Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանին կազմակերպութեամբ հայ սրբանկարչութեան խտացեալ դասընթացքի փակման հանդիսութիւնը: Դասընթացքին մասնակից ուսանողները, իրենց գծած սրբապատկերներով դիմաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը: Բացման խօսքը կատարեց «Կիլիկիա» Թանգարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, որ Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեց աննախընթաց այս դասընթացքին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

Հայոց Ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդը բնաջինջ ընելու ծրագրին կողքին, ցեղասպան թուրքը նաեւ նպատակ ունէր արմատախիլ ընել ու կործանել հայուն ստեղծագործ միտքը եւ մշակոյթը: Արդարեւ, 24 Ապրիլ 1915-ին, հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան ձերբակալութեան ընթացքին, չխնայուեցան հայ մշակոյթի եկեղեցական թէ աշխարհական սպասաւորները, որոնց մէջ ակնյայտ դէմքերէն էր Կոմիտաս Վարդապետ, որուն ներաշխարհը խանգարուեցաւ եւ հանճարեղ ստեղծագործ միտքը ամլացաւ ի տես…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

  16-17 Նոյեմբեր 2015-ին, Ժընեւի մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Իսլամական միջազգային կեդրոնին միջեւ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումար մը՝ «Կրօն, խաղաղութիւն եւ բռնութիւն» թեմայով:               Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Փաքիստանէն իսլամագէտներ եւ համալսարաններու դասախօսներ, որոնք համագումարին թեմային շուրջ ներկայացուցին զանազան…

«ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋԸ՝ ՆԱԽԱՔԱՅԼ ՄԸՆ Է ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ յարուցած՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձի դատը, որ իր տեսակին մէջ եզակի քայլ մըն էր՝ Հայ Դատի իբր շօշափելի ու գործնական նախաձեռնութիւն, ցնցում պատճառեց հայ եկեղեցական թէ քաղաքական իրականութենէն ներս: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողողութեամբ, երեք տարիներու ընթացքին դատի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՂ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Հայ եւ զուիցերիացի ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւնը կ’երթայ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերը եւ ապա, երբ զուիցերիացի միսիոնարներ Կիլիկիայէն հազարաւոր որբերու խնամք տածած են, Միջին Արեւելեան զանազան երկիրներու ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատկապէս, սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունի Զուիցերիոյ Եկեղեցիներուն հետ: Արդարեւ, Սեպտեմբեր 2015-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր Զուիցերիա եւ տարբեր քաղաքներու…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմին, Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի միջ-դպրաց դասերու միօրեայ երիտասարդական սեմինար «Կամաւոր Աշխատանքը եւ Եկեղեցին» թեմայով։               Սեմինարին նպատակն էր համախմբել Լիբանանի Հայոց Թեմի կամաւոր ծառայող երիտասարդները,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. նորընտիր Պատրիարքը ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներու եւ պետական երեսփոխաններու պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հոգեւոր Տէրն ու իրեն ընկերացող շքախումբը Կաթողիկոսարանի Վեհարանին մուտքին դիմաւորուեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ Միաբան Հայրերուն կողմէ, որոնք առաջնորդեցին Վեհափառ Հայրապետն ու Պատրիարքը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի աւագ խորան, ուր կատարուեցաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԱԾ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻՆ

20 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական բաժանմունքին կողմէ ձեռնարկուած հայագիտական դասընթացքին: Վեհափառ Հայրապետը բաժանմունքի գործավար Տիար Ժիրայր Դանիէլեանի, դասաւանդողներու եւ Միաբան Հայրերու ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ դասընթացքին արձանագրուած երեսունէ աւելի ուսանողներուն հետ:     Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար կարեւոր բնագաւառ է…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխը: Ընդհանուր Քարտուղարը Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց, 3-4 Նոյեմբեր 2015-ին Գահիրէի մէջ, իբր Խորհուրդին Նախագահ, Գործադիր Վարչութեան ժողովին մասնակցութեան համար: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած այս տագնապին դիմաց ՄԱԵԽ-ը կարեւոր դերակատարութիւն ունի,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ   12-19 Նոյեմբեր 2015-ին, Ժընեւի մէջ, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Ի պաշտօնէ, ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան (Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն)։   Ժողովականներ լսեցին եւ քննարկեցին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԽՄԲԱՎԱՐ ՎԱՐԴԱՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԸ

«Որբը Տուն Շինեց» Ֆիլիբ Զաքարեանի հեղինակած 3 հատորներուն վերնագիրը, Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2015-ին թանձրացեալ իրականութիւն դարձաւ եւ մատուցուեցաւ Լիբանանի հայ թէ օտար հանրութեան: Արդարեւ, Պէյրութի հիւղաւաններուն, որբութեան, աղքատութեան եւ տնանկութեան դառն բաժակը ցմրուր ըմպած, սակայն կեանքի բոլոր ալեկոծութեանց դիմաց անխորտակելի հայու կամքին ուժը լաւագոյնս իր մէջ արտայայտած «Թռչնոց Բոյն»ի նախկին որբը՝ Վարդան Մելքոնեան, իր կեանքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՀԵՏԵՒՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ հայ սրբանկարչութեան դասընթացքի հետեւողներուն հետ։ Այս երկրորդ տարին է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանը հայ սրբանկարչութեան յատուկ դասընթացք կը կազմակերպէ Կաթողիկոսարանէն ներս, Հայր Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի ուսուցողութեամբ։ Այս տարի եւս, աշակերտներ պիտի ծանօթանան հայ սրբանկարչութեան արուեստին եւ գործնապէս պիտի սորվին սրբանկարներ պատրաստելու արուեստը:…

9 Նոյեմբերի Շնորհահանդէսին Ընթացքին Արտասանուած Խօսքերը

The Armenian Catholicosate of Cilicia History, Mission, treasures Public Presentation, Antelias, Monday November 9, 2015   Editor’s Word Seta B. Dadoyan     Your Holiness, Eminences, Holy fathers, Excellencies, ladies and gentlemen. We have the pleasure of presenting to you The Armenian Catholicosate of Cilicia History, Mission, Treasures, a unique volume in form, content and…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

  12-13 Նոյեմբեր 2015-ին, Լիբանանի Սէնթ Ճոզէֆ Համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը՝ «“Մէկ” Եկեղեցւոյ Մարտահրաւէրը՝ Միջ-եկեղեցական Շարժումի Ֆրանսական Պարբերաթերթերու Առաքելութիւնը» խորագրով: Համագումարը կազմակերպուած էր Սէնթ Ճոզէֆ Համալսարանին (USJ), Սէնթ Ճոզէֆ Համալսարանի Կրօնական Գիտութիւններու Ամպիոնին (FSR), Proche-Orient Chrétien աստուածաբանական պարբերաթերթին եւ Le Centre de Recherche et de Publications de l’Orient Chrétien-ի միասնական ճիգերով: Սոյն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Ն.Վ. ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՀՈԼԼԱՆՏԻՆ

                                                                                     Անթիլիաս 14 Նոյեմբեր 2015   Նորին Վսեմութիւն Ֆրանսուա Հոլլանտ Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Փարիզ   Յարգելի՛ Պրն. Նախագահ,             Խոր ցաւով ու ընդվզումով երէկ գիշեր հետեւեցանք Փարիզի ահաբեկչական դէպքերուն։ Արդարեւ, հաւաքական ահաբեկչութեան, այլ խօսքով՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը ու հայ եկեղեցին գոյութենական փորձառութեամբ գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ անմեղ մարդոց արիւնը թափել։ Ահաբեկչութիւնը համամարդկային…

ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանին, բացումը կատարուեցաւ Հայ Սրբանկարչութեան դասընթացքի երկրորդ հանգրուանին: Առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանանի եւ ընդահանրապէս Սփիւռքի իրականութեան մէջ, այս աննախադէպ դասընթացքը սկիզբ առաւ անցնող 2014-ի Սեպտեմբերին, «Կիլիկիա» Թանգարանի կազմակերպութեամբ եւ Իտալիայէն յատուկ կերպով հրաւիրուած՝…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած երեք հատորներու շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հանդիսութեան ներկայ էին Ասորի Կաթոլիկ Իգնատիոս Եուսըֆ Գ. Պատրիարքը, պատրիարքներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, լիբանանեան ու հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ եւ շուրջ երկու հարիւր հրաւիրեալներ:              …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՓՐՈՖ. ԴՈԿՏ. ՍԵԴԱ ՏԱՏՈՅԵԱՆԸ

Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2015-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց մտաւորական Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Տատոյեանը:               Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Կաթողիկոսարանի Դիւանապետ Տիար Խաչիկ Տէտէեանը, որ ներկայացուց պարգեւատրեալին մտաւորական արգասիքը եւ կրթական վաստակը: Դոկտ. Տատոյեան տիրացած է Փիլիսոփայութեան մէջ Գիտութիւններու Դոկտորի աստիճանին՝ մասնագիտանալով…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՀԱԼԱԾԱՆՔ, ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՀԵՏԵՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

1-5 Նոյեմբեր 2015-ին, Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցաւ կրօնի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու նուիրուած միջազգային համագումար մը՝ «Խտրականութիւն, Հալածանք, Նահատակութիւն՝ Միասնաբար Հետեւիլ Քրիստոսի» խորագրով: Համագումարը կազմակերպուած էր Կլոպըլ Քրիսթյըն Ֆորում-ի կողմէ, համագործակցութեամբ Ալպանիոյ Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն: 170 եկեղեցական եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն համագումարին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին՝…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆ. ԹԱՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՄԻՋԵՒ

Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Գահիրէի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի և Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի միջեւ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ղպտի եկեղեցւոյ Միջ-Եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու՝ Մետրոպոլիտ Անպա Պիշոյ։ Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ երկու հոգեւոր պետերուն քննարկելու Հայ և…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Գահիրէի (Եգիպտոս) Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ ընթացք առաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը՝ ներկայութեամբ Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն: Բացման խօսքը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ան նշեց, թէ որպէս Քրիստոնեայ համայնքներ եւ որպէս եկեղեցի մենք անմիջական մէկ մասը կը կազմենք Միջին Արեւելքին եւ…

125,000 ՏՈԼԱՐԻ ՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս փափաքին, Գարօլան Հիմնադրամը 125,000 տոլար նուիրեց Սուրիոյ հայ համայնքին, յատկացուելու համար կարիքաւոր ընտանիքներուն։            Գարօլան Հիմնադրամը կը ղեկավարուի Տիկին Թինա Գարօլանի եւ իր զաւկին՝ Ռիչըրտին կողմէ։ Յիշեալ ընտանիքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարերարներէն մէկն է։

ՀՅԴ-Ի ԲԻՒՐՈՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երէկ գիշեր, գլխաւորութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բիւրոյի ատենապետ Հրանդ Մարգարեանի, բիւրոն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին։ Նորին Սրբութեան ու բիւրոյի ներկայացուցիչներուն խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի ու Ղարաբաղի ներքին կեանքին առնչուած հարցեր, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու ձգտող կարելիութիւններ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապը եւ այդ ծիրէն ներս Սուրիոյ հայութեան զօրակցութիւնը շարունակելու հնարաւորութիւնները։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԵԳԻՊՏՈՍ

Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2015-ի յետ միջօրէին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Եգիպտոս նախագահելու Միջին Արեւելիքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովին։            Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Թաւատրոս Պատրիարքին հետ։ Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիաս պիտի վերադառնայ Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբերին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԳՈՀԱՐ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՏԻԿԻՆ ԳՈՀԱՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ԳՈՀԱՐ երգչախումբին մաս կազմող շուրջ 200 անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք, առաջնորդութեամբ երգչախումբի հիմնադիր Տիկին Գոհար Խաչատուրեանին եւ իր երեք զաւակներուն՝ Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեաններու։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Լիբանանի պետական հայ երեսփոխանները։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով ԳՈՀԱՐ երգչախումբին ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, բարձր գնահատեց հայ երաժշտութեան գոհարները մեր ժողովուրդին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որպէս իր հայրական սիրոյն ու քրիստոնէական դաստիարակութեան նկատմամբ ցուցաբերած իր յատուկ նախանձախնդրութեան` գործնական արտայայտութիւն, յաճախակի կերպով կ’ընդունի Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները, ուսուցիչներն ու պատասխանատուները: Այս հանդիպումներուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը կը յայտնէ ու միաժամանակ կը կատարէ անհրաժեշտ ցուցմունքներ, բարելաւելու եւ ճիշդ ուղղութեան մէջ դնելու Կիրակնօրեայ վարժարաններու առաքելութիւնը: Այս ծիրէն ներս,…