Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ձեռնարկէ արեւմտահայերէնի յատուկ դասընթացքի

Արեւմտահայերէնի բիւրեղացումը ու անոր գործածութեան տարածումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար կը մնայ առաջնահերթ մտահոգութիւն: Այս ուղղութեամբ, անցնող վերջին տարիներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դիմեց որոշ շօշափելի քայլերու՝ կազմակերպելով համագումարներ, դասախօսութիւններ ու հանդիպումներ: Այս ծիրէն ներս, որպէս գլխաւոր նախաձեռնութիւն անհրաժեշտ է յիշել Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի նշանակումը: Յանձնաժողովը Վեհափառ Հայրապետին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շնորհաւորէ Կիպրոսի նորընտիր Նախագահը

Կիրակի 24 Փետրուարին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Ձայներու մեծամասնութեամբ նախագահ ընտրուեցաւ՝ Նիքոս Անասթասիատիսը։   Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը երէկ շնորհաւորական յատուկ նամակ յղեց նորընտիր Նախագահին, ողջունելով եւ շնորհաւորելով անոր ընտրութիւնը։ Իր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Կիպրոսը յատուկ տեղ ունի հայերու սիրտին մէջ։ Արդարեւ, երկու ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու հասարակաց փորձառութիւնը, անոնց ունեցած հասարակաց…

Դպրեվանեցիներու տարեդարձի նշում

Շաբաթ 23 Փետրուար 2013, ճաշի ընթացքին, դպրեվանեցիներ ուրախութեամբ տօնախմբեցին Փետրուար ամսուն ծնած իրենց երկու ուսուցիչներուն՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեանի ու Տիար Սարգիս Կիրակոսեանի եւ իրենց եօթը եղբայրներուն՝ Բրշ. Հրայր Սրկ. Տաղլեանի, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Ստեփանեանի, Համլիկ Զաքարեանի, Մովսէս Խաչատուրեանի, Անդրանիկ Թաշճեանի, Մանուկ Գոզանեանի եւ Նարեկ Ազնիկեանի տարեդարձները:     Տարեդարձի կարկանդակին հիւրասիրութիւնը յանձն առած…

Դպրեվանեցիներ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 22 Փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, դպրեվանեցիներ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:            Ժամերգութեան աւարտին, օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Բրշ. Համբարձում Աւ. Սրկ. Պալըքճեանը, բնաբան ունենալով՝ ՙՄէկ բան խնդրեցի Տիրոջմէն եւ այս է աղաչանքս. Կեանքիս բոլոր օրերուն Տիրոջ տան մէջ բնակիլ, ըմբոշխնել Տիրոջ վայելչութիւնը եւ զինք պաշտել իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջ-եկեղեցական հանդիպումները

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը միջ–եկեղեցական բնոյթ ունեցող հանդիպումներ ունեցաւ, որոնց շարքին կ’արժէ յիշել այցելութիւնը Հայր Լիոնիտ Քիչքովսքիի: Հայր Քիչքովսքի ատենապետն է «Կրօններ Խաղաղութեան համար» միջազգային կազմակերպութեան, որուն նախագահներէն մէկն է Վեհափառ Հայրապետը: Յիշեալ կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ եւ անոր մաս կը կազմեն աշխարհի բոլոր կրօններէն ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը առիթ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորական գիրը ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն. Վ. Սերժ Սարգսեանի վերընտրութեան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց անոր:   Նորին Վսեմութիւն Տիար Սերժ Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,   Անհուն ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր վերընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ, հայրենի մեր սիրելի զաւակներուն Ձեր անձին նկատմամբ ցուցաբերած այս…

Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան մէկուկէս միլիոն տոլար կը նուիրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ստանձնելով Պիքֆայայի վանքին մէջ միաբանական նոր շէնքի կառուցման բարերարութիւնը

Արաբական Միացեալ Էմիրութեան ազգային ղեկավար դէմքերէն Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան, ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, սիրայօժար կերպով ստանձնեցին Պիքֆայայի մէջ միաբանական նոր շէնքի կառուցման բարերարութիւնը՝ յատկացնելով մէկուկէս միլիոն Ամ. տոլար:   Միաբանական նոր շէնքը պիտի բաղկանայ քառասուն սենեակներէ եւ 550մ3 ծաւալով ջրամբարէ մը: Շէնքին ճարտարապետն է Կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբի անդամներէն Տիար…

Պետական Երեսփոխան Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան կը ստանձնեն Պիքֆայայի վանքին Նահատակաց խորանին բարերարութիւնը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին ընդառաջելով, պետական երեսփոխան եւ նախկին նախարար` Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան ստանձնեցին բարերարութիւնը Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցուելիք Նահատակաց Խորանին: Սոյն խորանը պիտի կառուցուի հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող Նահատակաց Յուշարձանին մօտ՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:   Յիշեալ ծրագիրի իրագործումին համար Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան տրամադրած են երկու հարիւր յիսուն հազար Ամ.…

Դպրեվանեցիներ ներկայ կը գտնուն հայ երգի կատարման

Կիրակի 17 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՙՅակոբ Տէր Մելքոնեան՚ հանդիսասրահին մէջ, Դպրեվանքի սաներ ներկայ գտնուեցան ՙՀամազգային՚-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած հայրենի երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի յիշատակին ձօնուած հանդիսութեան:            Անոնք նախ տեսաերիզով ծանօթանացան արուեստագիտուհիի կեանքին ու վաստակին, ապա լիբանանահայ երգիչ-երգչուհիներու կողմէ Ֆլորա Մարտիրոսեանի երգերու կատարումը ունկնդրեցին:     Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիսութեան ընթացքին դպրեվանեցիներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը մասնակցի յոյն ուղղափառ Պատրիարքի գահակալութեան

Կիրակի 17 Փետրուարին, Պէյրութի Յոյն Ուղղափառներու Ս. Նիքոլաոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութիւնը Նորընտիր Եուհաննա Ժ. Պատրիարքին: Ներկայ էին նաեւ երկրի Նախագահը եւ վարչապետը Լիբանանի բոլոր հոգեւոր պետեը ներկայ եղաւ Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Միջ–եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Գաւազանակիր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի: Իր խօսքին մէջ նորընտիր Պատրիարքը շեշտեց…

Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Դպրեվանքի մէջ

Շաբաթ 16 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Դպրեվանքը հիւրընկալեց լիբանանահայ երեք արուեստագէտներ՝ Պարոն Յարութիւն Թորոսեանը, Պարոն Գրիգոր Նորիկեանն ու Դպրեվանքի արուեստի եւ նկարչութեան ուսուցիչ՝ Պարոն Յովսէփ Գասպարեանը, որոնք նկարչական արուեստին մասին խօսեցան:            Բացման խօսքը կատարեց Բրշ. Անդրանիկ Աւ. Սրկ. Տալգլըճեան եւ Ուսանողական Խորհուրդին անունով բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն:           Յովսէփ Գասպարեան ամփոփ գիծերու մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Զագգա Պատրիարքին

Շաբաթ 16 Փետրուար 2013, առաւօտեան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ այցելեց Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա Ա. Պատրիարքին եւ անոր ներկայացուց շուտափոյթ ապաքինման իր մաղթանքները: Յայտնենք որ Զաքքա Պատրիարք վերջին ամիսներուն առողջական պատճառներով հաստատուած է Պիքֆայայի կից գտնուող Աթշանէի ասորիներու վանքին մէջ:   Հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ ասորի չորս եպիսկոպոսներ եւ Վեհափառ Հայրապետի կողքին՝ Նարեկ…

Դպրեվանեցիներ Ս.Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 15 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սաները, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի հրաւէրով, այցելեցին Պուրճ Համմուտի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին, ուր Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւն կատարեցին:     Բրշ. Սեբաստիա Աւ. Սրկ. Ղարախանեան քարոզեց բնաբան ունենալով շարականին հետեւեալ բառերը. ՙՇնորհէ՜ մեզի, Տէ¯ր, այս գիշեր երկնային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի դեսպանը

Ուրբաթ 15 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Դեսպանը անդրադարձան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Մարտ 3-ին տեղի ունենալիք Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակումի մասին։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Հայատսան-Սփիւռք գործակցութեան անհարժեշտութիւնը եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի 18 Փետրուարին, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւնները ըլլան…

ՙՀայաստան՚ Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց սուրիահայութեան օժանդակութեան 100.000 տոլարը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ   «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ Հինգշաբթի 14 Փետրուար 2013-ի առաւօտեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յանձնելու համար սուրիահայութեան ի նպաստ հանգանակուած գումարին չեքը:   Արդարեւ, մարմինի անդամները Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուցին, որ համայն լիբանանահայութեան ջանքերով 7 Դեկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած Ռատիոթոնի ընթացքին հանգանակուած գումարին՝ 100.000 ամերիկեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը վայելող Եւրոպայի Միջ-կրօնական Կնոջական Դասընթացքը կը հասնի իր աւարտին

Շուրջ վեց տարիներ առաջ ընթացք ստացած Եւրոպայի յատուկ իսլամ-քրիստոնեայ կնոջական դասընթացքը հասաւ իր աւարտին 2-11 Փետրուար 2013-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած դասընթացքի վերջին հանգրուանով:   Արդարեւ, յիշեալ դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 40 քրիստոնեայ ու իսլամ կիներ: Դասընթացքին մնայուն ղեկավարներն էին` Դոկտ. Րայնհիլդ Թրայթլեր (Աւստրիա) եւ Տիկին Թենի Սիմոնեան-Փիրի (Զուիցերիա): Դասընթացքին նաեւ որպէս դասախօսներ մասնակից…

Քառասնօրեայ պահեցողութեան հոգեպարար արարողութիւններ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ

Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Երկուշաբթի 11 Փետրուարին, մուտք գործեց Մեծ Պահոց քառասնօրեայ ժամանակաշրջանը, որ մեր հայրերուն կողմէ սահմանուած սքանչելի առիթ է ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի:   Անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի պիտի ունենան Արեւագալի ժամերգութիւնները, ամէն Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 7-ին, իսկ Հսկումի արարողութիւնները՝…

Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները

Կիրակի 10 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Բուն Բարեկենդանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կիրակնօրեայ Վարժարաններէն մէկ խումբ մանուկներ իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ առնելու համար Անոր օրհնութիւնը: Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց Կիրակնօրեայի մանուկները, իր օրհնութիւնը շնորհեց փոքրիկներուն եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած կարեւոր աշխատանքին՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս:   Յայտնենք, որ…

Դպրեվանքի սարկաւագները կ’այցելեն Պէյրութի Ս.Յակոբ եկեղեցին

Շաբաթ 9 Փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Դպրեվանքի բարձրագոյն դասարանի սակաւագները, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն կատարեցին: Ապա, անոնք գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուցին՝ հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով ոգեւորելով:             Բացման խօսքը կատարեց, Բրշ. Համբարձում Աւ. Սրկ. Պալըքճեան, որ նախ կարեւորութեամբ շեշտեց Դպրեվանքի առաքելութիւնը, ըսելով. ՙԱյսօր մենք եկած ենք Պիքֆայաի բարձունքներէն՝ Դպրեվանքէն, մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ յոյն կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարք Կրէկուար Լահամին հետ

Ուրբաթ 8 Փետրուարի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Րապուէի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Յոյն Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Կրէկուար Լահամին հետ։   Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր, որոնցմէ՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը, ի մասնաւորի Սուրբ Զատիկը միասնաբար տօնելու խնդիրը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին առաւել կազմակերպումը։   Հանդիպումի…

Վարդանանց տօնակատարութիւնը Անթիլիասի մէջ

«Հաւատարմութիւն քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքին՝ ա՛յս է Վարդանանց պատգամը» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ   Հինգշաբթի 7 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ի յիշատակ Վարդանանց քաջամարտիկ նահատակներուն։ Պատարագը մատոյց՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Վարդանանցի խորհուրդին, եւ իր մտածումները հետեւեալ…

Խմբակներու նշանակում Դպրեվանքի մէջ

Չորեքշաբթի 6 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ սաներու խմբակներու նշանակումը:    Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան խօսելէ ետք Դպրեվանքի արտա-դասարանային կեանքը Տեսչութեան եւ Ուսանողութեան գործակցութեամբ ծրագրելու կենսականութեան մասին, ներկայացուց հետեւեալ հինգ խմբակներու անդամները. Ուսանողական Խորհուրդ, Գլաձոր Պաշտօնաթերթի Խմբագրական Կազմ, Տեղեկատուական Խմբակ, ՙՊատի Թերթ՚-ի Խմբակ եւ Ասմունքողներու Խմբակ:    Հինգշաբթի 7 Փետրուարի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը նախագահէ Մ.Ա.Ե.Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովին

Երեքշաբթի կէսօրէ ետք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ ապրող անդամներուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը Փօլ Եուհաննա եպս. եւ բարձարաստիճան այլ պաշտօնեաներ:   Յիշեալ բացառիկ նիստին օրակարգի գլխաւոր հարցերն էին նոր ընդհ. քարտուղարի ընտրութեան գործընթացի ճշդում, Խորհուրդի տնտեսական ներկայ կացութեան արժեւորում, Սուրիոյ գաղթականներուն օգնութիւն,…

Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն՝ ի յիշատակ երջանկայիշատակ կաթողիկոսներու եւ լուսահոգի միաբաններու

Կիրակի 3 Փետրուար 2013-ին, Ս. պատարագի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին հիւսիսակողմը գտնուող Յուշարձան-դամբարանը, ուր Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` ի յիշատակ երջանկայիշատակ կաթողիկոսներու եւ լուսահոգի միաբաններու:   Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անթիլիասական շրջանի հետեւեալ Վեհափառ…

ՙԸնկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան հիմքը կը կազմէ՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ 1 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի հայկական հաստատութիւններու մէջ գործող ընկերային ծառայողները, Ընկերային Ծառայողներու Միջազգային Օրուան առիթով:   Առաջին հերթին օրդ. Անի Պուճիքանեան խօսք առնելով ներկայացուց ընկերային ծառայողները, ինչպէս նաեւ՝ անցնող տարիներու ընցթացքին լիբնանանահայ ընկերային ծառայողներու կատարած աշխատանքը:   Ներկաներուն իր պատգամը ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը Ուրբաթ 1 Փետրուար 2013-ի երեկոյեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: 100-ամեակի մարմինը զեկուցեց իրագործուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:   Վեհափառ Հայրապետը գնահատելէ ետք մարմինի տարած աշխատանքները կատարեց թելադրանքներ` Սփիւռքի մէջ նպատակասլաց գործունէութեան, պահանջատիրական ոգին վառ պահելու եւ ոգեկոչականէն անդին իրաւաքաղաքական միջոցներ որդեգրելու եւ մեր պատմական…