Antelias

ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ 30 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին: Դեսպան Քոչարեան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց անձնապէս իր շնորհաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին շնորհաւորական գիրը՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով: ...

 

V. Rev. Fr. Krikor Chiftjian

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՐ ԳՐԻԳՈՐԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԹԵՄԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐ ՊԱՐԹԵՒԸ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԵՍՈՒՉ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրապետական գիրով Գերապատիւ Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանը նշանակեց Ատրպատականի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ իսկ Հոգեշնորհ Տ. Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանը Վենեզուելայի հայոց Հոգեւոր Տեսուչ: Հայր Գրիգորը ծնած է Պէյրութ, 1969-ին, Աբեղայ ձեռնադրուած է 1990-ին, եւ իր հոգեւոր ծառայութեան անցնող տարիներուն ...

Rev. Fr. Barthev Gulumian

 

Former members of Armenian Church University Students Association attend a gathering with His Holiness Aram I organized by the Youth department of the Catholcosate, Wednesday 28 December 2011

ՙՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐԵՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ ՈՒ ՀԱՄԱՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամ-անդամուհիներու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 28 Դեկտեմբեր 2011-ի գիշերը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ հարիւր ՀԵՀՈՄականներ, որոնք այսօր զանազան մասնագիտական ասպարէզներու Ճամբով ներկայութիւն ...

 

His Holiness Aram I pays New Year visit to the Armenian Sanatorium in Azounieh, Tuesday 27 December 2011

ՙԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՉՈՒՄԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԸԼԼԱԼՆ է՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծննդեան տօներու մթնոլորտին մէջ,  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս դարձեալ եղաւ որբերուն, ծերերուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն ու աշակերտներուն հետ: ՙԺողովուրդին հետ ըլլալը, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մօտենալը, անոնց մտահոգութիւնները, կարիքները, սպասումները իմանալը եւ այս բոլորէն անդին՝ ծառայութեան ճամբով եկեղեցին ժողովուրդին ...

 

His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆ ՈՒ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁԱՆ ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Երկուշաբթի 26 Դեկտեմբեր 2011-ին, Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ հաստատութեան Հոգեւոր Տեսուչ Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող ՙԹռչնոց Բոյն՚, նախքան աշակերտութեան արձակուրդի մեկնումը, անոնց հետ տօնելու Նոր Տարին ու համայն աշխարհի Փրկչին Սուրբ Ծննդեան Տօնը: ...

 

The feast of the Proto-Deacon and Proto-Martyr St. Stephan in Antelias, Sunday 25 December 2011

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՙԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀՐԱՒԷՐ Է Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ՚ Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամերգութեամբ, սուրբ պատարագով եւ դասախօսական ու գեղարուեստական ձեռնարկով, հանդիսապետութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի, նախասարկաւագ եւ նախավկայ Ս. Ստեփանոսի տօնը ոգեկոչուեցաւ Անթիլիասի մէջ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պատարագեց Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Քէրքէզեան (ուսուցիչ Դպրեվանքի) եւ ...

 

His Holiness Aram I, Catholicos of Cilicia

ՙԹՈՒՐՔԻԱՆ ԻՆՔԶԻՆՔԻՆ ՄԻԱՅՆ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍ ՊԷՏՔ Է ՏԱՅ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ օր լիբանանեան OTV եւ Հայաստանի Երկիր Մետիա հեռատեսիլներու կայաններուն հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խստիւ քննադատեց Թուրքիոյ ժխտողական ոգին ու սպառնական կեցուածքը թէ՜ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն ու թէ հայոց ցեղասպանութեան գծով վերջերս Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի կողմէ առնուած դրական քայլերուն նկատմամբ: ...

 

French President Nicolas Sarkozy

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐՔՈԶԻԻՆ, ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Սիրելի՜ Պրն. Նախագահ,

Որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յատուկ ուրախութեամբ կողջունեմ Ֆրանսայի Խորհրդարանին առած վերջին որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնող: Կողջունեմ նաեւ Ձեր վերջին յայտարարութիւնը Երեւանի մէջ, ուր դուք անգամ մը եւս արտայայտեցիք ֆրանսացի ժողովուրդին յստակ ու ամուր կեցուածքը հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան մասին: ...

Նամակը ֆրանսերէնով կարդալ հոս:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ. Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Մ.Ա.Ե. ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆՈՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Հինգշաբթի 22 Դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտուն, իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Դոկտ. Պուլոս Ռուհաննային, որ վերջերս ընտրուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նոր ընհդանուր քարտուղար: Դոկտ. Ռուհաննային կընկերանար Խորհուրդի Ընկերային Ծառայութեան բաժնմունքի տնօրէնուհի Տիկ. Սեդա խըտշեանը: ...

 

His Holiness Aram I receiving the Ambassador of Iran to Lebanon H.E. Ghazanfar Rokn-Abadi, Monday 19 December 2011, Antelias

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երկուշաբթի 19 Դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ռուքն Ապատի, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդներուն: Այցելութեան հիմնական նպատակը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատասխանատուներուն շնորհաւորութիւնը Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան առիթով: Այցելութիւնը նաեւ առիթ ...

 

Requiem service held in Antelias in memory of the late philanthropists Melankton and Haig Arslanian, Sunday 18 December 2011

ՙԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱԸ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ՈՒ ԱԶԳՈՎ ԲԱՐԵՐԱՐԸ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ՚ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի 18 Դեկտեբմեր 2011-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստ ազգային բարերարներ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեաններուն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ, Վեհարանի դահլիճին մէջ հանգուցեալ բարերարներու ընտանեկան պարագաներուն, Համազգայինի ու յարակից կառոյցներու պատասխանատուներու ներկայութեան Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Մելանքթոն ...

 

The director of Foundation for a Culture of Peace Dr. Manuel Manonelles in Antelias, to right: Ms. Teny Pirri-Simonian, Vice-Chairwoman of the Ecumenical Committee of the Catholicosate

ՙԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ ՀԻՄՆԱՐԿ՚Ի ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Խաղաղութեան Մշակոյթ Հիմնարկի Տնօրէն Տքթ. Մանուէլ Մանոնէլը, ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական յանձնախումբի փոխ-ատենապետուհի Տիկին Թենի Սիմոնեանի: Վերոյիշեալ կազմակերպութեան Տնօրէնը Անթիլիաս եկած էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար կազմակերպելու միջազգային համագումար մը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: ...

 

 St. Pergitch church, Ani

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՂՋՈՒՆԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ԳԾՈՎ

Չորեքշաբթի 14 Դեկտեմբեր 2011-ին, Հայաստանի Երկիր Մետիա հեռատեսիլին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի որոշումը՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական եկեղեցիներու վերադարձին գծով: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց,  որ Քոնկրէսի այս որոշումը դրական ու գնահատելի քայլ մըն է ...

 

His Holiness Aram I receiving U.S. Ambassador to Lebanon H.E. Maura Conelli, Tuesday 6 December 2011, Antelias

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ 

Երեքշաբթի 6 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան, աւելի քան ժամ մը տեւող հադիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Գոնելլիի միջեւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ...

 

UCLA

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ

UCLA-ի մէջ Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութեան անգլերէն բնագիրը կարդալ հոս

 

His Holiness Aram I receiving the President of Near East Welfare Association, Monday 5 December 2011

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի երեկոյեան իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Պապական Մարդասիրական Կազմակերպութեան նորընտիր նախագահ Ճոն Գոզար եպիսկոպոսին, որուն կ’ընկերանար իր գործակիցը եւ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի ու Յորդանանի յիշեալ Կազմակերպութեան գործունէութեան Ընդհանուր Տնօրէնը: Նիւ Եորքի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող, սակայն ...

 

His Holiness Aram I receiving the representative of the French Foreign Minister, Monday 5 December 2011

ՙՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱԿԱՍԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ՚

ՅԱՅՏՆԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԻՆ

Երկուշաբթի 5 Դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտուն, աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ֆրանսայի վարչապետի ներկայացուցիչ Ատրիէն Կութէյրոնի միջեւ:  Վարչապետին ներկայացուցիչը Եգիպտոսէն յետոյ այցելած էր Լիբանան, աւելի մօտէն ծանօթանալու շրջանէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերուն եւ այդ ծիրէն ներս՝ քրիստոնեայ համայնքներու տեսակէտներուն: ...

 

Back to top