Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
11-15 Յունուար 2021-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) յառաջիկայ Ընդհանուր Համաժողովին Պաշտամունքի Ծրագրաւորման Յանձնախումբին երկրորդ նիստը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ, Ե.Հ.Խ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ սոյն յանձնախումբին անդամ…
Շաբաթ, 16 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով գուժեց Կիլիկիեան Ուխտի աւագ անդամներէն հոգելոյս Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի վաղահաս վախճանումը։ Արդարեւ, Կիրակի, 17 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Վեհափառ…
Ծնած է 3 Յունուար 1968-ին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Աւազանի անունն է Կարապետ։ Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Աքսոր Գասարճեան եւ Միհրան Գարակէօզեան Վարժարաններուն մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է Հոկտեմբեր 1982-ին։ Կատարելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց քառամեայ…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 11 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին։ Ներկայ էին յանձնախումբի անդամներ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան…
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ներկայ տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական յատուկ հռչակագրով հռչակեց «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։ Արդարեւ, Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի…
Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչ Փոլ Արք. Սայահը: Ան հայոց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Պատրիարքին շնորհաւորանքը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած Պատրիարքին մտահոգութիւններն ու…
«ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԵ՛ԶԻ ՀԱՄԱՐ ԾՆԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԵՆՔ ԻՐ ԾՆՈՒՆԴՈՎ ՎԵՐԱԾՆԻՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Այս յիշեցումը դարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սուրբ Ծննդեան պատգամին առանցքը, զոր փոխանցեց 6 Յունուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցած Ս. եւ Անմահ…
ԱՂՕԹԵՆՔ ՈՐ 2021 ՏԱՐԻՆ ԴԱՌՆԱՅ ՕՐՀՆԱԲԵՐ ՏԱՐԻ՝ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ Բացուող Նոր Տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Տագնապալից տարի…
Հինգշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց պապական նուիրակ Ժոզեֆ Սփիթերին։ Ան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին եղբայրական ողջոյնները եւ վերջինիս կողմէ նամակ մը յանձնեց Հայրապետին։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին…
Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կոչին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը Նոր Տարուան առիթով տեղի ունենալիք աշակերտական խրախճանքին յատկացուելիք ծախսերն ու նուիրատուութիւնները յատկացուց Լիբանանի ու Սուրիոյ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Նոյնպէս Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը 200 ընտանիքներու նպաստ…
Այս շեշտաւորումով Վեհափառ Հայրապետը եզրափակեց Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Բաժանմունքի ուսանողներուն իր տուած դասախօսութիւնը «Կրօն եւ Գիտութիւն» նիւթին շուրջ, Չորեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս: Ներածական իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրօնն ու…
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Կիրակի, 27 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը։ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ.…