ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋԸ ՕՐՀՆԵՑ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012   The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012   The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012   The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012   The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012   The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012   The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012   The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

 The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012  The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012   The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012   The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

The feast of St. Gregory the Illuminator in Antelias, Sunday 25 March 2012

Read in Arial Armenian font

Անթիլիասի Ուխտի Օրը իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի ո՜չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Արդարեւ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապի տօնին, որ միաժամանակ Ուխտի Օրն է Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մայր Տաճարին, Վեհափառ Հայրապետը Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով կօրհնէ մեր ժողովուրդը, այն սրբազան Աջով, որ եղաւ պահապանը մեր ժողովուրդին՝ պատմութեան փոթորիկներուն մէջ: Ճի՜շդ է, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մեր եկրորդ առաքեալը դարձաւ՝ Սուրբ Թադէոս ու Սուրբ Բարթողիմէոս Առաքեալներէն յետոյ. սակայն ան իր սրբակենցաղ կեանքով ու հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս կատարած հաւատքի յեղափոխութեամբ մնաց տիրական ներկայութիւն մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ: Ահա թէ ինչու մեր ժողովուրդը հոգեւոր խանդավառութեամբ կը սպասէ Ուխտի Օրուան, ստանալու համար Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին օրհնութիւնը:  

Հոգեւոր նոյն խանդավառութեամբ այս տարի եւս նշուեցաւ Ուխտի Օրը Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուաւորիչ մայր տաճարին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:  Ուխտի Օրը կանխող շաբթուան ընթացքին Կաթողիկոսարանի աւանդութեան համաձայն ամէն երեկոյ տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն. իսկ Ուրբաթ երեկոյեան՝ նախատօնակ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապին: Շաբաթ գիշեր կատարուեցաւ Կիրակի օրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը կանխող Հսկումի արարողութիւն, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւոր ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելով խորհրդածութիւններ կատարեց մեծ սուրբին կեանքին ու առաքելութեան առնչուած կարգ մը յատկանշական երեւոյթներուն մասին, հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները վերանորոգ հաւատարմութեամբ քալելու հաւատքի այն ճանապարհէն, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ բացաւ մեր ժողովուրդին առջեւ:  

Կիրակի առաւօտեան տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Օրուան պատարագիչն էր Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան: Պատարագիչ Սրբազանը իր խօսքին որպէս բնաբան ընտրած էր՝ ՙԽոստովանող Քրիստոսի ճշմարիտ վկայ, բազմաչարչար նահատակ Տէր Գրիգորիոս. զպակասութիւն չարչարանաց Տեառն ի մարմնի քում կրեցեր, որով ցնծայ եկեղեցի ի փառս որդւոց Սիովնի՚: Սրբազանը անդրադառնալով Գրիգոր Լուսաւորչի մեծութեան, բնորոշեց իր կենդանի նահատակ եւ խոստովանող ըլլալու իրողութիւնը, իբրեւ արդիւնք իր խոր հաւատքին, իր կեանքը ու գործը վերածեց ծառայական փառաբանանքի, հոգեւոր ուրախութեամբ իր ծառայութիւնը մատուցեց իր ժողովուրդին: Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Սրբազանը ըսաւ, որ այս Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ ծառայական իր առաքելութիւնը՝ հետւողութեամբ բազմաչարչար Հայրապետին: Արդարեւ, Անթիլիասեան իր ութսուն տարիներու առաքելութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նուիրումով ծառայեց իր ժողովուրդին. ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր ժողովուրդին հիւղաշէն դպրոցներն ու եկեղեցիները վերածեց քարաշէն կառոյցներու եւ իր զաւակներու գիտակցութեան մէջ վառ պահեց քրիստոնէական իր հաւատքն ու ամբողջական հայրենիքին վերատիրանալու անժամանցելի իրաւունքը: Իր խօսքի աւարտին պատարագիչ Սրբազանը կոչ ուղղեց ժողովուրդին վերանորոգ ու խանդով ապրելու իր քրիստոնէական հաւատքը՝ միշտ հաւատարիմ լուսաւորչեան կտակին:  

Պատարագէն անմիջապէս յետոյ խուռներամ բազմութեան մէջ աւանդական թափօրը սկսաւ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջն ի ձեռին: Մեր ժողովուրդի զաւակները, այր թէ կին, մեծ թէ փոքր, հաւատքի մղումով մօտեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին ու ստացան անոր օրհնութիւնը: Մեր Սուրբ Աթոռին աւանդութեան համաձայն նոյն օրը նաեւ դարեր շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ պահպանուած այլ սուրբերու մասունքները եւս միաբան հայրերու ձեռին  մաս կազմեցին թափօրին:  

Թափօրի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջով, եւ ապա Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Լուսաւորչի Աջը ի ձեռին աղօթեց իր կողմէ խմբագրուած հետեւեալ բառերով.– 

ՙՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քեզի կը դիմենք մենք՝ ուխտաւոր զաւակները Բարձրեալ Աստուծոյ մեծանուն ուխտաւորիչ, ո՜վ Գրիգոր Սուրբ Հայրապետ: 

ՙԴուն, որ աւետարանական ճշմարտութիւններով սնած եւ Քրիստոսի սիրով բոցավառ ուխտեցիր հաւատարմութեամբ ծառայել Աստուծոյ Որդւոյն, ո՜վ երանելի Սուրբ Հովուապետ հայ ժողովուրդի.  

ՙԴուն, որ Քրիստոսի երկնային քաղցրութիւնը ճաշակելով կենաքդ իբրեւ կենդանի պատարագ ընծայեցիր Անոր, ո՜վ սքանչելգործ վկայ Քրիստոսի.  

ՙՔու ժայռեղէն հաւատքովդ պահէ՜ ու պահպանէ՜ մեր կեանքը, Հայ ժողովուրդի հաւատքի առաքեալ, քանդէ՜ ու փշրէ՜ մեր շուրջը կանգնած մոլութիւններու ու մեղքերու պատուարը ու մեզ առաջնորդէ՜ երկնային շնորհներու ու առաքինութիւններու յաւերժահոս աղբիւրը: 

ՙՀայոց աշխարհի Երկրորդ Լուսաւորիչ, եկո՜ւր եւ հաւատքի լոյսով վառէ՜ մեր մտքին, սրտին ու հոգիին կանթեղը. ՙառաւել կեանք՚ով շաղաշէ՜ մեր երկրաւոր կեանքը ու երկնայինին յոյսով զօրացո՜ւր մեր յուսաբեկ սրտերը:  

ՙՈ՜վ Լուսաւորիչ մեծ Հայրապետ, Ս. Աջիդ հովանիին տակ օրհնէ՜ մեր ազգը ամբողջ՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Օրհնէ՜ մանաւանդ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդդ: Սրբէ՜ մեր մեղքերը, մաքրէ՜ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական ախտերը. առողջութիւն շնորհէ՜ հիւանդներուն. լուսաւորէ՜ մեր կեանքի խաւար ճամբաները. երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ՜ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն եւ մեր Մեծ Ընտանիքին՝ քու պատուական ժողովուրդիդ կեանքը՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ողղափառ Սուրբ եկեղեցւոյ եւ յաւերժութիւն ազգիս Հայոց. Ամէն՚:  

Նոյն օրը, մինչեւ երկոյեան ուշ ժամերուն սրբազան  Աջը մնաց Մայր խորանին վրայ եւ ուխտաւորները զայն համբուրելով ստացան մեծ սուրբին օրհնութիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

ՙՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻ ՍՐԱՀՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ՊԷՏՔ Է ԼԵՑՆԵԼ

ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՏԱՃԱՐՆԵՐԸ՚

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Opening of Hovsep Kasparian painting exhibition in Antelias, Thursday 22 March 2012  Painter Dikran Daderian visits His Holiness Aram I, Thursday 22 March 2012

Read in Arial Armenian font

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին Հինգշաբթի, 22 Մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կաթողիկոսարանի ՙԿիլիկիա՚ թանգարանի սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ գեղանկարիչ Յովսէփ Գասպարեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին:

Այս առիթով Դպրեվանքի անունով խօսք առաւ Յարութիւն Ա. սրկ. Շէրնէզեան: Ան իր խօսքին առաջին բաժինով անդրադարձաւ Դպրեվանքի առաքելութեան` յայտնելով, որ Դպրեվանքը հայակերտումի պարզ կրթարան մը չէ, այլ` հաւատարիմ իր հիմնադիր հայրապետներուն իր սաները կը լծէ ժողովրդային ծառայութեան, որ կապուած է հայկական արժէքներուն, որոնք մեր անցեալի փառքը կը կազմեն:

Դպրեվանքի խօսքէն ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պատգամ ուղղելով ներկաներուն իր գնահատանքը յայտնեց Դպրեվանքի կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին: Վեհափառը յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսին ետին պէտք է տեսնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի սիրտը հանդիսացող Դպրեվանքը:

ՙԴպրեվանքը կը պատկանի մեր ազգին՚, շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս, ապա գնահատելով արուեստագէտին գործը յայտնեց, որ այս ցուցահանդէսը առիթ մըն է անոր գործերէն անդին մտածելու ցուցահանդէսի կազմակերպիչ Դպրեվանքին մասին:

Անդրադառնալով գաղութին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն` Վեհափառ Հայրապետը թէեւ դրական նկատեց անոնց բազմազանութիւնը, սակայն միւս կողմէ մտահոգութիւն յայտնեց այդ ձեռնարկներուն թիւին պարզած պատկերի առնչութեամբ եւ մանաւանդ անընդունելի գտաւ լիբանանահայ գաղութին համար նման երեւոյթ մը` աւելցնելով, որ երիտասարդներ, ուսանողներ, արուեստագէտներ պէտք է ներկայ ըլլան եւ քաջալերեն հայ արուեստը:

Վեհափառը իր խօսքը լիբանանահայութեան ուղղելով ըսաւ. ՙՃաշկերոյթի սրահներէն առաջ պէտք է լեցնել հայ հոգիի ու մշակոյթի սրբազան տաճարները՚: Ան նաեւ կոչ ուղղեց պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող անձերուն ներկայ գտնուելու նման ձեռնարկներու, որպէսզի օրինակ հանդիսանան իրենց շրջապատին:

Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ արուեստագէտներն ու մտաւորականները մեր կեանքի լուսանցքին վրայ չեն, ՙանոնց տեղը մեր կեանքի մայր էջն է՚: Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը փակեց կոչ ուղղելով ներկաներուն մեր մտքի, հոգիի, մշակոյթի եւ արուեստի սրահները լեցնելու, որովհետեւ անոնք սրբազան տաճարներ են:

Յայտնենք, որ նոյն օրը առաւօտեան Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ֆրանսահայ յայտնի նկարիչ Տիգրան Տատրեանին: Արուեստագէտին կընկերանային Համազգայինի պատասխանատուները: Օր մը առաջ յանուն Վեհափառ Հայրապետին Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Սրբազանը ՙՍ. Մեսրոպ Մաշտոց՚ի շքանշանով պարգեւատրած էր արուեսագէտը:

 

 

 

 

 

 

 

ՙՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ

ԿՈՉՈՒԱԾ Է ԻՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ

ՆՈՐ ԾԱՒԱԼ ՈՒ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ՚

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

The Executive Committee, the Religious and Lay Councils of the Catholicosate of Cilicia meet in Antelias, 13-17 March 2012

The Executive Committee, the Religious and Lay Councils of the Catholicosate of Cilicia meet in Antelias, 13-17 March 2012   The Executive Committee, the Religious and Lay Councils of the Catholicosate of Cilicia meet in Antelias, 13-17 March 2012

Read in Arial Armenian font

Անցնող շաբթուան ընթացքին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, Թեմակալ Առաջնորդներու, Ազգ. իշխանութեանց ներկայացուցիչներու ու Ազգային կեդրոնական Վարչութեան միացեալ հանդիպումներ, Վեհափառ Հայրապետին հետ թեմերու ներկայացուցիչներու առանձին հանդիպումներ ինչպէս նաեւ միաբանական հաւաք: Յիշեալ հանդիպումներուն Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց թէ՝ ա) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր էութեամբ, գոյութեամբ ու նպատակով ծառայութիւն է մեր ժողովուրդին: Հետեւաբար, ան իր ծառայութիւնը պէտք է վերարժեւորումի ու վերածրագրումի ենթարկէ մնայուն կերպով՝ համաձայն մեր ժողովուրդի կարիքներուն, նոր մարտահրաւէրներուն ու յարափոփոխ պայմաններուն: բ) Մեր եկեղեցին ժողովուրդի՜ն եկեղեցին է. ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ է որ ան ինքզինք պէտք է իրագործէ որպէս ծառայութիւն: գ) Հոգեւորականը ու աշխարհականը կոչուած են սերտ ու ներդաշնակ գործակցութեամբ նոր կենսունակութիւն տալու եկեղեցւոյ ծառայութեան: Այս գիտակցութեամբ կը գործէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: դ) Թափանցիկութիւնը ու հաշուետուութիւնը մեր Սուրբ Աթոռի գործին էական յատկանիշներն են. անոնք երբեք ստուեր պէտք չէ տեսնեն: ե) Կաթողիկոսարանթեմ ամբողջական գործակցութիւնը խիստ կենսական է, որովհետեւ Կաթողիկոսութիւնը մէկ ամբողջութիւն է:

Ստորեւ ամփոփ գիծերով կը ներկայացնենք մէկ շաբթուան վրայ երկարած ժողովական աշխատանքներուն ամէնէն յատկանշական կէտերը.–

1. Ժողովական աշխատանքներուն մէկ կարեւոր բաժինը յատկացուեցաւ թեմերէն եկող մտահոգութիւններուն ու առաջադրանքներուն: Թելադրուեցաւ թեմերուն որ իրենց ներքին դրուածքին ու պայմաններուն համապատասխան դիմեն այնպիսի քայլերու, որով կարելի ըլլայ գաղութներուն ներքին միասնականութիւնը ամրապնդել, ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջել, երիտասարդութեան յատուկ կարեւորութիւն տալ, հայ դպրոցը կանգուն պահել եւ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու տարածման կոչուած եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր աշխուժութիւն տալ:

2. Կրօնական ու հայեցի դաստիարակութիւնը միշտ նկատել առաջնահերթութիւն: Այս ուղղութեամբ մեր թեմերուն կողմէ կատարուող աշխատանքները գնահատելի են: Սակայն, հարկ է վերատեսութեան ենթարկել ցարդ որդեգրուած մօտեցումները, մեթոտներն ու առաջնահերթութիւնները, որպէսզի մարդակերտումի ու հայակերտումի աշխատանքը դառնայ աւելի ազդու ու գրաւիչ:

3. Հարկ է յատուկ  կարեւորութիւն ընծայել երիտասարդութեան, որովհետեւ ան կը կազմէ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը: Այնպիսի ծրագիրներ հարկ է մշակել երիտասարդութեան համար, որոնք ըլլան համահունչ մեր արժէքներուն ու մեզ շրջապատող պայմաններուն: Այս ծիրէն ներս շեշտուեցաւ ՀԵՀՈՄը վերակազմակերպելու ու նախկին ՀԵՀՈՄականները գործի լծելու կարեւորութիւնը:

4. Մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մօտէն հետեւիլ հոգեւոր շարժումներու գործունէութեան, զանոնք մեր եկեղեցւոյ անմիջական հովանիին տակ պահելով, եւ ընդհանրապէս քաջալերելով հոգեւոր արժէքներու տարածումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

5. Շուրջ տասնըհինգ տարիներ առաջ ընթացք ստացած Աստուածաշունչի թարգմանական աշխատանքը արեւմտահայերէնի արագացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ մօտ ապագային Աստուածաշունչի ամբողջական հրատարակութիւնը իրագործել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ:

6. Դպրեվանքը մեր Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան կիզակէտն է: Անհրաժեշտ է Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկել եւ նոր ուսանողներ ունենալ նաեւ Միջին Արեւելեան այլ երկիրներէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն:

7. Վերջին հինգ տարիներուն Դպրեվանքէն անջատուելով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաստատուած էր քահանայից պատրաստութեան յատուկ դասընթացքը: Հետեւողական աշխատանք տանիլ թեմերէն նոր թեկնածուներ ունենալու, որպէսզի կարելի ըլլայ երիտասարդ քահանաներու պատրաստութեամբ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր թափ տալ:

8. Միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւնը կը մնայ մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը միջազգային համագումարներուն ու միաժամանակ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող շրջանային ու միջազգային միջկրօնական ու միջեկեղեցական հանդիպումները կրնան մեծապէս նպաստել մեր եկեղեցւոյ վարկին ու մեր ազգային պահանջատիրութեան:

9. Հայ Աւետարանական ու Կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ մեր Սուրբ Աթոռին յարաբերութիւնը կը նկատենք կենսական: Յատկապէս համահայկական ծրագիրներու ու նպատակներու ծիրէն ներս հարկ է միասնական ոգիով ամբողջական համագործակցութիւն հաստատել կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ՝ նո՜յնը սպասելով անոնցմէ:

10. Ազգային պահանջատիրութիւնը մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկն է: Վերջերս տեղի ունեցած միջազգային համագումարը կը նկատենք կարեւոր իրագործում մը այս ծիրէն ներս: Անհրաժեշտ է այդ համագումարին առաջադրութիւններու լոյսին տակ վերանորոգ թափով շարունակել մեր աշխատանքը:

11. ՀայաստանՍփիւռք գործակցութիւնը համահայկական առաջնահերթութիւն մըն է: Պէտք չէ բաւարարուիլ զգացական ու ժամանակաւոր բնոյթ ունեցող ծրագիրներով: Անհրաժեշտ է հետապնդել խորք ու նպատակ ունեցող եւ նոր հունաւորումներ ու հորիզոններ բացող ծրագիրներ՝ յատկապէս շեշտելով համահայկական մտածողութեան մշակումը:

12. Հայ եկեղեցւոյ երկու Կաթողիկոսական Աթոռներու՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ համապարփակ ու սերտ գործակցութիւնը մեր Սուրբ Աթոռին համար միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն: Վերջին տարիներուն այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնուեցան մանաւանդ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան ծիրէն ներս: Անհրաժեշտ է վերանորոգ աշխուժութեամբ շարունակել այս գործընթացը: Մեր եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը, անոր միասնականութեան ամրապնդումը ու առաքելութեան վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայականներ են:

13.  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Ղարաբաղի մէջ ՙՆոր Կիլիկիա՚ գիւղի շինութեան տասը տուներու կառուցման առաջին հանգրուանը իրագործուած է: Պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Մայիսին: Մեր Սուրբ Աթոռին թեմերը մասնակից են յիշեալ ծրագրի իրագործման: Որոշուեցաւ շարունակել այս ծրագիրը, որպէս գործնական արտայայտութիւն Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդման գծով մեր ունեցած յանձնառութեան:

14. Նահանջի մէջ գտնուող արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար դարձած է կարեւոր մտահոգութիւն: Անցեալ ամառ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած կրթական համագումարը առաջարկեց Հայ Լեզուի Պաշտպանութեան Խորհուրդի մը կազմութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ: Յիշեալ Խորհուրդի կորիզը արդէն կազմուած է եւ շուտով անոր աշխատանքային ծրագիրը պիտի յայտարարուի:

15. Սփիւռքի գաղութներէն ներս մեր ունեցած մարդուժի արձանագրութիւնը անյետաձգելի պահանջք մըն է: Այս յոյժ կարեւոր գործին լծուած է մեր Սուրբ Աթոռը իր թեմերուն մասնակցութեամբ: Այս ծրագրին իրագործումը արագացնելու համար ճշդուեցաւ յատուկ գործընթաց մը:

16. Նկատի ունենալով որ Լիբանանի միւս համայնքները սկսած են արտերկրի լիբանանցիներու արձանագրութեան, անհրաժեշտ նկատուեցաւ որ նոյն գործին լծուին նաեւ մեր թեմերը՝ գործակցութեամբ գաղութներէն ներս գործող քոյր կազմակերպութիւններու: Յիշեալ ծրագիրը կարեւոր է Լիբանանի հայութեան համար՝ համայնքային ու քաղաքական իմաստով:

17. Թեմական մարմիններու անուններուն շուրջ ներդաշնակութիւն ստեղծելու մտահոգութենէն մղուած որոշուեցաւ գործադիր մարմինները կոչել Ազգային Վարչութիւն, իսկ օրէնսդիր մարմինները՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողով: Իրանի երեք թեմերու պարագային յատուկ կարգադրութիւն մը եղաւ նկատի ունենալով տեղական լեզուին առնչուած որոշ մտահոգութիւններ: Նաեւ որոշուեցաւ հիմնական սկզբունքներու գծով թեմերու կանոնագրութիւններու միջեւ ներդաշնակութիւն ու միօրինակութիւն ստեղծել:  

18. Ցեղասպանութեան 100–ամեակի գծով որոշուեցաւ Կաթողիկոսութեան թէ թեմական մակարդակի վրայ ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւն բերել համահայկական բոլոր նախաձեռնութիւններուն: Կաթողիկոսարանի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ձեռնարկները.– Հայրապետական Կոնդակ, Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ յուշամատեաններու ամբողջական շարքի հրատարակութիւն, Պիքֆայայի յուշարձանի վերանորոգում եւ շրջապատի բարեզարդում, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քաթալոկի հրատարակութիւն, Անթիլիասի Նահատակաց մատրան վերանորոգում, Ցեղասպանութեան միջազգային համագումարի կազմակերպում, Կիլիկիոյ մէջ ազգապատկան եւ ապա անհատական կալուածներու ցանկագրում, Ուխտագնացութիւն կազմակերպուած թեմերուն կողմէ դէպի Անթիլիաս, Տէր Զօր եւ Հայաստան, Միւռոնօրհնէք Տէր Զօրի մէջ (2015), Պիքֆայայի յուշարձանին շուրջ համերգ, Յուշագիր՝ պետութիւններուն, եկեղեցիներուն, այլ կրօններու  ղեկավարներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն:

19. Մեր բոլոր թեմերը ու կառոյցները նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէն շուրջ 1,700,000 տոլար է, որուն 1/3–ը բաց է: Ամէն ճիգ հարկ է թափել թէ՜ բարերարներու ճամբով եւ թէ եկամտաբեր աղբիւրներու որոնումով ինքնաբաւ դառնալու համար:

20. Ազգ.  Ընդհանուր Ժողովի թուական ճշդուեցաւ Մայիս 2013:

21. Միաբանական հանդիպումին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ միաբանական կեանքի հոգեւոր, մտաւոր ու ծառայական երեսներուն յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետին կողմէ նշանակուեցան  հետեւեալ յանձնախումբերը.– Տնօրէն Ժողով՝ Գերշ. Տ.  Կորիւն Արք. Պապեան, Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպուեան,  Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան: Միաբանական ու ծիսական կեանքէն ներս ներդաշնակութիւն ստեղծելու կոչուած ուղեցոյցի պատրաստութեան համար՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ.  Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան: Միաբանական համագումարի եւ Քահանայից Համագումարի (2014) պատրաստութեան համար՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան, Գերշ. Տ.  Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ.  Շահան Եպս. Սարգիսեան, Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան եւ Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպուեան:

 

 

 

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԳԻՐԸ

ՂՊՏԻ ՔՈՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ՍԻՆՈՏԻՆ

 

          Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց թեմին, եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքին, պիտի մասնակցին Երեքշաբթի Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք Շնուտա Գ. Պատրիարքի յուղարկաւորութեան: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը Ղպտի եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոտին յղեց ցաւակցական հետեւեալ գիրը:

Arabic version

Read in Arial Armenian font

Խոր ցաւով իմացանք վախճանումը Աղեքսանդրիոյ պապ եւ սուրբ Մարկոսի Աթոռին գահակալ Շնուտա Գ. Պապին: Արդարեւ, քանի մը ամիսներ առաջ պատեհութիւնը ունեցանք անձամբ ներկայ գտնուելու Մեր հոգեւոր եղբօր Շնուտա Պատրիարքին գահակալութեան 40–ամեակին:

Շնուտա Պատրիարքը ճանչցած ենք 1966–էն սկսեալ՝ երբ Մենք տակաւին սարկաւագ էինք եւ ինք Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ քրիստոնէական բաժանմունքի պատասխանատու եպիսկոպոս: Այդ թուականէն ի վեր եղբայրական սերտ գործակցութիւն ունեցանք իր հետ: Այդ գործակցութիւնը ընդգրկեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, աստուածաբանական երկխօսութիւնները այլ եկեղեցական ընտանիքներու հետ եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումը: Այդ համապարփակ գործակցութեան որպէս արդիւնք, մենք միասնաբար, Միջին Արեւելեան մակարդակի վրայ Ղպտի, Ասորի եւ Հայ եկեղեցիներու միջեւ մնայուն համագործակցութեան կառոյցներ յառաջացուցինք, որպէսզի աւելի ամրապնդենք Արեւելեան Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու դարաւոր միութիւնը եւ կարենանք միասին դիմագրաւել նոր ժամանակներու մարտահրաւէրները, յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ: Յաճախակի առիթներով Մենք եղանք Գահիրէ, իր հիւրը եւ փոխադարձաբար ինք եղաւ Անթիլիաս՝ Մեր հիւրը:

Հետեւաբար, Շնուտա Պատրիարքը մօտէն ճանչնալով կրնանք հետեւեալ վկայութիւնը տալ իր մասին.–

ա) Ամէն բանէ առաջ Շնուտա Գ. Պատրիարք եղաւ հոգեւորական՝ բառին ամբողջական ու վաւերական հասկացողութեամբ: Աղօթքով, ծոմապահութեամբ ու ճգնաւորական կենցաղակերպով շաղախուած հոգեւոր կեանքը տիրական ներկայութիւն եղաւ իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ՝ քահանայութենէն մինչեւ պատրիարքութիւն:

բ) Շնուտա Գ. Պատրիարքը եղաւ ժողովուրդի՜ն հովիւը՝ բառին գոյութենական իմաստով: Միշտ եղաւ ժողովուրդին հետ Սուրբ Գրոց սերտողութեան ու այլ միջոցներով եւ յատուկ ճիգ թափեց ժողովուրդին փոխանցելու Աստուծոյ խօսքը:

գ) Դաստիարակութիւնը ու աւետարանչութիւնը, որպէս եկեղեցւոյ առաքելութեան կենսական տարածքները, դարձան Շնուտա Պատրիարքին հովուապետական ծառայութեան առանցքը: Ան ո՜չ միայն Եգիպտոսի այլ նաեւ Եւրոպայի, Ամերիկայի ու Ափրիկէի մէջ նոր եկեղեցիներ հաստատեց ու իր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ ջամբեց:

դ) Շնուտա Պատրիարք եղաւ գրիչի ու գիրքի մարդ: Ան բազմաթիւ գիրքեր հրատարակեց Աստուածաշունչի ու եկեղեցւոյ հայրերու մասին: Ընթերցումը երբեք չհեռացաւ իր կեանքէն:

ե) Վերջապէս Շնուտա Պատրիարքը եղաւ եկեղեցւոյ միութեան ջատագով: Ան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ միջեկեղեցական շարժումին՝ Միջին Արեւելեան թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Յաճախակի առիթներով ան կը յիշեցնէր  թէ եկեղեցւոյ բաժանումը սկսաւ Միջին Արեւելքէն, եկեղեցիներու միութիւնն ալ պէտք է սկսի Միջին Արեւելքէն:

Արդ, մեծ կորուստ մըն է Շնուտա Գ. Պատրիարքին մահը իր եկեղեցւոյ, Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական աշխարհին համար :

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մեր հոգեւոր դասուն եւ Սուրբ Աթոռին ենթակայ ժողովուրդին, կը սգանք իր մահը: Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Սուրբ Սինոտին եւ Ղպտի եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն: Միաժամանկ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Շնուտա Պատրիարքը օժտեց իր երկնային շնորհներով ու իմաստութեամբ՝ որպէսզի զանոնք ի սպաս դնէ Քրիստոսի սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ծառայութեան:

 

                                                                                                       ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                                                                                                    ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

 

 

 

 

 

Պարգեւատրելով Ազգային Գործիչ Տոքթ. Սուրէն Պայրամեանը`

 

ՙԱՆՁԻ ՄԸ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՉ ՄԷԿ ԱՐԺԷՔ ՈՒՆԻ,

ԵԹԷ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ՉԷ ԱՐԺԵՒՈՐԱԾ՚

 

Յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

His Holiness Aram I decorates Dr. Souren Bayramian   His Holiness Aram I decorates Dr. Souren Bayramian  

Read in Arial Armenian font

Եգիպտահայ ազգային-հասարակական վաստակաւոր գործիչ տոքթ. Սուրէն Պայրամեան երէկ` կիրակի, 11 մարտի կէսօրին, Անթիլիասի  մայրավանքին մէջ պարգեւատրուեցաւ ՙՍ. Մեսրոպ Մաշտոց՚ շքանշանով:

Ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, միաբան հայրերուն, ազգային ու միութենական ներկայացուցիչներու, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կայացած  այս հանդիսութեան բացումը կատարեց ՙԱզդակ՚-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր` Շահան Գանտահարեան: Ան վեր առաւ տոքթ. Պայրամեանի մատենագիտական պրպտումներուն կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ ան գրական պեղումներու բարձրագոյն մակարդակի լրջութեամբ կարեւոր ներդրում մը ապահոված է եգիպտահայ գրականութեան աղբիւրներու ցանկին պատրաստութեան մէջ: Գանտահարեան մեծապէս գնահատեց տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի  աշխատանքները, որոնք ՙայժմէական իմաստ կը  ստանան այն առումով, որ անոնք առարկայական  տուեալներով կը ներկայացնեն  ամբողջ ժողովուրդի մը կեանքը իր ելեւէջներով` կեդրոնանալով անոր ազգային, քաղաքականմշակութային, մարզական համընդհանուր  գործունէութեան վրայ՚: ՙՈւ մենք պէտք ունինք  գիտական ուսումնասիրութեան` իմանալու համար, թէ ի՛նչ պատճառներով երբեմնի ճառագայթող այդ կազմակերպ գաղութը  տակաւ կը նօսրանայ՚նշեց Գանտահարեան` դիտել տալովոր տոքթ. Պայրամեանի պրպտած մատենագիտական  այդ աշխատութիւնները կրնան օգտակար դառնալ վաղուան պատմաբանին` ճիշդ բնութագրելու համար եգիպտահայ գաղութի պատմութիւնը:

ՙԱհա թէ ինչո՛ւ տոքթ. Պայրամեանի վաւերագրական բնոյթի աշխատութիւնը կը ստանայ  գիտական համազգային արժէք  ու նշանակութիւն, մանաւանդ Միջին Արեւելքի տագնապալի պայմաններու մէջ ապրող  մեր հայահոծ  եւ կազմակերպ գաղութներուն համար: Հազարաւոր  մատենագիտական էջերու մէջ ամփոփուածտագնապները յաղթահարելու, գաղութին անդորրութիւնը պահելու, կազմակերպուելու, համարկուելու եւ այդ հունին մէջ հայօրէն ապրելու եւ ստեղծագործելու, գոյատեւելու խորունկ  փիլիսոփայութիւն, որուն պարզ օրինակը կը գտնենք Պայրամեանի աշխատութեան մէջ. պատիւ արժանաւորին, վարձքդ կատար՚, եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:

Ապա խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ իր կարգին դրուատեց տոքթ. Պայրամեանի անձն ու գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ ՙմէկու մը անունը, կենսագրութիւնը թուղթի վրայ ոչ մէկ արժէք ունին, եթէ այդ անձը իր նուիրումի ու ծառայութեան ճամբով ինքզինք չէ գտած ու չէ կերտած, ինքզինք  չէ արժեւորած  հաւաքականութեան, համայնքին ու ընկերութեան մէջ՚: ՙՏոքթ. Սուրէն Պայրամեանի կեանքը կարելի է բնութագրել հետեւեալ  քանի մը բառերով. ամբողջական նուիրում եւ համապարփակ ծառայութիւն՚, շեշտեց վեհափառը` նշելով, որ եգիպտահայ կեանքի մայր էջին վրայ կը մնայ  տոքթՊայրամեան: ՙԱն միշտ եղած է գաղութին հետ, ո՛չ թէ դիտողի, հետեւողի, լսողի կրաւորական  վիճակով, այլ` մասնակցողի, տագնապողի, առաջնորդի դերով: Ան գաղութին հետ ինքզինք նոյնացուց, գաղութին ցաւը ի՛ր ցաւը եղաւ: Գաղութին յաջողութիւնը` ի՛ր յաջողութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ տոքթորը խորապէս հաւատացողը եղած է մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերին ու առաքելութեան: Ապա Վեհափառ Հայրապետը եզրակացուց իր խօսքը ըսելով, թէ ՙՀայ գիրն ու գրականութիւնը միշտ եղած են իր սրտին մօտ ու ան երկու հատոր գրած է հայ մանուկին ու ընտանիքին նուիրուած: Ու այս տարի հայ գիրքի տարի հռչակելով` ձեր բոլորին ներկայութեան կը պարգեւատրեմ տոքթՍուրէնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ՙՍ. Մեսրոպ Մաշտոց՚ շքանշանով՚, եզրափակեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ապա Նարեկ արք. Ալեէմեզեան կարդաց հայրապետական կոնդակը, որմէ ետք վեհափառը ՙՍ. Մեսրոպ Մաշտոց՚ շքանշանով պարգեւատրեց տոքթ. Սուրէն Պայրամեանը, որ  իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով նշեց, որ այս պարգեւատրումը գնահատականէ աւելի յաւելեալ պարտականութիւն դրաւ իր ուսերուն եւ եթէ ինք աւելի քան 45 տարիէ ի վեր կը գործէապա անոր համար երախտապարտ է Եղեռնէն ճողոպրած իր ծնողներուն` Նարպէյ եւ Սիրանուշ Պայրամեաններուն, ՙորոնք հայ գիրի սէրը արթնցուցին մէջս` զիս առաջնորդելով դէպի  եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ, ուր վաստակաւոր մշակներու եւ շրջուն հայաստաններու հմայքին տակ ստացայ հայեցի կրթութիւն ու ազգային ակնածանք: Նմանապէս` երախտապարտ եմ կողակիցիս` Սոնիա Ոսկերիչեանին, առանց որուն   զօրակցութեան պիտի չկարենայի իրագործել այս բոլորը: Նոյն հարթակին վրայ` դուստրերուսՍօսէին եւ Սիլվային, որոնք զիս խրախուսեցին: Թող իմ երկու հատորներս ըլլան իմ համեստ լումաներս՚, ըսաւ տոքթ. Պայրամեան եւ աւելցուց. ՙԱշխատեցայ եւ գործեցի, որովհետեւ ուղեցոյց  ունեցայ մեր եկեղեցին: Հաւատաւոր զինուորեալը եղայ այն հայրենապաշտ կազմակերպութեանորուն ճամբով նուիրումս բերի ազգիս: Կրկնակիօրէն երախտապարտ ու շնորհակալ եմ այս կազմակերպութեան եւ Արամ Ա. վեհափառ հօր, այս պարգեւատրումին համար՚, ընդգծեց տոքթ. Սուրէն Պայրամեան` նշելով, որ այս տարի վեհափառը յայտարարեց ՙՀայ գիրքի տահջ՚, ինչ որ կը զուգադիպի ՄԱԿ-ի ու մասնաւորաբար ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ  մայրաքաղաք Երեւանը գիրքի ու մշակոյթի  մայրաքաղաք հռչակելու քայլին:

 

 

 

 

 

 

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ,

ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Read in Arial Armenian font

Ներկայ շաբթուան ընթացքին, 13-17 Մարտ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, թեմակալ առաջնորդներու ու ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հաւաքական հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ միաբանական հաւաք:

Վերոյիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստան-Սփիւռք գորածկցութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ ծաւալող գործակցութեան, Ս. Աթոռի առաքելութեան զանազան բնագաւառներուն առնչուած հարցեր ու ծրագիրներ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագրում, ինչպէս նաեւ թեմերուն հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւններ ու կարեւոր ծրագիրներ:

 

 

 

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՆԱԼ

ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԻ ՎՐԱՅ

Read in Arial Armenian font

Պատասխանելով թրքական արբանեակային հեռատեսիլի վրայ Վեհափառ Հայրապետին հետ հարցազրոյց ունենալու հրաւէրին, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքը մերժեց ընդառաջել նման հրաւէրին:

Իր պատասխանին մէջ, Տեղեկատուական Բաժանմունքը կ’ըսէ թէ՝ ՙՀայկական խնդիր գոյութիւն չունի հայ ժողովուրդին համար, ինչպէս որ կը բնորոշէք: Հայկական ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է եւ իբր այդպիսին ան քննարկումի, երկխօսութեան կամ բանակցութեան նիւթ չի կրնար դառնալ՚:

Շեշտելէ յետոյ թէ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում վճարէ, նամակը կ’ըսէ թէ՝ ՙինչպէս Թուրքիան ինքզինք կը ներկայացնէ պաշտպան մարդկային իրաւունքներու եւ կը շարունակէ անտեսել հայ ժողովուրդի իրաւունքները՚ ու ապա կ’աւելցնէ թէ ՙհայ ժողովուրդի իրաւունքները անտեսելով, արդարութիւնը ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանող նախաձեռնութիւններուն կոշտ կերպով հակազդելով, Թուրքիան չի կրնար ազգերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնել՚:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԵՌՆԱՐԿԷ

ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴՈՅԺԻ ՑԱՆԿԱԳՐՈՒՄԻՆ

Read in Arial Armenian font

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան համար վերջին տարիներուն համազգային նշանակութիւն ունեցող կարեւոր ծրագիր մը եղած էր սփիւռքի մէջ մեր ունեցած մարդոյժին յստակեցումը ու ցանկագրումը: Այս ուղղութեամբ վերջերս յանձնախումբ մը գոյացած էր ու լծուած աշխատանքի: Յանձնախումբը արդէն իսկ պատրաստած է իր ծրագիրը ու ճշդած աշխատանքին յառաջիկայ հանգրուանները:

Սոյն ծրագրին նպատակն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ ունենալ սփիւռքի մեր մարդոյժի մանրամասն ու ամբողջական պատկերը: Բնականաբար մարդոյժ ըսելով կը հասկցուին ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս գործող ու ծառայող անձերը (ուսուցիչ, տնօրէն, բժիշկ, համալսարանի դասախօս, գիտնական, ճարտարապետ, ճարտարագէտ, տնտեսագէտ, մտաւորական, հանրային գործիչ, հեղինակ, քաղաքագէտ, եւլն.): Այս ուղղութեամբ յատուկ էջ մը հաստատուած է.-  (http://www.armeniancatholicosate.org): Հարկ է որ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրուին հոն գտնուող հարցաթերթիկին ամբողջացումով: Մեր թելադրութիւնն է որ առաւելագոյն չափով առաջնորդարաններու, կառոյցներու ու անհատ ազգայիններու կողմէ լայն տարածում գտնէ այս նախաձեռնութիւնը, որպէսզի կարենանք յատկապէս պայմաններու բերումով հայ կեանքէն հեռու մնացած մեր մարդոյժը ներառել այս հաւաքական աշխատանքին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Read in Arial Armenian font

Սիրելի՜ հայրենակից,

Մարդոյժը ազգի մը, ընկերութեան մը ներքին ուժականութեան, ստեղծագործ ոգիի ու փայլուն ապագայի տեսիլքն է: Հայ սփիւռքը հարուստ է իր մարդոյժով: Սակայն, սփիւռքի մարդոյժին ամբողջական պատկերը տակաւին չունինք: Ահա այս աշխատանքին է լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթոողիկոսի հովանաւորութիւնը ու քաջալերանքը վայելող այս ծրագիրին նպատակն է տեղեկութիւններ հաւաքել սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս գործող ազգայիններուն (մտաւորականներ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ, համալսարանի դասախօսներ, գիտական մասնագիտութեանց տէր անձեր, հասարակական գործիչներ, եւլն.) մասին: Այս ծրագիրը կը նկատենք խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի: Հետեւաբար, պիտի խնդրենք որ անյապաղ լեցնէք կցեալ հարցաթերթիկը եւ ուղարկէք մեզի: Գործնական պատճառներով այս հարցաթերթիկը պիտի ըլլայ անգլերէնով:

Պիտի թելադրենք, որ սոյն հարցաթերթիկը (http://www.armeniancatholicosate.org) նաեւ ուղարկէք ձեր բարեկամներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով տարածում գտնէ այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը:

ԴԻՒԱՆ

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Back to top