«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՌՈՅՑԸ ՄԵՆՔ ՋԵՐՄՕՐԷՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԵՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական միջազգային համագումարին իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց արաբական աշխարհի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու միջեւ գործակցութեան կառոյց մը ստեղծելու որոշումը՝ շեշտելով, որ նման նախաձեռնութիւն հրամայական անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն արաբական աշխարհէն, այլ աշխարհի բոլոր շրջաններէն ներս։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը եօթը կէտերու մէջ պարզեց այն հիմնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԻԵՆՆԱ ԵՒ ԺԸՆԵՒ

Կիրակի, 25 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Վիեննա (Աւստրիա) մասնակցելու եւ դասախօսութիւն տալու քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու ժողովին։ Հանդիպումը կազմակերպուած է Ապտալլահ Բ. թագաւորին միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին կողմէ։   Ապա Նորին Սրբութիւնը Վիեննայէն պիտի մեկնի Ժընեւ (Զուիցերիա), ուր միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ու Արմենօֆասի առնչուած յաջորդական հանդիպումներ պիտի ունենայ։ Սոյն ճամբորդութեան ընթացքին, որ պիտի տեւէ…

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՏԻԱՐ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 24 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի նախագահական ընտրութեան թեկնածու Տիար Արմէն Սարգիսեանին։   Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ճանչնալով Տիար Սարգիսեանը, ջերմօրէն ողջունեց անոր թեկնածութիւնը՝ շեշտելով, թէ Հայաստանի ներքին կեանքին եւ Սփիւռքին լայն չափով ծանօթ ըլլալով, ինչպէս նաեւ ակադեմական ու տնտեսական մարզերէն ներս իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ ու միջազգային շրջանակներուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

11-12 Փետրուար 2018-ին, Ամմանի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան յատկացուած համագումար մը՝ կազմակերպութեամբ Վիեննայի Ապտալլահ Բ. թագաւորին միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին։ Յիշեալ համագումարը շարունակութիւնն էր 15-16 Դեկտեմբեր 2017 թուականին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցած համագումարին։   Արդարեւ, առաջին համագումարով սկսուած քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան շարք մը փաստաթուղթեր իրենց վերջնական ձեւը ստացան։ Անոնք առնչուած էին քրիստոնեայ եւ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

19 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին։ Թեմին Ազգ. Վարչութիւնը Մայրավանք եկած էր Լիբանանի հայ դպրոցներուն յառաջիկային դիմագրաւելիք նիւթական դժուարութիւններու նկատմամբ խորհրդակցելու Վեհափառին հետ ու անոր թելադրութիւնները լսելու։   Յայտնենք, որ Լիբանանի կառավարութեան որոշումով ուսուցիչներու ամսականի զգալի յաւելումը, բնականաբար իր լուրջ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

20 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները։   Յանձնախումբը Նորին Սրբութեան պարզեց յառաջիկայ ամիսներուն իր կատարելիք ձեռնարկներու ծրագիրը, ուր Մարտ 21-ին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունենալիք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացման Լիբանանի հայութեան մասնակցութիւնը կարեւոր տեղ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

19 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Պարոն Սամուէլ Մկրտչեանը։ Դեսպանը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը Լիբանանի նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութեան, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Հայաստանի վարչապետին Լիբանան տալիք այցելութեան մասին։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող փոխադարձ այցելութիւնները, ընդգծեց անոնց կարեւորութիւնը՝ երկու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀԱՍԱՆ ՌՈՀԱՆԻԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իմանալէ ետք Թեհրան-Եասուջ իրանական թռիչքի օդանաւին ջախջախումը, ցաւակցական նամակ մը յղեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռոհանիի։   Ցաւակցագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը յանուն մեր Ս. Աթոռին եւ Իրանի հայ համայնքին իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախագահին, Իրանի ժողովուրդին եւ արկածին զոհերու ընտանիքներուն՝ աղօթելով, որ Աստուած զօրացնէ զիրենք իրենց ցաւին մէջ, ինչպէս նաեւ պահպանէ…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի 15 Փետրուարէն Շաբաթ 17 Փետրուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հանդիպում հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։   Յիշեալ եկեղեցւոյ կողմէ կը մասնակցէին Դոկտ. Հարըլտ Րէյն եպիսկոպոսը, որ եպիսկոպոսն է Զուիցերիոյ հին կաթոլիկ եկեղեցւոյ ու միաժամանակ ընդհանուր պատասխանատուն՝ նոյն եկեղեցւոյ պատկանող Պեռնի…

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒ ԸՆԵԼԻՔ ՈՒՆԻ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ՝ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ, ԵՒ ԱՅԴ ՄԷԿԸ ՊԷՏՔ Է ԿԱՏԱՐԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ ու Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Երիտասարդական պատարագ։   Երիտասարդներու հոծ բազմութեան ներկայութեան, Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Ողջունելէ ետք երիտասարդներուն ներկայութիւնը, ան…

«ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՈՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԼԵՑՈՒՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք Հայ Եկեղեցին կը նշէ Տիրոջ տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը, որուն նախատօնակը կը նշուի Փետրուար 13-ին։   Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գիրգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ հանդիսաւոր Անդաստան՝ հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիսաւոր Անդաստանէն եւ աւանդութիւն…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՄԱՐՈՔԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Մարոքի դեսպան Մոհամմատ Քրին։ Դեսպանին առաջին այցելութիւնը ըլլալով, Վեհափառ Հայրապետը լայն ծանօթութիւններ տուաւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան մասին, միաժամանակ անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։   Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հրամայականը։ Այս ծիրէն…

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Մեծ պահոց քառասնօրեակին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանի Կիրակին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանը զայն կը նշէ փոքրիկներուն զանազան կերպարներու ծպտումով։ Այս առիթով, 11 Փետրուար 2018-ին, Ս. Եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մայրավանքին Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները Վեհարանի դահլիճին մէջ։    Փոքրիկներով շրջապատուած Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարանին՝ անոր ջամբած…

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2018-ին, Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ ի յիշատակ 451 թուականին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց նահատակուած Սրբոց Վարդանանց։ Պատարագին հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։   Պատարագիչ սրբազանը յաւուր պատշաճի փոխանցեց Վարդանանց պատգամը։ Ան յայտնեց, որ պատմութեան մէջ…

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

  29 Յունուարէն 3 Փետրուար 2018-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ ոչ-քաղկեդոնական Արեւելեան Ուղղափառ քոյր Եկեղեցիներու եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան 15-րդ հանդիպումը: 2003 թուականին սկսած յիշեալ աստուածաբանական երկխօսութեան նպատակն է քննարկումներ կատարել զոյգ եկեղեցական ընտանիքները բաժնող աստուածաբանական ու դաւանական հարցերու շուրջ, հասարակաց մօտեցումները ու աւանդութիւնները աւելի ամրապնդել եւ տարբերութիւնները նուազագոյնի իջեցնող յստակեցումներ ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆԸ ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

6 Փետրուար 2018-ի յետ միջօրէին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային թաղումը Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Յակոբ Եափուճեանին։   Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Սրբազանը հանգուցեալին հոգւոյն արտասանած դամբանականին մէջ մէջբերեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին վկայութիւնը. «Վերջին 40 տարիներուն ընթացքին, Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ հանգուցեալը եղաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

5 Փետրուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի վերընտրութեան առիթով, անոր ուղղուած շնորհաւորական յատուկ գիրին մէջ ըսաւ. «Ձեր վերընտրութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է ձեր անձին նկատմամբ ժողովուրդին ունեցած վստահութեան, ինչպէս նաեւ ակնկալութեան»։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ իր նախագահական առաջին շրջանին «շնորհիւ հետեւողական եւ յանձնառու ճիգերուն, կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան տնտեսական…

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՎԱՍՆ ՀՈԳՒՈՑՆ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ՍՐԲՈՅ ԱԹՈՌՈՅՍ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՄԻԱԲԱՆԻՑ ՈՒԽՏԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 4 Փետրուար 2018-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին «Զարեհեան յուշարձան-դամբարան»ին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբան հայրերուն հոգեհանգստեան պաշտօնը՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Փետրուար ամսուան ընթացքին կատարուող այս հոգեհանգստեան պաշտօնը աւանդութիւն մըն է եւ տեղի կ՚ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքին եւ Աթոռոյս…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Հինգշաթբի-Ուրբաթ, 1-2 Փետրուար 2018-ին, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան յաջորդական նիստեր տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։   — Համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան առաջին հերթին 2017-ին իրագործուած եւ 2018-ի նախահաշիւ պիւտճէն, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանին ընդհանուր նիւթական կացութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Կաթողիկոսարանին տնտեսական ընդհանուր կացութիւնը մնայուն հաշուեքննութեան ենթակայ է թէ՛ յանձնախումբին եւ թէ՛…