Հայրապետական Գիր Օրհնութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գրողներու Համահայկական Դ. Համագումարին, Երեւան, 6-14 Յուլիս 2008

6-14 Յուլիս 2008, Երեւանի մէջ կը կայանայ Գրողներու Համահայկական Դ. Համագումարը: Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիր յղեց համագումարի մասնակիցներուն: Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ամբողջութեամբ.-   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Գրողներու Համահայկական Դ. Համագումարը:   Մեր յիշողութեան  մէջ տակաւին թարմ է ձեր հանդիպումը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, 6-9…

Գիր Հայրապետական Օրհնութեան Ս. Թադէի վանքի 54-րդ ուխտագնացութեան առթիւ յԱտրպատական, Պարստկաստան

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ, սիրելի՜ ուխտաւորներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն:   Ահա դարձեալ եկած էք Սուրբ Թադէ, որպէս ուխտաւորներ ձեր քրիստոնէական հաւատքը ամրապնդելու ու ձեր կեանքը քրիստոնէական արժէքներով ու ճշմարտութիւններով շաղախելու: Ուխտագնացութիւնը ընդհանրապէս քրիստոնէական կեանքին մէջ ու յատկապէս մեր եկեղեցեւոյ կեանքին մէջ իւրայատուկ կարեւորութիւն մը ունի: Ան ոչ միայն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը Միւռոնօրհնէքի առիթով

ԴԷՊԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՕԾՈՒՆ ՄԻՒՌՈՆԱԲՈՅՐ ԿԵԱՆՔ            ՙՏէր Աստուած, եղիցի Միւռոնս այս՝ պահապան կենաց, ճառագայթ հոգւոց, լուսաւորութիւն մտաց, ձեռնադրիչ նուիրելոց, զէն հաւատոյ, փարատիչ ցաւոց…՚:   Հայ հոգիի ակունքներէն ժայթքած ու հաւատքի կրակով թրծուած բառե¯ր, որոնք դարեր շարունակ երկինք բարձրացան հայ եկեղեցւոյ աղօթքի մրմունջներով ու խունկի ծուէններով: Քիչ առաջ, նոյն այս բառերը, վերանորոգ հաւատքով…