Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Յուշամատեաններու Երկրորդ Հատորը՝ «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի»

Ինչպէս յայտնի է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբն ու հետեւողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները։   Արդարեւ, Յուշամատեաններու շարքին առաջինն…

Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ Ցեղասպանութեան թանգարանի աշխատանքները կը շարունակուին

Հինգշաբթի 25 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ճըպէյլի Թռչնոց Բոյնի շրջափակին մէջ կառուցման ընթացքին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան թանգարանը։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճարտարապետներու յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Յակոբ Շամլեան, Յակոբ Աթէշեան, Վահէ Գալինճեան եւ Վազգէն Չէքիճեան։ Ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութեան Թանգարանի երկու ճարտարապետները՝ Ռաֆֆի եւ Վիգէն Թարխանեաններ։   Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գնահատէ Ազգային Ծերանոցին ծառայութիւնը

Երկուշաբթի 22 Յուլիս 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցի Տնօրէն՝ Պատուելի Սեպուհ Թերզեանը։ Պատուելին Վեհափառ Հայրապետին լայնօրէն զեկուցեց Ազգային Ծերանոցին կատարած աշխատանքները, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատկապէս յառաջիկայի ծրագիրները։ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ իմացաւ թէ Ծերանոցը վերակազամկերպումի ու իր ծառայութիւնը աւելի ծաւալելու աշխատանքին լծուած է, նախաձեռնութեամբ Խնամակալութեան, Տնօրէնութեան ու Տիկնաց…

Արտաւազդ Արք. Թրթռեան՝ Տիպար Հոգեւորականը

Սոյն գրութիւնը խտացումն է հոգելոյս Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի Վերջին Օծման ու Թաղման Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խօսած դամբանականին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Շաբաթ 20 Յուլիս 2013–ին։   Սրբազան Առաքեալը խօսելով քրիստոնեայ մարդու ապրելիք կեանքին մասին, իր կեանքին օրինակով զայն կը բնորոշէ որպէս հաւատքի՛ պատերազմ՝ ի խնդիր…

Վերջին Օծում եւ Թաղում Հոգելոյս Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանի

Շաբաթ 20 Յուլիս 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակցութեամբ Միաբանութեան անդամներուն, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին հրաժեշտ տուաւ Կիլիկեան Ուխտի երիցագոյն Միաբանին, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին ու աստուածաբանին եւ Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանին։   Առաւօտուն, միաբան հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ…

Արտաւազդ Արք. Թրթռեան (1930-2013)

Աւազանի անունով Աբրահամ, ծնած է 20 Սեպտեմբեր 1930-ին Սուրիոյ հիւսիւսը գտնուող Քէսապ հայաւանին մէջ։ Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ։ Ուսանողութեան առաջին իսկ տարիներէն, գրաւած է ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը՝ որպէս ուշիմ, ջանասէր եւ ուսումնատենչ աշակերտ։ Նախակարթարանը աւարտելէն ետք անցած է միջնակարգ եւ մէկ տարի հետեւած է եօթներորդ կարգի դասընթացքներուն։ Քէսապի օրուան Քահանան՝…

Մ Ա Հ Ա Զ Դ

Մ Ա Հ Ա Զ Դ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկիեան Ուխտի երիցագոյն միաբանին   Տ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱՐՔ. ԹՐԹՌԵԱՆԻ   վախճանումը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 18 Յուլիսին։   Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ 20 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ…

Անթիլիասի ու Պիքֆայայի մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուած շինարարութիւնները կը շարունակուին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Նահատակաց նուիրուած առաջին մատրան հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքին: Իսկ Պիքֆայայի վանքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով բարձրացած յուշարձանին շուրջ սկսած են իրագործուիլ շինարարկան նոր ծրագիրներ՝ նուիրուած 100-ամեակին:   Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը ու յատկապէս Կաթողիկոսարանի շինարարական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի դեսպանը

Հինգշաբթի 11 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Աշոտ Գոչարեանին:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զանազան երեսներուն: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Լիբանանի եւ Երեւանի միջեւ Middle East Airlines-ի շաբաթը երկու անգամ թռիչքներ հաստատելու լիբանանեան Միտըլ Իսթ…

Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները կը սկսին իրենց աշխատանքին

Ինչպէս ծանօթ է, 12-15 Յունիսին տեղի ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին ընտրուեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան նոր Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները հետեւեալ կազմերով.-   ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան Գերշ. Տ. Օշական Արք. Սրբազան Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը

Այս առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը:   Լիբանան ծնած եւ իր համալսարանական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած Սարգիս Եողուրթճեան աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր կարեւոր պաշտօններ կը վարէ տնտեսական բնագաւառէն ներս: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան մէջ իր ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութեան առընթեր,…