Գիր Հայրապետական սիրոյ եւ օրհնութեան Պարսկաստանի հայոց

Պարսկաստանի հայոց երեք թեմերուն՝ Թեհրան, Ատրպատական եւ Սպահան Մեր կատարած հովուապետական այցելութենէն Անթիլիասի Մայրավանք վերադարձին, սիրոյ, օրհնութեան ու գնահատանքի սոյն Հայրապետական Գիրը կը յղենք Պարսկաստանի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն: Արդարեւ, Մեր կատարած այս վերջին հովուապետական այցելութիւնը (Մայիս 7–25, 2012), հինգերորդն էր Թեհրանի թեմին ու չորրորդը՝ Սպահանի եւ Ատրպատականի թեմերուն: Իր բազմազան ծրագիրներով եւ այլազան ձեռնարկներով…