Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը, որ տուաւ մեր ժողովուրդին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի 22 Յունուար 2006-ին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի գումարման առթիւ

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, որ տուաւ մեր ժողովուրդին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի 22 Յունուար 2006-ին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի գումարման առթիւ։   Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ժողովուրդին ներկայացաւ առաքելութիւն մը կատարելու յանձնառութեամբ, երբ Նազարէթ գիւղի սինակոկին մէջ կարդաց Եսայի Մարգարէին հետեւեալ…

2006։ Հայ Դպրոցի Տարի

Հայրապետական յատուկ Գիրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 2006 տարին հռչակեց ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՏԱՐԻ։ Պատգամը՝ ստորեւ։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, Եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,   Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, եւ ձեզի կը մաղթենք հոգեւոր, մշակութային ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԱՆՈՒԿԸ ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԱԶԱՏԱԳՐԻՉԸ   Դարձեալ մեր հաւատքի աչքերը ուղղուած են Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուս Մանուկին։   Անոր, որ աշխարհ եկած էր՝ աղքատներուն, յուսաբեկներուն, տառապեալներուն, հիւանդներուն, հալածուածներուն փրկութեան աւետիսը տալու։   Անոր, որ ծնունդէն մինչեւ գերեզման, Բեթղեհէմէն մինչեւ Գողգոթա հալածուեցաւ ու չարչարուեցաւ։   Անոր, որ եղաւ, կը մնայ ու պիտի մնայ մեծագոյն ազատագրիչը…