Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, 2-5 Դեկտեմբեր 2008

Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք ձեր ներկայութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս:   Հայրապետական դարաւոր այս Սուրբ Աթոռը կոչուած է ՙՄեծի Տանն՚: Տո՜ւն է այս Աթոռը, ոչ սոսկ սովորական վարչական կեդրոն: Ան ազգի՜ն տունն է, ուր մեր ժողովուրդի բոլո՜ր զաւակները իրենք զիրենք պէտք է զգան իրենց սեփական  տան…