Անառակ Որդիին Առակը

Անառակ որդիին առակին վերաբերեալ հակիրճ նշումներ.-   1) Մեղքը կը դժբախտացնէ մարդ արարածը: Որպէսզի ասիկա գիտնանք, կը բաւէ որ նկատի առնենք այն իրավիճակը որուն մատնուեցաւ կրտսեր որդին իր հօրմէն հեռանալէ ետք.- ա) Երբ լքեց իր հայրը, օտարի մը ձեռքին տակ ծառայ եղաւ: Երբ լքենք զԱստուած` Սատանային ձեռքին տակ ծառայ կ’ըլլանք: բ) Երբ լքեց իր հօրենական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԻՍԼԱՄ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԸ ԵՒ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Ժընեւ կատարած իր վերջին այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետեւեցաւ Սուրիոյ Հասաքէի շրջանէն ներս ստեղծուած կացութեան։ Արդարեւ, երկու օրեր առաջ իսլամ ծայրայեղականներ յարձակած էին շրջանի ասորի գիւղերուն վրայ, եկեղեցիներ այրած եւ շուրջ հարիւր հոգիներ առեւանգած։ Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լեռնալիբանանի ասորի համայնքի Առաջնորդ Մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոս։ Ան տեղեակ պահեց Նորին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՁԵՒԸ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուելիք դատով զբաղող յանձնախումբը ունեցաւ իր վերջին նիստը: Մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբը անցնող շուրջ երկու տարիներու ընթացքին, միշտ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ, հանդիպումներ ունեցած էր պատրաստելու համար Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքին դատական թղթածրարը:   Յիշեալ թղթածրարը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՄԻՋ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Անցնող քանի մը օրերու ընթացքին յաջորդական այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ճամբով, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը շեշտեցին միջ-քրիստոնէական գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն դիմաց: Յուսիկ Ծ. Վրդ. մասնակցեցաւ Արեւելեան Կաթոլիկ Պատրիարքներու ժողովի 25-ամեակի հանդիսութեան, Յոյն Կաթոլիկ Պատրիարքարանին մէջ: Հայր Սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց Լահհամ Պատրիարքին եւ…

ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Արտաքսման Կիրակին մեր նախածնողներուն` Ադամին ու Եւային դրախտէն արտաքսման խորհուրդը կը պատմէ: Այս առիթով հակիրճ կերպով պատասխանը կու տանք չորս հարցումներու.-   1) Ի՞նչ բանը պատճառ եղաւ, որ Ադամ ու Եւա մեղանչեն: Սատանային հետ երկխօսութիւնը: Սատանան չի կրնար մարդը առաջնորդել մեղքի եթէ երբեք երկխօսութեան մէջ չմտնէ անոր հետ: Ան կը ճանչնայ մարդոց տկարութիւնները, եւ ուստի`…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

        Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը՝ որուն մնայուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, գումարեց իր Գործադիր Վարչութեան նիստը 9-13 Փետրուար, 2015-ին, Պանքոքի մէջ:               Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որպէս անդամ յիշեալ վարչութեան: Վարչութիւնը ունէր օրակարգի գլխաւոր երկու նիւթեր.- ա) Ընդհանուր…

ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ (18 Փետրուար – 27 Մարտ 2015)

          Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ սահմանուած այն կարեւոր ժամանակամիջոցն է, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կը հրաւիրուի ինքնագիտակցութեան, ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի, պատրաստուելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հրաշափառ տօնին: Եկեղեցին այս շրջանին, Քրիստոսի եւ աստուածաշնչական զանազան այլ կերպարներու օրինակով՝ պահեցողութեան ու աղօթքի կը հրաւիրէ հաւատացեալները:               Սակայն, պէտք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԿԸ ՅՂԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ԹԱՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցական ու զօրակցութեան նամակներ յղեց, Եգիպտոսի Նախագահ Սիսիին եւ Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին, Լիպիոյ մէջ 21 ղպտի եգիպտացիներու տխուր մահուան առիթով, իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք Եգիպտոսի ժողովուրդին յիշեցուց՝ ծայրայեղականութեան վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին, որ շրջանէն ներս կը խաթարէ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութիւնը: Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի ուղղած…

Ի՞նչ է Բուն Բարեկենդանը

«Բուն Բարեկենդան»ը Ադամի ու Եւայի մեղքէ զերծ «դրախտին կեանքն էր», կ’ըսէ Գրիգոր Տաթեւացին: Արդարեւ, եկեղեցին, ինչպէս շարականագիր հայրապետները ցոյց կու տան, «Բուն Բարեկենդան» ըսելով, կը հասկնայ Ադամի ու Եւայի կեանքի այն ժամանակահատուածը` ուր չկա´ր մեղք, չկա´ր պատուիրանազանցութիւն ու անհնազանդութիւն, այլ` կա´ր միայն անմե­ղութիւն, պատուիրանապահութիւն եւ հնազանդու­թիւն:   «Բուն» կը նշանակէ` իսկական, ճշմարիտ, իրական, վաւերական: Իսկ…

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ «ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Միացեալ Նահանգներու «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինի եւ իր խորհրդականը՝ Ալեքսիս Մուքարզէլ:         Ուաշինկթընի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող յիշեալ համախմբումին նպատակն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնը պաշտպանող նախաձեռնութիւններու դիմել, յատկապէս քաղաքական մարզէն ներս: Յայտնենք, այս շրջագիծէն ներս…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀՈԼԱՆՏԷՆ ՆԱՄԱԿ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոս հետեւեալ նամակը ստացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիաս-Լիբանան   Կ’ուզեմ Ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել, ինծի ուղղած համակրանքի, զօրակցութեան եւ բարեկամութեան Ձեր պատգամին համար, երբ Ֆրանսայի սիրտը հարուած էր ստացած, աննկարագրելիօրէն ահաւոր ու սարսափելի յարձակումի մը հետեւանքով: Այս ատելի արարքին ճամբով պետութեան հեղինակութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնն…

ՀՅԴ-Ի ԲԻՒՐՈՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 14 Փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյին գլխաւորութեամբ՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի։ Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկները թէ՛ Հայաստանի և թէ Սփիւռքի մէջ ու յատկապէս համահայկական հռչակագիրը և անոր թողած դրական արձագանգը մեր ժողովուրդի…

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏԳԱՄԵՑ՝

«ՄԵՐ ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ՎԵՐԱԾԵՆ ՓՈՔՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ՝ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ»   Տեառնընդառաջի տօնը յատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ծնողներուն ու մանուկներուն մօտ, որոնք Քրիստոսի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի տօնին խորհուրդով իրենց հաւատքը կ’ամրապնդեն: Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով տեղի ունեցած նախատօնակին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը լեցուած էր ծնողներով ու մանուկներով, որոնք եկած…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆՍՏԱՎԱՅՐԷՆ Կ’ՈՂՋՈՒՆԵՆՔ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՐԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ՝ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆՆԵՐԸ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Պատարագը մատուցեց Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան: Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ՝ հայ ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի քրիստոնէական նկարագրին եւ հաւատքի ամրութեան ու յանուն արդարութեան…

ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՄԵԶ  ՄԵՐ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՎ

«Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք» (Յհ 10.3): Քրիստոս մեզ մեր անուններով կը կանչէ որովհետեւ անձնապէս կը ճանչնայ մեզ: Անունը գիտնալը պատկերացումն է այն սերտ մտերմութեան, որ գոյութիւն ունի Աստուծոյ եւ իր զաւակներուն միջեւ: Երբ Քրիստոս կը յայտարարէ, որ մեզ մեր անուններով կը ճանչնայ, խորքին մէջ կ’ուզէ ցոյց տալ մեզի,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՈՒ ԱՄՈՒՐ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇԵԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ

Անցնող երեք օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, մասնակցութեամբ յիշեալ մարմիններու Լիբանանի եւ արտասահմանի անդամներուն։ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովներուն յաջորդեց Թեմակալ Առաջնորդներու հանդիպումը յիշեալ մարմիններուն հետ։ Վարչական, տնտեսական, յարաբերական եւ այլ բազմաթիւ հարցերու շարքին, ժողովական հանդիպումները յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՏԻԱՐ ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Ապու Տապիի ազգայիններէն Տիար՝ Գրիգոր Մահսերէճեանը։ Պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպանը, շրջանէն ներս վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ծառայած միաբան հայրեր, Ապու Տապիէն եւ Տուպայէն ժամանած ազգայիններ,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան դահլիճին մէջ, կրթական բնագաւառէն ներս համաձայնագիր մը կնքուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին միջեւ։   Համաձայնագիրը կ’ընդգրկէ.-   Ա) Հայագիտական ու ընկերաբանական նիւթերու ուսուցիչներու փոխանակում եւ ուսուցչական կազմերու միջեւ գործակցութիւն։   Բ) Դպրեվանքէն շրջանաւարտներուն տրուելիք լայն…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, պիտի գումարուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ թեմակալ առաջնորդներու հետ: Յիշեալ ժողովներուն կրօնական, դաստիարակչական, տնտեսական, վարչական, յարաբերական, միջ-եկեղեցական եւ այլ հարցերու շարքին, յատուկ կարեւորութեամբ պիտի քննուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ, թէ՛…