
Վեհափառ
Հայրապետը:
Նախարարուհին
նախ
յիշեց
Վեհափառ
Հայրապետին
հետ
հադիպումը
հինգ
տարիներ
առաջ
եւ
ապա
իր
կարգին
շեշտեց,
որ
Լիբանանի
ու
Կիպրոսի
պետութիւններուն
միջեւ
այսօր
հասարակաց
շահեր
կան
եւ
հետեւաբար
սերտ
գործակցութիւն:
Ան
գնահատանքով
ու
հիացումով
անդրադարձաւ
Կիպրոսի
հայութեան
եւ
անոր
բերած
նպաստին
Կիպրոսի
բարգաւաճման:
Ապա
ան
յատուկ
կերպով
անդրադարձաւ
հայ
եւ
յոյն
ժողովուրդներու
միջեւ
գոյութիւն
ունեցող
բարեկամութեան,
ընդգծելով
գործակցութեան
կարեւորութիւնը
այսօր,
մանաւանդ
Թուրքիոյ
կողմէ
կատարուող
ոտնձգութիւններուն
ու
ուրացումներուն
դէմ:
Նախարարուհին
ըսաւ,
որ
երկու
ժողովուրդներուն
պայքարը
արդարութեան
պայքար
է
եւ
մենք
պէտք
է
միասնաբար
շարունակենք
այդ
պայքարը
ի
խնդիր
մարդկային
իրաւուքներու:
Ան
նաեւ
յայտնեց,
որ
Ապրիլի
սկիզբը
պաշտօնական
այցելութիւն
պիտի
տայ
Հայաստան:
Հանդիպման
աւարտին,
Նախարարուհիին
խնդրանքին
ընդառաջելով,
Վեհափառին
գլխաւորութեամբ
պատուիրակութիւնը
այցելեց
Նահատակաց
Յուշարձանը:
Վեհափառ
Հայրապետէն
հրաժեշտ
առնելէ
առաջ,
Նախարարուհին
դարձեալ
կրկնեց
որ
Կիպրոսը
միշտ
կը
մնայ
հայութեան
կողքին
եւ
մենք
միասնաբար
պէտք
է
շարունակենք
մեր
պահանջատիրական
պայքարը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
ԱՐԱՄ
Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԸՆԴՈՒՆԵՑ
ԹԷՔԷԵԱՆ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴԻՐ
ՄԱՐՄՆԻ
ՆՈՐ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Read in Arial Armenian font
Ուրբաթ
9 Մարտ
2012-ի
առաւօտուն,
Վեհարանի
իր
գրասենեակին
մէջ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոս
ընդունեց
այցելութիւնը
Թէքէեան
Մշակութային
Միութեան
Հիմնադիր
Մարմնի
նոր
վարչութիւնը:
Մարմնին
մաս
կը
կազմէին
Տիարք
Հրայր
Հովիւեան
(ատենապետ),
Նար
Խաչատուրեան
(փոխ-ատենապետ),
Արտեմ
Պիւլպիւլեան
(գանձապահ),
Յարութ
Երկանեան
(Ռակ
շրջանային
վարչութեան
ատենապետ),
Էտի
Պահատըրեան
եւ
Վահագն
Գիրիշճեան:
Հանդիպումը
տեւեց
աւելի
քան
ժամ:
Խօսակցութեան
նիւթ
դարձաւ
Թէքէեան
Մշակութային
Միութեան
յառաջիկայ
ծրագիրները,
Հայաստան-Սփիւռք
գործակցութիւնը
աւելի
ծաւալելու
կարելիութիւնները,
Սփիւռքէն
ներս
կուսակցութիւններու
ու
մշակութային
ու
կրթական
միութիւններու
միջեւ
առաւել
գործակցութիւն
յառաջացնելու
հրամայականը,
եւ
ընդհանրապէս
Սփիւռքի
հայութեան
առնչուած
հարցեր:
Վեհափառ
Հայրապետը
կարեւորութեամբ
շեշտեց
մեր
ժողովուրդին
ներքին
միասնականութիւնը
ամրապնդելու
կարիքը՝
շեշտը
դնելով
սերտ
գործակցութեան
վրայ,
որպէսզի
կարելի
ըլլայ
միասնաբար
դիմագրաւել
մեր
հայրինքին
ու
ժողովուրդին
դիմաց
գտնուող
լուրջ
մարտահրաւէրները:
Back to top