Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՊԵՌՆԻ ՄԷՋ

Պեռն (Զուիցերիա) կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, 26-28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ այցելութիւններն ու հանդիպումները ունեցաւ.-   1) Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ քաղաքական ու տնտեսական հարցերուն առնչուած Զուիցերիոյ պետութեան ներկայացուցիչ՝ Ուլֆկանկ Ամատէոս Պրուէլհարթին հետ։ Նոյն անձին հետ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպած էր շուրջ տարի մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔԱՐՈԶԵՑ ՊԵՌՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ պատարագի արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին։   Իր պատգամին ներածական բաժինին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ եկեղեցին Քրիստոսատուր առաքելութիւն է։ Հետեւաբար, եկեղեցին իրեն յատուկ առաքելութիւն չունի, այլ կոչուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու։ Քրիստոսի առաքելութիւնը…

ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ

Ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտարարել, որ հրամանաւ եւ քաջալերանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ լոյս տեսաւ 410 էջերու մէջ ամփոփուած մեծածաւալ «ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԳԱՐԱՆԸ» հատորը։   Այս աշխատութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաջին փորձն է՝ եղածները հաւաքելու, անոնց տէր ըլլալու եւ նոր հեղինակներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԵՌՆԻ ՄԷՋ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ

Շաբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պեռն կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, դասախօսութիւն մը տուաւ միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ իրավիճակին մասին, քաղաքի մայր տաճարին մէջ։   Դասախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն նաեւ մասնակցեցան Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող միաբան հարերը՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՊԵՌՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Միջին Արեւելքին Ու Քրիստոնէութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ՝ ընդառաջելով համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրին։   Իր խօսքին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի առնչուած որեւէ նիւթի մասին խօսիլը դիւրին չէ, որովհետեւ ան բարդ շրջան մըն է եւ այսպէս եղած է…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2018-ին, պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Զուիցերիա՝ ընդառաջելով Զուիցերիոյ Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հրաւէրին:   Վեհափառ Հայրապետը Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի համալսարանին մէջ պիտի տայ դասախօսութիւն մը, ինչպէս նաեւ յաջորդաբար հրապարակային խօսքեր պիտի արտասանէ միջ-եկեղեցական հարցերու եւ Միջին Արեւելքի քրիստոէնութիւնը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն մասին: Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը պիտի ուղղէ Պեռնի մայր եկեղեցւոյ…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2018-ին, Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Այս առիթով, վսեմաշուք նախագահը անգամ մը եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնները յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։   Սոյն հաղորդակցութիւնը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Արցախի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին մասին։ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ժընեւի մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Արմէն Սարգիսեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջեւ։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած կարգ մը հարցեր։   Նախագահ Սարգիսեան անգամ եւս իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

23 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց անկլիքան եկեղեցւոյ եւ ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը։ 18 անձերէ բաղկացած յանձնախումբը, որ կը գործէ վերջին շուրջ 20 տարիներուն, կը քննարկէ ընդհանրապէս աստուածաբանական ու դաւանաբանական յատուկ կարեւորութիւն ունեցող եւ յատկապէս եկեղեցիներու բաժանման պատճառ հանդիսացած կնճռոտ հարցեր։   Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնելով կատարուող աշխատանքին գծով՝…

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՏԻԿՆՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ին, “Le Royal” պանդոկին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ ի յարգանս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։   Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ՝ Գրիգոր Մահսերեճեան. կարդացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանի ուղերձը եւ ապա յաջորդաբար խօսք առին վարչապետի պաշտօնակատար Տիար Նիկոլ Փաշինեանն ու…

ԱՌԱՆՁԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018-ի յետ միջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։   Շուրջ ժամ մը տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր։   Նշեալ մարզերու գծով Նորին Սրբութիւնն ու վարչապետի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2018 թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր օր մը դարձաւ, երբ մեր ժողովուրդը հանդիսաւոր կերպով իր յարգանքը մատուցանեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով։ Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը փափաքած էր, որ այս նշումը ըլլայ սահմանափակ, առանց թեմերու մասնակցութեան, կրօնական արարողութեան շրջագիծէն ներս։ Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, Վեհափառ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, գումարուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստը։   Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար լայն քննարկումի նիւթ դարձան Կաթողիկոսարանի կալուածներու ու շինարարութեան առնչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ, շահարկման ու տնտեսական հարցեր, թեմերու վերակազմակերպումի գործընթացքին հետ աղերս ունեցող աշխատանքներ, յարաբերութիւն ու գործակցութիւն Հայաստանի ու Արցախի հետ, Կաթողիկոսարանի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2018-ին, ամբողջ օրը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար հանդիպումը։   Հանդիպման ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուեցան եւ լայնօրէն քննարկուեցան Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած հետեւեալ մարզերը.- քրիստոնէական դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւն, Դպրեվանք, տեղեկատուական աշխատանքներ, կրօնական ու դաստիարակչական հրատարակութիւններ, ՀԱՍԿ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 89-ՐԴ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2018-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով տարիներու աւանդութեան համաձայն, տեսչական պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ուսումնական-կրթական 89-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՋԵՐՄՕՐԷՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ 17-ՐԴ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը Երեւանի մէջ կը նկատենք կարեւոր դէպք մը ու միաժամանակ եզակի իրագործում մը Հայաստանի համար՝ դիւանագիտական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական մարզերէն ներս։ Մեծապէս կը գնահատենք վեհաժողովին կազմակերպուածութիւնը եւ հիւրերուն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութիւնը ու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւնը։ Նաեւ ջերմօրէն կը գնահատենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Արմէն Սարգիսեանի եւ վարչապետ՝ Տիար…

ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

27 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբեր Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Աստուածաշնչային Միացեալ Ընկերութիւններու միջեւ գործակցութեան միջազգային համաժողովը։ Սոյն համաժողովին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէր Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը, որ միաժամանակ անդամ է վերոյիշեալ համաժողովի մնայուն յանձնախումբին։   Երկու եկեղեցական ընտանիքներէն եւ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, քանի մը օրեր առաջ իր հոգին աւանդած աշխարհահռչակ երգիչ՝ Շարլ Ազնաւուրի հոգիին համար։   Յայտնենք, որ Շարլ Ազնաւուր ամէն անգամ որ Լիբանան այցելէր կ՚այցելէր նաեւ Մայրավանք եւ հանդիպում կ՚ունենար Վեհափառ Հայրապետներուն հետ։…

«ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ, ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՇԱՀԵՐԸ ՀԱՐԿ Է ՎԵՐ ՆԿԱՏԵԼ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՇԱՀԵՐԷ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն։ Սփիւռքը դիտողի կրաւորական ու անտարբեր վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ։ Սփիւռքը Հայաստանի անանջատելի մասը կը կազմէ։ Ան ընելիք ու ըսելիք ունի հայրենիքը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ։ Հայրենիքին ընդհանրական, մնայուն ու գերագոյն շահերը պէտք է գերիվեր նկատել անհատական թէ կուսակցական, կողմնակի թէ ժամանակաւոր շահերէն: Հայրենիքը, ամէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

Երեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարճ այցելութեամբ Ժընեւ մեկնեցաւ՝ յաջորդաբար հանդիպումներ ունենալու Սիսի Կաթողիկոսարանի դատի իրաւաբաններու եւ «Մետաքսեայ Ճամբուն» մասին Անթիլիասի մէջ տեղի ունենալիք համագումարի նախապատրաստական յանձնախումբին հետ, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող այլ հանդիպումներ։   Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանք պիտի վերադառնայ Շաբաթ օր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին՝ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը այս տխուր առիթով։ Ցաւակցագիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն եզակի դերին, զոր Շարլ Ազնաւուր ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս երաժշտական մարզէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց  Շարլ Ազնաւուրին բերած կարեւոր նպաստը հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՍԱՄՈՒԷԼ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայրենի բեմադրիչ եւ ռեժիսոր՝ Սամուէլ Թադեւոսեանը եւ Հ.Յ.Դ. «Շուշի» կոմիտէի քարոզչական մարմինի ղեկավար՝ Կիրօ Գարակէօզեանը՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայաստանի դեսպատանատան քարտուղարներէն՝ Վլատիմիր Պօղոսեանի:   Պարոն Թադեւոսեանը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր կատարած աշխատանքները եւ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ վերջերս ցուցադրուած Արցախի նուիրուած…