Share

 

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

23-25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2012

ՙՃԱՆԱՉՈՒՄԷՆ՝ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ՚

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Համագումարին կը մասնակցին միջազգային ճանաչում ունեցող համալսարաններու միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեան երեսուն մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ յատուկ հրաւիրեալներ: Համագումարին բացումը ու փակումը պիտի կատարէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Համագումարին ծախսերը պիտի հոգայ ՙՓԻՒՆԻԿ՚ մարդասիրական կազմակերպութիւնը: Յառաջիկային պիտի տանք աւելի մանրամասնութիւններ համագումարի մասին:

Տե՜ս դասախօսներուն ցանկը:

Տե՜ս դասախօսութիւններու ցանկը:

 

 

Antelias

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ 

Երեքշաբթի 31 Յունուար 2012-ի առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Փետրուար ամսուայ վերջաւորութեան՝ 23-25 Փետրուար 2012-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք ...

 

HASK Online - November-December 2011

ՀԱՍԿ - ՆՈՅԵՄԲԵՐ-ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2011

 

Lebanon

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՙԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՚ ԹԵՄԱՅՈՎ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ 

Չորեքշաբթի 1 Փետրուար 2012-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակութային Կցորդութեան եւ Լիբանանի Համալսարանի Տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ համագումար ՙԻրանի Իսլամական Հանրապետութեան Սահմանադրութեան Այժմէականութիւնն ու ...

 

His Holiness Aram I receiving Maronite Archbishop of Beirut Boulos Matar, Monday 30 January 2012, Antelias

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱԹԱՐ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ 

Երկուշաբթի 30 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց եւ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Պէյրութի Մարոնիթ Առաջնորդ Մաթար Արքեպիսկոպոս: Մաթար Արքեպիսկոպոս այցելած էր Պքէրքէ, հետեւաբար ան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Րաիի Պատրիարքին ողջոյնները ...

 

The General Secretary of the World Council of Churches Dr. Olav Fykse Tveit meeting with His Holiness Aram I, Saturday 28 January 2012, Antelias

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀ. ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ 

Շաբաթ 28 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Օլավ Թուէյթին: Վեհափառ Հայրապետին ու Ընդհ. Քարտուղարին խորհրդակցութեան հիմնական նիւթը ...

 

Antelias

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ 

Ուրբաթ 27 Յունուար 2012-ի երեկոյեան, Վեհարանի գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութեան Նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանին: Անոր կ’ընկերանար նոյն միութեան նախկին փոխ-ատենապետ Տիար Սարգիս Տէմիրճեան: Հանդիպման ...

 

His Holiness Aram I receives Dr. Mohammad Hossein Mozaffari, the Director General of the Center for Interreligious Dialogue of Iran (to left) and Archbishop Sebouh Sarkissian, the Primate of the Armenian Dioceses of Tehran, Friday 27 January 2012, Antelias

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆԸ 

Ուրբաթ 27 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջ-կրօնական բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն, Դոկտ. Մոհամմատ Մոզաֆարի հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան: ...

 

The representative of the Archbishop of Canterbury visiting His Holiness Aram I in Antelias, Wednesday 25 January 2012

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԷՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ 

Չորեքշաբթի 25 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Րօուըն Ուիլիամզի միջ-կրօնական յարաբերութեանց խորհրդական Դոկտ. Րանա Խան: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ներկայ աշխարհին մէջ միջ-կրօնական ...

 

Play video

ՔՐՒՍՏՈՆԵԱՅ–ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԲԱՑՈՒՄԻՆ

ՙՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՅ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԲՈԼՈՐ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ՚ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 

Երէկ գիշեր, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը կատարելով միջազգային համագումարի մը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ՙքրիստոնեայ–իսլամ միացեալ համագումարը ...

 

International conference on "The Christian Presence and Witness in the Arab World" opens at the headquarters of the Armenian Catholicosate of Cilicia in Antelias, Lebanon

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԳԻՇԵՐ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ 

Աւելի քան 70 հոգիներու մասնակցութեամբ երէկ գիշեր Անթիլիասի Մայրավաքնին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Քրիստոնեայ-Իսլամ համագումարին: Համագումարին կը մասնակցին քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւորական ու աշխարհական ...

 

The Armenian Church participates in the Theological Dialogue between the Catholic Church and the Oriental Orthodox Churches, 17-21 January 2012, Ethiopia

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

17-21 յունուար 2012, Ատիս Ապապայի մէջ (Եթովպիա), Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան իններորդ ժողովը: Հայ եկեղեցին ...

 

HASK Online - September-October 2011

ՀԱՍԿ - ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ-ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2011

 

Antelias

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Երեքշաբթի 24 Յունուար 2012-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը պիտի կատարուի միջազգային համագումարի մը, նուիրուած Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի ...

 

Antelias

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱՏԻՄ ԺԻՄԱՅԷԼԸ

Ուրբաթ 20 Յունուար 2012-ին, Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Պէյրութի մարոնիթ Երեսփոխան Նատիմ Ժիմայէլը, ընկերակցութեամբ՝ իր երկու խորհրդականներուն: Երեսփոխանը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս ...

 

Antelias

ՙՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վերոնշեալ շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբաններուն յիշեցուց հոգեմտաւոր կազմաւորման կարեւորութիւնը միաբանութեան ծառայական կեանքին մէջ: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙԿապրինք զարգացման ...

 

The President of the Christian-Muslim Dialogue Committee Emir Hares Shab (to left) visiting Catholicos,  Tuesday 17 January 2012, Antelias

ՙՊԷՏՔ ՉԷ ՄՈՌՆԱԼ ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԵՐ ՉԻ ՋԱՐԴԵՑ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ՈՒ ԻՍԼԱՄՆԵՐ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեքշաբթի 17 Յունուար 2012-ին ընդունեց Լիաբնանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան յանձնախումբի ատեանպետ Հարէս Շհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքը ներկայացնող անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան: ...

 

Antelias

ՙՀԱՅ ԳԻՐՔԸ՝ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԿԵՐԸ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի 15 Յունուար 2012-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական պատգամի ընթերցումով սկիզբ առաւ ՙՀայ Գիրքի Տարի՚ն: ինչպէս ծանօթ է, հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին, ինչպէս նաեւ Եունեսքոյին կողմէ ...

 

His Holiness Aram I receiving the new Ambassador of Greece to Lebanon H.E. Dr. Catherine Boura, Friday 13 January 2012, Antelias

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Լիբանանի մօտ Յունաստանի նոր դեսպան Դոկտ. Քաթրին Պուրան Ուրբաթ 13 Յունուար 2012-ի առաւօտուն այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքը եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր թէ՜ Լիբանան եւ ...

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ 13 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենակին մէջ ընդունեց Ղազախիստանի մօտ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գարլաքեանը: Յայտնենք, որ Վազգէն Գարլաքեան Լիբանանի առաջին դեսպանն է Ղազախիստանի մէջ եւ որպէս դեսպան շուրջ չորս ...

 

His Holiness Aram I chairs ecumenical consultations in Antelias, Thursday 15 January 2012

ՙՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ ԽՕՍԵԼՈՒ ՄԷԿ ՁԱՅՆՈՎ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի ՙԿիլիկիա՚ թանգարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ եկեղեցիներու միասնականութեան նոր թափ տալու հրամայականին: ՙՄիջին Արեւելքի ...

 

His Holiness Aram I chairs ecumenical consultations in Antelias, Thursday 15 January 2012

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի 12 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ շարք մը միջ-եկեղեցական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ժորժ Սալիպա ...

 

The committee of the Lebanese Unions of Youth visits His Holiness Aram I, Tuesday 10 January 2012

ՙԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՇՐՋԱՆԻ ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ՚ Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի 10 Յունուար 2012-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Երիտասարդական շարժումները ներկայացնող պատուիրակութեան մը: Տասը հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին ...

 

High ranking Sunni and Shiite clerics in Antelias, Monday 9 January 2012

ՙՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻՈՍ

Երկուշաբթի 9 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհարանին մէջ ընդունելով Սիւննի եւ Շիի բարձրաստիճան հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց երկու միաստուածեան կրօններու ունեցած հասարակաց արժէքները ու ...

 

Christmas Liturgy in Antelias, Friday 6 January 2012

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈԻՆԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 6 Յունուարի առաւօտուն, Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին  մէջ Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետին շուրջն էին որպէս խարտաւիլակ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան ...

 

2012: ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ

Հայրապետական յատուկ Գիրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 2012 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ: Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ամբողջութեամբ կարդալ հոս:

 

His Holiness Aram I, Catholicos of Cilicia

ԴԱՌՆԱՆՔ ՃՇՄԱՐԻ՜Տ ԼՈՅՍԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը ուղղուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Նոր Տարուան ու յառաջիկայ Ս. Ծննդեան (2012) տօներուն առիթով:

 

Antelias

ՙԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ ՈՒ ԾՐԱԳՐՈՒՄ ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ 2012 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԳՈՐԾԻՆ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Նոր Տարուան առաջին օրը, Յունուար 1-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ապա Վեհարանի Դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ներկաներուն: Ողջունելով նոր բացուող 2012 տարին, Վեհափառ Հայրապետը ...

 

Back to top