Միջ-Եկեղեցական Միջազգային Համագումար Անթիլիասի Մէջ — «ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 31 Յունուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ միջազգային միջ-եկեղեցական համագումարին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ 30 աստուածաբաններու ու միջ-եկեղեցական շարժումի փորձագէտներու՝ Հարաւային Քորէայէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Քենիայէն, Կանայէն, Պուրունտիէն, Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն:     Վեհափառ Հայրապետը, որ նախաձեռնողն է համագումարին, պաշտօնական բացումը կատարելով…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

28 եւ 29 Յունուար 2020ին‚ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ժողովը‚ ուր յանուն Հայ եկեղեցւոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան‚ Առաջնորդ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի‚ եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի։   Երկու օրերու վրայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ ՔԱՐՏԻՆԱԼ ՔՈԽԸ

Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2020-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ՝ Կարտինալ Քոխը:   Վեհափառ Հայրապետին եւ Կարտինալին միջեւ մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին արծարծուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութիւնը:   Ապա, Կարտինալ Քոխ ընթրիքի հիւրը եղաւ…

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

31 Յունուարէն 2 Փետրուար 2020-ին, միջազգային միջ-եկեղեցական համագումար մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Համագումարը կազմակերպուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ: Անոր նպատակն է նոր մարտահրաւէրներու ու տագնապներու դիմաց գտնուող միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկել եւ ապա որոնել նոր ուղղութիւն ու տեսլական միջ-եկեղեցական շարժումին:   Համագումարին պիտի տրուին երկու…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՊԷՏՔ Է ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ին, Պքերքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն էր քննել Լիբանանէն ներս վերջին երեք ամիսներուն տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, յատկապէս ժողովուրդին պահանջքները, եւ պարզել եկեղեցւոյ տեսակէտը: Ներկայ հոգեւոր պետերը իրենց մօտեցումները արտայայտեցին՝ բնականաբար ընդգծելով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդային պահանջքներու գծով:   Խօսք առաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԷԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, 23 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը:   Դեսպանը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանի նամակները:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանի ու Լիբանանի այժմու կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող խնդիրներու:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) «Ուխտագնացութիւն Դէպի Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն» յանձնաժողովին եւ հիւրընկալութեամբ «Խաղաղականի Եկեղեցիներու Խորհուրդ»-ին, 13-23 Յունուարին Խաղաղական ովկիանոսի Ֆիճի կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ յանձնաժողովին վեցերորդ համախմբումը՝ մասնակցութեամբ Ե.Հ.Խ.ի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտ հիւրերու։ Յիշեալ յանձնաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն է Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։   Յանձնաժողովը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան՝ ընկերակցութեամբ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունիին: Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց նոր նախարարուհիին:   Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ նախարարն է Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը: Ծնած է 1984-ին, յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ

Միջ-եկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ Յունուար ամսուան 3-րդ շաբաթը յատկացուած է Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքին:   Այս ծիրէն ներս աշխարհի բոլոր եկեղեցիներէն ներս աղօթքներ տեղի կ’ունենան եկեղեցիներու միութեան համար: Երբեմն եկեղեցիներ առանձնաբար եւ երբեմն միասնաբար կրօնական հաւաքներ կը կազմակերպեն` աղօթասացութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ քարոզխօսութեամբ շեշտելով եկեղեցիներուն միութեան հրամայականը:   Յայտնենք, որ անցեալ տարի Լիբանանէն ներս աղօթքի շաբթուան փակումը տեղի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ընդառաջելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանի հրաւէրին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան մեկնեցան Երուսաղէմ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Աստուածայայտնութեան տօնին առնչուած արարողութիւններուն: Յայտնենք, որ հակառակ շրջանէն ներս ստեղծուած քաղաքական ու ապահովական դժուարութիւններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Ժոզեֆ Եպիսկոպոս Սփիթերին:   Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին ողջոյնները եւ Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները պարունակող նամակը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին Պապական նուիրակէն խնդրեց իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցել Սրբազան Քահանայապետին ու յիշեցուց, որ Մեծի Տանն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու «Զուարթնոց» կեդրոնը, Պուրճ Համուտի մէջ:     33 տարիներ առաջ, Վեհափառ Հայրապետի՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան օրերէն սկիզբ առած յիշեալ կեդրոնը, վերջին տարիներուն օժտուած է ներկայ ժամանակներու մասնագիտական բոլոր կարելիութիւններով: Կեդրոնին տնօրէնուհին է Տիկին Վարդի Գէորգեանը: Կեդրոնը ունի իր…

2020-ը՝ ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱ­ՐԻ

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ     Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայ­­րա­վանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէա­կան ջերմ սի­րով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհա­նուր Ժո­ղովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօ­նական ու Քա­ղա­քական…

«ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ» ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ Կ՚ԸՆԹԵՐՑՈՒԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆՍ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հաստատած աւանդութիւններուն մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր տարի հայ ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ իրադարձութեան մը անդրադառնալն ու տուեալ տարին այդ թեմային նուիրելը։ Այդ իմաստով, Վեհափառ Հայրապետը 2020 տարին հռչակեց «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի», իսկ Հայրապետին պատգամը Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ ընթերցեց Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԱՄԵՆ. Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 11 Յունուար 2020-ին, Պոլսոյ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութեան արարողութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ Նուիրապետական Աթոռի նորընտիր գահակալ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արարողութեան մասնակցեցան Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ Յունաստանի թեմին, եւ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին:    Յընթացս արարողութեան, կարդացուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) եւ «Ալ Հայաթ» Քաղաքացիական Հասարակութեան Զարգացման կազմակերպութեան, 20-22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ընթացք առաւ «Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Համար Արաբական Երիտասարդական Ֆորում»ը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Տէտէեանը։   Եռօրեայ այս համագումարին մասնակցած էին արաբական աշխարհի մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Ն.Ս. Աֆրամ Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Հինգշաբթի, 9 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը լեռնալիբանանի առաջնորդ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոսին: Ան Մայրավանք եկած էր յանուն Ն.Ս. Աֆրամ Պատրիարքին շնորհաւորութիւնը յայտնելու Ս. Ծննդեան եւ  Աստուածայայնութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ խորհրդակցելու միջ-եկեղեցական հարցերու շուրջ:   Յայտնենք, որ օր մը առաջ Նորին Սրբութեան այցելած էր նաեւ Մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2020 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»

Վեհափառ Հայրապետը 2020 թուականը հռչակած է «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»: Առ այդ, Կիրակի, 12 Յունուարին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Նորին Սրբութեան հռչակագիրը պիտի ընթերցուի Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Նոյն հռչակագիրը նաեւ պիտի ընթերցուի թեմերու եկեղեցիներէն ներս։   Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու Պատարագին՝ լսելու համար Վեհափառ…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի եւ շրջանէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան: Երկու հոգեւոր պետեր կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը:

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԷՋՔՆ Է ԵՐԿԻՐ ՈՐՊԷՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ՊԱՐԳԵՒ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցան Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։ Այս առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իսկ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 5 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։   Պատարագի աւարտին, լուսարարապետ Սրբազան Հայրը Ս. Խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Նորին Սրբութեան։ Հայրապետը, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն, որոնք իրենց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 4 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան Զօրակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Թուֆիք Պաաքլինին՝ ընկերակցութեամբ կազմակերպութեան Լիբանանի կեդրոնի պատասխանատու Ալեքսիս Մուքարզելի։   Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած յիշեալ կազմակերպութեան մաս կը կազմեն պետական, քաղաքական, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Անոր նպատակն է զանազան միջոցներով զօրակցիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան։   Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՀՐԱՒԷՐ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ     Եբրայեցւոց ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ ըսելով՝ “չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք” (2, 1)։ Անհրաժեշտ է արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրող Առաքեալին այս կոչը լուսարձակի տակ բերել ա՛յս օրերուն մանաւանդ, երբ կը պատրաստուինք հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու աշխարհի Փրկչին ծնունդը։ Եկէք նախ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՄԵՐ ԴԻՄԱՑ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։   Արդարեւ, անցեալէն՝ ապագային եւ հինէն՝ նորին անցնելու սա պահը մեզ կը հրաւիրէ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան եւ ապա՝ ապագայատեսիլ ոգիով ճշդելու մեր ազգն ու հայրենիքը առաւել հզօրացման առաջնորդող ճամբան։   Կը գտնուինք…