ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՄԱՐԶԵՐԷՆ ՄԷԿԸ՚

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

His Holiness Aram I visits the Birds Nest  His Holiness Aram I visits the Birds Nest

His Holiness Aram I visits the Birds Nest

Read in Arial Armenian font

Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն մը տուաւ Թռչնոց Բոյն, աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու հոն կատարուող աշխատանքին ընդհանրապէս, եւ թանգարանի շինութեան, մասնաւորաբար: Յայտնենք, որ երկու ամիսներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ այցելած էր Թռչնոց Բոյն:  

Շուրջ երկու ժամ Վեհափառ Հայրապետը մնաց Թռչնոց Բոյնի մէջ, հանդիպումներ ունեցաւ տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին հետ, այցելեց փոքրիկներու դասարանները, մանկամսուրը ու ննջարանները, եղաւ անոնց հետ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց առօրեայ կեանքով ու աշխատանքով:  

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ այցելեց շինութեան ընթացքի մէջ եղող թանգարանը ու գնահատեց կատարուող աշխատանքը: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց ՙԹռչնոց Բոյնի եզակի դերը յատկապէս Սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս: Թռչնոց Բոյնը որբերու, լքուածներու, անտէր մանուկներու, ընտանեկան անբնական պայմաններու ենթակայ փոքրիկներու տունն է. հետեւաբար, ան ազգին տունն է: Մենք չենք ձգեր որ ոեւէ մէկ փոքրիկ անտէր մնայ: Թռչնոց Բոյնը անոր պաշտպանն է ու գուրգուրոտ ընտանիքը: Այսպէ՜ս եղած է միշտ Թռչնոց Բոյնը եւ կը սպասենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց նիւթական աջակցութեամբ մասնակից դառնան Թռչնոց Բոյնի այս կարեւոր ծառայութեան՚

Խօսելով թանգարանի մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙյատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող թանգարան մըն է շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող այս թանգարանը: Ինչպէս Թռչնոց Բոյնը, այս թանգարանը եւս մեր հաւաքական յիշողութեան մաս կը կազմէ: Հոն պիտի ցուցադրուին ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր որբերուն ու անոնց խնամակալներուն առնչուած իրեր, յուշեր, յուշանուէրներ: Հոն այցելուներ իրենց դիմաց պիտի տեսնեն ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի մը թէ՜ տառապանքը եւ թէ վերածնունդը՚: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք կը մասնակցին թանգարանի շինութեան ու կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն իրենց գործնական նպաստը բերելու թանգարանի շինութեան ամբողջացման:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՌԻԹՈՎ

Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

His Holiness Aram I presides over the Mid-Lent sunrise service at Sourp Neshan church in Beirut, Wednesday 14 March 2012, St. Neshan church, Zokak El Blat, Beirut

His Holiness Aram I presides over the Mid-Lent sunrise service at Sourp Neshan church in Beirut, Wednesday 14 March 2012, St. Neshan church, Zokak El Blat, Beirut  His Holiness Aram I presides over the Mid-Lent sunrise service at Sourp Neshan church in Beirut, Wednesday 14 March 2012, St. Neshan church, Zokak El Blat, Beirut

Չորեքշաբթի 14 Մարտ 2012-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ ազգային իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին կընկերանար միաբանութեան անդամներէն սրբազաններ, վարդապետներ, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի տեսչութիւնը եւ Դպրեվանքի ուսանողութիւնը:            

Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն թեմին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին ընդառաջած էր թեմի հրաւէրին. եւ ապա հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղելու ժողովուրդին:           

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելէ յետոյ Լիբանանի հայութիւնը եւ իր բարեմաղթութինները ներկայացնելէ յետոյ Լիբանանի հայ գաղութի բոլոր մարմիններուն ու զաւակներուն, իր հոգեւոր խորհրդածութեան առանցքը դարձուց Տէրունական աղօթքի առաջին նախադասութիւնը՝ ՙՀայր մեր որ յերկինս ես՚: Վեհափառը ըսաւ, որ ՙՔրիստոս ո՜չ միայն աղօթքի կարեւորութիւնը շեշտեց, այլ նաեւ աղօթել սորվեցուց իր աշակերտներուն ՙՀայր Մեր՚ը արտասանելով՚: Վեհափառ Հայրապետը ՙՀայր Մեր՚ը նկատեց եկեղեցւոյ ծէսին առանցքը, քրիստոնէական աստուածաբանական մտածողութեան հիմքը եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեային ամէնօրեայ աղօթքը: Ան հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ՙՀայր Մեր՚ի առաջին նախադասութեան վրայ:           

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Աստուծոյ եւ մարդու յարաբերութիւնը նկատեց էապէս հայր եւ որդիի յարաբերութիւն: Ան ըսաւ որ ՙԱստուած որպէս Հայր տիեզերքն ու մարդը ստեղծեց. Ան կը պաշտպանէ ու կը սիրէ զանոնք ու իր Որդւոյն ճամբով փրկութեան կառաջնորդէ՚: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ որ ՙԱստուած որպէս Հայր իր որդիին՝ մարդուն նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները լիովին կատարեց. իսկ որդին ի±նչ կընէ իր հօր նկատմամբ՚:            

Այս հարցադրումին որպէս պատասխան Վեհափառը մարդու պարտաւորութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ ամփոփեց երեք բառերու մէջ՝ ՙհնազանդիլ, սիրել, եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ՚: Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն բացատրեց, թէ Աստուծոյ կատարածը մարդուն նկատմամբ եւ թէ մարդուն պարտաւորութիւնը իր երկնաւոր հօր նկատմամբ:            

Իր պատգամի վերջին բաժնին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ ՙներկայ աշխարհը իր փառքի ու հաճոյքի չաստուածներով մեզ դարձուցած է անառակ որդիներ. հեռու ենք Աստուծմէ. Աստուած մեր կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի: Մեծ Պահքը յիշեցում մըն է, թէ առանց Աստուծոյ ներկայութեան մարդուն կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստն ու նպատակը: Ան նաեւ հրաւէր մըն է մարդուն դառնալու Աստուծոյ ու Աստուծոյ ներկայութիւնը գործնապէս արտայայտելու իր կեանքին ու գործին մէջ՚:

Back to top