Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Չորեքշաբթի, 9 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին «Ամալ» կուսակցութեան Գործադիր Վարչութեան երեք անդամները։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ առաւելաբար անդրադառնալու Լիբանանի քաղաքական…
Երեքշաբթի, 8 Յունուար 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը։ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ…
«ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋ ԴԱՐՁԱՒ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ՄԻՋԵՒ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Երկուշաբթի, 7 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մետաքսեայ Ճամբուն նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը՝ «Կրօնքին…
Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին զանգերը ղօղանջեցին աւետելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։ Այս առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Պատարագին ներկայ էին…
Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019-ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը հանդէս եկաւ Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան համերգով՝ ձօնուած իր հիմնադրութեան 45-ամեակին։ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ շուրջ 50 անդամներէ բաղկացած…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ՝ Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ին, յաջորդաբար ընդունեց հետեւեալ հիւրերը.- 1) Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Հասսունի անձնական ներկայացուցիչը եւ Նորին Սրբութեան փոխանցեց Միւֆթիին կողմէ նամակ մը՝ հրաւիրելով Հայրապետը այցելելու Դամասկոս։ Վեհափառ…
Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Աւետարանական համայնքին պետ Վերապատուելի Հապիպ Պատրը՝ ընկերակցութեամբ նոյն համայնքի պետական երեսփոխան Դոկտ. Էտկար Թրապուլսի։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս քրիստոնեայ…
ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԼՈ´ՅՍԸ ԱՇԽԱՐՀԻՆ Բեթղեհէմի մէջ աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին ինքզինք ներկայացուց որպէս լո´յսը աշխարհին.- «Ես որպէս լո´յս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ խաւարի մէջ չմնայ» (Յհ 12.46)։ Աստուած ո´չ միայն ստեղծիչն է լոյսին, այլ…
ԴԱՌՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒ ՄԵՐ ՆՄԱՆԻՆ Կը գտնուինք Նոր Տարուան սեմին։ Մեր կեանքին մէջ նոր տարին հանգրուան մըն է՝ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան ճամբով մեր անձին հետ ըլլալու։ Մեր անձին հետ ըլլալ, կը նշանակէ անցնող…
Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ.- – Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ներս գործող Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն լծուած յատուկ գրասենեակի պատասխանատուն Դոկտ. Միշէլ Նսէյր։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ…
Այսօր՝ Շաբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանի եւ Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Նոր Տարուան առիթով բարեմաղթութիւններու փոխանակումէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած կարգ…
Ինչպէս միշտ, այս տօնական օրերուն ընթացքին եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բազմապատկեց ընկերային ծառայութեան ոլորտի իր աշխատանքները։ Արդարեւ, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առընթեր, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, գլխաւորութեամբ բաժանմունքի վարիչ…