Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ պաշտօնական ընթրիք մը տուաւ, Հովուապետին Զուիցերիա կատարած այցելութեան ընթացքին: Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ Դոկտ. Լոխըր, Գերմանիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Նախագահը, Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսը, Զուիցերիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանը, Հայաստանի ու Լիբանանի հիւպատոսները, զուիցերիացի ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՊԷՌՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի հրաւէրով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Զուիցերիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Պէռնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն,ուր Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց:   Միջ-եկեղեցական արարողութեան ներկայ էին Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըր եւ իրեն ընկերացող խումբ մը կղերականներ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի ու Լիբանանի հիւպատոսները, զուիցերիացի ծերակուտականներ եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան պետական տեսակցութիւններու ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Նախագահ Քլոտ Հէշի հետ: Նորին Սրբութեան կ’ընկերանային Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըր, Լիբանանի Խորհրդարանի Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունի եւ Արմէնօֆասի Նախագահ Տիկ. Թենի-Փիրրի Սիմոնեան: Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Զուիցերիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, իմանալով Ղարաբաղի ու Հայ Ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ բախումներու ընթացքին ինկած Հայոց բանակի զոհերուն մասին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.-     «Խոր ցաւով իմացանք մեր զինուորներուն մահուան մասին։ Անոնց ընտանիքներուն կը յայտնենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը և Հայրական սէրն ու օրհնութիւնը։ Մեր զինուորները հերոսներ են ու նահատակներ, որովհետեւ անոնք…

«Նահատակը Այն Անձն Է, Որ Գերագոյն Արժէքներու Եւ Սկզբունքներու Կը Հաւատայ: Արժէքներ Եւ Սկզբունքներ, Որոնք Վեր Են, Ու Վեհ Են Իր Անձէն, Եւ Այդ Սկզբունքներու Ու Արժէքներու Յաւերժութեան Համար Իր Կեանքը Կ՛ընծայաբերէ» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառեց մեծ աւեր ու բազմաթիւ զոհեր, եւ լիբանանահայութիւնը, հակառակ իր որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան, տուաւ բազմաթիւ զոհեր եւ հայկական թաղամասերու մէջ տեղի ունեցաւ քանդում: Ոմանք գաղթեցին, ուրիշներ կառչած մնացին իրենց երկրորդ հայրենիքին եւ դիմակայեցին ստեղծուած դժուար պայմաններուն: Կազմակերպուած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի եւ այդ պատերազմի հայ զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ: Այդ…

«ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ ԿԱՏԱՐԱԾ ՄԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ ՄԸՆ ԷՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԴԱՏԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԻՄԱՍՏՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Երէկ գիշեր Պէռնի իր իջեւանած պանդոկին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ Դոկտ. Լոխըրին, ընկերակցութեամբ Խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Դոկտ. Սերժ Ֆորներոյի: Հոգեւոր Պետերուն առանձին հանդիպումէն եւ իրենց գործակիցներու ներկայութեան միացեալ հաղորդագրութիւն ստորագրելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.-               «Զուիցերիա Մեր այցելութիւնը տեղի ունեցաւ «100…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը՝ ուղղուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յանձնաժողովին:

Ն.Վ. Սերժ ՍարգսեանՆախագահ Հայաստանի ՀանրապետութեանՆ.Վ. Բակօ ՍահակեանՆախագահ Լեռնային Ղարաբաղի ՀանրապետութեանՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն ՀայոցԳերերջանիկ Հոգեւոր Տէր,Վերապատուելի եւ Սիրելի ներկաներ, Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ։ Տարի մը առաջ ճշդուած ժամանակացոյցին համաձայն այս օրերուն կը գտնուինք Զուիցերիա, գնահատանքի ու երախտագիտութեան Մեր խօսքը ուղղելու Զուիցերիացի ժողովուրդին՝ գլխաւոր չորս քաղաքներուն մէջ իրենց…

«100 ՏԱՐԻՆԵՐ ԵՏՔ ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՒ ՄԻՇՏ ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ՊԷՆՅԷՆԻ ՈՒ ԺԸՆԵՒԻ ՄԵՐ ՈՐԲԵՐԸ ԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՑԻ ՄԱՐԴԱՍԷՐ ՈՒ ՀԱՅԱՍԷՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  24 Սեպտեմբեր 2015-ը միշտ վառ թուական պիտի մնայ հայ-զուեցերիական բարեկամութեան պատմութեան մէջ: Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Զուիցերիոյ Պէնյէն քաղաքին մէջ, յանուն հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին, հայ ժողովուրդին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած մարդասիրական վերաբերմունքին համար, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ յաջորդող շրջանին: 1896 թուականին, Պէնյէն քաղաքի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔԻՆ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն.Վ. Սերժ Սարգիսեանի հրաւէրով ու նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնաժողովին հանդիպումը։ Սոյն ժողովի ընթացքին պիտի կատարուի 100-ամեակի արժեւորումը, ինչպէս նաեւ պիտի ճշդուին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման գծով կատարուելիք յառաջիկայ աշխատանքները։ Յիշեալ ժողովին Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի ընթերցէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

  24 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընկերակցութեամբ Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունիի այցելութիւն տուաւ Զուիցերիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ արտաքին հարցերու պետական նախարար՝ Տիար Իվ Րոսիէյի հետ:               Վեհափառ Հայրապետը նախարարին յայտնեց, թէ Զուիցերիա կը գտնուի Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի հրաւէրով, միասնաբար յիշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ հայ ժողովուրդին անունով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻԷՆ ՆԵՐՍ

23 Սեպտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ, ժամանեց Զուիցերիոյ մայրաքաղաք՝ Պեռն, Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Կեդրոնատեղին, ուր դիմաւորուեցաւ Խորհուրդի նախագահ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրի եւ Խորհուրդի աշխատակազմի բարձրագոյն պատասխանատուներուն կողմէ: Դոկտ. Լոխըր բոլորին ներկայութեան ողջունեց Նորին Սրբութիւնը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները եւ ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան համար: Ան ըսաւ 100 տարիներու գործակցութիւն մը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՍԵՐՊԻԱՅԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան յատուկ առաքելութեամբ ուղղուեցաւ Սերպիա, Խրուաթիա եւ Պոսնիա ներկայացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:               Հայր Սուրբը իր մասնակցութիւնը բերաւ 13-14 Սեպտեմբեր 2015-ին, Եասենովադզ քաղաքի ցեղասպանութեան նահատականերու կեդրոնին մէջ, «Նահատակութեան» նուիրուած համագումարին: Եասենովադզ քաղաքը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին եղած էր կեդրոնացման հաւաքավայր, ուր Ուսթաշի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՉՈՐՍ ԿԱՐԵՒՈՐ ԹԵՐԹԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան յաջորդ օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ Զուիցերիոյ գերմանատառ եւ ֆրանսատառ թերթերու՝ Թակէս Անզէյկըր (Tages Anzeiger), Լա Լիպերթէ (La Liberté), Աժանս Րոմանտ Տէ Փրէս (Agence Romande de Presse) եւ Լո Թամբ (Le Temps), թղթակիցներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետին ունեցած հարցազրոյցները ներառեցին՝   Ա) Զուիցերիա իր այցելութեան կատարած առնչուած հարցեր:…

2015 ՏԱՐԻՆ, ՆԱԵՒ` ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը բնորոշեց` «Յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել» բառերով: Վեհափառ Հայրապետը խօսելով «յիշել» բառին մասին` ըսաւ. «Երբ կը խօսինք յիշելու մասին, առաջին հերթին եւ բնականաբար պէտք է յիշենք մեր նահատակները: Մենք չենք յիշեր մեր նահատակները որպէսզի անոնք չմոռցուին, այլ զանոնք կը յիշենք` որպէսզի անո´նք մեզ չմոռնան:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Զուիցերիա, հրաւէրովը Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս Հիմնարկին։ Յառաջիկայ օրերու ընթացքին յաջորդաբար Ժընեւի, Պենիանի (Լոզանի մօտ), Պեռնի եւ Ուալզընհաուզընի (Ցիւրիխի մօտ) շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիսութիւններ «100 տարիներու հայ-զուիցերիացի ժողովուրդներու բարեկամութիւն» բնաբանով։ Հանդիսութիւններուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն Վեհափառ Հայրապետը, Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահն ու պետական ներկայացուգիչներ։ Յատուկ անդրադարձ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ

Անցնող օրերու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները մասնակցեցան երկու միջ-կրօնական ժողովներու, որոնք տեղի ունեցան Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ:               11-15 Սեպտեմբեր 2015-ին, Յորդանանի մայրաքաղաղ Ամմանի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային միջ-կրօնական համագումար մը՝ «Մամուլը՝ միջ-կրօնական երկխօսութեան վայր» խորագրով: Համագումարը կամակերպուած էր Ապտուլլա Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) կողմէ, գործակցութեամբ Ալ-Ազհարի, Միջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՇԷԼ ՔԱՍԱՐՃԻ ԵՒ ՌՈՒՖԱՅԷԼ ԹՐԱՊՈԼՍԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 18 Սեպտեմբեր 2015-ին ընդունեց Քաղդէացւոց Եկեղեցւոյ Լիբանանի երկու առաջնորդները՝ Միշէլ Քասարճի եւ Ռուֆայէլ Թրապոլսի Եպիսկոպոսները։ Անոնք եկած էին Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցելու Իրաքէն ու Սուրիայէն Լիբանան հաստատուած եւ իրենց համայնքին պատկանող գաղթականներուն օժանդակութեան կապուած հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրելու, որպէսզի նախագահէ Հոկտեմբեր 24-ին…

Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Բ.

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն Սեպտեմբեր ամսուան մէջ լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Բ.»ի վերահրատարակութիւնը: «Համապատկեր»ին առաջին հատորը ներկայացուց արեւմտահայ մտքին ճիգը, իսկ երկրորդ հատորը կը ներկայացնէ վաւերական գրագէտները: «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Հատոր Բ.»ին մէջ կան գլխաւոր երեք ռոմանդիգ դէմքեր, որոնք իրենց գրականութեան շարքին դասուած մանրամասնութիւններով…

«ՑԵՂԱՍՊԱՆԸ ՈՒԶԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԳԵՐԵԶՄԱՆԵԼ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ Է ԱՌԱԾ ՇՆՈՐՀԻՒ ԻՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԹԱՓԱԾ ԱՐԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Առաջնորդ Սրբազանին` Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին կողքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորելու եկած էին նաեւ՝ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.-ի Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը,…

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է ԹԷ՛ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԷ՛ ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ»        Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ տեղի ունեցող համագումարի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիին ղրկած նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։             «Միջին Արեւելքը ոչ միայն քրիստոնէութեան ծննդավայր եղած է, այլ նաեւ քրիստոնէական աշխարհի կարեւոր իրագործումները կատարուած են շրջանէն ներս եւ, հետեւաբար, Միջին Արեւելքի պատմութիւնը…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՈՐ ԿՐՕՆՆԵՐ ՈՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՒԵԼԻ ԼՐՋՈՒԹԵԱՄԲ ՄՕՏԵՆԱՆ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, ընդունելով Պէյրութի մէջ գումարուող և գաղթականներու նուիրուած միջ-եկեղեցական համագումարի ներկայացուցիչները, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց գաղթականներու հարցին առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ։ Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին և Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին համագործակցութեամբ։ Համագումարի օրակարգին մաս կը կազմեն գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան առնչուած հարցեր։ Համագումարին իրենց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ

Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2015-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին, Աթէնքի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար տեսակցութիւններ ունեցաւ ժողովի մասնակից քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետերուն եւ Սէուտական Արաբիոյ պետութեան ներկայացուցիչին հետ: Նորին Սրբութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանին, Ազգային Վարչութեան եւ թեմէն ներս գործող թեմական կառոյցներու հետ:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՇԵՇՏԵՑ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

«Կրօնական ծայրայեղականութիւնը ներկայ աշխարհի ամէնէն մտահոգիչ չարիքներէն մէկն է: Հետեւաբար, ընկերութեան կեանքէն զայն արմատախիլ ընելը համամարդկային ու համաշխարհային մօտեցում կ’ենթադրէ՝ քաղաքական, տնտեսական, զինուորական կրօնական եւ այլ ազդու միջոցներու ծրագրուած օգտագործումով» շեշտեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարի բացման նիստին:   Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Վիեննայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին կողմէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱԹԷՆՔԻ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2015-ին, Աթէնք ժամանման յետմիջօրէին, Յունաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արք. Երոնիմոս Բ.-ի հետ: Արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ Յունաստանի Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եկեղեցականներու ներկայութեան Երոնիմոս Արքեպիսկոպոս եղբայրական սիրով ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ողջունեց Արքեպիսկոպոսը եւ անդրադարձաւ…

Զրոյց-Հանդիպում` Սիսի Կաթողիկոսարան Մեկնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Պատուիրակութեան Հետ

Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ), երէկ` երեքշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում` Սիսի կաթողիկոսարան մեկնած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան պատուիրակութեան հետ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հոգեւոր հայրերու եւ հաւատացեալ ազգայիններու: ՀԵՀՈՄ-ի անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Արազ Գոճայեան, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Այսօր, Չորեքշաբթի 2 Սեպտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Աթէնք-Յունաստան, ընկերակցութեամբ՝ Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի: Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած է իր խօսքը արտասանելու, «Քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս» թեմային շուրջ տեղի ունենալիք համագումարի բացման նիստին։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ 2-3 Սեպտեմբեր 2015-ին Աթէնքի մէջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2015-ին, Պքըրքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցող քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց նախագահական ընտրութեան հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ կարելի չէ թափուր ձգել նախագահական աթոռը. ճիշդ է նախագահը քրիստոնեայ է, սակայն ան ո՛չ միայն Լիբանանի քրիստոնեաները կը ներկայացնէ, ո՛չ միայն խորհրդանշական իմաստով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, այլ նաեւ…