Make your selection from the list below to download an issue in PDF:

ՀԱՍԿ ԱՄՍԱԹԵՐԹ

 

HASK   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական ամսագրի, ՀԱՍԿի առաջին թիւը հրատարակուած է Յունուար 1932-ին, Բաբգէն Ա. աթոռակից Կաթողիկոսին կողմէ։ Առաջին թիւի խմբագրականին մէջ Վեհափառը կը գրէ.- «Աստուծոյ Թագաւորութեան օրինա՛կն է լեցուն հասկը: … Ամսօրեայ հրատարակութիւն մը պիտի ըլլայ ՀԱՍԿ, իբրեւ պարբերական տեղեկագիրը Հայրապետանոցիս եւ Առաջնորդարաններու գործառնութեանց, որպէսզի ստոյգ եւ կանոնաւոր տեղեկութիւնները եւ լուրերը ուղղակի իր ակնաղբիւրէն իմանայ մեր ժողովուրդը: Կրօնական, գրական, եւ այլն, նիւթեր ալ պիտի բովանդակէ ՀԱՍԿ՝ իր տրամադրելի մասերուն մէջ»:

    ՀԱՍԿի մէջ կը շարունակուի հրատարակուիլ Կաթողիկոսարանի եւ անոր թեմերուն գործունէութեանց լուրերը, Հայրապետական Կոնդակներ, պաշտօնական խօսքեր, քարոզներ, ինչպէս նաեւ կրօնական ու գրական յօդուածներ:

 

Ներկայիս ՀԱՍԿի գլխաւոր խմբագիրն է Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան։

 

Կապ.- hask@armenianorthodoxchurch.org 

 

Լիբանանի մէջ ՀԱՍԿի տարեկան անդամակցութեան սակն է 50,000  Լ.Ո. կամ $35

 

Արտասահմանի մէջ ՀԱՍԿի տարեկան անդամակցութեան ծախսն է 115,000 Լ.Ո. կամ $75 առաքման ծախսերը ներառեալ:

 

ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ

Հայագիտական ՀԱՍԿը յատուկ յաւելուած հրատարակութիւն մըն է, որուն անունը ինքզինք լիովին կը բացատրէ։ ՀԱՍԿ Հայագիտականի առաջին թիւը հրատարակուած է 1948 թուականին: Մեծապէս գնահատուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած հայ եւ օտար հայագէտներ, արեւելագէտներ, պատմաբաններ եւ աստուածաբաններ ներդրում կ’ունենան ՀԱՍԿ Հայագիտականին մէջ:

 

Կապ.- hask@armenianorthodoxchurch.org  

Adobe Reader