ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2018-ին, Պէյրութի նահանգաապետ Զիատ Շպիպը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան յանձնախումբի անդամ՝ Արամ Մալեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպման ընթացքին նահանգապետը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց Պէյրութի առաւել զարգացման առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Պէյրութի առաւել կազմակերպումին ու ծաղկումին նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն ընթացքը։ Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետին նաեւ այցելեցին…

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ Ս. ԱԹՈՌԻՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԵՒՈՐ ՄԱՐԶԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յաճախակի առիթներով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձած է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան: Արդարեւ, վերջերս Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին պատասխանատուներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յատուկ ուշադրութիւն ընծայելու հրամայականը։ Ան յիշեցուց, որ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը միայն Միջին Արեւելքի պատկանող երեւոյթ մը չէ, այլ նաեւ ներկայ բազմակրօն ընկերութիւններուն։   Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհը…

ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ՆՈՐԱՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 25 Յունուար 2019-ին, Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը (ՀՀՀ) իր ընթացիկ հանդիպումը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ներս։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ բարձրաձայն մտածելու եւ խորհրդակցելու Համախմբումին յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին։ Յայտնենք, որ այս տարի ՀՀՀ  իր ընթացիկ հաւաքները պիտի կայացնէ իւրաքանչիւր ամսուան վերջին Ուրբաթ երեկոները, ժամը 8:00-ին։ Փափաքողները կրնան ներկայանալ Կաթողիկոսարան հաւաքոյթին օրը եւ կամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԿ. ՄԷԹԹԻ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆԸ

Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, յարգելով Կաթողիկոսարանի եւ Թռչնոց Բոյնի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի նուիրատու տոքթ. Գրիգոր Տումանեանի յիշատակը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց անոր այրին՝ Տիկ. Մէթթի Տումանեանը։ Պարգեւատրման ներկայ էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, ինչպէս…

«ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ ՉԷ, ԱՅԼ ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒՄ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 27 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, հոգեւոր խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու միութեան շաբթուան եզրափակիչ արարողութիւնը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ։ Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, ինչպէս նաեւ զանազան համայնքները ներկայացնող հաւատացեալներ։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Դպրեվանքն ու Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։ Արարողութիւնը կատարուեցաւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող օրերու ընթացքին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը կայացաւ Աթշանէի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։   Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարուհի Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի ներկայացնելէ ետք Խորհուրդի տարեկան զեկոյցը, տեղի ունեցաւ քննարկում եւ…

ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, ընկերակցութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանի եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Մարտիկ Ժամկոչեանի։   Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման քննարկումներուն առանցքը, բնականաբար, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Ցեղասպանութեան հարցը, Սիսի Կաթողիկոսարանին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Հինգշաբթի, 24 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեանը։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միացեալ ճիգերով Լիբանանի Խորհրդարանին ներկայացնելիք Ապրիլ 24-ին առնչուած բանաձեւի մը շուրջ։ Յիշեալ բանաձեւին նպատակն է Ապրիլ 24-ը հռչակել Հայոց Ցեղասպանութեան եւ քրիստոնեայ…

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՓԱԿՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը նուիրուի քրիստոնէական միութեան՝ «Աղօթքի Շաբաթ Քրիստոնէական Միութեան» անունին տակ: Այս շաբթուան ընթացքին, ընդհանրապէս առօրեայ դրութեամբ, աշխարհի բոլոր կողմերը ու զանազան եկեղեցիներէ ներս յատուկ եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ’ունենան՝ աղօթքներու, մաղթանքներու, շարականներու ու քարոզներու ճամբով լուսարձակի տակ բերելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:   Լիբանանի մէջ եւս ներկայ շաբթուան ընթացքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Կաթողիկոսարանի հայագիտական բաժանմունքի ուսանողութեան, դասընթացքին սկիզբը: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին հայագիտական բաժանմունքի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան եւ հայագիտական դասընթացքի դասախօսական շարք մը ներկայացնելու Հայաստանէն յատուկ կերպով ժամանած Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան։   Նորին Սրբութիւնը ողջունելով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃՈՐՃ ՍԱԼԻՊԱ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Հինգշաբթի, 17 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ասորի եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Ճորճ Սալիպա Եպիսկոպոսը։ Անոր կ՚ընկերանար Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի քոյր եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու, աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ արեւելեան եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի (ընդհանուր քարտուղարուհի) եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեան (Գործադիր Վարչութեան անդամ), ինչպէս նաեւ զանազան բաժանմունքներու տնօրէններ:   Պատուիրակութիւնը Նորին Սրբութեան ներկայացուց Խորհուրդի վերջին տարուան աշխատանքները՝ կեդրոնանալով տնտեսական, վարչական, աստուածաբանական եւ ընկերային մարզերուն վրայ։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ

Երկուշաբթի, 14 Յունուար 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի նշանակման առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ նամակով մը շնորհաւորեց զինք: Նորին Սրբութիւնը իր նամակին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Լիայոյս ենք, որ թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակները ու մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները պիտի արդարցնէք ժողովրդանուէր ու հայրենակերտ ծրագիրներու մշակումով ու իրագործումով»:   Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շնորհաւորեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2019 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ»

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 2003 թուականէն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հռչակած է մեր ժողովուրդին կեանքին առնչուած դէպքի մը, արժէքի մը, մտահոգութեան մը՝ հրաւիրելով մեր ժողովուրդը զանազան միջոցներով լուսարձակի տակ բերելու զայն անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս։ Արդ, հետեւելով իր նախաձեռնած դաստիարակիչ  աւանդութեան, 2019 տարին Վեհափառ Հայրապետը հռչակեց «Հայ Մամուլի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐ՝ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ ՀՌՉԱԿՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայ Մամուլի Տարի հռչակելու առիթով, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցան խորհրդակցական հանդիպումներ՝ յառաջիկայ Ապրիլին, զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ գործող գլխաւոր խմբագիրներու եւ մամուլի հեղինակաւոր գործիչներու համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար։   Խորհրդակցութեան  մասնակցեցեան Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, Նոյեան Տապան լրատու գործակալութեան տնօրէն եւ լրագրողներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Ազդակի տնօրէն…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԱՆԱԿԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 11 Յունուար 2019-ին առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան զինուորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:   Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Լիբանանի Հայ համայնքը Ս. Ծնննդեան տօնին կապակցութեամբ եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու առաւելաբար ապահովական ու բանակի դերակատարութեան առնչուած հարցերու շուրջ:   Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Լիբանանի բանակի դերը, զայն նկատելով…

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

2019 տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հռչակեց «Հայ Մամուլի Տարի»։ Արդարեւ, Կիրակի, 13 Յունուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը։ Կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտելէ ետք հայ մամուլին կարեւորութիւնը՝ կոչ…

ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀԱՅԱԳԷՏՆԵՐ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Հինգշաբթի, 10 Յունուար 2019-ին, ֆրանսահայ երկու հայագէտներ Քլոտ Մութաֆեան եւ Ռեմոն Գէորգեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:   Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայագիտութեան պարզած ներկայ կացութեան: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հայագիտական մարզին յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը եւ այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը զանազան աշխատանքներու ճամբով կը շարունակէ իր նպաստը բերել…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 9 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին «Ամալ» կուսակցութեան Գործադիր Վարչութեան երեք անդամները։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ առաւելաբար անդրադառնալու Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը յուզող հարցերուն։   Ապա, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց իսլամ համայնքներու կրօնական խմբակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպման ընթացքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Երեքշաբթի, 8 Յունուար 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը։ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Ասատուրեան, Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գերպ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։ Հանդիպման…

ԽՈՀՐԴԱԺՈՂՈՎ. ԿՐՕՆՔԻՆ ԴԵՐԸ ՄԵՏԱՔՍԵԱՅ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՄԷՋ

«ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋ ԴԱՐՁԱՒ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ՄԻՋԵՒ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Երկուշաբթի, 7 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մետաքսեայ Ճամբուն նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը՝ «Կրօնքին Դերը Մետաքսեայ Ճամբուն Վերահաստատման Մէջ» խորագիրով։   Այս խորհրդաժողովը առաջին հանդիպումն է Չինաստանի Մինզու համալսարանի եւ Զուիցերիոյ…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին զանգերը ղօղանջեցին աւետելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։ Այս առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Պատարագին ներկայ էին պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, նախարարներ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը, այս օրերուն ժողովական աշխատանքներով Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած օտար…

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՄԱՅԵՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019-ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը հանդէս եկաւ Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան համերգով՝ ձօնուած իր հիմնադրութեան 45-ամեակին։   Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ շուրջ 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եկեղեցւոյ մէջ առաջին հերթին հնչեցուց «Տէրունական Աղօթք»ը՝ Մակար Եկմալեանի մշակումով, որմէ ետք երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ՝ Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ին, յաջորդաբար ընդունեց հետեւեալ հիւրերը.-   1) Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Հասսունի անձնական ներկայացուցիչը եւ Նորին Սրբութեան փոխանցեց Միւֆթիին կողմէ նամակ մը՝ հրաւիրելով Հայրապետը այցելելու Դամասկոս։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց Հանրապետութեան Միւֆթիին՝ յայտնելով իր ներկայացուցիչին, որ մօտ ապագային ինք անձամբ պիտի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՊԵՏՆ ՈՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԸ

Հինգշաբթի, 3 Յունուար 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Աւետարանական համայնքին պետ Վերապատուելի Հապիպ Պատրը՝ ընկերակցութեամբ նոյն համայնքի պետական երեսփոխան Դոկտ. Էտկար Թրապուլսի։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու առնչուած հարցերու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԼՈ´ՅՍԸ ԱՇԽԱՐՀԻՆ   Բեթղեհէմի մէջ աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին ինքզինք ներկայացուց որպէս լո´յսը աշխարհին.- «Ես որպէս լո´յս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ խաւարի մէջ չմնայ» (Յհ 12.46)։   Աստուած ո´չ միայն ստեղծիչն է լոյսին, այլ լո´յս է իր էութեամբ ու յայտնութեամբ։ Արդ, լոյսի ներկայութիւնը Աստուծոյ ներկայութիւնն է. լոյսի բացակայութիւնը՝ Աստուծոյ բացակայութիւնը։ Այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔԸ՝ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

      ԴԱՌՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒ ՄԵՐ ՆՄԱՆԻՆ   Կը գտնուինք Նոր Տարուան սեմին։   Մեր կեանքին մէջ նոր տարին հանգրուան մըն է՝ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան ճամբով մեր անձին հետ ըլլալու։ Մեր անձին հետ ըլլալ, կը նշանակէ անցնող օրերուն մեր ապրած կեանքը ու մեր կատարած գործը քննել ու արժեւորել։ Վստահ ենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իրագործումներ…