Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի քարոզի երկրորդ բաժնը՝ արտասանուած Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, Միջինքի առիթով, Պէյրութ, 22 Մարտ 2006-ին

«ՄԵՂԱ՜Յ ԱՍՏՈՒԾՈՅ»   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի քարոզի երկրորդ բաժնին՝ արտասանուած Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, Միջինքի առիթով, Պէյրութ, 22 Մարտ,  2006-ին։ Իր հայրապետկան պատգամին առաջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան կեանքին հետ աղերս ունեցող կարգ մը երեւոյթներուն, եւ կարեւորութեամբ շեշտեց գաղութի կեանքին նոր կենսունակութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը յատկապէս կրթական…