ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ՊԷՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 30 Յուլիս 2019-ին, Պէյրութի տիւրզի համայնքի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերու համաժողով մը: Սոյն համաժողովին, Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան:   Համաժողովին բացումը կատարելով տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, ան կարեւոր նկատեց ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԳՐԻԳՈՐ ԱԿՈԲԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց նկարչական արուեստին մէջ նուաճումներ արձանագրած Գրիգոր Ակոբեանը։   Այս առիթով արուեստագէտին տուած իր Սրբատառ Կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Հոգեկան ուրախութիւն է Մեզի համար լուսարձակի տակ բերել Ձեր անձն ու վաստակը, ընդհանրապէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Համաշխարհային Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ Դոկտ. Ն. Քասսապին, ընկերակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի։   Վերոյիշեալ Բարեկարգեալ Միութեան մաս կը կազմեն 233 եկեղեցիներ, 110 երկիրներու մէջ հաստատուած եւ շուրջ 100 միլիոն հաւատացեալներ ունեցող։ Ան ունի երկու կեդրոններ՝ Ժընեւի եւ Հաննովըրի մէջ։ Անոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՍՏԱՏՈՒԵԼԻՔ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՄԱՆՑ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին (AUB) արուեստի ու գիտութեանց բաժանմունքի տնօրէնուհի Դոկտ. Նատիա Էլ Շէյխի, ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքին քաղաքական գիտութեանց ճիւղի դասախօս Դոկտ. Ժան Կէօքճեանի:   Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ համալսարանէն ներս հայագիտական ուսմանց ծրագիր մը հաստատելու գծով: Մօտէն իմանալէ ետք ծրագիրին մանրամասնութիւնները, Վեհափառ Հայրապետը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՏԻՒՐԶԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց տիւրզի համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Այցելութեան նպատակն էր տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Աքլ Տրուզի անունով՝ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրել Երեքշաբթի օր տեղի ունենալիք իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովին:   Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետին ողջոյնները փոխանցելով, պատուիրակութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին տարած աշխատանքներուն թէ՛ Լիբանանէն ներս…

ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ

16-19 Յուլիս 2019-ին, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութիւնը իր տարեկան հերթական ժողովը գումարեց Քամպոտիոյ մայրաքաղաք Փնոմ-Փէնի մէջ:   Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը կ՚ընդգրկէ Ասիոյ բոլոր եկեղեցիները, որոնք կը գործեն աւելի քան 27 երկիրներու մէջ, ներառեալ Իրանը: Իրանի հայոց եկեղեցին 2010 թուականի Ապրիլ ամիսէն սկսեալ մաս կը կազմէ այս խորհուրդին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ անոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Պէյրութի Լիբանանեան Ոյժեր կուսակցութեան վարչութիւնը։ Այցելութեան նպատակն էր փոխանցել կուսակցութեան ղեկավար Տոքթ. Սամիր Ժահժահին ողջոյններն ու յարգանքը հայ համայնքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել վերջին շրջանին երկրէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ եւ պարզել կուսակցութեան տեսակէտը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՍՈՒՐԲ ԹԱԴԷԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎԱՆՔԵՐՈՒ (ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ) ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Պարսկաստանի Ատրպատական նահանգին մէջ հաստատուած Ս. Թադէի Վանքը իր դարաւոր անցեալով եղած է հայ ժողովուրդի ճառագայթող հոգեւոր կեդրոններէն մէկը: Ամէն տարի Յուլիս ամսուան վերջերը ուխտագնացութիւններ տեղի կ’ունենան՝ մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի բազմահազար զաւակներուն:   Այս առիթով Թեմի Առաջնորդ սրբազանին՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանին ճամբով ուխտաւոր ժողովուրդին ուղղած իր հայրապետական օրհնութեան գիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը կ’ըսէ.…

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔԻ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս առաւօտ, Ուրուկուէյի հայկական ռատիօժամին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով վերջերս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին, կոչ ուղղեց մամլոյ մշակներուն համագումարը վերածել մնայուն գործընթացքի: Ան ըսաւ, որ որեւէ համագումար (ինչպէս որեւէ յեղափոխութիւն), իր լիարատ իմաստը կը ստանայ ու նպատակը կ’իրագործէ երբ վերածուի գործընթացքի: Այլ խօսքով, յստակ ծրագիրներ մշակելու ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանին:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու յատկապէս կուսակցութեան առնչուած հարցերուն մասին: Տոքթ. Տաքէսեան, յանուն կեդրոնական վարչութեան, Նորին Սրբութեան պարզեց կուսակցութեան վերջին ընդհանուր ժողովին առած որոշումները, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան յառաջիկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ «Ի ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ» ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Հինգշաբթի, 18 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն, «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» խմբաւորումի ատենապետ Թուֆիք Պաաքլինիի ուղղած խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յիշեալ կազմակերպութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները՝ ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան։   Յայտնենք, որ երէկ՝ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2019-ին, նոյն կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսին  մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի հանդիպում մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան մասնակցեցան Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։   Նոյն օրը երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կազմակերպութեամբ միօրեայ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ խղճի ազատութեան առնչուած։   Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս հրաւիրուած էր մասնակցելու յիշեալ երկու հաւաքներուն։   Նշենք, որ «Ի Պաշտպանութիւն Միջին…

«ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՈՒ ԱԶԳԱՆՈՒԷՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, ողջունեց այցելութիւնը խումբ մը արուեստագիտուհիներու, որոնք Հայաստանէն եկած էին «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» թեմայով հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքները ներկայացնելու շրջանի ժողովուրդին։   «Մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան ու ինքնահասկացողութեան շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է։ Ան զօրեղ գործօն է ո՛չ միայն ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման, այլ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ:   Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորումի ենթարկելու Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ քանի մը օրեր առաջ տեղի ունեցած հայ մամուլի համահայկական համագումարը: Անոնք կարեւորութեամբ ընդգծեցին յիշեալ համագումարին եզակի կարեւորութիւնը՝ թէ՛ իր ունեցած համահայկական տարողութեամբ եւ թէ հարցերու անկեղծ եւ…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՆԵՐԿԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ «Եկեղեցին ներկայ աշխարհին մէջ» նիւթին շուրջ։ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու երիտասարդ ներկայացուցիչները, շուրջ 50 անձերէ բաղկացած, իրենց դասախօսներով եկած էին լսելու Վեհափառ Հայրապետը: Անոնք երկու շաբաթներու վրայ երկարաձգուած խտացեալ յատուկ աստուածաբանական դասընթացքի հետեւելու եկած էին Լիբանան՝ զանազան երկիրներէ:   Նորին Սրբութիւնը նախ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԲՌՆԱԳՐԱՒԵԱԼ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ Ս. ՄԱԿԱՐԱՅ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 28 Յունիս 2019 թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մը դարձաւ, երբ Վեհափառ Հայրապետը, ամէն տեսակ դժուարութիւն յանձն առնելով, անցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս՝ այցելելու համար մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունեցող հոգեւոր կեդրոնները։   Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆ

Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն ընթացք առին։ Արդարեւ, 1996 թուականին բացուած «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութիւնը դարձած էր հրամայական՝ մէկ կողմէ նկատի ունենալով ներքին փոփոխութիւններու ու նորոգութիւններու, եւ միւս կողէն նոր ստացուած իրերու դասաւորման անհրաժեշտութիւնը։   Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին փափաքին, վերանորոգութեան աշխատանքներուն բարերարութիւնը ստանձնած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Կարօ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019-ին, ընդունելով վարչութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի աւելի քան 45 տարիներու ծառայութիւն ունեցող «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբին, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց երգչախումբին ծաւալած հոգեւոր ու մշակութային առաքելութեան։ Ան յատկապէս ողջունեց երգչախումբի ներկայ խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին կողմէ կատարուող հետեւողական աշխատանքը, խումբին որակին ու քանակին ապահովման գծով։   Այսօր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան եւ Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի անդամները՝ Փօլ Եագուպեան, Արամ Մալեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ Հայկ Օղուլլուգեան։   Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել յառաջիկայ տարի Հաճնոյ հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով իրագործուելիք ծրագիրները՝ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս։   Հայրապետը գնահատեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐԵԳ», «ՔՆԱՐ» եւ «ԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Նոր Սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ», Համազգայինի «Քնար» եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Հ.Ե.Ը.ի «Արին» պարախումբերու վարչութիւնները։   Յայտնենք, որ վերոյիշեալ երեք միութիւններու պարախումբերը, անցնող շաբաթ Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակէն ներս, միասնաբար հանդէս եկան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին…

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԷՆ ՅԵՏՈՅ

Սոյն յօդուածը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եզրափակիչ պատգամին, արտասանուած հայ մամուլի տարուան առթիւ Կաթողիկոսարանէն ներս կազմակերպուած համագումարի փակման նիստին, 4 Յուլիս, 2019-ին   Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը իր աւարտին հասաւ։ Արդարեւ, քննարկուած նիւթերը այնքա՜ն բազմազան էին ու այլազան, արծարծուած խնդիրները այնքա՜ն այժմէական էին ու հրատապ, հայ մամուլին դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները այնքա՜ն…

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ — ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին կողմէ հայ մամուլի տարուան հռչակման առիթով կազմակերպուած Համահայկական համաժողովը տեղի ունեցաւ 2-4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ ու ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։   Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ գործող տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլի շուրջ 100 տնօրէններ, գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ։   Նորին Սրբութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԱՏԵՆԱՊԵՏ ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆԸ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանը: Ապու Տապիի մէջ բնակող տիար Մահսերէճեան, երկար տարիներ թեմի ազգային իշխանութեան մաս կազմած է եւ իր նիւթական աջակցութիւնը բերած է՝ Ապու Տապիի եկեղեցւոյ ու համալիրի շինութեան: Ան նաեւ, վերջերս Պիքֆայայի Դպրեվանքին դաշտին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի  Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան մշակոյթի եւ յարաբերութեանց պատասխանատու՝ Դոկտ. Մէհտի Շարիաթմատարին:   Այցելութեան նպատակն էր չորս տարիներու ծառայութենէն ետք, ողջերթ եւ շնորհակալութիւնը յայտնել Նորին Սրբութեան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Իրանը յուզող ներկայ հարցերուն: Դոկտ. Մէհտին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՐ. ԵՈՒՄՈՒՇԱՔՃԵԱՆ ԵՒ ԴՈԿՏ. Վ. ԷՄԻԼՍԸՆ

Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վեր. Եումուշաքճեանին եւ դոկտ. Էմիլսընին: Վեր. Եումուշաքճեան անդրադարձաւ Աւստրիալիոյ հայ գաղութին եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց առնչուած կարգ մը հարցերու, իսկ դոկտ. Էմիլսըն խօսեցաւ աստուածաբանական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող նիւթերու շուրջ:   Նորին Սրբութիւնը ողջունելով անոնց այցելութիւնը, շեշտեց յատկապէս եկեղեցիներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՌԱՄԱԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Գերագոյն խորհուրդի կազմէն ներկայ էին՝ Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Դոկտ. Հրաչ գույումճեան եւ Արտաւազդ Մելքիսեդեկեան:   Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս մեր ազգը յուզող ներկայ…

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ Կ՚ԵԶՐԱՓԱԿԷ ԻՐ ԵՌՕՐԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առած Հայ Մամուլի Համահայկական համաժողովը եզրափակեց իր եռօրեայ աշխատանքները։   Նախքան Եզրափակման նիստը, Համաժողովը կայացուց իր վերջին նիստը՝ «Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը» թեմայով։ Առաջին հերթին, նիստի ատենապետ Սեդա Խտըշեան ըսաւ, որ պահանջատիրութեան բաղադրիչներն են հայ ազգային քաղաքական տարրը եւ հայ ժողովուրդի…

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարը իր աշխատանքները շարունակեց 3 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Համագումարի Ե. նիստին նիւթն էր «Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւնը»։ Նիստին ատենապետն Արա Պուլուզեան հակիրճ տողերով ներկայացուց նիւթը ու դիտել տուաւ, թէ տեղեկատուութիւնը զէնք է, որ կարելի է օգտագործել քաղաքական, ազգային եւ տարբեր նպատակներով եւս՝ միշտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՄԷ-Ի ՇԱՐԺԱՅԻ ՇԷՅԽԻՆ

    Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժայի Շէյխ Սուլթան Պըն Մուհամմատ Ալ-Քասիմին` յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը անոր որդւոյն` Խալետ Պըն Սուլթան Ալ-Քասիմին մահուան առիթով։   Ցաւակցագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը ցաւ յայտնեց երիտասարդ տարիքին անակնկալ կերպով հեռացած տաղանդաւոր Ալ-Քասեմի մահուան համար՝ աղօթելով, որ Աստուած օրհնէ…

ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ՀԱՅ ՊԱՐԻ ԵՐԵԿՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԻՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակը նոր շունչով տրոփեց իր ազգային ու հոգեւոր առաքելութիւնը, որովհետեւ իր շուրջ համախմբեց լիբանանահայ երեք մշակութային միութիւններու պարախումբերը՝ բան մը որ աննախադէպ էր։   Նոր Սերունդ մշակութային միութեան «Արեգ», Համազգայինի «Քնար» եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի «Արին» պարախումբերու պատանի եւ…

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԸՆԹԱՑՔ Կ՚ԱՌՆԷ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի յարկին տակ ի մի խմբուած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ժամանած մամուլի մշակներ՝ մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Սոյն համագումարին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 09:30-ին, Վեհարանի դահլիճին…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երեքշաբթի, 2 Յուլիս 2019-ին առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովի բացման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Համաժողովին կը մասնակցին շուրջ 100 մամուլի մշակներ, լրագրողներ եւ աշխատակիցներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։   «Տէրունական Աղօթք»ին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց ու «Կիլիկիա» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, որմէ ետք Լիբանանի…

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՕՐԱԿԱՐԳ

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 2 ՅՈՒԼԻՍ 9:30 — 11:00       Ա. ՆԻՍՏ՝            Պաշտօնական բացում Հայր մեր Հայաստանի Քայլերգ Արցախի Քայլերգ Կիլիկիոյ Քայլերգ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը Տիկին Աննա Յակոբեանի (Պատուոյ հիւր) խօսքը   11:00 — 11:30     Դադար   11:30 — 13:00     Բ. ՆԻՍՏ                           Նիւթ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համա­գործակցութիւն — խնդիրներ եւ…