Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ

Հայրապետական Մաղթանք   Այսօր 25-ամեակն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ընտրութեան ու օծման: Այս առիթով յատուկ ծրագիրներ մշակուած էին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս՝ նշելու ու արժեւորելու Նորին Սրբութեան 25 տարիներու ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով՝ հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցւոյ ու Հայաստանին: Նոյնպէս հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենային թեմերէն ներս: Սակայն, նկատի ունենալով համաճարակի ստեղծած կացութիւնը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խոր գոհունակութեամբ ու ջերմ շնորհակալութեամբ կը յայտարարէ, թէ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակին առիթով, Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար, եւ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն, որպէս օժանդակութիւն Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Յայտնենք, որ անցնող երկու ամիսներուն, Տէր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻՆ

Հինգշաբթի, 18 Յունիս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանին եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստանի կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան առնչուած հարցեր: Այսօր Վեհափառ Հայրապետին նաեւ այցելեց Լիբանանի կառավարութեան…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, իր հիմնադրութենէն 25 տարիներ ետք Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, ընդհանուր վերանորոգման ու վերադասաւորման ենթարկուեցաւ վերջին ամիսներու ընթացքին: Կատարուած ծախսերուն բարերարութիւնը ստանձնեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Իշխանութեան ատենապետ տիար Կարօ եւ տիկին Սօսի Էշկիեան ամոլը:   Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 17 Յունիս 2020-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, «Կիլիկիա» թանգարանի…

«ԸՆԴԴԷՄ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒՆ»

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հրատարակութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի մեկենասութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ընդդէմ Եհովայի Վկաներուն» հատորը մեր Ս. Աթոռին միաբաններէն հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի աշխատութեամբ։   422 էջնոց գործը կը սկսի յիշեալ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետի հետ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած հարցեր։   Նորին Սրբութիւնը նաեւ հեռաձայն մը ստացաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին կողմէ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 4 Յունիս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպա Տորոթի Շին՝ ընկերակցութեամբ դեսպանատան զանազան բաժանմունքներու երկու պատասխանատուներուն:   Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր. այսպէս՝ համաճարակի ստեղծած կացութեան հետեւանքները ու զանոնք դիմագրաւելու…

«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՋԵՐՄՕՐԷՆ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԵՆՔ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԻԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2020-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովին հանդիպումը։ Քննարկուեցան մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներքին կեանքին ու թեմերուն առնչուած շարք մը ծիսական, դաստիարակչական, հրատարակչական, միջ-եկեղեցական, տեղեկատուական եւ ընկերային ծառայութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Յիշեալ բնագաւառներուն շուրջ տրուեցան զեկոյցներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ

Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հարապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան: Վեհափառ Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Վարչապետին ու իր ընտանիքին եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս համաճարակին յառաջացուցած դժուարութիւններուն գծով:   Վարչապետ Փաշինեան անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ Նորին Սրբութեան «քորոնավիրուս»ի տարածման ու առաջքը առնելու աշխատանքներուն…