ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

31 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի հանդիպումը։ Հանդիպումին ներկայ էր, յատկապէս այս առաքելութեամբ Հայաստանէն Անթիլիաս ժամանած, Հայաստանի Հանրապետութեան Աճառեան Լեզուի Հիմնարկի տնօրէն՝ Փրոֆ. Վիքթոր Կատուալեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց շուրջ երեք տարիներ առաջ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Յունուար 30-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթիի կեդրոնատեղիին՝ Տար էլ-Ֆաթուայի մէջ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ Գերմանիոյ նախագահ Ֆ. Սթէյնմէյըրի եւ Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքապետներուն միջեւ։ Յիշեալ խորհրդակցական հանդիպումին յանուն Վեհափառ Հայրապետին մասնակցեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։   Յայտնենք, որ Գերմանիոյ նախագահը Լիբանան կը գտնուի երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ։ Նաեւ յայտնենք, որ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող երեք օրերուն ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը։ Խորհուրդի համաժողովին ընտրուած նորընտիր Վարչութեան առաջին ժողովն էր, որ տեղի կ՚ունենար՝ մասնակցութեամբ բոլոր անդամներուն։ Մեր եկեղեցին յիշեալ մարմնին կը մասնակցի երկու անդամներով՝ յանձինս Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ Դոկտ. Ժան Սալմանեանի։   Գործադիր Վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց համաժողովին եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԵՒ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ միաբան հայրերու, այցելեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին։   Երկու կրօնական կեդրոններուն մէջ եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի…

ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ԵՒ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Կ՚ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնել, որ շինարարական կարեւոր ծրագիրներ իրագործման ընթացքի մէջ են արդէն՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն եւ «Թռչնոց Բոյն»էն ներս։ 1) Անթիլիասի Մայրավանք.- ա) Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով յուշակոթող մը կը բարձրանայ Մայրավանքի շրջափակէն ներս՝ բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեանի, Զուիցերիաէն։ Յուշակոթողին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆին, ընկերակցութեամբ անոր խորհրդականներէն ժեներալ Փանոս Մանճեանի։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց լիբանանեան բանակին դերը որպէս երաշխիք Լիբանանի կայունութեան, ապահովութեան ու միութեան։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

  Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի, այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

  Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց ղպտի եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Պիշոյ Արքեպիսկոպոսը, Պըն Եամին Արք.ը, Լիբանանի ղպտի համայնքին առաջնորդը եւ Դոկտ. Կրկէս Սալէհը:   Պատուիրակութեան անդամները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թաուատրոս Պատրիարքին ողջոյնները եւ ապա Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցեցան երկու…

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Այսօր, 22 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանը՝ Մարթին Հութը եւ իր տիկինը։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ յառաջիկայ շաբաթ Գերմանիոյ նախագահին Լիբանան կատարելիք այցելութեան շուրջ։   Արդարեւ, հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի, Միջին Արեւելքի ու յատկապէս վերջերս Գահիրէի մէջ Երուսաղմի մասին տեղի ունեցած համագումարին…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Վատիկանի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը հռչակուած է «Եկեղեցիներու միութեան համար աղօթքի շաբաթ»։ Այս շաբթուան ընթացքին, աշխարհի բոլոր կողմերը, եկեղեցիներ քով-քովի գալով՝ աղօթքներու, շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ յատուկ քարոզներու ճամբով կը շեշտեն եկեղեցիներու միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։   Լիբանանին մէջ եւս այս աւանդութիւնը կը յարգուի. ամէն տարի յաջորդաբար եկեղեցւոյ մը մէջ կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏ Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Գահիրէ ժամանումէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին հետ։ Ապա, հանդիպումին միացաւ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ պետ՝ Պշարա Րաաի Պատրիարքը։ Երկու եկեղեցիներու պատուիրակութեանց ներկայութեան տեղի ունեցաւ յիշեալ հանդիպումը։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի ու եկեղեցիներու գործակցութեան առնչութիւն ունեցող հարցեր։   Խաղաղութեան հարցին շուրջ Ալ-Ազհար…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ ՊԱՀԵԼ՝ ՅԱՐԳԵԼՈՎ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԿՐՕՆԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  17 Յունուար 2018-ին, Եգիպտոսի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարի առաջին նիստին, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ “անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքի տուեալները ու պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները՝ Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու”։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ 7 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.-   1) Հարկ է միջազգային համայնքին յիշեցնել,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ ԱԶՀԱՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Այս գիշեր, Երեքշաբթի 16 Յունուար, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ, մասնակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին։ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։   Համագումարը տեղի կ՚ունենայ նախագահութեամբ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ու մասնակցութեամբ կրօնական, պետական ու քաղաքական բարձրաստիճան…

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 16 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրանեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի փտածութեան դէմ պայքարի նախարար՝ Նիքոլա Թուէյնին։   Նախարարը Նորին Սրբութեան զեկուցեց իր նախարարութեան կողմէ կատարուող աշխատանքին մասին։ Հայրապետը գնահատելով նախարարին աշխատանքը՝ յիշեցուց, որ ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս փտածութիւնը դարձած է ընկերութիւնը բարոյապէս ու տնտեսապէս հիւծող չարիք մը, որուն դիմաց անհրաժեշտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿՈՆԴԱԿԸ

Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է՝ Հայկ Նա­հա­պե­տէն սկսեալ։ Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչում­ներով։   Այսպէ՛ս եղաւ 28 Մայիս 1918 թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ հայ ժողովուրդը, բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու ու Ղեւոնդ Երէցներու հա­ւատքով թրծուած եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2018 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լոսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Սրբատառ կոնդակը։   Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած կոնդակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը  կը նշէ. «Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ

12 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Պէյրութի նահանգաապետ՝ Զիատ Շպիպը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան յանձնախումբի անդամ՝ Արամ Մալեանի։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ նահանգապետը լայն տեղեկութիւններ փոխանցէ Վեհափառ Հայրապետին Պէյրութի առաւել զարգացման առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ի լուր Պէյրութի առաւել կազմակերպումին ու ծաղկումին նպաստող ծրագիրներուն…

NDU ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

11 Յունուար 2018, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց NDU համալսարանի նախագահ՝ Դոկտ. Հայր Փիէռ Նաժըմը, ընկերակցութեամբ նոյն համալսարանի արտաքին յարաբերութեանց պատասախանատու՝ Մաժըտ Պու Հատիրի։  Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել համալսարանի յառաջիկայ ծրագիրները եւ իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտները որպէս ընդհանրապէս համալսարանական աշխարհին քաջատեղեակ անձ։ Հայրապետը ողջունեց նոր բաժանմունքներու յաւելումով եւ ուսանողական ու ուսուցչական կազմի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՕՏԱՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ

11 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, խումբ մը համալսարանականներ, իրենց երկու փրոֆէսորներուն գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք, ունկնդրելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութիւնը ընդհանրապէս քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ներկայ առաքելութեան մասին։  Ուսանողական խումբը բաղկացած էր ամերիկացի, գերմանացի եւ շուէտացի համալսարանականներէ։   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց քրիստոնէութեան ներկայ պատկերը՝ ներքին բաժանումներով, անդրադարձաւ եկեղեցիներուն…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, յառաջիկայ Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը։   Կոնդակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ ետք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին համահայկական կարեւորութիւնը՝ կոչ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԵՐԿԻՐ ԾԻՐԱՆԻ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԶԱՐՈՒՀԻ ՓՈՍՏԱՆՋԵԱՆԸ

10 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ՝ Զարուհի Փոստանջեանը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի Նախարարութեան Լրագրողներու Համակարգող Խորհուրդի նախագահ եւ Սփիւռքի Նախարարութեան Հասարակական Խորհուրդի անդամ՝ Շահան Գանտահարեանը։   Տիկին Զարուհի Փոստանջեանը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները Հայաստանի ներկայ ու յառաջիկայ քաղաքական…

ԳՄԳՄ-Ի ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ «ALLÉGORIA»-Ն

2017-ի տարեվերջին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս ընծայուեցաւ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի 92-րդ հատորը՝ թատերագիր, արձակագիր եւ հրապարագիր Արա Արծրունիի «Allegoria»-ն, խմբագրութեամբ՝ Ժիրայր Դանիէլեանի։   Հեղինակը իր երկը բնորոշած է երեւակայածին վէպ, որուն մէջ ընթերցողը պիտի հանդիպի «սովորական ոճերէն տարբեր եղող» իր մօտեցումներուն ու մտահոգութիւններուն։   Արա Արծրունիին գրական այս վերջին ստեղծագործութեան մէջ, հակառակ երեւակայածին վէպ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երկուշաբթի, 8 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը։ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Ասատուրեան, Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գերպ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԷՆ

5 Յունուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի ներկայացուցիչ Իվան Սանդուս Եպիսկոպոսը եւ Ֆրանսիս Պապին կողմէ փոխանցեց շնորհաւորական նամակ մը նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով։ Նամակին մէջ Պապը իր բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնէ հայ ժողոուրդին, հայ եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ կը մաղթէ, որ խաղաղութիւն հաստատուի աշխարի մէջ, յատկապէս հոն՝ ուր…

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

  «ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔԸ ՀԻՄՔՆ ԵՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, Հայրապետական թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ Մայր Տաճար, Ս. եւ Անմահ Պատարագով նշելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Աստուածայայտնութեան տօնը։ Պատարագին ներկայ էին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Հ.Կ. ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ՎԱՀՐԱՄ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԸ

Այս առաւօտ, 3 Յունուար 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Կուսակցութեան ազգային ժողովի երեսփոխաններու խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը՝ իր ընտանիքով։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանին, Արցախին ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

      Մ Ա Ր Դ Ը՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ   Աստուածայայտնութեան տօնին սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, հետեւեալ սրբասացութիւնը կ’երգուի.- “Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ, զի կեցուսցէ զանձինս մեր”։   Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին դարերէն սկսեալ, մատենադարան մը լեցնելու չափ հատորներ գրուած են Քրիստոսի մարդեղութեան, անձին ու առաքելութեան…