Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄ՝ ՍԿԻԶԲԸ ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ   Նորադարձ քրիստոնեաներու կեանքին նոր որակ ու ուղղութիւն տալու անհրաժեշտութեան մասին խօսելով,  Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ՝ «Մոռցէք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով …» (Կղ 3. 10)։ Այլ խօսքով, Առաքեալը Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամներուն կը յիշեցնէ թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ՝ նոր մարդ դառնալ…

2007։ Հայ Լեզուի Տարի

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՏԱՐԻ   Հայրապետական յատուկ Գիրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 2007 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՏԱՐԻ։ Վեհափառ Հայրապետին սոյն Օրհնութեան Գիրը յատուկ հանդիսաւորութեամբ ընթերցուեցաւ բոլոր թեմերէն ներս, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի։ Ստորեւ՝ Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, Եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,…