ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՔԱՐՏԻՆԱԼ ՔՈԽ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ 29 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Քոխ, ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքի պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կարտինալ Կապրիէլ Կասիայի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերշ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան միջ-եկեղեցական…

ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ երեկոյ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ՝ Տէրէք Փլամպի։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրեպետին հետ Քեսապի հարցին շուրջ խորհրդակցիլ։   Յայտնենք որ օր մը առաջ Նիւ Եորքէն հեռաձայնած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր` քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը եւ ուզած էր Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալ Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեա…ն գծով։ Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հայաստանէն ժամանած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը։ Պատուիրականութեան մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, իր անմիջական օգնականներով։ Պատուիրակութիւնը օր մը առաջ այցելած էր Լաթաքիա եւ հանդիպում մը ունեցած հոն ապաստանած Քէսապի հայերուն հետ։ Ան նաեւ հանդիպած էր Սուրիոյ Նախագահին հետ։ Խորհրդարանական պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն իմանալ Քէսապէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՄԱԿ­ԻՆ ԱՊԱԶԻՆԵԼ ՔԵՍԱՊԻ ՇՐՋԱՆԸ

Հինգշաբթի 27 Մարտ 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հեռաձայնեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր` քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը:    Ան Վեհափառին յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Քեսապէն ներս ստեղծուած ապահովական կացութեամբ, աւելցնելով, որ ինք այս ուղղութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Սուրիոյ տագնապին գծով, ՄԱԿ-ի եւ արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտա0ր Իպրահիմիի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԷ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջին օրերուն Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեան գծով շարունակեց իր աշխատանքները ու խորհրդակցութիւնները: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին իր կողմէ Լաթաքիա ղրկուած յաջորդական երկու պատուիրակութիւնները: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիար Ճորճ Շահ…ինեանի ինչպէս նաեւ…

ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏ ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆ. ԹԱՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երէկ երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Ամենապատուութիւն Թաւատրոս Բ. Պատրիարք, ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներէ ու աշխարհականներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը։     Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով Պատրիարքը ողջունեց Վեհարանի մուտքին։ Ապա անոնք ուղղուեցան Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք։ Ապա երկու… հոգեւոր պետերը ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճը։   Վեհափառ Հայրապետը…

“ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՈՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՊԻՏԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ ՏԱԳՆԱՊ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի 26 Մարտ 2014–ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի Տեսչութիւնը եւ Դպրեվանքի ուսանողութիւնը:   Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի…

“ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՈՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՊԻՏԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ ԱՄԷՆ ՏԵՍԱԿ ՏԱԳՆԱՊ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի 26 Մարտ 2014–ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին կÿընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի Տեսչութիւնը եւ Դպրեվանքի ուսանողութիւնը:   Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆ ՔԵՍԱՊԷՆ ՆԵՐՍ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

— ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ     Այսօր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը ունեցաւ իր արտակարգ նիստը, որուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն զեկուցեց  Քեսապէն ներս տիրող կացութեան, այդ ուղղութեամբ իր տարած աշխատանքներուն եւ Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած Քեսապահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Որոշուեցաւ ամէն գնով օգնութեան փութալ Քեսապի Հայութեան:   Ժողովէն վերջ Նորին Սրբութիւնը…

ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ Կիրակի առաւօտ Լաթաքիա ղրկուած, միաբան հայրերէ բաղկացած պտուիրակութիւնը վերադարձաւ Անթիլիաս եւ զեկուցեց իր կատարած առաքելութեան մասին:     Պատուիրակութեան զեկոյցին համաձայն շուրջ երկու հազար հայեր հեռացած են Քեսապէն եւ ապաստանած Լաթաքիոյ եկեղեցիէն ու դպրոցէն ներս. իսկ ոմանք իրենց հարազտներուն մօտ: Համայնքային պատասխանատու մարմիններ մօտէն կը հետեւին ու օգտակար կ’ըլլան մեր ժողովուրդի…

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼՈՎ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ

Երկուշաբթի 24 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հեռաձայն ստացաւ Հայստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Նախագահը ուզեց Վեհափառ Հայրապետէն իմանալ Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն զեկուցեց Պրն. նախագահին Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրեր յաջորդաբար թրքական սահմաններէն դէպի …Քեսապ զինեալներու կազմակերպ թափանցումը՝ Թուրքիայէն եկող սաստիկ ռմբակոծումներու տարափին տակ:…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՍՆՈՒՆԴ ՄԵՐ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրամանով, վերջերս Կաթողիկոսարանիս Տպարանէն լոյս տեսաւ «Աստուծոյ Խօսքը սնունդ մեր ամենօրեայ կեանքին» անունը կրող գիրք մը, հեղինակութեամբ Հոգշ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեանի: Գիրքը բաղկացած է 365 հոգեւոր խորհրդածութիւններէ:   Գիրքին ընթերցումով.- Հոգեւոր ծարաւ ունեցող մարդը, անպայման որ հոգեկան բաւարարութիւն կը ստանայ: Տիրոջ խօսքին քաղցրութիւնը ճաշակել ուզող մարդը` լայն յագեցում ձեռք…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՎՍՏԱՀԵՑՆԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՐ ԻՐ ԿԱՐԵԼԻՆ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ

ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՎՍՏԱՀԵՑՆԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՈՐ ԻՐ ԿԱՐԵԼԻՆ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ   — ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՈՒՇ ԳԻՇԵՐԻՆ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ — ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ’ՈՒՂՂՈՒԻ ԼԱԹԱՔԻԱ — ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ   Ուրբաթ առաւօտ զինեալ ուժերու թրքական սահմանէն Քեսապ ներթափացումի առաջին իսկ ժամերէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԶԱԳԳԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ուրբաթ 21 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Գերմանիոյ մէջ վախճանեցաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Զագգա Գ.: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անմիջապէս կապի մէջ մտաւ նոյն եկեղեցւոյ Սինոտի ընդհանուր քարտուղար Արքեպիսկոպոս Ժորժ Սալիպայի հետ և իր ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր և Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ: Պատրիարքին թաղումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն Դամասկոսի մէջ: Հին դարերէն սկսեալ սերտ…

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին. Հայ Մամուլի Երախտաւոր Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի Աշխատանքին Նուիրուած Զոյգ Հատորներու Հանդիսաւոր Ներկայացում

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի, կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի «Հասկ» ամսագիրի եւ դպրեվանքի տեսչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 20 մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Հայ գիրքի մատենագիտական գործեր» եւ «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր» զոյգ հատորներուն ներկայացումը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց հոգշ. Տ. Շնորհք աբղյ. Աշըգեան, որ…

ՀԱՅ ԳԻ՛ՐՔԸ՝ ԱՂԲԻՒՐ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴԻ

  Սոյն   գրութիւնը   խտացումն   է   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ   Ա.   Կաթողիկոսի   պատգամին՝   արտասանուած   Հայ   Գիրքի   35-րդ   ցուցահանդէսի   բացման   առթիւ,   Անթիլիասի   Մայրավանքի   շրջափակին   մէջ,   Կիրակի   16 Մարտ   2014-ին։   Դա՛րձեալ հայ գիրքին դիմաց կը գտնուինք։ Դա՛րձեալ հայ…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ

Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի պատրաստած նոր ծրագիրը՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար։ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայակերտումի, հայ մշակութային արժէքներու պահպանման ու հարստացման ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան տրուած կարեւորութեան՝ նոր ծրագրի ծիրէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ 35-ՐԴ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Կիրակի 16 Մարտ 2014-ին, Սուրբ եւ Անմահ պատարագէն ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բացումը կատարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած հայ գիրքի 35-րդ համասփիւռքեան ցուցահանդէսին, հայ գիրքը բնութագրեց որպէս “հոգեմտաւոր սնունդի աղբիւր”։   Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նախ բացատրեց հայ գիրքին ունեցած իւրայատուկ իմաստը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ան ըսաւ. առանց հ…այ գիրքին մութ…

ՇՈՒՐՋ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԵՑՆԵՐ ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸ ԴԱՐՁԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իւրաքանչիւր տարին կը ձօնէ մեր ժողովուրդին կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ երեւոյթի, Հայ ժողովուրդի զաւակները հրաւիրելով ամբողջ տարուան ընթացքին խորհրդածելու այդ մասին եւ գործնական քայլերու դիմելու այդ ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի»։ Ուրբաթ 14 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, շուրջ 100 տարեցներ՝ մամիկներ ու պապիկներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Հինգշաբթի 13 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի Առաողջապահական նախարար Ուաէլ Ապու-Ֆաուրը։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման նաեւ ներկայ էին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Նախարարութեան Ընդհ. Տնօրէն Զիատ Շաըյա։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ներքին քաղաքական ներկայ վիճակը ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Հանդիպումը…

“ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՌՉԱԾ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2014-ի առաւօտուն  World Watch Monitor կազմակերպութեան տնօրէնին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, թէ հակառակ Սուրիայէն ներս ստեղծուած ծանր կացութեան, Սուրիոյ հայութիւնը կը մնայ ամրօրէն կառչած Սուրիոյ։ “Մենք երբեք չենք մոռնար ցեղասպանութենէն յետոյ սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած եղբայրական ոգին հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Տարիներ շարունակ Սուրիոյ հայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ սուրիական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐ

Երկուշաբթի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Արցախի նոր սերունդին պատկանող տաղանդաւոր պատանիներու ու փոքրիկներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան փոխևնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Արցախ Ֆոնտի ներկայացուցիչներուն։ Անոնք Լիբանան ժամանած էին մասնակցելու Արցախի Մշակոյթի Շաբթուան յայտագրին։ Հիւր տղաքն ու աղջիկները գեղարուեստական փունջ մը հրամցուցին Վեհափառ Հայրապետին, իրենց նուագով, երգերով ու…

ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Կիներու միջազգային օրը,  8 Մարտը, յիշեցում մըն է կանանց ունեցած դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս աւելի շեշտելու: Հայ ժողովուրդը հին դարերէն սկսեալ յատուկ յարգանք ու վերաբերում ունեցած է հայ կնոջ նկատմամբ: Ամէն բանէ առաջ հայ կինը մեզի համար եղած է հայ մայր, այլ խօսքով՝ընտանիքի դաստիարակը, մեր հոգեմտաւոր  արժէքներու պահապանը, մեր ազգային ձգտումներուն ռահվիրան: Այսօր հայ մայրը…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիաք Եունան Գ., Երուսաղէմի Լուտերական եկեղեցւոյ պետ Մունիպ Եունան, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ժալխ եւ նոյն Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան անդամ Դոկտ. Հապիպ Պատր։ Հանդիպման նպատակն էր քննել Միջին Արեւելքի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

1957 թուականին հիմնուած Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը կազմուած է Ասիոյ Երկիրներու եկեղեցիներէն եւ քրիստոնէական կազմակերպութիւններէն:   Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ԱԵԽ) Ընդհանուր Վարչութիւնը ԱԵԽ-ի գործադիր վերին մարմինն է, անդամները ընտրուած են ԱԵԽ-ի Ընդհանուր Համաժողովին և կը վարեն խորհուրդի հիմնական աշխատանքները:   Իրանի Հայոց Եկեղեցին, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 2010-ի անդամակցեցաւ ԱԵԽ-ին իբրեւ լիիրաւ անդամ, և ունի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Կիրակի 2 Մարտ 2014-ի առաւօտուն, Բուն Բարեկենդանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի մանուկները իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար Անոր օրհնութիւնը:   Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց Կիրակնօրեայի մանուկները, իր օրհնութիւնը շնորհեց փոքրիկներուն եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած կարեւոր աշխատանքին՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս:

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ 40-¬ԱՄԵԱԿԸ

Հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ՝ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեանի, Շաբաթ, 1 Մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն Հանդիսասրահ»ին մէջ պաշտօնական կալա-ընթրիքով նշուեցաւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին հիմնադրութեան 40-ամեակը։ Ներկայ էին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ և բարերարներ։  Երեկոյին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅԱԿՈԲ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆԸ

Շաբաթ, 1 Մարտ 2014­ի երեկոյեան «Շնորհալի» երգչախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց բարերար Տէր և Տիկին Յակոբ Չիլինկիրեանը: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան ազգային կեանքէն ներս իր ունեցած մասնակցութիւնը, թէ՛ որպէս բարերար եւ թէ՛ որպէս ժողովական ազգային զանազան մարմիններու մէջ: Յայտնենք որ, Չիլինկիրեան ամոլը վերջերս երկու հարիւր հազար տոլար նուիրեց Կաթողիկոսարանիս…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ

Յունուար եւ Փետրուար 2014-ին, Լիբանանի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական եւ Միջ-կրօնական Բաժանմունքին կողմէ Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան հետեւեալ ժողովներուն մասնակցեցաւ. Առաջին, Չորեքշաբթի, 22 Յունուարին, Չորեքշաբթի 5 Փետրուարին եւ  Չորեքշաբթի 19 Փետրուարին, գումարուեցան «Քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ» յանձնախումբին երեք հանդիպումները, որոնց ընթացքին ներկայացուեցաւ տարեկան նիւթական զեկոյցը եւ կատարուեցաւ հաշուեփակը, նշանակուեցան յանձնախումբին գործադիր…