Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ

Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:   Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց յառաջիկայ հանգրուանի առնչուած խնդիրներ ու մօտեցումներ:

ԱՐՄԵՆՈՖԱՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԵՐԿՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Արմենոֆաս հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներէն Վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռէնֆէրն ու փաստաբան Ֆրանսուա Փայօն պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով։   Ձեռնարկին խօսք առաւ Արմենոֆաս-ի ատենապետ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան։ Ան ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց պատմականը Արմենոֆաս-ին, որ շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան…

ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԻԱՑՈՒՄՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Ներկայ գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, զոր Նորին Սրբութիւնը տուաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Հանրապետական Մաղթանքէն ետք   Կատարեցինք «Հանրապետական Մաղթանք» մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն: Այլ խօսքով, աղօթեցինք մեր հայրենիքի ապահովութեան, յառաջդիմութեան ու հզօրութեան համար, մաղթելով որ հայրենի մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած իշխանութիւնը եւ Հայաստանի պաշտպանութեան յանձնառու հայոց բանակը՝ խոր հաւատքով…

ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԻԱՑՈ՛ՒՄՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ»  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան տօնին խորհրդանիշը ոչ միայն իր էութեան մէջ է, այլ նաեւ այն յատկութեան, որ այս անկախութիւնը ընդելուզուած է մեր ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան հետ, որուն համար մեր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Հանրապետական Մաղթանք։ Այս արարողութեամբ, եկեղեցին…

ԱՐՄԵՆՈՖԱՍ-Ի ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 25 Մայիս 2019-ին, ամբողջ օրը, Արմենոֆասի տարեկան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:   Արմենոֆաս-ը Զուիրցերիոյ եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մըն է, որուն կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւի մէջ եւ ատենապետն է Փրոֆ. Թենի Սիմոնեանը։ Ս. Աթոռին ներկայացուցիչներն են Յունասատնի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ – «ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՈՒՄ (1918-1920)»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի թիւ 13-րդ հրատարակութիւնը՝ պատմաբան Գուրգէն Վարդանեանի «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)» մենագրութիւնը՝ խմբագրութեամբ Շահան Գանտահարեանի։   Գործը լոյս կ՚ընծայուի Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրեամեակի առիթով եւ կը բովանդակէ առաջին Հանրապետութեան ժամանակահատուածին ընթացքին կազմաւորուած կրթամշակութային կեանքին մասին արխիւային նիւթեր, որոնք հիմնուած են օրուան մամուլին եւ պետական արխիւներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԸ ԵՒ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռուբէն Վարդանեանը եւ Լեւոն ու Նուպար Աֆէեանները` իրենց օգնականներով։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս հայութիւնը ու յատկապէս Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը յուզող հարցերուն շուրջ։

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՀԱՍԿՆԱՆՔ ՄԵՐ ՊԱՏԱՐԱԳԸ»

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը Անթիլիասի տպարանէն լոյս ընծայեց հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի 2003 թուականին կարճ դասախօսութեան տիպի տակ գրուած՝ «Հասկնանք Մեր Պատարագը»։ Գրքոյկին խմբագիրն է յիշեալ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։   126 էջերով փոքրածաւալ գրքոյկը բաղկացած է երեք բաժիններէ։ Առաջին բաժինին մէջ Սրբազանը հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ Ս.…

ԺԻՊԷՅԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ` ՄԱՐԻԱ ՃԷՅՔԸՊՍԸՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն, ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին եւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ 20 երկիրներու դեսպաններու, 21 մայիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած փոքրիկներուն հոգատար «Մամա»ն հանդիսացող Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը` անոր դամբարանին դիմաց:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

Երկուշաբթի, 20 Մայիս 2019-ին, հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայաստանի Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ: Անոնք իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները փոխանակեցին իրար՝ Հայաստանը յուզող ներքին հարցերուն գծով:   Նորին Սրբութիւնն ու Վարչապետը կարեւորութեամբ շեշտեցին սահմանադրական կարգերը յարգելու եւ Հայաստանը ներքին ցնցումներէ հեռու պահելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Զաւարեան Ուսանողական Միութեան անդամներուն, որոնք եկած էին Նորին Սրբութեան հայրական խօսքերը ունկնդրելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու։   Հանդիպման սկիզբը խօսք առնելով Միութեան ատենապետ Մհեր Գաւլաքեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջելով իրենց փափաքին՝ առիթ ընծայեց այցելելու Անթիլիասի Մայրավանք, լսելու իր հայրական յորդորները եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 17 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը եւ հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանը, ընկերակցութեամբ իրենց գործակից պատուելիներու։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք եւ յատկապէս Գալիֆորնիոյ առնչուած հարցերուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ, Սուրիոյ Նախագահին եւ Հանրապետութեան Միւֆթիին հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք, այցելեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ դասպանատան աշխատակազմին կողմէ։   Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը եւ իր շնորհակալութիւնը Հայրապետին, որ հակառակ Դամասկոս կատարած իր կարճատեւ այցելութեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻԻՆ

Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր պատուիրակութեամբ, այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Դոկտ.Ահմատ Պատր Էլ-Տին Հասսունին։   Մօտէն ճանչցած ըլլալով Հանրապետութեան Միւֆթին մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ Սուրիոյ այժմու կացութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին առնչուած նիւթերու շուրջ։   Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱԼ-ԱՍԱՏԻՆ

Այսօր՝ Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Դամասկոսի նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատի հետ։ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամներ Դոկտ. Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Ռէիսեան, Ազգային Կեդրոնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 11 Մայիս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Յուլիս ամսուան ընթացքին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ տարուան նուիրուած համահայկական համագումարին, յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին շարք մը դեսպաններու «Թռչնոց Բոյն» կատարելիք այցելութեանց, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ այլ հարցերու մասին։   Յայտնենք, որ օր մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԻՍՏ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն ունեցած լիակատար եւ միօրեայ աշխատանքային հանդիպումներէն ետք, Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2019-ին, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան երկու ժողովներու միացեալ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գործադիր Վարչութիւնը ներկայացնող Մարմինը (16 Կրօնական Ժողով, 16 Քաղաքական Ժողով) լայնօրէն քննարկեց Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց հետ…

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԵՐՈՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ

Այսօր, երբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կը գումարուի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, յանուն մեր Ս. Աթոռի թեմերու ժողովուրդին, ջերմօրէն կ՚ողջունենք Շուշիի ազատագրումը, 8 Մայիս 1992-ին։   Արդարեւ, պատմական ու ռազմավարական եզակի կարեւորութիւն ունեցող դէպք մըն էր Շուշիի ազատագրումը։ Արցախի արի ժողովուրդը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Չորեքշաբթի, 8 Մայիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի նիստը։   Կրօնական Ժողովին յաջորդող յիշեալ Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր Կաթողիկոսարանի վարչական, տնտեսական ու յարաբերական բնագաւառներու առնչուած ծրագիրներ։ Յատուկ ուշադրութեամբ քննուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպումի հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ։ Քննարկումներու ծիրին մէջ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 7 Մայիս 2019-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստը, մասնակցութեամբ ժողովին վանաբնակ ու թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններուն:   Բացման իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցին վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ դնելու հրամայականը, որպէսզի անոր առաքելութիւնը ու ծառայութիւնը դառնան աւելի կազմակերպ ու նպատակասլաց:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՆԱՅՈՒՆ ԿԱՊԻ ՄԷՋ Է ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԼԱՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՀԵՏ

Վենեզուելլայէն ներս ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Վենեզուելլայի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանին հետ։ Հայր սուրբը Նորին Սրբութեան լայն բացատրութիւններ տուաւ երկրի իրավիճակին մասին։ Բարեբախտաբար, հայ համայնքը անմիջականօրէն աղերս չունի տեղի ունեցող ցոյցերուն հետ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները ապահով վիճակի մէջ են. ոմանք իրենց տուները…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ֆրանսայի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի փոխ-նախագահ Տիար Միշէլ Բազումեան

Առաջին հերթին, Պրն. Բազումեան յիշեալ կառոյցի ատենապետ Տիար Պետրոս Թէրզեանին անունով զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ Հիմնադրամին կատարած աշխատանքներուն Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի մէջ։ Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան Հիմնադրամին կատարած աջակցութեան եւ շեշտեց պատրաստակամութիւնը շարունակելու նպաստել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։   Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հիմնադրամին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ։…