«ԵԿԷ՛Ք ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏ ԹԱՂԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Աւագ Ուրբաթ, 30 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որ մասնակից դարձաւ Մեր Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգին։ Արարողութեան հանդիսապետեց ու իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը յայտնեց, որ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջալոյսի դէպքերը պէտք է դիտել…

«ՍԷՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՌԱԳԱՅԹՆ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ՝ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՈՒ ՇՐՋԱՊԱՏԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՂ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 29 Մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Հետեւելով Մեծ Վարդապետին օրինակին, Նորին Սրբութիւնը լուաց միաբան հայրերուն ու Դպրեվանքի սաներուն ոտքերը ու ապա տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։   Իր պատգամին մէջ Հայրապետը ընդգծեց Քրիստոսի սէրը ու յայտնեց,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ ՄԵՂՔԷՆ       Կորնթոսի նորադարձ քրիստոնեաներու մտքին մէջ շփոթ կար, անորոշութիւն կը տիրէր Քրիստոսի յարութեան մասին։ Կորնթոսի նորահաստատ եկեղեցւոյ ուղղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալի մօտեցումը կ’ըլլայ յստակ.- Քրիստոսի յարութիւնը իրողութիւն է, որովհետեւ ան հիմնուած է ականատեսի վկայութիւններուն եւ Աւետարանի ուսուցումներուն վրայ։ Ապա Առաքեալը կ’աւելցնէ թէ՝ Քրիստոս մեր մեղքերուն…

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

    Աւագ Երեքշաբթի 27 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութիւնը, որ նուիրուած է Յիսուսի երկրորդ գալուստի խորհուրդին։   Աւետարանի ընթերցումէն ետք հինգ հայ աղջիկներ, որոնց վիճակուած էր «իմաստուն» գրութիւնը, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ միւս հինգը, որոնց վիճակուած էր…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՄԻ ՃԸՄԱՅԷԼԸ

Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախագահ Սամի Ճըմայէլի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի այժմու կացութեան ու յատկապէս Մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու եւ խռովարար մթնոլորտ մը ստեղծելու փորձերէն հեռու մնալու, ինչպէս նաեւ…

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԴԵՐ ՈՒՆԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

    Անթիլիասի Մայրավանքը Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ին, իր շրջափակին մէջ ընդունեց հազարաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք եկած էին տօնելու Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ վերանորոգուելու տօնին պատգամով։ Այս առիթով, Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։   Մանուկներուն թափօրի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը տուաւ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

«ՏԻԱՐ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ ԵՒ ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ԽՕՍՔՈՎ ՈՒ ԳՈՐԾՈՎ ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԴԱՐՁԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ       Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին Վեհարանի դահլիճին մէջ 21 Մարտ 2018-ին ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած համահայկական համաժողովը 23 Մարտին աւարտեց իր աշխատանքները։   Ընդամէնը տասը նիստերէ բաղկացած…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԻՍՏԵՐԸ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին, նախագահութեամբ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեանի, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի կ՚ունենայ եռօրեայ համաժողով՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ ամեակին։   Դահլիճին մէջ համախմբուած ակադեմիկոսներն ու պատմաբանները, ինչպէս նաեւ պետական ու հասարակական գործիչները ցարդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ԲԱՑՄԱՆ

      Սոյն գրութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամն է արտասանուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի Յուշակոթողի բացման, Չորեքշաբթի 21 Մարտ 2018-ին, ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Բակօ Սահակեանքի, Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներէն ժամանած անձնաւորութիւններու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան։ Յուշակոթողին ծախսերը հոգացին Զուիցերիայէն Ազգային Բարերար Տէր…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՏՈՒՌԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐԱՐՆ Է, ԻՍԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական համաժողովին առաջին օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ բացումը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած յուշակոթողին, որ բարձրացաւ է Անթիլիասի Մայրավանքին շրջափակին մէջ։   Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ի երեկոյեան…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ԵՌԱԳՈՅՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐԵՑ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եռօրեայ համաժողովը։ Համաժողովը կը հովանաւորէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը։ Համաժողովը կը վարեն նախագահներ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան,…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՕՐՀՆԵՑ ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը տարիներու աւանդութեան համաձայն այս տարի եւս յիշատակեց մեր Հաւատքի Հօր, հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչ՝ Ս. Գրիգոր Հայրապետի մուտն ի Վիրապ տօնը. տօն մը, որ Ս. Աթոռոյս համար տարբեր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այս տօնը Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ՈՒԽՏԻ ՕՐն է։   Արդարեւ, 18 Մարտ 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

    Շաբաթ, 17 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Անթիլիասի Ուխտի Օր»-ուան առիթով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որուն նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Արարողութեան մասնակցեցան միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդ: Խօսելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տօնին իւրայատկութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԱՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՀԱՍԱՆ ՍԱԱՏԸ

Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախկին դեսպան եւ այժմ Լիբանանի պետութեան ներքին գործոց նախարարութեան մէջ խորհրդականի պաշտօն ունեցող Հասան Սաատը։   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութներուն առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Դեսպանին ներկայութեան Նորին Սրբութիւնը հեռաձայնային կապ հաստատեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԱՅԶԷԻ ԷՔԻՒՄԷՆԻՔ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ֆրանսայի մէջ հաստատուած Դայզէի էքիւմէնիք միաբանութեան ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ մարոնիթ պատրիարքի փոխանորդ եպիսկոպսին: Հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերոոթեան վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։ Վերոյիշեալ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 13 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան՝ Հիւկօ Շորթըրը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները ու յատկապէս նախընտրական շրջանին Լիբանանի պարզած ներքին կացութիւնը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին հետ հանդիպում ունենալէ ետք այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։   Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, իսկ վարչապետ Կարապետեանին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարներ։   Նորին Սրբութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱՏԻՄ ԺԸՄԱՅԷԼԸ

  Շաբաթ, 10 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց նախկին նախագահ Պաշիր Ժըմայէլի զաւակին՝ երեսփոխան Նատիմ Ժըմայէլի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկում կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՐԱՄ ԵՒ ՌԱՖՖԻ ՄԱԼԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

Կիրակի, 11 Մարտ 2018-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեան եղբայրները։ Պարգեւատրումէն առաջ խօսք առաւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր՝ Անի Եփրեմեանը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մալեան եղբայրներուն կատարած բարերարութիւնները եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը Լիբանանի հայութեան կեանքէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ՊԻՏԻ ԳՏՆՈՒԻ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆԻ ԶԵՏԵՂՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

8 Մարտ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ՝ Իվան Սանդուս Եպիսկոպոսը։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան պաշտօնապէս յանձնել Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէր-նամակը, Հինգշաբթի 5 Ապրիլ 2018-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման արարողութեան։   Նշենք, որ յիշեալ արձանը Պապին նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ։ Արարողութեան…

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸԼԼԱԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԴԱՌՆԱԼ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԽՈՆԱՐՀ ՀԵՏԵՒՈՐԴԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Լիբանանի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Լիբանանի Առաջնորդ Սրբազանին ու Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Միջինքի Արեւագալի արարողութեան։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան նաեւ ներկայ եղան միաբան հայրեր ու Դպրեվանքի սաներ։   Դպրեվանքի սաներուն կողմէ կատարուած Արեւագալի հոգեպարար ժամերգութեան աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ.…

ԴԱՆԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Երեքշաբթի, 6 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տանիմարքայի կառավարութեան կրօնքի ազատութեան հարցերու ներկայացուցիչ՝ Ֆրանս Մայքըլ Մելպինը։ Վերջինս իր կառավարութեան կողմէ ուղարկուած էր Միջին Արեւելք, մօտէն տեղեակ դառնալու կրօնքի ազատութեան պարզած ներկայ կացութեան։   Վեհափառ Հայրապետը այս ծիրէն ներս իր ունեցած փորձառութեան լոյսին տակ, նախ ընդհանուր կերպով անդրադարձաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 3 Մարտ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ՝ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրին, որ յատուկ կերպով Պեռնէն եկած էր հանդիպում ունենալու Վեհափառ Հայրապետին հետ։   Հանդիպումին ներկայ էին Ուեպսթըր համալսարանի դասախօս եւ Արմենօֆասի նախագահ՝ Տիկ. Թենի-Փիրրի Սիմոնեանը եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ “THE ARMENIAN CHURCH” (ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ) ԳԻՐՔԻՆ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ, ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆ ՈՒ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄԲՈՂՋԱՑԱՆ

Շուրջ երկու տարիներ առաջ անգլերէն լեզուով գրած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «The Armenian Church» (Հայ Եկեղեցին) գիրքին ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն թարգմանական աշխատանքները ամբողջացան։ Վերջին օրերու ընթացքին Ժընեւի մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս հետեւեցաւ յիշեալ գիրքին ֆրանսերէն ու գերմաներէն թարգմանութեան աշխատանքներուն։   Յայտնենք, որ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը կատարուեցաւ Պէաթրիս Պէնկթըսոնի (Ֆրանսա) կողմէ, որ աստուածաբանութիւն ուսանած ըլլալով՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՅՂԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան ու Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ՝ Արմէն Սարգիսեանը։         Նորին Վսեմութիւն Տիար Արմէն Սարգիսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,   Անհուն ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՈՒՏՈՎ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՊԻՏԻ ՈՒՂՂԷ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ, Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 28 Փետրուար 2018-ի առաւօտուն, այցելեց Տէր Զօր՝ մօտէն տեղեակ դառնալու Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ համալիրին կրած վնասներուն։ Առաջնորդ սրբազանը ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ նախ այցելեց Տէր Զօրի նահանգապետին եւ անոր փոխանցեց Նորին Սրբութեան ողջոյնները, ապա ան այցելեց Սրբոց Նահատակաց համալիր։…