ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդրանիկ ժողովը գումարուեցաւ 21-27 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի մէջ՝ յետ Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուած «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան եւ Միասնութեան» թեմայով 11-րդ համաժողովին։   Կեդրոնական Վարչութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երկու անդամները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 30 Յունիս 2023-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ։ Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Արացխի մեր ժողովուրդին։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց նախագահը վերջին շրջանին Յունաստանի ու Գանատայի վարչապետներուն եւ Կիպրոսի նախագահին հետ Արցախի հարցին գծով…

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 93-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Մարդակերտման ու հայակերտման անփոխարինելի կրթական ու հոգեւոր կառոյց Դպրեվանքը այս տարի եւս յաջողութեամբ բոլորեց իր ուսումնական-կրթական տարեշրջանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Հինգշաբթի, 29 Յունիս 2023-ին երեկոյեան, գեղեցիկ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ աւարտական Դ. Ընծայարանի վկայականաց բաշխումը՝ նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ 93-րդ ամավերջի հանդէսին ներկայ էին միաբան հայրեր ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԳԻՐԵՐԸ՝ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ

Գանատայի հայոց թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութենէն Մայրավանք վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը ողջոյնի յատուկ նամակ մը յղեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի հայութեան նկատմամբ անոր կատարած դրական արտայայտութիւններուն համար: Յայտնենք, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԵԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) կեդրոնական վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Համբիկ Սարաֆեանին,  հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին համազգային խորհուրդ մը կազմելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Քանի մը օրեր առաջ, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ հանդիպում մը կայացաւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի Զուիցերիոյ անդամներուն միջեւ։   Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Զուիցերիոյ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահուհի դոկտ. Ռիթա Ֆամոս եւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի ատենապետուհի փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ-ի անցնող տասնամեակներու գործունէութեան, ապա որոշուեցաւ առաջնահերթութիւններու նոր ծրագիր մը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 21 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ բացումը կը կատարուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան առաջին նիստին։ Յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։   Ժողովին հիմնական օրակարգն է Ե.Հ.Խ.ի…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՊԱՏՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ն.Ս.ՕՏ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան Թորոնթոյի մէջ Պատւոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեանին հետ։   Այցելութեան ներկայ էին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդը եւ Վեհափառ Հայրապետի շքախումբը։

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Թորոնթոյի համալսարանէն ներս Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցաւ Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Փիթըր Նոթպումը:   Ան թէ՛ դասախօսութենէն ետք ունեցած իր հրապարակային արտայայտութեան ընթացքին եւ թէ՛ առանձնաբար անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերին միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր քարտուղարին յայտնեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը ներկայ ժամանակներուն կարիքը ունի նոր օրակարգի, նոր ոճի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՄԱՅՔ ԽԱՐԱՊԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 15 Յունիս 2023-ին, Թորոնթոյի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեանին:   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Խարապեան Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց վերջերս Հայաստանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին՝ պարզելով Հայաստանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադարձ կատարելու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

5-11 Յունիս 2023-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղի Ս. Էջմիածինի մէջ կայացաւ Կաթողիկոսութեան միաբանական համագումարը (աբեղայ, վարդապետ, ծայրագոյն վարդապետ)՝ «Սուրբ Էջմիածինը Որպէս Առաքելութիւն» խորագրեալ։ Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ յիշեալ համագումարին հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութիւնը ներկայացուցին Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Օ.Մ.-Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ու Թորոնթոյի գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեց «Ռուբինա» մանկամսուր, «Պապայեան» Մանկապարտէզ, «Գոլոլեան» նախակրթարան եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարան։   Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէն՝ Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին։   Ապա, Վարժարանի աշակերտները…

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 12 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, «Համազգային» Թատերասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ «Զարեհ Ազնաւորեան» եւ «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասերու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբի, «Գուսան» երգչախումբի եւ «Էրեբունի» պարախումբի ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց բոլոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ Հ.Յ.Դ. «Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 12 Յունիս 2023-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցան Հ.Յ.Դ. «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչները։   Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչները, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները։   Անոնք Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին գաղութին մէջ կատարուելիք յառաջիկայ բոլոր ծրագիրները…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ Օնթարիոյի մէջ գործող գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ արծարծեց սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակազմաւորման օրակարգը՝ մեկնած 2023 տարուան հռչակագիրէն   Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուած, եւ մտածել մարտահրաւէրներու յաղթահարման ելքերու մասին։   Հանդիպման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՈՒՌԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Թորոնթոյի Համալսարանի Սուրբ Երրորդութիւն մատուռին մէջ ներկայացուց «Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եւ Միջ-Եկեղեցական Շարժումը» նիւթը՝ կազմակերպութեամբ Վարդապետ Ճեֆրի Ռետիի՝ ղեկավար Թորոնթոյի համալսարանի «Թիրինիթի» քոլէճի Աստուածաբանութեան բաժանմունքին Ուղղափառ Քրիստոնէութեան դպրոցին։   Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, ուստի խօսք առաւ Հայր Ճեֆրի Ռետին,…

ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 10 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Լիբանանի Հանրապետութեան Օնթարիոյի մէջ Պատւոյ Հիւպատոս Պրն. Գրիգոր Փոսթաճեան, Օնթարիոյ նահանգի Խորհրդարանի անդամ Պրն. Արիս Պապիկեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Գանատայի Հայոց…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 11 Յունիսի առաւօտուն, Հայրապետական Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Հայրապետին առընթերակայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը։   Յընթացս պատարագին, Վեհափառ Հայրապետը մէջ յաւուր պատշաճի խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն ելքի պատգամին մասին՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ԳԷՄՊՐԻՃԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին հայրապետական թափօրը, եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գէմպրիճի մասնաճիւղի սկաուտներու առաջնորդութեամբ, հասաւ մինչեւ եկեղեցւոյ դուռը։   «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանի, մուտք գործեց Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻԱԿԱՐԱ ՖՈԼԶ

Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը,  Գանատայի պետութեան կողմէ տրամադրուած ոստիկաններու առաջնորդութեամբ, Թորոնթոյէն ուղղուեցաւ դէպի Նիակարա Ֆոլզ՝ ընկերակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին, Ազգային Վաչութեան համա-ատենապետ  Տիար Գրիգոր Մահսերեճեանին եւ Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հայրապետական թափօրը՝ առաջնորդութեամբ եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Թորոնթոյի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներուն եւ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան, հասաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի։   «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Գահակալ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։   Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համա-ատենապետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։   Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՃԱՍԹԸՆ ԹՐՈՒՏՈՅԻ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի հետ, Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2023-ի երեկոյեան։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարար Մելանի Ճոլի, Գանատայի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուդան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան։   Հանդիպման առանցքը կազմեց՝ Արցախին ներկայ իրավիճակը, Ազրպէյճանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ, հանդիպեցաւ Մեծն Մոնթրէալի մէջ գործող գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։   Հետեւելով Վեհափառ Հայրապետի 2023 տարուան Հռչակագիրին, կազմակերպուած էր «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերակազմաւորել Սփիւռքը։   Աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր քաջալերել ինքնաճանաչողութիւնն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին հետ, այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան հիւպատոսարան։   Շքախումբին մաս կը կազմէին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը, Հոգեշնորհ Տ. Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մոնթրէալի մէջ պատւոյ հիւպատոս Պրն. Լեւոն Աֆէյեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Պրն. Գրիգոր…

ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 4 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի «Բլազա Վոլարէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Ճաշկերոյթին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանուհի Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, Մոնթրէալի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատւոյ հիւպատոս Պրն. Լեւոն Աֆէյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային…

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՈՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԼԱՒԱԼԻ «ՊՈՆ ԲԱՍԹԷՕՐ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ, 3 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լաւալի «Պոն Բասթէօր» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։   Վեհափառ Հայրապետին աղօթակից էին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԼԱՒԱԼԻ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասի անդամներէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. Լաւալի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներու առաջնորդութեամբ, հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։   «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Ս. Գէորգ Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային…

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՈՒ Հ.Յ.Դ. ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի յետմիջօրէին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ՝ Սարօ Տէր Պետրոսեան, Մարալ Նազարեան եւ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, Մոնթրէալի մէջ հանդիպում ունեցան Վեհափառի Հայրապետին հետ։   Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի յետմիջօրէին, Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանն ու Ազգային Վարչութիւնը հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։   Հանդիպման ներկայ էին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանն ու Կեդրոնական Վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանը։   Հանդիպման ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ գանատահայ սփիւռքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՅԱԿՈԲ ԿՐԹԱԿԱՆ ՕՃԱԽՆԵՐԸ ԵՒ «ՀՈՐԻԶՈՆ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Ուրբաթ, 2 Յունիս 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ու Մոնթրէալի գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեց «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» մանկամսուր, Հ.Օ.Մ.ի Ծաղկոց, Սարաֆեան նախակրթարան եւ Բասդրմաճեան երկրորդական վարժարան։   Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի տնօրէն Լոռի Ապրաքեան, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով, բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ «ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ, ՍԷՐ» ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՆՇԱՆԱԲԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ սկիզբ առաւ Հինգշաբթի, 1 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին։ Միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. «ԿԱՄՔ» մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։   «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ԳԱՆԱՏԱ

Չորեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հովուապետական այցելութեամբ Ժամանեց Գանատա՝ ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի։   Գանատայի միջազգային օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, Լիբանանի…

Ս. ԱԹՈՌՈՅՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 տարին հռչակեց «Սփիւռքի Տարի Բ. — Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում»։ Այս շրջագիծին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկած է հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով Սփիւռքի մեր գաղութներու վերակազմակերպումը, մեկնելով «Հզօր Սփիւռք՝ Հզօր Հայաստան Եւ Հզօր Արցախ» տեսլականէն ու յանձնառութենէն։   Արդարեւ, Երեքշաբթի, 31 Մայիս 2023-ին, Արամ Ա. Վեհափառ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ 850 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին, Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850 ամեակը նշուեցաւ միօրեայ գիտաժողովով։ Այն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Ուրբաթ, 26 Մայիս 2023-ին։   Բացման խօսքը արտասանեց «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետի օգնական Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան, որ բարի գալուստ…

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ «ԹԱԳԱԴՐՄԱՆ ԾԷՍԸ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ»

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ «Կիլիկիա» Մատենադարանին, Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 06:30-ին, Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իր բնոյթին մէջ իւրայատուկ դասախօսութիւն մը՝ «Թագադրման Ծէսը Կիլիկեան Հայաստանի Մէջ» վերնագիրով, զոր ներկայացուց Մաշտոցեան Մատենադարանի եւ Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի գիտաշխատող փրոֆ. Վահէ Թորոսեանը: Դասախօսութեան իրենց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԸ՝ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ Դ. ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԱՐԱՄ   ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ   ԹԵՄԱԿԱԼ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՑ, ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ, ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՈՅ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ,…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի գիշեր, 29 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետը Ժընեւէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։   Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարքին խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացաւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու Պարտէզ»ին շուրջ վերջերս ծագած խնդիրը։ Հայրապետը Պատրիարքին ուշադրութեան յանձնեց այս հարցին գծով մեր ժողովուրդին եւ շրջանին հետ առնչութիւն ունեցող երկիրներուն մօտ…

«ՄԵՆՔ ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՂՔԻՆ ԵՆՔ» — Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-ամեակին Առիթով Արտասանուած Հայրապետական Պատգամ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ,.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ուղղած պատգամին, Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին Վեհարանի դահլիճին մէջ համախմբուած ժողովուրդին   Մայիս 28-ը սովորական տօն մը չէ. ան հոմանիշ է Հայաստանի անկախութեան եւ այդ անկախութիւնը պահպանելու, հզօրացնելու եւ ամրապնդելու մեր ազգին հաւաքական վճռակամութեան ու յանձնառութեան։   Ազատօրէն ապրելու ու մտածելու եւ ինքզինք կառավարելու, այլ խօսքով՝…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, Հանրապետական Մաղթանքի կատարումով եւ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105 ամեակը՝ հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին։ Ապա, Հայաստանի անկախութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօներուն առիթով կոկիկ յայտագիր…

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

«Ներկայ տարին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակն է։ Իր հարուստ իրագործումներով եւ հոգեմտաւոր մեծ վաստակով Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եղած է հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն ու բազմաշնորհ հայրապետներէն մէկը։ Իր եզակի արժանիքներով, Շնորհալին առանցքային ներկայութիւն դարձած է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, միջ-եկեղեցական ու երաժշտական մարզերէն, եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս»։ Այս հաստատումով կը…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ» ԹԵՄԱՅՈՎ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) 60 ամեակի «Ապագային Նայող Ու Ապագային Գացող Հայ Համալսարանակը» խորագիրով ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ ուսանողական համագումարներու շարքին երկրորդը՝ «Եկեղեցին Ու Հայ Երիտասարդը» թեմայով։ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի կազմակերպութեամբ սոյն համագումարներու շարքին հովանաւորն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Յաջողութեամբ բոլորեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնին կրթական 2022-2023 տարեշրջանը եւ երեք տարուան ծրագիրը աւարտած 13 ուսանողներ վկայուեցան՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 05:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Կեդրոնի տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ յանձնախումբին։   Առաջին հերթին խօսք առաւ Կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտմեան։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ՝ ՄԵՐԺԵԼՈՎ ԱՐՑԱԽԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ԲՈԼՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ՓՈՐՁԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Սուրբ Աթոռը, աշխարհատարած թեմերով, ազգային իշխանութիւններով ու յարակից կառոյցներով ու միութիւններով, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յայտարարութեան` մերժելով Արցախի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու որեւէ մօտեցում ու ճիգ ոեւէ մէկուն, եւ այս պարագային յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ու իշխանութեան կողմէ։   Արդարեւ, 10 Դեկտեմբեր 1991-ին համաժողովրդային…

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ԿԱՐԳ ՍՏԱՑԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՉՈՐՍ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ

Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 21 Մայիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, սարկաւագական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեանի։   Սարկաւագական կարգ ստացան Դպրեվանքի Բ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 19 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութիւնը: Խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանը լայն զեկոյց մը ներկայացուց Հայրապետին՝ խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:   Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան՝ անոր կատարած աշխատանքներուն համար, յատկապէս ներկայ ընկերատնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ Ա.Մ.Ն.Ի ՄՕՏ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 17 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։ Ապա, Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Սիմոն Քարամը։   Յիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան Լիբանանի ընկերատնտեսական կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ, Ռայի Պատրիարքին անձնական ներկայացուցիչը՝ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը։   Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցին վրայ։ Արքեպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց անցնող շաբթուան ընթացքին Պքերքէին ունեցած խորհրդակցութիւնները յիշեալ հարցին գծով։ Որոշուեցաւ Հայրապետին եւ Պատրիարքին միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակել։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Քուէյթի «Սալուա Սապահ» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին Քուէյթի Ազգային Վարչութեան կազմակերպած պաշտօնական ճաշկերոյթը, որ քուէյթահայութիւնը համախմբեց Հայրապետին շուրջ, գեղեցիկ երեկոյով մը եզրափակելով Նորին Սրբութեան Քուէյթ կատարած հովուապետական հնգօրեայ այցելութիւնը: Ընթրիքին ներկայ էին Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներ, դեսպաններ, պաշտօնական հիւրեր, քուէյթահայ ազգայիններ, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ…

ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԵՐԿՐԻ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմին տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բարեկամական հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի նախկին վարչապետ Շէյխ Նասէր Ալ-Մուհամմատ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապէր Ալ-Մուպարաք Ալ-Սապահին հետ:   Յայտնենք, որ Շէյխ Նասէրը միաժամանակ Ֆրանքոֆոնի մօտ Քուէյթի ներկայացուցիչն է, կարեւոր ներկայութիւն է երկրի քաղաքական կեանքին մէջ եւ Վեհափառ Հայրապետին անձնական բարեկամն է:   Հանդիպման ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ «Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՍՐԱՀԻՆ ԵՒ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏԻԱՐ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԸ

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850 ամեակին առիթով համահայկական տարողութեամբ յատուկ նշումներ ու հանդիսութիւններ տեղի կ’ունենան աշխարհի տարածքին։ Այս առիթով, Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ներքնասրահը վերանորոգելով՝ զայն վերանուանեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահ եւ պաշտօնական բացումը նախատեսեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնաբաշխ հովուապետական այցելութեան միջոցին։   Արդ, Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ի…

ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւնը հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ծառայութեան համար նուիրական աստիճան ստանալու առաջին քայլերն են։ Այս տարի 15 նոր ընծաներ կը միանան հայ եկեղեցւոյ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու դասուն, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Գերաշնորհ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ, այցելեց Ծոցի երկիրներու Վատիկանի դեսպանատուն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ դեսպան եւ Պապական Նուիրակ Եուճին Արք. Նուճընթի կողմէ:   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Պապական Նուիրակը զրուցեցին շրջանը յուզող հարցերու եւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեայ…

ՔՈՒԷՅԹ ԿԱՏԱՐԱԾ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՂՈՒԹԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՆՈՐ ԱՐԻՒՆՈՎ ԹԱՐՄԱՑՆՈՂ ՈՅԺ Է» ՀԱՍՏԱՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ուրբաթ, 12 Մայիս 2023-ին, Քուէյթի հայ երիտասարդութեան հետ ունեցած իր հանդիպումին այսպէս յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Առանց երիտասարդութեան կենսատու ներկայութեան մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր ուժականութիւնն ու կենսունակութիւնը»։   Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 80 քուէյթահայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿԸ ՀՆՉԷ ՔՈՒԷՅԹԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ՝ «ՔԱԼԵԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ ՃԱՄԲԷՆ»

Ուրբաթ, 12 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, քուէյթահայութիւնը խուռներամ ներկայութեամբ համախմբուած էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ ժողովրդային ընդունելութեամբ բարի գալուստ մաղթելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, որ հովուապետական հնգօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթ:   Նորին Ս. Օծութիւնը հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, ուր իր նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարգ՝ ձեռամբ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի:…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ քուէյթահայ գաղութի ազգային եւ միութենական մարմիններու անդամներուն հետ եւ, Սփիւռքի վերակազմակերպման տարուան աշխատանքներու ծիրէն ներս, անոնց փոխանցեց իր հայրապետական թելադրանքներն ու պատկերացումները, ինչպէս նաեւ լսեց անոնց յառաջիկայ ծրագիրները, առաջարկներն ու մտահոգութիւնները:   Հանդիպման ընթացքին ազգային մարմիններու եւ միութենական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Քուէյթի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի կողմէ: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Նորին Ս. Օծութեան այցելութիւնը Քուէյթ եւ մանաւանդ ներկայութիւնը՝ դեսպանատունէն ներս։   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Քուէյթի Ազգային Վարժարան, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Վարժարանի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ՝ Հայոց Հայրապետին բարի գալուստ մաղթող պաստառներով, երգերով ու արտասանութիւններով:   Սփիւռքի վերակազմակերպման նուիրուած այս տարուան ակնարկելով՝ Քուէյթի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 10 Մայիսի առաւօտուն, Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Քուէյթի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուհամմատ Իրանի եւ անոր քաղաքական հարցերու խորհրդատուն։ Հանդիպման ներկայ էր Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ Տէր Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեանը։   Նկատի ունենալով, որ դեսպանը նախապէս Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանը եղած է, խօսակցութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Չորեքշաբթի, 10 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Քուէյթի մօտ Լիբանանի Դեսպանատուն, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Լիբանանի դեսպան Ահմատ Արաֆայի կողմէ: Նորին Սրբութեան Քուէյթ այցելութեան առիթով, Լիբանանի դեսպանին յատուկ հրաւէրով, դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ ճաշկերոյթ, ուր ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան հիւրեր, Քուէյթի մէջ լիբանանեան եւ հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր պետեր եւ դեսպաններ:…

ՔՈՒԷՅԹԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ

Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած Հովուապետական Այցելութեան առաջին օրուան՝ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական Շնորհակալական Աղօթք՝ Քուէյթի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ:   Սոյն հաւաքական աղօթքը կազմակերպուած էր Քուէյթի Եկեղեցիներու առաջնորդներուն կողմէ: Արդարեւ, յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ յարկին տակ ներկայ էին հայ եւ եօթը այլ քրիստոնեայ համայնքներու՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը:   Առաջնորդ Սրբազանը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց թեմին կատարած աշխատանքները, յատկապէս՝ երկրաշարժին պատճառով ստեղծուած դժուար պայմաններուն մէջ: Նորին Ս. Օծութիւնը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ, Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ, Ազգային Իշխանութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւններու մարմինները հետեւողական ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ՔՈՒԷՅԹ

«Սփիւռքի Տարի»ի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն կատարուող հովուապետական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս, այսօր՝ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Քուէյթ եւ միջազգային օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի, Քուէյթի մօտ Լիբանանի դեսպան Ահմատ Արաֆայի, Հայաստանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՔՈՒԷՅԹ

Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ կը մեկնի Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմ։ Հայրապետին կ՚ընկերանան գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ տիար Ստեփան ՏԷր Պետրոսեանը։   Հինգ օրերու ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմին Ազգային Իշխանութեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Կիրակի, 7 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանան-Վատիկան յարաբերութիւնները, Լիբանանի ներկայ տագնապալի իրավիճակը եւ նախագահական ընտրութեան հետ առնչուած հարցեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Շաբաթ, 6 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը։   Վեհափառ Հայրապետին եւ Պապական Նուիրակին միջեւ խորհրդակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի ներքին կացութեան եւ մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան վրայ։ Այս ծիրէն ներս եղան տեղեկութիւններու ու տեսակէտներու փոխանակում՝ կարեւորութեամբ շեշտելով շուտափոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը։   Յայտնենք, որ Պապական Նուիրակը…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 5 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմին։   Հանդիպման ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանը եւ դեսպանին քաղաքական հարցերու խորհրդականը։   Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր Մայրավանք՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցներն ու առաքելութիւնը։…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռայի Պատրիարքին միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։   Այս հանդիպումը մաս կը կազմէր վերջին երեք ամիսներու ընթացքին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան շուրջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ու քննարկումներուն։   Յայտնենք, որ յիշեալ հանդիպումէն առաջ,…

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850 ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ԵՒ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850 ամեակին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինումով, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանը գիտաժողով մը կազմակերպած է, Ուրբաթ 26 Մայիս 2023ին: Նախորդ օրը՝ Հինգշաբթի 25 Մայիս 2023ին, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, որ Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, Շնորհալի Հայրապետի 800 ամեակին առիթով ստացաւ մեծ սուրբ հայրապետին տիտղոսը, Սրբազան Համերգով հանդէս պիտի…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 108-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ. ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղիին` Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Կիրակի, 23 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ժողովրդային հաւաքով տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչումը` հոծ թիւով հայորդիներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ:   Հաւաքին…

ԼՈԶԱՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ՝ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, 22-24 Ապրիլ 2023-ին տեղի ունեցան խորհրդակցական նիստեր՝ յատկացուած «Լոզանի 100-ամեակին Ընդառաջ» թեմային։   Տարեսկիզբին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ կայացած հերթական  նիստերու ընթացքին ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Լոզանի պայմանագրին 100-ամեակին ընդառաջ նախապատրաստուելու՝ հիմնական երկու ուղղութիւն նկատի ունենալով.- առաջին,  գտնել իրաւական այն ուղիները,…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ԲԱՐԵԽՕՍԱԿԱՆ ԿԱՐԳ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Հայոց Ցեղասպանութեան 108 ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ Ցեղասպանութեան զոհ սրբացեալ նահատակներու յիշատակին, ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի։   Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մօտ Հայաստանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 108 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ՝ ԱՅԼ ԸՆՏՐԱՆՔ ՉԿԱՅ»   Ճակատագրական է ներկայ հանգրուանը մեր ազգի պատմութեան։ Մութ ամպերով է ծածկուած երկնակամարը հայ կեանքին։ Անորոշ է Արցախին ու Հայաստանին առջեւ բացուած հորիզոնը։ Կարելի չէ այլապէս բնութագրել մեր ազգի կեանքին պարզած ներկայ պատկերը։   Գիտե՛նք, իրապաշտութիւնը երբեմն յուսահատութեան կրնայ առաջնորդել։ Սակայն հաւատքով զինուած, կամքով պրկուած ու միասնական ոգիով գօտեպնդուած, որպէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՏԱՃԱՏ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆԸ

Վեհափառ Հայրապետը յատուկ պաշտօնագրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերէն Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը նշանակեց Կաթողիկոսարանի դիւանապետ:   Հոգեշնորհ հայր սուրբը նախապէս վարած է վանական պաշտօններ, ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Ֆրեզնոյի մէջ եւ վերջին տարիներուն եղած է տնօրէն Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի:   Յայտնենք, որ Կաթողիկոսարանի նախկին դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան շուրջ 25 տարի ծառայելէ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՅՐ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին, յատուկ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Լեռնալիբանանի շրջանին մէջ Ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին հիմնադրման յիսնամեակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ յիսնամեակի առիթով յատուկ պատրաստուած հատորի շնորհանդէսը։ Հատորին հեղինակն է Ճորճ Եպս. Սալիպա: Հանդիսութեան ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. Պատրիարքը եւ զանազան համայնքներէն ներկայացուցիչներ: Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Միջին…

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՏՕՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՇԱՂԱԽԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կիրակի, 9 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը՝ տօնելու մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Զատկական Հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը յղեց…

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՏՆՕՐՀՆԷՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Գեղեցիկ են մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւնները, որոնք աւելի քան 1700 տարի պահած ենք՝ հակառակ զանազան արտաքին արգելքներու, եւ թէկուզ դարուն հետ համահունչ ըլլալու համար փոփոխութիւններու ենթարկուած ըլլալով։ Այսպէս՝ անցեալին, Զատիկը կանխող օրը կը կոչուէր Ճրագալոյց, որովհետեւ հաւատացեալները ամբողջ օրը կը նուիրէին ինքնապատրաստութեան աշխատանքի՝ վառ հաւատքով մասնակից դառնալու Ս. Յարութեան խորհուրդին։ Ներկայիս, Ճրագալոյց կը կոչենք Ս. Յարութեան…

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ Ուրբաթ օրուան յատուկ շարականներու, սաղմոսներու եւ աղօթքներու կատարումներու ներքոյ յիշատակեցինք մեր Փրկչին Թաղման Կարգը, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, 7 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Արարողութեան աւարտին, մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող ծաղկածածկ սեղանին առջեւ կանգնած, Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալներուն յղեց իր…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԿԱՐԳ՝ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Աւագ Հինգշաբթի օր Հայ եկեղեցին, առաւօտուն մատուցած Ս. եւ Անմահ Պատարագով, կը յիշատակէ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքը. երեկոյեան կը կատարէ Ոտնլուայի Կարգը, իսկ գիշերը կը յիշատակէ Տիրոջ մատնութիւնը, դատապարտութիւնը եւ չարչարանքները։   6 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հանդիսապետեց Ոտնլուայի Կարգին՝…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչները։ Հանդիպման գլխաւոր նիւթը 24 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումն էր։   Յայտնենք, որ այս տարի երկու հիմնական նախաձեռնութիւններ պիտի ներառէ Ապրիլեան ոգեկոչումը.-   ա) 23 Ապրիլի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ժողովրդային հաւաք։…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքի նորակազմ վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։   Երիտասարդական Բաժանմունքը, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, հաստատուած է 2004-ին եւ կը գործէ Կաթողիկոսութեան մակարդակի վրայ, այսինքն՝ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ հոն, ուր հայ երիտասարդ կ՚ապրի։ Երկու տարուան յարգելի պատճառներու…

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւագ Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն ընթացքին յիշատակուեցաւ Տասը Կոյսերու առակը, որ ծանօթ է Տասն Կուսանաց անուանումով։   Աւանդութեան համաձայն, արարողութեան ընթացքին տասը կոյսերը կազմեցին Մայրավանքի Կիրակնօրեայ դպրոցէն տասը աշակերտուհիներ։ Արարողութեան աւարտին, անոնք բարձրացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մօտ՝ ստանալու համար…

ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ծաղկազարդի հոգեպարար տօնախմբութեան կը յաջորդէ առ Աստուած երթալու դռները անգամ մը եւս հաւատացեալներուն առջեւ բացուելու Դռնբացէքի հոգեզմայլ արարողութիւնը։   Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 04:00-ին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, երկու միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ եւ «բա՛ց մեզ, Տէ՜ր» շարականի երգեցողութեամբ թակեց դէպի Քրիստոս տանող դուռը՝…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք հաւաքուած հոծ թիւով հաւատացեալները, ի մասնաւորի երիտասարդ ընտանիքները, որոնք համախմբուած էին տօնախմբելու մեր Փրկչին՝ Քրիստոսի յաղթական մուտքը խորհրդանշող Ծաղկազարդը, իսկ՝ իրենց մանուկները՝ ստանալու Հայրապետին օրհնութիւնը։   Կիրակի, 2 Ապրիլ 2023-ին, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ» ԺԲ. ՀԱՏՈՐԸ

Հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանին տպարանէն լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին ԺԲ. հատորը (երեք մասերով), խմբագրութեամբ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանին եւ համակարգչային պատրաստութեամբ՝ Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեանին։ Այս հատորը կը բովանդակէ սուրբերուն նուիրուած բոլոր կանոններն ու շարականները՝ հետեւելով Ձայնքաղ Շարականի բովանդակութեան շարքին։ ԺԲ. հատորին Ա. մասը կ՚ընդգրկէ հետեւեալ կանոնները.- Աստուածամօր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ Ե.Հ.Խ.Ի ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) անդամ եկեղեցիներու աւելի քան 60 միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքներու պատասխանատուներ առցանց ժողով մը գումարեցին 21-23 Մարտ 2023-ին։ Սոյն ժողովին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։ Ժողովը կը նպատակադրէր ամրացնել Ե.Հ.Խ.ի անդամ եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը Խորհուրդի կեանքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆ ԴՈԿՏ. ՍԻՄՈՆ ՔԱՐԱՄ

Ուրբաթ, 31 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան դոկտ. Սիմոն Քարամի այցելութիւնը:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ դժուարութիւններուն ու յատկապէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առնչուած աշխատանքներուն:  

«ՓՐՕՃԵՔԴ ՈՒԱԹԱՆ» ԾՐԱԳՐԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Փրօճեքդ Ուաթան» ծրագրի Գործադիր վարչութեան: Լիբանանեան քաղաքական այս նոր նախաձեռնութեան մաս կը կազմեն երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ, նախկին արտաքին գործոց նախարար Շարլ Մալեքի զաւակը՝ դոկտ. Հապիպ Մալեք, Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հուսէյն Ալ-Հուսէյնիի զաւակը՝ Հասան Ալ-Հուսէյնի, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ասաատ Էիտ, հայ կաթողիկէ համայնքի…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 60 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ՝ «ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆԸ՝ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԴԵՍՊԱՆ» ԹԵՄԱՅՈՎ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 60 ամեակը՝ ձեռնարկելով հայ ուսանողութիւնը հայ ինքնութեան հետ առնչող զանազան ծրագիրներու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2023 թուականը Սփիւռքի վերակազմակերպման տարի հռչակելուն ծիրէն ներս։   Առ այդ, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի «Կիլիկիա»…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ԺԸՊՐԱՆ ՊԱՍԻԼԸ

Երեքշաբթի, 28 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց լիբանանեան Ազատ Հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը, կուսակցութեան պատկանող երկու պետական երեսփոխաններու հետ միասին։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։   Քննարկումները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վրայ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-   — Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Նորին Ս. Օծութեան։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, Լիբանանի այժմու կացութեան, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցերու։   — Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ին, Հայրապետը ընդունեց եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ KAICIID-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապտալլահ Պին Ապտուլազիզ Բ. Թագաւորի անուան միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային միջազգային կեդրոնի (KAICIID) Fellows Programme ծրագրի կրօնական-կրթական հիմնարկներու տնօրէններու համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 17-18 Մարտ 2023-ին, Մալիզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լումփուրի մէջ։ Սոյն համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 34 կրօնական-կրթական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023-ին, Վատիկանի մէջ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850 ամեակի նշման նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Վատիկանի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի (ներկայացուցիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան), Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի (ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան) եւ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Պօղոսեան (ներկայացուցիչ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան) միջեւ:…

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՋԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՇԽՈՒԵՑԱՒ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Քառասնօրեայ պահեցողութեան օղակներէն՝ Գալստեան Կիրակիին կը վերաբացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ս. Խորանի վարագոյրը՝ նշելով Հայրապետարանիս Ուխտի Օրը:   Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քերոզեց Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։   Հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿ

Անթիլիասի Ուխտի Օրուան նախօրէին, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն դուրս բերաւ սուրբերու մասունքները, որոնց օրհնութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն համայն հայութեան եւ ներկայ ուխտաւոր հայորդիներուն պիտի բաշխուի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ուխտի օրուան աւանդական թափօրի ընթացքին, զոր կը գլխաւորուի հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝…

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԻՇԴԱԴ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ին, Գերմանիոյ Իշդադ համալսարանի աստուածաբանական ամպիոնի տնօրէն Թովմաս Գլէմր այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, ընկերակցութեամբ երկու դասախօսներու եւ երեք դոկտորայի ուսանողներու:   Անոնք մօտէն ծանօթացան Մայրավանքի Մայր Տաճարը, «Կիլիկիա» թանգարանն ու մատենադարանը եւ յարակից գրասենեակները:   Ապա, հիւրերը այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին եւ մօտէն իմացան մեր Ս. Աթոռին կողմէ կատարուող աշխատանքներուն մասին, յատկապէս միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՄԻՔԱԹԻԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչները՝ Պութրոս Ասաքերը եւ Զիատ Միքաթին։ Պութրոս Ասաքեր եղած է Ֆրանսայի ու Արաբական Լիկայի մօտ Լիբանանի դեսպան եւ այժմ վարչապետի պաշտօնակատարին դիւանագիտական հարցերու խորհրդականն է, իսկ Զիատ Միքաթի վարչապետարանէն ներս ծրագիրներու գրասենեակի պատասխանատուն է։   Վարչապետի պաշտօնակատարին ներկայացուցիչները եկած…