Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը, զոր տուաւ 24 Ապրիլ 2006-ի առաւօտուն,

ԱՊՐԻԼ 24՝ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամին, զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք՝ Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ հոծ բազմութեան ներկայութեան։ Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք սկսաւ ժողովրդային քայլարշաւը՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը։   Ապրիլ 24 է դարձեալ. նահատակներու օր. ազգային պահանջատիրութեան օր.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ԱՄՈ՛ՒՐ ՊԱՀԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ   «Ամո՛ւր պահենք մեր դաւանած հաւատքը» (Եբր. 4. 14)։ Բոլո՛ր ժամանակներու Քրիստոսի հետեւորդներուն ուղղուած պատգամ մըն է սա։ Առաքեալին այս պարզ բայց խորիմաստ պատգամին մէջ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ բերել երեք հիմնական մտածումներ.- առաջին, հաւատքին ինչութիւնը ու կարեւորութիւնը. երկրորդ, մեր դաւանած հաւատքին իւրայատուկ ինքնութիւնը. եւ երրորդ, հաւատքը ամուր պահելու հրամայականը։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը ուղղուած Գրողներու Համահայկական Գ. Համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, 6-էն 9 Ապրիլ 2006-ին

ՀԱՅ ԳՐՈՂԸ՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՀԱԿԻՐ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին ուղղուած Գրողներու Համահայկական Գ. Համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, 6-էն 9 Ապրիլ 2006-ին։   Գրողներու Համահայկական Երրորդ Համագումարի բացման սա հանդիսաւոր պահուն, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունեմ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Ռոպէր Քոչարեանը։ Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին…