Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Քաթարի Իշխանը

Վսեմաշուք Շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի Իշխան Քաթարի   Կը շնորհաւորենք Ձերդ Վսեմութեան ընտրութիւնը, որպէս Քաթարի Իշխան: Ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն՝ երկրի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ի խնդիր Ձեր յառաջիկայ գործունէութեան մէջ. աշխատանք մը, որ ընթացք առաւ Ձեր Վսեմաշուք հօր Շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի օրով, եւ վստահաբար պիտի շարունակուի շնորհիւ Ձեր ճիգերուն…

Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Հարցերու յանձնախումբին հանդիպումը Անթիլիասի մէջ

Չորեքշաբթի 26 Յունիս 2013-ին, Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգման յանձնախումբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, իր հերթական հանդիպումը սկսաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:   Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն յանձնախումբի անդամներն են՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան, Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի ներկայացուցիչը

Այս առաւօտ, Երեքշաբթի 25 Յունիս 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի խորհրդական՝ Այաթոլլահ Ղուլան Ալի Նայիմ Ապատին, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Իրանի Դեսպան՝ Տոքթ. Ղանտաֆարի եւ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդներու։   Այաթոլլահ Ապատին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Այաթոլլահ Խամենէի բարեմաղթութիւնները եւ յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը հարստացաւ երեք նոր միաբաններով

Կիրակի 23 Յունիս 2013-ին, հոգեւոր խանադավառութեան մթնոլորտ կը տիրէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն ներս: Արդարեւ, Դպրեվանքի ութնամեայ շրջանի աւարտական դասարանէն երեք սարկաւագներ՝ Բրշ. Սեբաստիա Սրկ. Ղարախանեան, Բրշ. Համբարձում Սրկ. Պալըքճեան, եւ Բրշ. Անդրանիկ Սրկ. Տալգըլըճեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կուսակրօն քահանայ օծուելով ու ձեռնադրուելով միացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան:   Շաբաթ 22…

Հայ կանանց հոգեւոր լսարանի տարեշրջանի աւարտ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ՝ «ՀԱՅ ՄՕՐ ԴԵՐԸ ՎՃՌԱԿԱՆ Է ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՈՒ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՄԷՋ»   Երեքշաբթի 18 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, իր խօսքը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած շուրջ երկու հարիւր տիկիններուն ուղղելով, որոնք անցնող ամիսներու ընթացքին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ամէն Երեքշաբթի հետեւեցան սերտողութեան՝ կրօնական ու բարոյական հարցերու առնչուած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ…

Յայտարարութիւն- Ազգ. Ընդհանուր Ժողով- Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշում

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ (12–15 Յունիս 2013)   ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵԼ ԱՌԱՆՑՔԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100–ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը Կիլիկեան բոլոր թեմերը ներկայացնող աւելի քան հարիւր պատուիրակներու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու եւ հրաւիրեալներու…

Յայտարարութիւն- Ազգ. Ընդհանուր Ժողով- Սուրիահայութեան զօրակցութիւն

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ (12–15 Յունիս 2013)   ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, իր քննարկումներուն, խորհրդակցութիւններուն ու որոշումներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց Սուրիահայութեան: Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետին ու Ազգ. Կեդր. Վարչութեան կողմէ տրուած զեկոյցներու, ինչպէս…

ՙԽաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ՚-ի մրցանակաբաշխութիւն Անթիլիասի մէջ

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ՝   «Դուք էք հպարտութիւն ու վստահութիւն ներշնչող այն պատասխանը, որ երիտասարդ սերունդը տէրն է իր ազգային գիտակցութեան եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան գոյապայքարին»   Իրերայաջորդ հինգ շաբաթներու վրայ երկարած սուր մրցակցութենէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ չորս տարի առաջ սկսած «Խաչիկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հրայր Սողոմոնեանը

Ուրբաթ 14 Յունիս 2013–ի երեկոյեան, Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աւարտին, Տըպայէի Le Royal պանդոկին մէջ տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Հրայր Սողոմոնեանը:   Յայտնենք, որ Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան շուրջ մէկ տարի առաջ ստանձնած էին Պիքֆայայի վանքի շրջաբակին մէջ կառուցուող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Իրանի նորընտիր Նախագահը

Մեծայարգ Տոքթ. Հասան Ռուհանի Ընտրեալ Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Թեհրան   Ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը որպէս նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:   Արդարեւ, քաջածանօթ ենք Իրանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Վստահաբար, պետական կառոյցներէն ներս Ձեր կուտակած երկար տարիներու հարուստ փորձառութեամբ, ինչպէս նաեւ Ձեր բարեկարգչական ծրագիրներով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առջեւ պիտի բանաք դէպի առաւել բարգաւաճում ու յառաջդիմութիւն առաջնորդող նոր…

Դպրեվանքի նորահաստատ երիզաշարը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կը գտնուի Պիքֆայայի բարձունքին, ուր զանազան հայագաղութներէ եկած հայ պատանիներ ու երիտասարդներ ուսում եւ հայեցի կրթութիւն կը ստանան, հոգեպէս եւ բարոյապէս կը թրծուին ու Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան նուիրուելու կը պատրաստուին:   Դպրեվանքը մեկուսացած պարզ գիշերօթիկ մը չէ, այլ ան 1930-էն ի վեր կը դարբնէ այնպիսի նուիրեալ մտաւորականներ եւ…

Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 18-րդ տարեդարձին առիթով

Կիրակի 16 Յունիս 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 17-րդ տարեդարձին բարեբաստիկ առիթով: Մայր Տաճարին մէջ յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին Միաբան Հայրեր Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին, եւ աղօթքներ կարդացին, բարւոք ծառայութիւն եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Շաբաթ 15 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Զօրավար Միշէլ Սլէյմանին եւ հանդիպում ունեցաւ իր հետ նախագահական ապարանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Յունիս 12-14-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովի մասնակցող Թեմակալ Առաջնորդներէն ու ժողովականներէն 30 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։   Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց…

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներու աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց՝ ՙՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հեղինակութիւնը ծառայութեան մէջ կը կայանայ՚

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը որ սկսած էր Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2013-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, երրորդ եւ վերջին օրը ըլլալով 14 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, շարունակեց իր աշխատանքները:   Առաջին նիստը յատկացուած էր երիտասարդութեան։ Ներկայացուած երկու զեկոյցներէն ետք, ժողովականները հարցումներ հարցուցին ու ստացան պատասխաններ։ Լայնօրէն անդրադարձ եղաւ, թէ ներկայիս ինչպէս կարելի է երիտասարդութիւնը մասնակից…

ՙԱնթիլիասի հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջն է՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի գումարման ծիրէն ներս, Հինգշաբթի 13 Յունիս 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը, Պիքֆայայի Դպրեվանքի շրջաբակին մէջ ելոյթ ունեցաւ, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի եւ դաշնակահար՝ Օրդ. Տաթեւիկ Արթինեանի ընկերակցութեամբ: Համերգը նուիրուած էր Հայ Մօր, մեկնելով Նորին Սրբութեան 2013 տարին Հայ մօր նուիրած ըլլալու իրողութենէն։ Միաժամանակ նաեւ Դպրեվանքի 2012-2013…

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները

Երկրորդ օրը ըլլալով, 13 Յունիս 2013-ին առաւօտուն Տէրունական Աղօթքով ու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները, գլխաւորաբար կեդրոնանալով Կեդրոնական Վարչութեան քաղաքական ժողովի տեղեկագիրին վրայ:   Իրերայաջորդ նիստերով նաեւ քննարկումը տեղի ունեցաւ տպագրուած լայնածաւալ տեղեկագիրին, որ կÿընդգրկէր Քաղաքական Ժողովին իրագործած ծրագիրները, սկսելով ազգային, տեղական մակարդակէն, մինչեւ համասփիւռքեան, համահայկական ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւորներ:   Մեր Սուրբ Աթոռին ենթակայ թեմերուն կողմէ ընտրուած էք, որպէսզի հաւաքաբար քննարկումի ու արժեւորումի ենթարկէք Հայրապետական մեր Սուրբ Աթոռին կատարած առաքելութիւնը՝ անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին: Արդարեւ, ինչ որ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողով

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ մնալ Հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու աննկուն առաքեալը, Համահայկական մտածողութեան առաջընթաց ջահակիրը, Ազգային միասնականութեան ջերմ ջատագովը. Իր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն քաջ պաշտպանը» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ   Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ ու ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Հարցազրոյց ՀԱՍԿ-ի խմբագրութեան հետ 21 Մայիս 2013-ին

Հարցում. Վեհափառ Տէր, վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս յաճախ կը շեշտէք իրաւական երեսին կարեւորութիւնը. ինչո՞ւ:   Պատասխան.– Հայ ժողովուրդի մարդկային թէ ազգային բռնաբարուած իրաւունքներու հարցը ըստ էութեան իրաւական հարց է: Ցեղասպանութիւնը ոճիր է միջազգային օրէնքի տուեալներուն համաձայն եւ արդարութեան հատուցումը իրաւական հարց է: Հետեւաբար, ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման…

«Դպրեվանքի մատենաշար»ի հրատարակութեան առթիւ

Անեղծելի փաստ է որ Հայ ժողովուրդի վաղընջական պատմութեան ընթացքին վանքերն ու վանական համալիրները եղած են գիտութեան, կրթութեան, լուսաւորութեան կեդրոններ եւ համալսարաններ, ուր լոյս՝ ուսում ստացած են ընտրեալներու փաղանգ մը, դառնալով Հայ իրականութեան կրօնական եւ ազգային ռահվիրանները:   Բաւ է առ մի նուագ աչք նետել պատմութեան եւ համոզուիլ: Իսկ այս օրերուն, երբ համբակ միջակութիւնը կը տիրէ…

Միջազգային Հայ Արաբ Իրաւական Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրարկութիւն մը այցելեց Անթիլիաս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջազգային Հայ Արաբ Իրաւական Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրարկութիւն մը, առաջնորդութեամբ Եգիպտոսի Փաստաբաններու Սենտիքայի Նախագահ եւ Արաբ Փաստաբաններու Միութեան Ընդհանուր Քարտուղար Սամէհ Աշուրի, Յորդանանի Միութեան փոխ Նախագահ Սամիհ Խըրէյսի, ինչպէս նաեւ Մորոքէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն իրաւաբաններ, որոնք մաս կը կազմէն յիշիալ Խորհուրդին։ Հանդիպումին ներկայ էր Երեսփոխան Յակոբ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աշխոյժ կերպով կը շարունակէ իր միջ-եկեղեցական գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 10 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար՝ Դոկտ. Մ. Ճալխին: Ընդհ. Քարտուղարը առաջին հերթին զեկոյց մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին շուրջ շաբաթ մը առաջ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ու վկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» միջազգային համագումարին մասին: Սոյն համագումարին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Ազգային Ընդհանուր Ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Չորեքշաբթի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը պիտի կատարուի Ազգային Ընդհանուր Ժողովին: Չորսէն հինգ տարին անգամ մը գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովին պիտի մասնակցին թեմակալ առաջնորդները, աւելի քան 100 պատուիրակներ թեմերէ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:   Ազգային Ընդհանուր Ժողովը պիտի տեւէ երեք օրեր: Ան պիտի սկսի Վեհափառ Հայրապետի պատգամով, ապա պիտի ներկայացուին ու քննարկուին Ազգային Կեդրոնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Ապու Տապիի Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութեան

Անցեալ տարի Վեհափառ Հայրապետը Ապու Տապիի մէջ հիմնարկէքը կատարեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ: Շինարարական յանձնախումբը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի, իրեն որպէս նեցուկ ունենալով Ապու Տապիի, Տուպայի ու Շարժայի մեր ժողովուրդի զաւակները: Շինարարական յանձնախումբին մաս կը կազմեն Հրայր Սողոմոնեան, Վարուժան Ներկիզեան, Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ Արա Խանոյեան: իսկ եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Սուրէն Գոչաքեան:   Երէկ, Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ ճարտարապետը…

Ռումանիոյ Տնտեսութեան Նախարար Վ. Ոսկանեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Երկուշաբթի 3 Յունիս 2013-ի կէսօրէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, շրջապատուած Լիբանանահայ պետական նախարարներով ու երեսփոխաններով, ընդունեց այցելութիւնը Ռումանիոյ Տնտեսութեան ու Առեւտուրի Նախարար Վարուժան Ոսկանեանին: Յայտնենք, որ Նախարար Ոսկանեան շուրջ հինգ տարիներ առաջ դարձեալ այցելած էր Անթիլիաս եւ այդ առիթով որպէս գնահատանք իր մտաւորական ու պետական գործունէութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ասպետի կարգի…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Երուսաղէմի Հայոց Նորընտիր Պատրիարքի գահակալութեան

Երուսաղէմի հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի Յունիս 4-ին: Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, գահակալութեան հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուին Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի հայոց եւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Առաջնորդ Թեհրանի հայոց: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը ողջոյնի ու…

Դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն Անթիլիասի մէջ

Կիրակի 2 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ա., Բ. եւ Գ. Ժառանգաւորացի սաները դպրութեան աստիճան ստացան, իսկ Ա. Ընծայարանի սաները Կիսասարկաւագութեան կարգ ստացան:   Ս. Պատարագը մատոյց՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Աբղ. Աշըգեան: Իսկ նախքան «Հայր Մեր», Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանը Ձեռնադրութեան կարգը կատարեց, եւ իր հայրական…

Գարակէօզեան հաստատութեան ընդհ. Տնօրէնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ 1 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան ընդհ. Տնօրէնը՝ Դոկտ. Ուոլթըր Պանտազեանը, ընկերակցութեամբ նոյն հաստատութեան Լիբանանի Տնօրէնին՝ Սերոբ Օհանեանին: Յայտնենք, որ Գարակէօզեան հաստատութեան գործունէութեան ծիրէն ներս կը գործեն երեք կեդրոններ՝ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Դոկտ. Պանտազեան, որուն գրասենեակը կը գտնուի Նիու Եորքի մէջ,  ընդհանուր պատասխանատուն է յիշեալ կառոյցնեու աշխատանքներուն:  …