ՄԵԾԻ ՏԱՆՆԻ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ե.Հ.Խ.-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն բաժանմունքի ենթայանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ, 17-21 Սեպտեմբեր, 2016-ին։ Եկեղեցական զանազան ընտանիքներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած ու 10 հոգիներէ կազմուած այս ենթայանձնախումբի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Վանա Կիցինեան, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։               Ե.Հ.Խ.-ի գլխաւոր բաժանմունքներէն Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն բաժանմունքը իր ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԷՏՈՒԱՐՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ուաշինկթընի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Տիար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ, ընդառաջելով անոր հրաւէրին։ Հանդիպումին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Դեսպան Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տիար Յակոբ Տէր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՊԱՀԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ԿԸ ԿՈՉԷ ՍԻՓԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՔԷՉԷՃԵԱՆԸ

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով, Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուեցաւ Սպահանի պատմական Թեմին։ Հայր Սիփան արդէն մեկնած է հոգեւոր ծառայութեան նոր դաշտը եւ լծուած իր առաքելութեան։   Սիփան Ծ. Վարդապետ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ստանցնած է զանազան պաշտօններ։ Հայր Սուրբը նաեւ ծառայած է Գանատայի Թեմէն ներս իբր Սէնթ Գէթրինզ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՏՈՒԵՑ ՏԻԱՐ ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը, Ուաշինկթընի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱ

Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, հանդիսապետելու իր կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 20-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեանց, Լոս Անճելոսի, Մոնթրէալի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը անցեալ տարի բոլորեց հայրապետական ծառայութեան 20-ամեակը, սակայն իր իսկ փափաքով անցնող տարուան ընթացքին այս ուղղութեամբ ո՛չ մէկ ձեռնարկ կատարուեցաւ՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.-Ի ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

  Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի։               Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հետ առնչութիւն ունեցող զանազան հարցեր։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հայկական կուսակցութիւններու ներդումին կարեւորութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանէն եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՍԻԶԻԻ ՄԷՋ

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 18-20 Սեպտեմբեր 2016-ին, մասնակցեցաւ «Ծարաւ խաղաղութեան համար» միջազգային  համագումարին, կազմակերպուած Ումպրիայի Եպիսկոպոսաց Ժողովին, Ասիզիի Առաջնորդարանին, Ֆրանսիսքեան Միաբանութեան, Սենթ Էճիտիօ համայնքին եւ Ասիզիի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ։ Կիրակի առաւօտ քաղաքի Ս. Ֆրանսիս տաճարին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան եւ Ս. Պատարագի ընթացքին, Շահան…

ԴԷՊԻ ԱՌԱՒԵԼ ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, արտասանուած Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ կատարուած Հանրապետական Մաղթանքի ընթացքին, 20 Սեպտեմբեր 2016:   Այս սրբազան խորանէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունեմ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը։ Կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահը։ Եղբայրական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ

Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զօրահանդէսէն ետք, Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Յանձնաժողովի նիստին սկիզբը, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսք առնելով գնահատեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բերած նպաստը Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացման եւ հայ հոգեւոր մշակութային ու ազգային արժէքներու պահպանման եւ տարածման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին, մեկնեցաւ Հայաստան մասնակից դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, Երեւանի մէջ։   Նորին Սրբութեան կ’ընկերանան՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։…

«ԱՐՄԷՆՕՖԱՍԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ»

    Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց, անցնող օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տարեկան իր ժողովը գումարող, Արմէնօֆասի յանձնախումբը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Արմէնօֆաս, իր նիւթական գործունէութենէն անդին, յուշարար մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութեան՝ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դիմաց, միաժամանակ խորհրդանշական արտայայտութիւն մը՝ հայ եւ զուիցերիացի…

Մ.Ա.Ե.Խ.-Ը ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՒՈՎ Կ’ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

«Մեր օրերուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կատարուող ցեղասպանութիւնները կը հրահրուին 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Օսմանեան Թուրք կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Մ.Ա.Ե.Խ-ի 11-րդ համաժողովին ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովի նիստերու ընթացքին յատուկ անդրադարձ եղաւ հայ ժողովուրդին ու Օսմանեան կայսրութեան…

Մ.Ա.Ե.Խ.-Ը ՇԵՇՏԵՑ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները, շեշտելով քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս։ Համաժողովին մասնակիցները եզրափակիչ յայտարարութեամբ կո՛չ ուղղեցին՝ անմիջապէս վերջ տալ պատերազմներուն եւ դադրեցնել ծայրայեղական շարժումներուն օգնութիւնը, ապահովել գաղթականներուն տունդարձը, դատապարտել ցեղասպանութեան ինչպէս նաեւ ցեղային ու կրօնական «զտում»ի բոլոր արարքները, զօրակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդի արդար դատին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՂՊՏԻ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

    Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Ն.Ս. Թաւատրոս Բ. Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցան։ Տեսակցութեան ընթացքին քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, միջ-եկեղեցական եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի հետ առնչութիւն ունեցող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ՊԱՏՈՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ

    Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովը բարձրօրէն գնահատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բերած ներդրումը միջ-եկեղեցական շարժումին ընդհանրապէս եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ին մասնաւորապէս, զինք ընտրեց որպէս Խորհուրդի պատուոյ նախագահ։ Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով գնահատեց համաժողովին աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ շեշտեց, թէ ինք յանձնառու կը մնայ իր…

«ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՃԸ ԼՈՒՐՋ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ Է ԴՐԱԾ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց Յորդանանի Թագաւորին   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն հետ միասին, Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, հանդիպում ունեցան Յորդանանի Ապտալլա Բ. Թագաւորին հետ, Ալ Հիւսէյնիյա թագաւորական պալատին մէջ։ Կարճ հանդիպումէն ետք ներկաները ճաշի հիւրը եղան Յորդանանի Թագաւորին։ Ճաշկերոյթի…

«ԱՌԱՆՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ»

      Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Մ.Ա.Ե.Խ.-ի Համաժողովին   «Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրը եղած է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ անոր մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ պատմութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է՝ միաժամանակ ան ազդեցութիւնն է կրած շրջանէն ներս տեղի ունեցած վերիվայրումներուն եւ զարգացումներուն» ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

  Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Յորդանանի մայրաքաղաք` Ամմանի մէջ, կրօնական յատուկ արարողութեամբ սկսաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բնորոշումով ներկայ հաւաքը պատմական կարելի է նկատել հետեւեալ պատճառներով՝ ա) Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից այս օրերուն, շրջանի բոլոր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նշանակալից երեւոյթ մըն է։ բ) Առաջին անգամ ըլլալով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

    Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի հետ։ Առաջնորդ Սրբազանը լայնօրէն զեկուցեց Նորին Սրբութեան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին՝ վերջին օրերուն տեղի ունեցած քաղաքական ու ռազմական նոր զարգացումներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՄՄԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼՈՒ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ամման, Յորդանան, նախագահելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին։ Նորին Սրբութիւնը Խորհուրդի չորս նախագահներէն մէկն է, ուր կը ներկայացնէ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքը։ Վեհափառ Հայրապետը համաժողովին գլխաւոր խօսողը պիտի ըլլայ. ան պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։               Վեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԻՊՐԱՀԻՄ ՇԱՄՍ ԷԼ ՏԻՆԸ

    Ուրբաթ, 2 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը նախկին նախարար Իպրահիմ Շամս Էլ Տինի։ Յայտնենք, որ նախարարը Լիբանանի Շիի համայնքի հանգուցեալ համայնքապետ Մուհամմատ Միհտի Շամս Էլ Տինի զաւակն է։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ ընդհանուր վերարժեւորում մը կատարուի ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ…

ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական պաշտօնագրով Դպրեվանքի Տեսուչ նշանակեց միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը: Հայր Սուրբը անցնող տարիներուն Լոս Անճելոսի Fuller համալսարանին մԷջ հետեւեցաւ աստուածաբանական ուսման եւ ստացաւ Master of Arts in Theology վկայականը: Անցնող տարեշրջանին Հայր Պօղոս Դպրեվանքէն ներս ծառայեց որպէս փոխ-տեսուչ:            Այս առթիւ յայտնենք, որ Գերպ. Տ.…