ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան մաս կազմող միաբաններ կը ծառայեն թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ թէ՛ թեմերէն ներս: Անոնց ծառայութեան վայրն ու բնոյթը, ինչպէս նաեւ ժամանակաշրջանը մնայուն հանգամանք չունին, կը ճշդուին Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ՝ ըստ կարիքի ու յարմարութեան:   Միաբանութեան ծառայութեան դաշտէն ներս հետեւեալ փոփոխութիւններն ու նշանակումները կատարուեցան.-   — Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան երկար…

«ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԹԷ՛ ՄԻԱՑՆՈՂ ԵՒ ԹԷ՛ ԲԱԺՆՈՂ ՀԶՕՐ ԱԶԴԱԿ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս երկրորդ տարին ըլլալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու անմիջական հսկողութեամբ տեղի ունեցաւ համալսարանական ուսանողներու ու համալսարանաւարտ երիտասարդներու խտացեալ դասընթացք: Հիւսիսային Ամերիկայի մեր թեմերուն յատուկ յիշեալ դասընթացքին կը մասնակցին առաւելագոյնը 22 երիտասարդներ՝ ընտրուած թեմերուն կողմէ: Դասընթացքը տեղի կ՚ունենայ անգլերէն լեզուով եւ կը քննարկէ հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՀՈԳՇ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով, Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից Հայոց Թեմին։ Հայր սուրբը շուտով պիտի մեկնի Քուէյթ թեմական ծառայութեան լծուելու։   Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս վարած է զանազան պաշտօններ եւ վերջին տարիներուն յատկապէս ստանձնած էր Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԴԻՄԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ՝ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը30 Յուլիս 2019-ին դա՛րձեալ դիմեց թրքական դատարան, օրինական հայցներկայացնելով Սիսի նախադատատեանին մօտ՝ պահանջելով Սիսիպատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը: Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ Կաթողիկոսարանի հետ աշխատակցող միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերու ունեցած աշխատանքային եւ խորհրդակցական հանդիպումներու լոյսին տակ, որոշուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը ներկայացնել Թուրքիոյ Սիս (Քոզան) քաղաքի նախադատ ատեանին մօտ: Շուրջ հազար…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՕ ԵՒ ՍՕՍԷ ԷՇԿԻԵԱՆ ԵՒ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅՈՎՍԷՓ ԵՒ ԷԼԻԶԱՊԷԹ ՊՈՅԱՃԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԵՒ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԾԱԽՍԵՐԸ

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան ամոլը ստանձնեց Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան ծախսերը. իսկ դարձեալ նոյն թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան ամոլը ստանձնեց Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ծախսերը։   Երկու կառոյցներուն վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ պիտի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԸ

2020  թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է հանդիսաւոր կերպով նշելու Նորին Սրբութեան 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը:   Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի «Ուխտի Օր»ուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ գիշեր, 17 Օգոստոս, 2019։   ԴԷՊԻ ԱՌՈՂՋ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔ ՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ   Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, այս հոգեպարար մթնոլորտին մէջ, մեր ժողովուրդի զաւակներու խուռներամ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առին 20 Օգոստոս 2019-ին եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս։ Վերանորոգման ծախսերը ստանձնած են հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի ազգայիններ Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով Մայր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 8 Յունիս 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը առաջնորդ ընտրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զոպույեան։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ուղղած իր հայրապետական գիրով վաւերացուց առաջնորդի ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր առաջնորդ սրբազան հօր անոր վստահուած առաքելութեան մէջ։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ԿԸ ՊԱՐԶԷ «ԻՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԳՈՆՎԵՆՑԻԱՅ»Ի ՄԱՍԻՆ

Սուրբ Աստուածածնի ուխտի օրուան բազմահազար ժողովուրդին ուղղած իր Հայրապետական պատգամին մէջ, խօսելով հայ ընտանիքին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները պահելու հրամայական անհրաժեշտութեան մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր յստակ տեսակէտը պարզեց, այսպէս կոչուած, «Իստանպուլի Գոնվենցիայ»ին մասին: Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ ամփոփեց իր մօտեցումը.-   1) «Հայ ընտանիքին, անոր արժէքներուն, ինքնութեան ու կոչումին ուղղակի…

ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՆՈՒՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ս. Աստուածամօր վերափոխման տօնը հայ եկեղեցւոյ համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան իր մէջ կը պարփակէ կրօնական ու ազգային դիմագիծերը։ Ան եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը կը հանդիսանայ: Վերափոխման տօնին առիթով, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը նշէ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը, տեղի կ՚ունենայ Աստուածաշունչին եւ մեր հայերու աւանդութեան համաձայն երախայրիքի եւ ոչխարի…

ՇՈՒՐՋ ՀԱԶԱՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՔԱԼԵԼՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ

Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, աղօթասացութեամբ եւ շարականի երգեցողութեամբ, երրորդ տարին ըլլալով, աւելի քան 1000 ուխտաւորներ ուխտեցին քալել Անթիլիասի Մայրավանքէն դէպի Ս. Աստուածածին Վանք։   Արդարեւ, Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ, ուխտերթը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին։ Հաւատացեալներու շարքերուն մէջ կային հայ թէ օտար ուխտաւորներ, ինչպէս…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏ ՇԱԲԱԹԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիրակութեան բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոս 2019-ին Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի տօնին առիթով տեղի ունեցան Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար դասախօսութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ աղօթասացութիւններու շարք մը, ինչպէս նաեւ օրական դրութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։   Երկուշաբթի առաւօտուն ուխտաւորները հաղորդուեցան «Մարիամ Աստուածածնի Կուսութիւնը» նիւթով, որ ներկայացուց Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանն ու Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։   Հայաստանի դեսպանին հետ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած նիւթերու շուրջ, իսկ Լիբանանի դեսպանին հետ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին։   Յայտնենք, որ շաբաթ մը առաջ դարձեալ այս ուղղութեամբ հանդիպում մը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի ձեռագիրներու վերանորոգման աշխատանքները սկսած են Մայրավանքէն ներս։ Այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը կը վայելէ Գերմանիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը՝ «Աշխարհի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը» ծրագիրին ծիրէն ներս եւ կը կրէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած գանձերու պահպանում. հնատիպերու պահպանում եւ վերանորոգութիւն» վերնագիրը։ Ծրագիրը նախաձեռնուած է համագործակցութեամբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերմիանիոյ մէջ «Հայկական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենին։ Դեսպանը Հայրապետը տեղեակ պահեց Վատիկանի եւ Լիբանանի յարաբերութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու ու նոր զարգացումներու շուրջ։   Յայտնենք, որ Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազեն Լիբանանի Խորհրդարանէն ներս եղած է երեսփոխան, ինչպէս նաեւ քաղաքական գիտութեանց դասախօս՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։    

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ՆԻՍՏԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Նկատի ունենալով ընդհանրապէս երիտասարդութեան ու յատկապէս համալսարանական երիտասարդներու կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախանձախնդրութիւնը, երկրորդ տարին ըլլալով, Կաթողիկոսարանը՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին ու Դպրեվանքին միացեալ ճիգով, կը կազմակերպէ երիտասարդական խտացեալ դասընթացք։   Յիշեալ դասընթացքը կ՚ընդգրկէ երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշնչական, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, հայ դատի,…

«ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ ՄԱՀԸ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸՆ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 4 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ցաւով իմացաւ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի մահուան գոյժը, որուն համար յայտնեց, թէ անոր կորուստը մեծ է մանաւանդ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ։   Յայտնենք, որ 1999 թուականին Նորին Սրբութիւնը Փրոֆ. Տատրեանը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պարգեւատրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով եւ վեր առնելով անոր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ ըսած…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ

Կիրակի, 4 Օգոստոս 2019-ին, յընթացս Անթիլիասի Մայրավանքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան ստացան Վարդապետական մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճաններ՝ ձեռամբ Գերշ. Տ. Վարուժան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՉՈՐՍ ԱԲԵՂԱՆԵՐ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐԸ

Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան մաս կազմող երիտասարդ չորս աբեղաները՝ Հոգշ. Տ. Պսակ Աբղ. Թէփիրճեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան եւ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան, պաշտպանեցին իրենց վարդապետական աստիճանի աւարտաճառերը:   Պսակ Վարդապետին աւարտաճառի նիւթն էր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ԿԱՐԷՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 2 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի դեսպան Կարէն Նազարեան իր տիկնոջ հետ միասին: Դեսպան Նազարեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ Մալթայի մօտ:   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսաացաւ, անդրադառնալու յատկապէս Վատիկանի հետ հայ եկեղեցւոյ ու մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութեան: Ապա, տէր եւ տիկին Նազարեաններ ճաշի հիւրը եղան Նորին Սրբութեան:   Յայտնենք,…