«ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿԸ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս շեշտաւորումով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ֆրանսերէն լեզուով իր խօսքը ուղղեց Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան բազմահազար ժողովուրդին, որոնք եկած էին Հարիսայի Ասորի Կաթոլիկներու Ս. Աստուածածին վանքը տօնախմբելու նահատակ Ասորի Կաթողիկէ Եպիսկոպոս Ֆլաւիանօ Միշէլ Մելքիի երանացումը։ Արդարեւ, 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայ հոգեւորականներու կողքին նաեւ, Մարտինի մէջ նահատակուած էր շրջանի Ասորի Կաթոլիկ Առաջնորդը՝ Ֆլաւիանօ Միշէլ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ և ՄԱՐՈՆԻԹ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Խորհրդարանի Նախագահ Ն.Վ. Նեպիհ Պըրիին ներկայացուցիչները: Հանդիպման ընթացքին քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, ինչպէս նաեւ երկրին անդորրութիւնը պահելու և նախագահական ընտրութիւնը շուտաբոյթ կերպով կատարելու հրամայականը։ Վեհափառ Հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովրդային ընվզումին նկատմամբ, միաժամանակ զգուշացնելով ժողովրդային ցոյցերուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 26 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Թէոտոր Փասսաֆը։   Նկատի ունենալով դեսպանին նոր նշանակումը, Նորին Սրբութիւնը լայն բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Սփիւռքի գաղութներուն, Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան մասին։   Ապա, Վեհափառ Հայրապետին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

  Սոյն Հայրապետական Պատգամը ընթերցուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան կողմէ։     ՈՂՋՈՅ՜Ն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՍԻՍԻ ԴԱՐԱՒՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ               Խոր յուզումով բայց վերանորոգ հաւատքով, յոյսով ու տեսիլքով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ Սիսի մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանէն։               Պատմութեամբ շնչող սրբավայր է այս Կաթողիկոսարանը՝ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի…

ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ ՀՆՉԵՑ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՁԱՅՆԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

«Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանին վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք, հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու զօրեղ յանձնառութեան արտայայտութիւնը եղող այս բառերը հնչեցին Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած Հայրապետական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՈՒՆԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Անտիոքի Ասորի Կաթոլիկ հոգեւոր պետ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի կացութեան, քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաուած դժուարութիւններուն և Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին հետ առնչուած մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ։ Եունան Պատրիարքը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին Սուրիոյ մէջ…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ

«Հարիւր տարիներ առաջ գաղթական դարձած այս Սուրբ Աթոռը այսօր պայծառակերպուած է իր կեանքով ու առաքելութեամբ եւ խոր գիտակցութեամբ ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը ծառայէ մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին ու ազգին» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն դասաւորումով իբր տաղաւար տօն նկատուած է, յատուկ տեղ ունի մեր եկեղեցւոյ արարողակարգին ու…

LIVE TELEVISION BROADCAST VIA SATELLITE — AUGUST 15th, 2015

Ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտնել, որ նախանձեալ տարիներուն նման LIVE TELEVISION BROADCAST VIA SATELLITE — AUGUST 15th, 2015 On the occasion of the feast of St. Mary’s Assumption, the Noursat Broadcast will be broadcasting LIVE via satellite the Holy Mass presided over by His Holiness Aram I. Place: St. Mary Monastery, Bikfaya, Lebanon Time corresponding UTC (GMT):…

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑԱԾ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին «Կրօններու եւ Մշակոյթներու Հանդիպում» յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ ընդհանուր քարտուղարին՝ Շէյխ Հուսէյն Ահմատ Շհատէի: Ժողովին ներկայ էին նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Միջ-եկեղեցական Յանձնախումբի անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան:   Ընդհանուր քարտուղարը նախ անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին բանալի դերակատարութեան՝ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ…

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԸ ՀԱՅ ԵՒ ՕՏԱՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՍՐԲԱՎԱՅՐ

«Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը իր եկեղեցիով, Նահատակաց խորանով, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանով եւ յարակից վանական կառոյցներով դարձած է կրօնական ու ազգային ուխտագնացութեան սրբավայր», այսպէս բնորոշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, անցնող օրերու ընթացքին, ուխտաւորներ ընդունելով Սուրբ Աստուածածին Վանքէն ներս: Ուխտաւորներ՝ հայ թէ օտար, Լիբանանէն թէ արտասահմանէն, գրեթէ ամէն օր կ’այցելեն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ե.Հ.Խ.-Ի և Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) առնչուած հարցերու պատասխանատուներէն, Դոկտ. Միշէլ Նսէյրի և Մ.Ա.Ե.Խ.-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Դոկտ. Միշէլ Ժալըխի։               Աշխատանքային հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Մ.Ա.Ե.Խ.-ի և Ե.Հ.Խ.-ի գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները և այդ ծիրէն ներս յատուկ…

ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  Հինգշաբթի, 6 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, շուրջ 50 ուխտաւորներ Ուրուկուէյէն այցելեցին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը: Անոնք հիացումով դիտեցին վերանորոգուած ու պայծառակերպուած վանքը եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, Նահատակաց խորանը և այլ կառոյցներ։               Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ուխտաւորներուն ուղղած իր Հայրապետական խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ յիշեցուց 1983-ին իր միօրեայ այցելութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2015-ի առաւoտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Հօմեր Մավրոմաթիսը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու հարցեր ու երեւոյթներ, որոնք առաւելաբար առնչուած են Կիպրոսի հայ համայնքին, Լիբանանի ու Կիպրոսի յարաբերութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ ընդհանրապԷս Միջին ԱրեւելքԷն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն: