Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Լարիջանիին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Իրանի խորհրդարանի երկու հայ պատգամաւորները եւ ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչները: Շուրջ ժամ մը տեւող տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերը, Սուրիական տագնապին, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, շրջանէն ներս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՀՐԱՆԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թեհրանի Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Ս. եւ Անմահ Պատարագին: Օրուան պատարագիչն էր Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան: Յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը, թէ աշխարհ եկայ որպէսզի առաւել…

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՅԱՆՈՒՆ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի անձնական խորհրդական եւ փոքրամասնութիւններու ընդհանուր պատասխանատու՝ Եունիսի, պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յանուն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ՝ Հասան Ռուհանիի: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազանները, խորհրդարանի հայ, հրեայ, ասորի ու զրադաշտական համայնքներու պատգամաւորները, կրօնական փոքրամասնութիւններու հոգեւոր պետերը, հանրապետութեան նախագահի…

«ՈՐՊԷՍ ԱՆՁ ԿԱՄ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԳՏՆՈՒԻՆՔ ՄԵՐ ԿՐԱԾ ԱՆՈՒՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԻՆ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շուրջ երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանին մէջ, տեղի ունեցաւ նոյն մարզաւանին հիմնարկութեան 70-ամեակի տօնախմբութիւնը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ներկայ էին Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի առաջնորդ սրբազանները, Հայաստանի ու Ռուսիոյ դեսպանները, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհին եւ զանազան կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները: Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիսութեան ընթացքին յաջորդաբար…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին, ինչպէս նաեւ Սպահանի ու Ատրպատականի առաջնորդներուն, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ դեսպանին՝ մեծարգոյ Պրն. Գրիգոր Առաքելեանին եւ անձնակազմին կողմէ: Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանը: Առաջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԻՐԱՆԻ ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի սրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին զոհուած իրանահայ նահատակներու ընտանիքներուն հետ:   Խօսք առնելով Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, լայնօրէն անդրադարձաւ, թէ ի՞նչ պայմաններու տակ, իրանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորները պաշտպանելով իրանեան հայրենիքը, զոհուեցան պատերազմի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԻՐԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի հրաւէրով, տեղի ունեցաւ Իրանի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Սեպուհ Սրբազանը ընդհանուր կերպով ներկայացուց Իրանի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն պարզած պատկերը յայտնելով, որ յաճախակի առիթներով անոնք հանդիպումներ կ’ունենան ընդհանրական հարցերու շուրջ խորհրդակցելու նպատակով: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ…

ԻՐԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՄԸ ՍԱՐՔԵՑ Ի ՊԱՏԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2014-ին, Իրանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ֆատի Էլ Հաժ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Իրանի թեմակալ երեք առաջնորդները, թեմականները, Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչները, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուները եւ այլ քաղաքական ու պետական դէմքեր: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առնելով Լիբանանի դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՍՈՒՐԲ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ» ԾՐԱԳԻՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Հին Գահիրէի Ս. Գէորգ վանքի շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ «Սուրբ ընտանիքի ուղեւորութիւնը եգիպտոսի մէջ» ծրագիրի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Եգիպտոսի պետութեան եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ համագործակցութեամբ: Հանդիսութեան ներկայ էին Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ա. Թաւատրոս Բ. Պատրիարքը, Եգիպտոսի վարչապետը, զբօսաշրջիկութեան ու հնագիտութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ եգիպտացի եւ…

«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՄԵՐ ԱԶԳԻ ՉՈՐՍ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ՝ ԵԿԵՂԵՑԻ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՄՇԱԿՈՅԹ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ            

Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2014-ին, դարձեալ պատմական օր մը եղաւ Նոր Ջուղայի հայութեան համար: Արդարեւ, որպէս եզրափակիչ հանդիսութիւն, երեք օրերու վրայ տարածուած կրօնական, մշակութային ու ազգային շարք մը ձեռնարկներուն՝ նուիրուած Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի հիմնադրութեան 350-ամեակին, Նոր Ջուղայի Արարատ Միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն, բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հանդիսութեան նաեւ ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Նոր Ջուղայի «Արարատ» սրահին մէջ, Նոր Ջուղայի չորս հարիւր տարիներու պատմութեան նուիրուած համագումարին բացումը կատարուեցաւ, բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Համագումարին ներկայ էին Իրանի հայոց երեք առաջնորդները, Սպահանի նահանգապետը, փոխ նահանգապետը, Թեմական ու Պատգամաւորական ժողովներու ներկայացուցիչները, կրօնապետը, Սպահանի Համալսարանի տնօրէնն ու Երեւանի համալսարանի դասախօսներ: Համագումարին բացումը կատարելով, Վեհափառ Հայրապետը…

«ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՊԷՏՔ Է ԳՏՆՈՒԻ ԻՐ ԱՆՑԵԱԼԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ԿԵՐՏԷ ԻՐ ԱՊԱԳԱՆ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս բառերով սրտագին կոչ ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը Ս. Ամենափրկիչ վանքին շրջափակը հաւաքուած հազարաւոր հայորդիներուն: Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Նոր Ջուղայի չորս հարիւր տարիներու պատմութեան մասին, ըսաւ. «Այս բուռ մը հողին վրայ, մեր  ժողովուրդի զաւակները քրիստոնէական հաւատքը ամուր պահեցին եւ մեր մշակութային արժէքները` կենսունակ։ Անոնք հաւատարիմ գտնուեցան մեր ժողովուրդի դարաւոր ձգտումներուն ու երազներուն։Նոր Ջուղան անցեալ չէ, այլ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու քաջալերանքով, վերջին երկու տարիներուն, Կաթողիկոսարանի Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի կազմակերպած Արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքը պիտի շարունակուի նաեւ 2014-2015 կրթական տարեշրջանին, շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, յետ միջօրէի ժամը 5.00-8.00: Եօթը ամսուան վրայ երկարող այս դասընթացքին հետեւողներուն պիտի աւանդուին հայ լեզուի պատմութիւն, քերականութիւն, շարահիւսութիւն, ուղղագրական ու լեզուական օգտաշատ գիտելիքներ եւ յարակից…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՈՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԴԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՇԵՇՏՈՒԵՑԱՒ

Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ առաջնորդ սրբազաններուն եւ թեմի թեմական ու պատգամաւորական ժողովներու ներկայացուցիչներուն՝ այլցելեց Նոր Ջուղայի Ազգային Կրթահամալիրը: «Հայ դպրոցը իր հայակերտումի առաքելութեամբ միշտ կը մնայ առանցքը մեր ինքնութեան ու հզօրութեան», շեշտեց Վեհափառ Հայապետը, Նոր Ջուղայի ազգային միացեալ վարժարաններու աշակերտութեան ուղղելով իր խօսքը: Շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ, հայ վարժարաններու աշակերտները իրենց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՊԱՀԱՆ ՆԱՀԱՆԳԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ, պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, Վեհափառ Հայրապետին միասնաբար այցելեցին Սպահանի նահանգապետը, փոխ նահանգապետը, կրօնապետը, ընդհանուր ապահովութեան պատասխանատուն, զօրավարն ու այլ պետական երեւելի դէմքեր, որոնք Վեհափառ Հայրապետին ճաշի հիւրերը եղան: Անոնք ջերմօրէն ողջունեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելութիւնը Սպահան եւ Վեհափառ Հայրապետին անձին ճամբով իրենց գնահատանքը յայտնեցին Սպահանի…

Հարցումներ աղօթքի մասին

7) Ոմանք կ՚ըսեն. ,Աղօթքի պահուն Յիսուսի արիւնով մենք համարձակութիւնը ունինք Աստուծոյ գահին մօտենալու, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք որոշ յանցանքներ եւ չխոստովանուած մեղքերե: Ճի՞շդ է այս հաստատումը: Նախորդ թիւ 7 հարցումին պատասխանին շարունակութիւնը.- 4) Ճիշդ է որ Յովհաննէս առաքեալը կը հաստատէ, թէ` ,ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ` կը ստանանքե, բայց խօսքը ո՞ր կամ ի՞նչ…

Միաբաններ Առաքելութեան մէջ

Թւականիս սեպտ. 7-ի երեկոյեան Հայկաշէնում մեկնարկեց մէկշաբաթեայ համագումար Թեհրանի հայոց դպրոցների կրօնի եւ կիրակնօրեայ դպրոցների ուսուցիչ-ուսուցչուհիների մասնակցութեամբ:Համագումարը կազմակերպւել էր Միջեկեղեցական հրատարակութեան գրասենեակը՝ հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի: Համագումարի մասնակցելու նպատակով Լիբանանից հրաւիրւել էր դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանը եւս: Առիթը պատեհ համարելով՝ մէկշաբաթեայ համագումարից յետոյ հարցազրոյց ենք ունեցել դպրեվանքի տեսուչ…

«Մեղեդիներ, Տաղեր եւ Գանձեր» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս

Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Մեղեդիներ, Տաղեր եւ Գանձեր» ձայնասկաւառակին, մեկնաբանութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ նուագակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի։ Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, որ անդրադարձաւ շարականի դերին ու անոր ներշնչումով կերտուած հայու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Նոր Ջուղա, ուր Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային խանդավառ ընդունելութիւն: Իրանի թեմակալ երեք առաջնորդները, հոգեւորականաց դասը, թեմական խորհուրդի անդամները, զանազան միութիւններու եւ մարմիններու պատասխանատուներն ու Սպահանի հայ ժողովուրդը միասնաբար թափօր կազմած առաջնորդեցին Վեհափառ Հայրապետը Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցին Կանոնական աղօթքի համար: Աղօթքէն ետք,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԹԵՀՐԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 18 Հոկտեմեր 2014-ի առաւօտուն, Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ թեմի կանանց բոլոր միութիւններուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց տիկնանց միութիւններուն եւ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը նկատեց օրհնաբեր: Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ միասնական աշխատանքի կարեւորութեան, զորս կը նպաստէ ընկերութեան կեանքի համերաշխութեան, զարգացման ու բարգաւաճման: Ապա, Նորին Սրբութիւնը…

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական Պաշտօնական Երկխօսութեան

14-16 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ղպտի Եկեղեցւոյ Ս. Մարկոս կեդրոնին մէջ, Գահիրէ-Եգիպտոս, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի երրորդ ժողովը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ Հոգշ. Տ. Գաբրիէլ Վրդ. Սարգսեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Ժողովականներ քննարկեցին 2002-ին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՌԻ եւ ԳՈՐԳԱՏ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, Թեմական Խորհուրդի պատուիրակութեան ու հիւրընկալութեան յանձնախումբին՝ այցելեց Իրանի Սառի կոչուող շրջանը: Քաղաքի մուտքին, համայնքի պատասխանատուները դիմաւորեցին Նորին Սրբութիւնը եւ ապա միասնաբար ուղղուեցան համայնքի հաւաքավայրը հանդիսացող դահլիճը: Այնտեղ, հերթաբար խօսք առին գաղութի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Իրան, ուր պաշտօնական դիմաւորութեան արժանացաւ իրանահայ երեք թեմերու առաջնորդներուն՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանին, ինչպէս նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԻՐԱՆ

Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Իրան։ Վեհափառ Հայրապետը Թեհրանի ու Նոր Ջուղայի մէջ այցելութիւններ պիտի տայ ծխային եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն, հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմական մարմիններուն ու պետական պատասխանատուներուն հետ, պիտի նախագահէ մշակութային եւ կրօնական հանդիսութիւններու եւ իր պատգամը պիտի տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Վեհափառին Հովուապետական այցելութիւնը պիտի տեւէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ՈՐՊԷՍ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍ

Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած է որպէս գլխաւոր դասախօս իր մասնակցութիւնը բերելու հետեւեալ միջազգային համագումարներուն.-   • «Աշխարհ Մը Առանց Պատի — Խաղաղութեան Հաստատումը Համաշխարհային Անապահովութեան ժամանակաշրջանի Մը Մէջ», կազմակերպութեամբ՝ Մշակութային Դիւանագիտութեան Հիմնարկի (Institute for Cultural Diplomacy) Պեռլինի մէջ, Գերմանիա, 7-10 Նոյեմբեր 2014-ին։   • «Հարցեր եւ Մօտեցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութեան Առնչուած», կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային…

«ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՈՒՍԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ԴՆԷ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԱՊՐԵԼՈՒ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ՄԵՐ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒՆ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐՆ Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ,11 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, ԼիբանանիՊգնայաշրջանիՍայիտէդԱլՊիր վանքին մէջտեղիունեցաւ շնորհահանդէսը «Քրիստոնէութեան եւ Իսլամութեան Դերը՝ Համագոյակցութեան Ամրապնդման Մէջ» խորագրովգիրքին, որ լոյս տեսած էր քրիստոնեայ եւ իսլամ զանազան համայնքներու եւ Adyan ընկերակցութեան գործակցութեամբ:   Սոյն ձեռնարկին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱրամԱ. Կաթողիկոսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց ԹեմիԱռաջնորդԳերշ. Տ.ՇահէԵպս. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը, շնորհաւորելէ ետք կատարուած աշխատանքը, ընթերցեց Վեհափառ…

ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 11 Հոկտեմբերին, յիշատակն էր Հայ Եկեղեցւոյ ազգային մեծագոյն տօներէն` Թարգմանչաց Վարդապետներուն։  Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ Թարգմանիչ Վարդապետներուն առաքելութիւնը անկիւնադարձային երեւոյթ մը եղաւ, որով ան փոխեց մեր պատմութեան ընթացքը՝ մեզի պարգեւելով սեփական հայ գիր, հայադրոշմ մշակոյթ եւ ազգային ինքնութիւն։             Կիրակի, 12 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ս. եւ Անմահ  Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Վեհարանի…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՊԱՏՄԱԳԻՐՔ ԿԻՒՐԻՆԻ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն վերջերս լոյս տեսաւ «Հայկական Ցեղասպանութեան» 100-ամեակի մատենաշարին 7-րդ հատորը՝ «Պատմագիրք Կիւրինի» խորագրին տակ:   Կիւրինը ճանչցուած է իբրեւ պատմական Փոքր Հայքի գաւառ եւ գաւառակ Սեբաստիոյ նահանգին մէջ: 1915-ի ջարդերուն եւ տեղահանութեան ժամանակ ունեցած է շուրջ 15 հազար հայ բնակչութիւն:   Փոքր Հայքի պատկանող այս հնադարեան քաղաքը բախումներու, ձուլումի, մշակութային ու…

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրան: Դեսպանը եկած էր շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը Յունաստան իր կատարած յաջող այցելութեան վերադարձին:   Դեսպան Պուրան, Նորին Սրբութեան փոխանցեց Յունաստանի վարչապետին եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած շինիչ հանդիպումին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու կրօնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԱՐ ԸԼ-ՖԱԹՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014 –ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի և Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Մուֆթիի կեդրոնը՝ Տար Ըլ-Ֆաթուա։ Այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Հանրապետութեան նորընտիր Մուֆթի Շէյխ Ապտըլ Լաթիֆ Տերիանը։ Սիրալիր հանդիպման ընթացքին Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը տասնմէկ հոգիներէ բաղկացած Լ. Օ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան։   Այցելութեան նպատակն էր ստանալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը և թելադրանքները։ Լ. Օ. Խաչի վարչութիւնը Նորին Սրբութեան պարզեցին յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց աշխատանքի ծրագիրը։   Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս գնահատեց Օգնութեան Խաչի ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն և…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՄԱՏՐԱՆ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄԸ

Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մուհամմատ Ֆաթըհ Ալիի:   Ծանօթացման այս առաջին հանդիպումի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեկութիւն տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, թէ՛ շրջանէն ներս եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ: Ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձաւ Իրանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՈՐԲ ՎԱՐԴԱՆ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԷՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԱՐԽԻՒԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ՆԿԱՐՆԵՐ

Երկուշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Թռչնոց Բոյնի նախկին որբ Վարդան Մելքոնեանի, որ եկած էր Լոնտոնէն՝ Վեհափառ Հայրապետին յանձնելու Դանիայէն և այլ երկիրներէ իր ձեռք ձգած որբերու նկարները, առնչուած յատկապէս Թռչնոց Բոյնի ներքին կեանքին։   Յայտնենք, որ Վարդան Մելքոնեան երկար տարիներէ ի վեր Լոնտոնի արքայական սիմֆոնիք նուագախումբին ղեկավարն է և յաճախակի առիթներով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ԱՏՐՈՒՇԱՆ ՀԱԼԱՃԵԱՆԸ

Պոլսոյ «Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբ»ը այս օրերուն կը գտնուի Լիբանան, «Համազգային»ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով: Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, երգչախումբը այցելեց Անթիլիաս եւ կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի պատարագի երգեցողութիւնը, ղեկավարութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի:   Պատարագէն ետք, երգչախումբը ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 85-րդ տարեշրջանի ուսումնական-կրթական բացման հանդէսին:  …

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ 85-ԱՄԵԱՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտը, նոր յոյսով, ոգեւորութեամբ եւ խանդով պարուրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսանողութիւնը: Արդարեւ, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբանութեան, Դպրեվանքի տեսչութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտութեան, ծնողներուն ու ներկայ ժողովուրդին ներկայութեան, պաշտօնական բացումը կատարեց Դպրեվանքի 85-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին:               Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԼԱՊԱՐ ՀՆԴԻԿ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հնդիկ Մալապար Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Պասիլիոս Մարթոմա Բաուլոս Բ. Կաթողոկոսին եւ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց պատասխանատուն՝ Աբրահամ Վրդ. Թովմասը: Թովմաս Վարդապետը Պասիլիոս Կաթողիկոսին կողմէ նամակ մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին: Յայտնենք, որ նամակին մէջ Մալապար Եկեղեցւոյ պետը նախ կը փոխանցէ իր եղբայրական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2014-ի գիշերը, «Զաւարեան» սրահին մէջ, Յունաստանի Հայոց Թեմին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Ներկայ էին Յունաստանի Եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի զանազան մետրոպոլիտներ, պետական ու քաղաքական հիւրեր եւ հայ գաղութի զաւակներ: Յունաստանի Թեմին փափաքին ընդառաջելով, Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիկ. Շաքէ Էլմասեանը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՔԻՆԻՈՅ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց Աթէնքի հայահոծ Քոքինիոյ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Աբղ. Սաղտճեանի եւ քահանայ հայրերուն՝ Արժ. Տ. Հրայր Ա. Քհնյ Նիկոլեանի եւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ Շահինեանի կողմէ: Ներկայ էին Ս. Յակոբ Ազգ. վարժարանի աշակերտները եւ բազմաթիւ…